HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Համազգային թերութիւններ «ռոնթկեն»ի ճառագայթին տակ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Դէպ­քեր կան որոնք առան­ձին կը կա­րողա­նան սխալ ըն­թա­ցող խնդիր­նե­րը յստա­կաց­նել «ռոնթկեն»ի ճա­ռագայ­թի մը նման։ Նա­խորդ շա­բաթ Հա­յաս­տա­նի մէջ Սփիւռքի Նա­խարա­րու­թեան կազ­մա­կեր­պած Արի Տուն ծրագ­րի շրջագ­ծով պա­տահած­նե­րը ահա այդ բնոյ­թը ու­նէին։ Իս­թանպու­լէն այս խիստ կա­րեւոր մի­ջոցա­ռու­մին մաս­նակցող 16 երի­տասարդներ անա­ւարտ թո­ղու­ցին ծրա­գիրը եւ դառ­նութեամբ վե­րադար­ձան Պո­լիս։

Մեզ՝ Հա­յաս­տա­նի հետ սփիւռքի կա­պերու ամ­րապնդու­մը կա­րեւո­րող­նե­րուս հա­մար շատ ծանր է պա­տանի­ներու այդ դառ­նութիւ­նը։ Ամէն ան­գա­մուն որ զի­րենք կը ճա­նապար­հենք դէ­պի հայ­րե­նի եր­կիր, մեծ ոգե­ւորու­թեամբ կը սպա­սենք անոնց ետ դար­ձը, միշտ յու­սա­լով թէ պա­տանի­ները ոգե­ւորուած պի­տի դառ­նան եւ իրենց մէջ պի­տի գո­յանայ հայ­րե­նի երկրի նկատ­մամբ այն խան­դա­վառ ոգե­ւորու­թիւնը, որ առիթ պի­տի ստեղ­ծէ ապա­գային Հա­յաս­տան եր­կի­րը կրկին ու կրկին այ­ցե­լելու ցան­կութեան գո­յանա­լու։ Բայց ինչ ըսենք որ եր­բեմն կը պա­տահին այնպի­սի դէպ­քեր, որոնք կրնան ընդհա­կառակ տպա­ւորու­թեան մը յայտնու­թեան պատ­ճառ դառ­նալ։ Ահա­ւասիկ այս է որ շատ սուղ կ՚ար­ժէ մե­զի եւ մենք բնաւ հան­դուրժո­ղու­թիւն չու­նինք այդ աս­տի­ճան սուղ հա­տու­ցումի մը հետ դէմ առ դէմ մնա­լու։ Ու­րեմն խնդի­րը մե­զի հա­մար նախ ու­նի հա­մահայ­կա­կան բնոյթ։ Չէ որ Արի Տուն ծրագ­րին կը մաս­նակցին աշ­խարհի չորս կող­մե­րէն եկած հայ երի­տասարդներ, որոնք իրենց կար­գին իրա­ւունքը ու­նին տհաս ըլ­լա­լու, ան­գի­տակից ըլ­լա­լու եւ նոյ­նիսկ չա­րամիտ ըլ­լա­լու։ Վեր­ջա­պէս մարդ ան­հա­տը կրնայ զա­նազան թե­րու­թիւններ ու­նե­նալ, որոնցմէ մէկն է նաեւ տգի­տու­թիւնը։ Սա­կայն ո՞վ կրնայ պնդել թէ մարդկանց նման այս կամ այն հաս­տա­տու­թիւնն ալ կրնայ որոշ թե­րու­թիւններ ու­նե­նալ եւ պատ­ճառ դառ­նալ մեծ ոգե­ւորու­թիւնով հայ­րե­նի եր­կի­րը ոտք դրած երի­տասար­դին հիաս­թա­փու­թիւն պատ­ճա­ռել։ Ար­դա­րեւ քա­նի կը պար­զուի Պոլ­սա­հայ պա­տանի­ներու հիաս­թա­փու­թեան եւ ապա դառ­նութեան տե­ղի տուող պատ­ճառնե­րը, ակա­մայ մենք կը ստի­պուինք քննա­դատու­թեան նշա­ւակ դարձնել նոյն ինքն Սփիւռքի Նա­խարա­րու­թեան այս շատ մեծ մի­ջոցա­ռու­մը կազ­մա­կեր­պող եւ գոր­ծադրող անձնա­կազ­մը։ Մենք պի­տի խու­սա­փինք պա­տահած­նե­րու ման­րա­մաս­նութեան մա­սին խօ­սելէ, քա­նի որ նիւ­թը ար­դէն ար­ծարծուած է թեր­թիս այլ էջե­րուն վրայ։ Ու­րեմն պահ մը մէկ կողմ թո­ղունք Նա­խարա­րու­թեան պաշ­տօ­նեանե­րուն այս կամ այն թե­րացու­մը եւ խորհրդակ­ցինք մեր պոլ­սա­հայե­րուս մա­մու­լի հաս­կա­ցողու­թեան մա­սին։

Բո­լորո­վին մտե­րիմ խնդրան­քի մը առ­թիւ տե­ղեակ եղանք այս տհաճ զար­գա­ցու­մէն։ Հար­սա­նիքի մը պա­հուն էր, երբ եկե­ղեց­ւոյ բա­կին մէջ մեր ծա­նօթ­նե­րու դուստրը մօ­տեցաւ ու յայտնեց այս պա­տահար­նե­րը եւ փա­փաք յայտնեց որ քա­նի մը ըն­կերնե­րով այ­ցե­լել մեզ եւ բա­ցատ­րութիւններ փո­խան­ցեն։ Սի­րով ըն­դա­ռաջե­ցինք այս խնդրան­քին։ Վեր­ջա­պէս մեր դի­մաց կար սրտցաւ ման­կա­մար­դուհի մը, որ կ՚ու­զէր իր ընդվզու­մը լսե­լի դարձնել մեզ՝ լրագ­րողնե­րուս, որ­պէսզի մատ­նուած անի­րաւու­թիւնը քօ­ղար­կուած չմնայ եւ ու­րիշներ ալ իմա­նան պա­տահա­ծը։ Առանց վա­րանու­մի պատ­րաստա­կամու­թիւն յայտնե­ցինք զի­րենք լսե­լու ուղղեալ։ Կը սպա­սէինք որ յա­ջորդ օր պի­տի այ­ցե­լէ խմբագ­րա­տուն, բայց նախ­քան այդ այ­ցե­լու­թիւնը զան­գա­հարե­լով իմա­ցու­ցին թէ պի­տի չգան իրենց դառ­նութիւ­նը փո­խան­ցե­լու հա­մար, քա­նի որ իրենց բա­ռերով ըսենք. «տի­կինը խիստ ազ­դա­րարած է մին­չեւ իր ար­ձա­կուրդէն վե­րադար­ձը ոչ ոքի հետ այս մա­սին խօ­սելու հա­մար»։

Ահա­ւասիկ այդ նոյն «ռոնթկեն»ի ճա­ռագայ­թը ան­գամ մը եւս կու գայ մեր թե­րու­թիւնը երես­նուս տա­լու։ Տի­կինը՝ որ այս դէպ­քին մէջ դպրո­ցի տնօ­րէնու­հին է ին­չո՞ւ հա­մար կը խրտչի իր իսկ աշա­կերտնե­րուն զի­րենք յու­զող այս կամ այն խնդրին շուրջ ընդվզու­մը ար­տա­յայ­տե­լուն հա­մար։ Չի գի­տե՞ր որ մե­զի հա­մար ոչ մէկ նշա­նակու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ այդ պա­տանի­ներու իր կող­մէ թե­լադ­րուած նա­խադա­սու­թիւննե­րով թեր­թին ներ­կա­յանա­լը։

Ոչ Արի Տուն ծրագ­րի կազ­մա­կեր­պիչնե­րուն նման ան­ճա­րակ մնալ պա­տանիի մը դի­մաց, որ իր չար արար­քով դժոխ­քի վե­րածեց պոլ­սա­հայ պա­տանի­ներու ուխտը եւ ո՛չ ալ կաշ­կանդել երի­տասար­դը, որ­պէսզի ան զրկուի իր ապ­րածնե­րուն հան­դէպ ընդվզե­լու ամե­նաար­դար իրա­ւունքէն։ Ծանր է պա­տաս­խա­նատուու­թիւնը բո­լորիս դի­մաց եւ պար­տա­ւոր ենք այդ ծանր պարտականութիւնը արժանի կերպով կատարելու։

Նիւթի աղբիւրը՝ Ակօս

Մեկնաբանություններ (1)

Arsen
Եդպես ել չհասկացանք ինչ է պատահել։ Անհոդաբաշխ, իրար հակասող բաներ են ասում, հիմա էլ իբր վերլուծություն են արել, Հետքն էլ նյութ է գտել, տպագրել է...

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter