HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Յստակացման համար պիտի սպասենք Հոկտեմբեր ամիսը

Թուրքիոյ հայ հասարակութիւնը վերջին մէկ ամսուայ ընթացքին դարձեալ մատնուած է անորոշութեան մթնոլորտին։ Մօտ երեք շաբաթ առաջ սկսան կարգ մը շշուկներ տարածուիլ ըստ որու Իսթանպուլի Կուսակալ Վասիփ Շահին դժգոհ է Կարգադիր Յանձնախումբի կարգ մը անդամներէն եւ հաղորդած է թէ այս կազմով ընտրութիւն կարելի չէ կատարել։ Այս լսումները քիչ մը պրպտելով պարզուեցաւ թէ Կուսակալ Շահին իր այս դիտողութիւնը փոխանցած է կարգ մը համայնքային շրջանակներուն։ Պաշտօնական դիրքորոշում մը չըլլալով հանդերձ, այդ շրջանակներն ալ նիւթը կարեւորած եւ ահազանգի մը բնոյթով փոխադրած են Պատրիարքարանի մէջ կայանալիք ժողովի մը։ Ըստ լսումներու այդ ժողովը բաւական աղմկալից անցած է, որուն արձագանգները տեղ գտած էին «Ակօս»ի նախորդ թիւին մէջ։ Սակայն ժողովականները որոշած են դիմումի պաշտօնական պատասխանը սպասել եւ ստայնմ դիրք բռնել։

Լսումներու համաձայն Պէքճեան Սրբազան ժողովի ընթացքին տէր ելած է Կարգադիր Յանձնախումբի կազմին, որ ըստ մեզ ալ գնահատելի կեցուածք մըն է։ Ըստ երեւոյթի հայ համայնքի կարգ մը դէմքեր Իսթանպուլի Կուսակալութեան շահագործումով կը փորձեն Կարգադիր Յանձնախումբի կազմէն իրենց համար անբաղձալի համարուած կարգ մը անուններէ ձերբազատուիլ։ Տեղապահ Սրբազանը իր կեցուածքով կանխած է այս չար արարքը։ Բայց կ՚արժէ հարցնել թէ Սրբազանը ինչո՞ւ համար աւելի յստակ քայլերու չի դիմեր եւ մանաւանդ ալ իշխանութիւնները չի զգուշացներ նման խնդիրներու շրջանակով փոխանակ անպաշտօն անձերու դիմելու ուղղակի կապուիլ իրեն։ Անշուշտ նոյն հարցումը կարելի է ուղղել Իսթանպուլի Կուսակալութեան, թէ ինչո՞ւ համար ուղղակի ընտրուած տեղապահի հետ կապ ապահովելու կը փորձէ զարտուղի եղանակներուն։

«ԱԿՕՍ»ի ոսպնեակէն

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter