HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Ինքնանպատակ զեկոյց

Պատրիարքական ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմինը երէկ յետմիջօրէին հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Այս յայտարարութեան մէջ Նախաձեռնարկ մարմինը պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը եւ անոր թեւակոխած փուլը ամփոփած ու մեկնաբանած է իր տեսանկիւնէն։

Ցայսօր կատարուած ծանօթ աշխատանքները յիշեցնելէ վերջ՝ Նախաձեռնարկ մարմինը կը յայտնէ, որ դիւանակալական տեսակէտէ անհրաժեշտ բոլոր քայլերը մինչեւ հիմա առնուած են եւ յառաջիկային ալ պիտի առնուի աչալրջութեամբ։ Ընդգծուած է, որ պատրիարքական ընտրութիւնը բոլորի փափաքն է, հետեւաբար սա կամ նա պատճառով գործընթացը վերստին պէտք չէ խցանուի։

Մեր հաւաքական կեանքէն ներս առաջնահերթօրէն կարեւոր Պատրիարքական Աթոռի տեւականօրէն թափուր մնալը գոհունակութիւն չի կրնար պատճառել ոեւէ մէկուն։ Հետեւաբար, ամենէն ճիշդ ու հրատապ գործն է՝ նոր պատրիարքի մը ընտրութեան համար մեր հաւաքականութեան բոլոր անդամներուն ձեռք ձեռքի տալը եւ ընտրութեան վրայ կեդրոնանալը։

Նախաձեռնարկ մարմինը համայնքային հաստատութիւններու ղեկավարներու պարագային ալ ընդգծած է հաւաքականութեան առջեւ պատասխանատուութիւնը։ Մեր համայնքային հաստատութիւններու վարիչներէն կը պահանջուի գործադրել հնարաւոր բոլոր ջանքերը՝ ժամ առաջ պատրիարքական ընտրութեան երթալու համար։

Յայտարարութեան մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ համայնքային մամուլին մէջ լոյս տեսած լրատուութիւններուն եւ մեկնաբանութիւններուն։ Նախաձեռնարկ մարմինը համոզուած է, որ այդ բոլորը կը գերազանցեն իրենց նպատակը եւ կը մնան վերացական հարթութեան վրայ, աւելի՛ն, որեւէ նպաստ կամ օգուտ չեն բերեր գործընթացի առողջ ձեւով շարունակուելուն։

Նախաձեռնարկ մարմնի յայտարարութեան մէջ մէկէ աւելի անգամ ընդգծուած է համայնքային հաստատութիւններու վարիչներու զօրակցութեան կարեւորութիւնը։ Շեշտուած է նաեւ, որ բոլորի հասարակաց փափաքն է ընտրական գործընթացին յաջողութեամբ եզրափակուիլը։

Նյութի աղբյուրը՝ Ժամանակ

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter