Հասարակական համերաշխութիւնը կրծող անորոշութիւն
Թուրքիոյ հայ հասարակութեան գլխուն հետզհետէ անլուծելի փորձանքի մը վերածուած պատրիարքական ընտրութեան խնդիրը այս շաբաթ դարձեալ նոր զարգացումներով կը զբաղեցնէ համայնքի օրակարգը։
Նախորդ շաբաթավերջին Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետի յայտարարութիւնները արդէն, իսկ տեղի տուած էին լուրջ հակազդեցութիւններու։ Ընկերային ցանցերու մէջ բաւական կարծիքներ փոխանակուեցան կատարուած յայտարարութիւններու շուրջ։ Կարծես այսքանը չէր բաւեր, որ Հիւսիւսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Խաժակ Պարսամեան եւս ներքաշուեցաւ այս դժբախտ խնդրին տեղի տալով նոր հակազդեցութիւններու։
Այս ալեկոծումի մէջ վերջ ի վերջոյ տեղապահ Պէքճեան սրբազանն ալ ստիպուած եղաւ իր ընդվզումը յայտնելու, այս անսովոր եւ շատ անգամ ալ անպատշաճ անցուդարձերու առնչութեամբ։ Անսպասելի վերջին ելոյթի հեղինակը եղաւ Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան Հայաստանի «Թերթ» կայքէջին տուած եւ ապա Փարիզի « Նոր Յառաջ» եւ Պոլսոյ «Մարմարա» թերթերու արտատպած հարցազրոյցով։ Սահակ սրբազան դիւրիմացութիւնները կանխելու համար թերթիս հրատարակութեան պատրաստուած ժամերուն հրապարակեց ճշդում մը, ուր կը հաստատէր իր հաւատարմութիւնը Տեղապահ սրբազանի նկատմամբ։
Ըստ երեւոյթի տակաւին երկար ժամանակ պիտի ստիպուինք այս մասին յանկարծակի յայտարարութիւններով ցնցուելու, քանի որ պատրիարքական ընտրութեան խնդրին մէջ մէկ կողմ դրած կ՚երեւինք պատշաճութիւնը եւ եկեղեցավայել բարեացակամութիւնը, որուն տեղ ուղղուած ենք դաւադրանքներու եւ սադրանքներու անդիմադրելի հրապոյրին։ Սադրանքներ, որոնք ծնունդ կ՚առնեն պետութեան որդեգրած լռութեան ռազմավարութենէն։
Մեկնաբանել