HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Գործօն

Պոլսոյ պատրիարքը գահակալութեան երդումը կատարելու ժամանակ կ՚ուխտէ, որ պիտի աշխատի մեր համայնքի հաստատութիւններու շահերը եւ իրաւունքները պաշտպանելու համար։

Հասկնալի ու բնականոն երեւոյթ մըն է այդ մէկը։ Պատրիարքը այդ շահերն ու իրաւունքները պաշտպանելու համար՝ հասկնալի է նաեւ, որ պէտք է աշխատի պետութեան հետ։ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու իրաւունքներու երաշխիքներուն առումով ունի նոյնիսկ միջազգային յանձնառութիւններ։ Հետեւաբար, համապատասխան ուխտ կատարած պատրիարքին եւ վերոյիշեալ յանձնառութիւններուն հետամուտ պետութեան համագործակցութիւնը, կապը, բնականոն յարաբերութիւնը էական նշանակութիւն ունին մեր համայնքին տեսակէտէ։

Թրքահայութիւնը այսօր այնպիսի վիճակի մը հասած է, որ կարծես իր իրականութիւնը կը ժխտէ, իր իրականութենէն կը վախնայ։ Մեր համայնքը անպայման ու անվիճելիօրէն ինքն իսկ պիտի ընտրէ իր պատրիարքը։ Սա ճշմարտութիւն մըն է, որու պարագային տարակոյս գոյութիւն չունի։ Պետութիւնները ընդհանրապէս կը հանդիսանան վարչակազմակերպչական մեքենաներ, որոնք կ՚առաջնորդուին առարկայական շահերով եւ այդ շահերը հետապնդելու ճանապարհին հաշտ կ՚ըլլան իրականութիւններուն հետ, ճշմարտութիւններուն հետ՝ չոր ու պարզ ձեւով։ Մեր համայնքէն ներս, արհեստական ձեւով, ներքին մրցակցութիւններու ազդեցութիւնով ժողովուրդի զանազան խաւերուն մօտ ծնունդ տրուած է մտահոգութեան մը, թէ մեր նոր պատրիարքը մեզի պիտի պարտադրուի պետութեան կողմէ։ Աւելորդ հակափաստարկներու ներկայացումը անիմաստ է, որովհետեւ նախեւառաջ պետութիւնը գիտէ, որ իր կողմէ պարտադրուելիք պատրիարքի մը հետ աշխատանքը չի կրնար ըլլալ այնքան արդիւնաւէտ եւ իր իսկ տեսակէտէ ձեռնտու՝ որքան ազգընտիր պատրիարքի մը հետ։ Միայն այս տրամաբանութիւնը բաւարար է, որպէսզի մեր համայնքէն ներս արհեստական խուճապներ չստեղծուին եւ բանիմացութեան ճանապարհը որդեգրելով այլեւս յաղթահարուի ընտրութեան խնդիրը։

Եթէ այսօր թրքահայութիւնը կը ձգտի ունենալ ազգընտիր նոր պատրիարք մը, որ իր գահակալութեան շրջանին հետամուտ պիտի ըլլայ համայնքային իրաւունքներու եւ շահերու պաշտպանութեան, ապա անոր ընտրութեան գործընթացին մէջ բոլոր գործօնները, բոլոր ազդակները պէտք է հաշուի առնուին առարկայական ու համահաւասար ձեւով։ Պատրիարք մը ունենալու ցանկութիւնը անկարելի է ընկալել ինքնանպատակ կամ դիտարկել անոր առաքելութենէն անկախ։ Թրքահայութիւնը այսօր պէտք է գետին պատրաստէ ունենալու համար այնպիսի ազգընտիր պատրիարք մը, որ տէր պիտի ըլլայ նաեւ լիարժէք գործունէութիւն ծաւալելու:

Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին մէջ պետութիւնը գործօն մըն է։ Սա ճիշդ է, սակայն չի նշանակեր, որ միակ գործօնն է։ Միակ գործօն չըլլալն ալ չի նը-շանակեր, որ անկարեւոր է։ Հետեւաբար, պատրիարքական ընտրութեան կազմակերպման գործընթացը պետութեան հետ որոշ շփում մը, ներդաշնակութիւն մը կ՚ենթադրէ՝ ապագայ ազգընտիր պատրիարքի կարգավիճակին եւ օրինականութեան համար։

Նյութի աղբյուրը՝ Ժամանակ

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter