HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Նամակ Երկրէն․ «Օրէնքի ամենայն խստութեամբ»

Ինչ մեղքս պահեմ, ամէն անգամ, որ Հայաստանի իշխանաւորներն ու անոնց սպասարկուները խօսին մեղաւորները «օրէնքի ամենայն խստութեամբ» պատժելու կամ պատասխանատուութեան ենթարկելու մասին, ակամայ միտքէս կ'անցնի հետեւեալը. «Արդեօք ո՞ր խեղճ քաղաքացիին գլխուն պիտի պայթի օրէնքի բովանդակ խստութիւնը...»

Տարիներ առաջ, մամուլը հաղորդեց, որ Սաշիկի տղան կրակած է իրեն յայտնապէս «դուր չեկած» քաղաքացիի մը վրայ: Աւելի ուշ տեղեկացանք, որ Սիւնիքի այդ օրերու մարզպետ Լիսկայի զաւակը իր շրջանի բնակիչներէն մէկուն աչքը հանած է: Օրէնքի մասին մեծ մեծ բրդողները չեմ գիտեր ինչ ըրին, բայց գիտեմ, որ Սաշիկին հարստութիւնը բազմապատկուեցաւ, տղան ալ գողական համարներով նոր ինքնաշարժներ ունեցաւ: Իսկ Լիսկայի տղուն գլխուն այսպիսի մե՜ծ փորձանքներ գալէն տեղեակ չեմ, գիտեմ սակայն, որ դատ-դատավարութիւն հազիւ պրծած, խեղճ տղուն տաժանակիր պաշտօն տուին Հայանտառի մէջ, եթէ չեմ սխալիր, տնօրէնի տեղակալ նշանակուեցաւ:

Այդ օրերուն էր, կարծեմ, որ յայտնի ՀՀԿական եւ ազգիս վաստակաւոր երգչուհի՝ Շուշան Պետրոսեանը, որ նաեւ ազգը ներկայացնելու համար Ազգային Ժողովի պատգամաւոր դարձած էր, հեռուստացոյցով խանդավառուած յայտարարեց, թէ բանակի հարցերուն քննադատաբար մօտեցող բոլոր քաղաքացիներուն աչքերը պիտի հանէ... Բարեբախտաբար Լիսկայի տղան իր պաշտօնէն շուտով ազատ արձակուեցաւ, Շուշան Պետրոսեանն ալ ասիկա տեսնելով՝ աչքեր հանելէն վազ անցաւ: Այլապէս, այս օրերուն բոլորս ալ միականի դարձած պիտի ըլլայինք Հայաստանի մէջ, քէօռ Լեւոնն ալ՝ կոյրերուս մէջ թագաւոր...

Անցեալ տարի, «Սասնայ Ծռեր» անունով հանդէս եկող զինեալ խումբին գործողութենէն ետք, քաղաքային հագուստով եւ համազգեստով ոստիկաններ յարձակեցան լրագրողներու վրայ ու լաւ դա՜ս տուին դէպքերը կողմնակալօրէն ներկայացնող այս գրանտակե՜ր գրչակներուն ու անորակ թղթակիցներուն: Նախագահը արար աշխարհին առջեւ ելոյթ ունեցաւ եւ լրագրողներէն ներողութիւն խնդրելէ ետք, խոստացաւ օրէնքի ամբողջ խստութեամբ պատժել մեղաւորները: Լրագրող ու քաղաքացի խոշտանգած՝ ծպտեալ ու բացայայտ քանի՞ ոստիկան պատժուեցաւ չեմ գիտեր, բայց գիտեմ, որ քանի մը լրագրողի մէկ աչքը մինչեւ այսօր լաւ չի տեսներ, իսկ իրենց քամերաները արդէն օրէնքին զոհ դառնալով՝ զիպիլնոցի արժանի եղան: 

Տարիներ առաջ, Երեւանի նախկին քաղաքապետը, դժգոհելով, որ կինը լաւ աթոռ չէ ստացած Փլասիտօ Տոմինկոյի համերգին, նախագահական պալատէն դուրս հրաւիրեց փրոթոքոլներու պատասխանատուն եւ այնքա՜ն ծեծեց, որ նոնյիսկ Լիսկայի տղուն գութը շարժեց... Մտածեցինք, որ արդէն չափը անցաւ եւ հիմա օրէնքը ամենայն խստութեամբ պիտի գործադրուի եւ արդարութիւնը ուր որ է պիտի լաւ դաս տայ փողոցային հաշուեյարդար կատարող պետական չինովնիկներուն: Այդպէս ալ եղաւ, քաղաքապետին հրաժարական պարտադրուեցաւ եւ ամբողջ ՄԷԿ տարի մարդը անգործ մնաց... Մէ՜կ տարի: Յետոյ, պատիժի աւարտէն ետք, որ նաեւ զուգադիպեցաւ ընտրութիւններուն, նախկին քաղաքապետը յանկարծ նախարարի պաշտօն ստացաւ: Արդարութիւնը, այսպէսով, մեր հայրենիքին մէջ իր տեղը գտաւ: 

Եւ դեռ աւելին, օրէնքի ողջ խստութեամբ պատիժներ խոստացողները համակարգային փոփոխութիւններ կատարեցին եւ երդուեցին, որ հիմա այլեւս ճիգ պիտի չխնայեն՝ արդար ու օրէնքի գերակայութեամբ հասարակութիւն եւ երկիր ստեղծելու: Այլապէս, ըսին անոնք, օրէնքի բովանդակ խստութեամբ պիտի պատժեն բոլոր օրինախախտները եւ համակարգային փոփոխութիւնները մերժողները...

Եւ այս մարդիկը իրենց խոստումին տէրը եղան: Առաջին պատժուողը քիչ մնաց Դանիէլ Իոնիսեանը պիտի ըլլար: Դպրոցներու խումբ մը տնօրէններ դատ բացին այս տղուն դէմ, քանի որ ան համարձակած էր ՀՀԿ-ի համար քուէ հաւաքող այս տնօրէններուն ապօրինի գործունէութիւնը բացայայտել: Օրէնքի բովանդակ ուժը այս տղուն գլխուն չպայթած, օգնութեան հասան քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները եւ իշխանաւորներու գրպանը չմտած իրաւաբանները: Քիչ մնաց «գալուբոյ» եւրոպացիներն ալ, ի հեճուկս մեր մեծ ռուս եղբօր, պիտի միջամտէին եւ օրէնքը գրանտներով պիտի... գնէին: 

Այնպէս որ, ամէն անգամ՝ Հայաստանի իշխանաւորներէն եւ անոնց սպասարկուներէն օրէնքի ամենայն խստութեամբ արդարութիւն հաստատելու մասին խօստումներ երբ լսէք, իմացէք, որ կամ մէկուն աչքը ելած է, կամ ալ մէկը՝ նախարար նշանակուած է...
Գրեցէ՛ք ինծի:

Րաֆֆի Տուտագլեան
[email protected]

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter