HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Լիբանանի եւ Սաուտի Արաբիոյ մէջ մտահոգիչ զարգացումներ

Նախ Լիբանանի վարչապետը Սաուտի Արաբիոյ մէջ «կեանքս վտանգուած է» ըսելով հրաժարեցաւ իր պարտականութենէն։ Ապա Սաուտի արաբիոյ մէջ բազմաթիւ իշխաններ եւ նախարարներ զեղծարարութեան մեղադրանքով բերման ենթարկուեցան։ Նոյն օրերուն Տէր Զօրը ՏԱԻՇ-էն ազատագրող սուրիական բանակը ձեռնարկեց նոր գործողութիւններու։ Վահագն Քէշիշեան մօտէն կը հետեւի Միջին Արեւելքի զարգացումներուն ու կ՚ըսէ թէ Տէր Զօրի ազատագրումէն ետ Իրաքի եւ Սուրիոյ միջեւ ճանապարհի բացուիլը, թէ Պէյրութի եւ թէ Ռիատի մէջ հաւասարակշռութիւնները խախտած է։

ՎԱՀԱԳՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Իրաքի բանակը եւ Իրանի աջակցութիւնը վայելող Հաշտի Շաապիի միաւո­րումնե­րը Իրա­քի մէջ յա­ջողած են մտնել Էլ Քա­յիմ։ Միւս կող­մէ Սու­րիոյ բա­նակին ալ Տէր Զօր մտնե­լով ՏԱԻՇ-ի գրա­ւած տա­րածքնե­րը բա­ւական նեղ դար­ձած են։ Այս ըն­թացքը նաեւ կ՚ան­ջա­տէ ՏԱԻՇ-ի հսկո­ղու­թեան տակ գտնուած տա­րած­քը։ Սու­րիոյ բա­նակին այժմ Էլ Պու­քէ­ման ուղղուիլը կ՚ապա­ցու­ցէ թէ նպա­տակ դրած են Տէր Զօր եւ Էլ Քա­յիմի մի­ջեւ գտնուող ամե­նամեծ բնա­կման վայ­րը նուաճել։ Սա­կայն Քա­յիմ-Պու­քա­մալ-Տէր Զօր գծին վե­րատի­րանա­լու միակ նշա­նակու­թիւնը ՏԱԻՇ-ին զբա­ղեցու­ցած տա­րած­քը կի­սել չէ, կայ աւե­լին։ Այսպէ­սով բա­ցուած պի­տի ըլ­լայ Պաղ­տատ- Տա­մաս­կոս եւ հե­տեւա­բար Թեհ­րան-Պէյ­րութ ուղղու­թիւններն ալ։ Ար­դա­րեւ Իրա­քի եւ Սու­րիոյ մի­ջեւ նշա­նակու­թիւն ու­նե­ցող չորս անցման կէ­տերէն ո՛չ մէ­կը Սու­րիոյ ու­ժե­րուն հսկո­ղու­թեան տակ է։ Ան­շուշտ որ կան կարգ մը աննշան անցման կէ­տեր, որոնք մեծ տա­րողու­թիւնով փո­խադ­րութիւննե­րու հա­մար ձեռնտու չեն։ Էլ Պու­քա­մալը, այդ բնոյ­թի անցքե­րու կա­րեւո­րագոյնն է, որուն վե­րատի­րանա­լը շատ հա­ւանա­կան դար­ձած է Քա­յիմ եւ Տէր Զօ­րի գոր­ծո­ղու­թիւննե­րէն ետք։

ՏԱԻՇ-ի դե­րակա­տարու­թիւնը

Այս զար­գա­ցումնե­րը ան­գամ մը եւս մատ­նա­ցոյց ըրին ՏԱԻՇ-ի ապա­հոված կա­րեւոր մէկ ձեռքբե­րու­մը, որն է Իրա­նի Ըրա­քի ճամ­բով Սու­րիա հաս­նի­լը կան­խել։ Նաեւ տե­սած եղանք որ Լի­բանան իր մին­չեւ նա­խորդ շա­բաթուան դիր­քե­րով որ­քան մեծ նշա­նակու­թիւն ու­նի, որ­պէս Թեհ­րան-Պէյ­րութ ճա­նապար­հի վեր­ջին կա­յարա­նը։ Լի­բանա­նի մէջ ան­ցեալ տա­րի նոր կա­ռավա­րու­թիւն կազ­մուած էր եւ Հըզ­պուլլա­հի, այ­սինքն Իրան եւ Սու­րիոյ գոր­ծակցու­թեան աջակ­ցած Մի­շել Աուն նա­խագահ դար­ձած էր, իսկ կա­ռավա­րու­թիւնը որ­քան ալ հա­կահըզ­պուլլա­հական ըն­դունուի եր­կու խումբի մի­ջեւ որոշ հա­մերաշ­խութիւն մը ապա­հովե­լու հե­ռան­կա­րով կա­ռավա­րու­թիւնը կազ­մած էր Սաատ Հա­րիրի։ Սու­րիա- Ըրաք սահ­մա­նագ­ծի վրայ տե­ղի ու­նե­ցած այս վեր­ջին զար­գա­ցումնե­րէն ետք Իրա­նի դէմ նոր ճա­կատ մը բա­նալու հե­ռան­կա­րով Լի­բանա­նի կա­յու­թիւնը խան­գա­րելը Սաու­տի Արա­բիոյ հա­մար նոր ռազ­մա­վարու­թիւն մը կրնայ ըլ­լալ։ Հա­ւանա­բար այս պատ­գա­մը աւե­լի շեշ­տադրե­լու հա­մար է, որ Սաատ Հա­րիրի Ռիատ մեկ­նե­ցաւ եւ իր հրա­ժարա­կանը հոն յայ­տա­րարեց։ Այդ հրա­ժարա­կանին յա­ջոր­դող ժա­մերուն Սաու­տի Արա­բիոյ մայ­րա­քաղաք Ռիատ հրթի­ռի մը թի­րախը դար­ձաւ, որ ղրկուած էր Եէմե­նէն։ Սաու­տի արա­բիա այդ հրթի­ռը ան­մի­ջապէս վե­րագ­րեց Իրա­նի եւ կա­տարա­ծը ըն­դունեց, որ­պէս պա­տերազ­մա­կան արարք։

Մաք­րա­գոր­ծում Սաու­տի Արա­բիոյ մէջ

Սա պա­հուն կա­րելի չէ գիտ­նալ, թէ Սաու­տի Արա­բիոյ մէջ գոր­ծադրուած մաք­րա­գոր­ծութիւ­նը ուղղա­կիօրէն կապ ու­նի այս զար­գա­ցումնե­րուն հետ, թէ ոչ։ Աճա­պարան­քով կա­մզուած զեղ­ծա­րարու­թիւննե­րը քննե­լու յանձնա­խումբը իշ­խաններ, նա­խարար­ներ եւ որոշ գոր­ծա­րար­ներ բեր­ման են­թարկեց, որ մեկ­նա­բանուեցաւ թա­գաւո­րին եւ գա­հաժա­ռանգ իշ­խաննե­րուն ներ­քին հա­ւասա­րակշռու­թեան վրայ ազ­դե­ցու­թիւն բա­նեց­նե­լու գոր­ծո­ղու­թիւն։ Եւ տար­բեր կեր­պով եթէ ըսենք հա­մոզում, որ պա­տերազմ պի­տի ծա­գի եւ առիթ պի­տի տայ այս խնդիր­ներն ալ լա­ւագոյն կեր­պով դա­սաւո­րելու։ Այս շար­ժումը նաեւ կրնայ չէ­զոքաց­նել Իրա­նի հետ հա­ւանա­կան լա­րուա­ծու­թիւն մը կան­խել մի­տող­նե­րը։ Յստակ է որ Սաու­տի արա­բիոյ մէջ նման տա­րակար­ծութիւն մը գո­յու­թիւն ու­նի։ Նաեւ նման տա­րակար­ծութիւն կը տի­րէ Միացեալ Նա­հանգնե­րէ ներս, ուր Պաշտպա­նու­թեան Նա­խարա­րու­թիւնը եւ Խորհրդա­րանը բե­ւեռա­ցուած կ՚երե­ւին։ Բե­ւեռ­նե­րէն մէ­կը, որ կը ձե­ւաւո­րուի Թրամ­բի եւ Պաշտպա­նու­թեան Նա­խարա­րու­թեան մի­ջեւ մտա­դիր է Իրա­նի դէմ Սաու­տի Արա­բիոյ զօ­րակ­ցե­լու եւ Իս­րա­յէլին ալ Լի­բանա­նի դէմ պա­տերազմ հռչա­կելով Հըզ­պուլլա­հը ոչնչաց­նե­լու։ «Ապա Սու­րիոյ մէջ Ռու­սաստա­նի հետ այլ եղա­նակով կը խօ­սինք» կ՚ըսէ այս խմբա­կը։ Իսկ միւս կող­մէն կայ «սխալ է Իրա­նը բո­լորո­վին կորսնցնել, այդ եր­կի­րը Ռու­սաստա­նին գիր­կը դնե­լով» մտա­ծող երկրորդ բե­ւեռ մը։ Անոնք մտա­հոգ են նաեւ, որ Սաու­տի արա­բիան ՏԱԻՇ-ի նման կազ­մա­կեր­պութեան մը մի­ջոցով կ՚ու­զէ Մի­ջին արե­ւել­քը հսկո­ղու­թեան տակ պա­հել։

Նոր պա­տերազ­մի փո­ղերը՞ կը հնչեն

Ամե­րիկա­յի այս եր­կու բե­ւեռ­ներն ալ ու­նին իրենց հա­մագոր­ծակցող­նե­րը Սաու­տի արա­բիոյ մէջ։ Ըստ երե­ւոյ­թի պա­տերազ­մի կողմնա­կից­նե­րը աւե­լի ծանր կը կշռեն, քա­նի որ չի բա­ցառուիր պա­տերազ­մի բնոյ­թով բա­խումնե­րու հա­ւանա­կանու­թիւնը։ Ծա­նօթ է նաեւ, թէ Իս­րա­յէլն վեր­ջին շա­բաթ­նե­րու ըն­թացքին Լի­բանա­նի սահ­մա­նին վրայ զօրք կը կու­տա­կէ եւ հրթիռ­ներ կը փոր­ձէ։ Այս զար­գա­ցու­մը յստակ սպառ­նա­լիք մըն է Լի­բանա­նի հաշ­ւոյն։ Մա­նաւանդ ալ կա­ռավա­րու­թիւն չու­նե­ցող Լի­բանան մը։ Սու­րիոյ պա­տերազ­մի սկսած օրէն ի վեր նման դիր­քի մը մատ­նուելէ խու­սա­փող լի­բանան­ցի­ներ ար­դեօ՞ք հի­մա պի­տի կրնան երկրի մէջ արա­գօրէն դա­շինք մը ձե­ւաւո­րել եւ կան­խել հա­ւանա­կան վտանգնե­րը։ Ներ­կայ դրու­թեան մէջ դժուար պա­տաս­խա­նելի հար­ցում մըն է այս։ Նշենք որ Իս­րա­յէլի յար­ձա­կուե­լու հա­ւանա­կանու­թիւնը ալ աւե­լի ահա­զանգ կը դառ­նայ Լի­բանա­նի հա­մար։ Նա­խապէս գո­յացած իշ­խա­նու­թեան պա­րապու­թիւնը լրաց­նե­լու հա­մար եր­կու տա­րի տե­ւող աշ­խա­տանք կա­տարուած էր։ Իսկ այս պա­հուս բազ­մա­թիւ ան­պա­տաս­խան հար­ցումներ կան մեր դի­մաց։ Իրա­քեան բա­նակի դէ­պի Էլ Պու­քամալ յա­ռաջա­նալով ի՞նչ տե­սակ զար­գա­ցումներ կրնան ար­ձա­նագ­րուիլ։ Կը շա­րու­նա­կուի՞ այդ յա­ռաջըն­թա­ցը, թէ ո՛չ կարգ մը ար­գելքներ կը գո­յանան։ Սաուտիներու սպառնալիքին ենթարկուած Իրան կը հրաժարի՞ Թեհրան-Պէյրութ գիծը ապահովող իր յառաջընթացէն։ Իսկ որ եթէ հրաժարի, այդ հրաժարումը ժամանակաւոր կ՚ըլլա՞յ, թէ ոչ յարատեւ։

Միջին Արեւելքի մէջ ամէն յառաջընթաց նոր հարցադրումներու պատճառ կը դառնայ։ Ըստ երեւոյթի շիաներու եւ սուննիներու միջեւ շարունակուող ճատրակի տախտակին վրայ կողմերը նոր հարուածներու կը ձեռնարկեն։ Տեսարանը յստակացնելու համար քիչ մը եւս ժամանակի կը կարօտինք։

նիւթի աղբիւրը՝ Ակօս

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter