HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Մոնթէ, ի՞նչ մաղթեմ քեզի

Սեդա Գպրանեան-Մելքոնեան 

Վաթսունամեակդ է Մոնթէ ։ Ի՞նչ մաղթեմ քեզի։ Գիտեմ որ քառորդ դարուան հեռաւորութենէն ետք տակաւին կան բաներ, որ կրնամ մաղթել ։

Անցեալի «երկար տարիներ»-ու մաղթանքը իրականացած է։ Մեկնումէդ ահա քառորդ դար ետք դեռ կ՚ապրիս եւ բոլոր նշանները կան մտածելու թէ շատ երկար պիտի ապրիս։ Մենք բոլորս փոշիացած, չքացած, նոր հարթութեան վրայ կ՚ըլլա՞նք կամ ոչ, ո՜վ գիտէ։ Բայց դուն քու «երկար տարիներ»-ու գոյութիւնդ պիտի ունենաս։ Ասիկա փաստ է։

Ես պիտի մաղթէի, որ այս գոյութիւնդ ըլլար հարազատ քեզի, որ կերպարդ մնար անաղարտ։ Մնար այ՛ն Մոնթէն, որ իսկապէս կար քանզի ան կարիք չունի նոր ու փայլուն ածականներու։

Վերջերս մարդիկ քեզ կոչեցին Աստուած եւ կիսաստուած։ Գիտեմ որ ամէնաշատը դուն պիտի ընդվզէիր նման գնահատանքէ։ Քաւ լիցի, մենք նոր Աստուածներու պէտք չունինք։ Բայց քեզ կիսաստուած կոչողները բարի մարդիկ են ու քու կարիքդ կը զգան աւելի քան երբեք։ Համատարած դրամատիրութեան  տակ կքած՝ անոնք պէտք ունին ինչքը արհամարհող, մարդ արարածի բարօրութեան համար տքնող անաչառ ղեկավարի։ Քեզի պէս։ Պէտք ունին մարդու մը, որուն համար հայրենիքին ու իր ժողովուրդին շահերը ամէն բանէ վեր են։ Մարդ, որմէ դասեր քաղենք, հիացման ու փառքի արտահայտութիւններէն անդին։

Ինչպէ՞ս ներկայացնեմ քեզ, Մոնթէ։ Տարիներ առաջ մեր մտերիմին տուած աս հարցին դուն պատասխանեցիր «ոչ մէկ ձեւով»։ Քու լեզուովդ այս կը նշանակէր որ պէտք է գործովդ գնահատականդ տանք։ Փառաբանութիւնը քեզի համար չէր։

Գործունէութեանդ հետեւող մարդիկ աղբիւրներ ունին անցեալդ պրպտելու։ Ինքդ յատկապէս չէիր սիրեր ըրած լաւ բաներուդ մասին խօսիլ։ Իսկ երբ կարգը գար սխալներուդ, ամէնախիստ դատողը նախ եւ առաջ դուն էիր։ Մեր նամակագրութեան տարիներուն երբ այս կամ այն սայթաքմանս մասին կը գրէի քեզի, պատասխանիդ մէջ կը կրկնէիր, որ իմ բոլոր սխալներս միասին քու գործած սխալներուդ չեն իսկ մօտենար։

Մոնթէ, հրաշքդ պարզութեանդ մէջ է ու հաւատարմութեանդ՝ քու սկզբունքներուդ։ Անկեղծութեանդ մէջ է եւ նուիրումիդ։ Քու հմայքդ կեանքը լիովին ըմբոշխնելու կենսունակութեանդ մէջ է ու լաւատեսութեանդ։ Ճնշուածին օգնելու քու պատրաստակամութեանդ մէջ ու կորովիդ։ Մարդու եւ բնութեան իրաւունքներուն պաշտպանութեանդ մէջ է ու լաւին հանդէպ ակնածանքիդ։ Նաեւ սխալի անհանդուրժողութեանդ մէջ է։

Խոստովանիմ հիմա, որ երբեմն ես քեզի հիասթափեցնելու սարսափով կ՚ապրէի։ Մէկ բան լաւ գիտէի քու մասիդ։ Դուն հակուած էիր բոլոր մարդոց մասին լաւ մտածելու մինչեւ փաստէին, որ լաւ մարդ չեն։ Աս ընդհանուրին համար։ Սակայն հիասթափութիւնդ մեծ կ՚ըլլար երբ սխալին հեղինակը քեզի մօտիկ մարդ ըլլար։ Բաներ կային, որ քեզի համար կարծես ներուելու սահմանէն անդին կը գտնուէին։ Օրինակ տամ. ինքդ իրականութեան սիրահար՝ սուտին ու մանաւանդ զրպարտանքին հանդէպ աններող էիր։ Զրպարտողները պէտք է հրապարակաւ սրբագրէին իրենց սխալը, որ կարենայիր ներելու մասին մտածել։ Իսկ ներելէ ետք, յիշաչար չէիր։

Ընտանիքիդ հանդէպ ակնածանքդ մեծ էր։ Տարեդարձիդ առիթով 24 նոյեմբեր 1988-ին գրած էիր ինծի.

«Հոգիս, վաղը 31 տարեկան պիտի ըլլամ։ Չեմ կրնար հաւատալ։ Չէի երեւակայէր, որ այս տարիքին պիտի հասնիմ։ Իսկապէս շատ տարբեր չեմ զգար, բայց այս պարզ փաստը ինքնին մտածել կու տայ ինծի թէ որքան կարճ է կեանքը եւ որքան կարեւոր է այլեւս վերջ դնել մեր բաժանման։ Տարիները, ամիսները, օրերը, ժամերը, վարկեանները եւ նոյնիսկ երկվարկեանները կը վատնուին առանց քեզի։ Տարի մը եւս գնաց կեանքէս առանց որ քեզի մօտենամ կամ աչքերդ տեսնեմ։ Ինչպէ՞ս կրնամ «երջանիկ» ըլլալ այս տեսակ տարեդարձի մը համար, քեզմէ հեռու։ Չեմ կրնար քանի որ ինծի համար իսկական երջանկութիւն չկայ առանց քեզի։ Հոս ոեւէ մէկուն չեմ ըսած, որ վաղը տարեդարձս է այն պատճառով, որ գիտեմ պիտի փորձեն ինծի համար «տօնել» իսկ ես չեմ ուզեր ոեւէ տօնակատարութիւն։ Բայց յաջորդ տարի անպայման պիտի տօնենք քանի որ միասին պիտի ըլլանք եւ իրական պատճառ պիտի ունենանք տօնելու։ Եւ դուն ինծի համար կարկանդակ պիտի պատրաստես։ Քեզի համար դժուար պիտի ըլլայ, անկարելի, կարկանդակ մը պատրաստել որ քեզմէ աւելի քաղցր է»։

Մեր միատեղ կեանքը դոյզն ինչ չփոխեց քու վերաբերմունքդ։ Արդ քեզի համար տնային բռնութիւնն ու կնոջը ստրկացնելը միշտ եղան անհանդուրժելի։ Յարաբերութիւնդ նման կերպարներու հետ կը կտրէի։ Ընտանիքին վրայ ձեռք բարձրացնող մարդը շրջանակէդ կը չքանար։

Մեր համատեղ կեանքի հեռանկարը պարզ էր։ Նամակներուդ մէջ կը կրկնէիր, որ մենք ամէնաերջանիկ մարդիկ ենք։ Երազանքդ՝ ընկերներուդ օգնութեամբ ձեռքերովդ մեր տունը կառուցել հայրենիքին մէջ ու մեր երեխաները լաւ մարդ մեծցնել։ Մինչեւ հոն հասնիլը սակայն, մեր իրաւունքներու վերականգնման համար պայքարիլ ու համերաշխաբար ապրիլ այլ յեղափոխական ընկերներու եւ իրենց ընտանիքերուն հետ։ Բոլորիս երեխաները ուսուցանելու պարտականութիւնը իմ վրաս պիտի ըլլար։ Ու այդպէս պիտի հասնէինք հայրենիք ուր պիտի ապրէինք մինչեւ խոր ծերութիւն եւ դուն գիրք պիտի գրէիր բանտերու ժամանակավրէպութեան եւ կալանային կեանքի անհեթեթութեանց  մասին։

Ահա այսքան պարզ էր երազանքդ Մոնթէ։ Ի՜նչ դիւրին էր հետդ երջանիկ ըլլալ։

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter