HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Նամակ Երկրէն. Չի՛ Կարելի, Ամօ՛թ է, Օտարները ի՞նչ Պիտի Ըսեն

Երբ փոքր էի, հազիւ 9-10 տարեկան ու տան մէջ քոյրերուս կամ զարմիկներուս հետ վէճեր կ'ունենայի, մեր ընտանիքի մեծերը՝ մամա, քեռի, հօրեղբայր, հորքուր ու մորքուր, առաջին բանը, որ կ'ըսէին, հետեւեալն էր. «Ամօթ է, այս ի՞նչ է ըրածնիդ... պոռալ-կանչելով աշխարհը իրար անցուցեր էք, դուրսէն լսողը ի՞նչ պիտի ըսէ մեր ընտանիքին մասին...»

Սկիզբը, այս յանդիմանութիւնը երբ կը լսէի, կը կարծէի, որ միայն մեր ընտանիքին մէջ երեխաները իրար հետ կը վիճին ու կը կռուին, ու ձայնս անմիջապէս կը կտրէի. չըլլայ որ յանկարծ դուրսէն մէկը իմանար մեր ընտանիքի այս արտամոլորակային սովորութեան մասին:

Երբ քիչ մը մեծցանք եւ փողոցը սկսանք խաղալ, դեռահաս երեխաներու չարաճիճիութիւններ կ'ընէինք ու երբեմն իրար հետ անտեղի կռիւներ կը սարքէինք: Ու չէր ուշանար յանդիմանութիւնը: Մեր թաղի մեծերը անմիջապէս կը յուշէին. «Չեղաւ, չէ՛.... ամօ՛թ ձեզի, հիմա հարեւան թաղի մարդիկը ի՞նչ պիտի ըսեն մեր մասին: Կ'ուզէք ալամ-աշխարհին առջեւ մեզ խատառա՞կ ընել, ի՞նչ պիտի մտածեն մեր թաղին մասին»: Այդ տարիներուն կը մտածէինք, որ երեւի ալամ-աշխարհը ուրիշ հոգ չունի, բոլոր բնակիչներով հարեւան փողոցներու տանիքները բարձրացած՝ հեռադիտակներով մեր թաղի երեխաներուն շարժումներուն կը հետեւի: Երեւի փողոցը եկեղեցիի նման տեղ մըն է, տունէն դուրս ելլելուն պէս հրեշտակի թեւեր պէտք է հագնէինք եւ աշխարհի ամէնէն բարի դեռահասները ըլլայինք, որպէսզի մեր մասին յանկարծ վատ տպաւորութիւն չունենան:
Տարիներ յետոյ, երբ երիտասարդ տարիքին արդէն համալսարան կը յաճախէինք, վէճեր ու բախումներ կ'ունենայինք իրար հետ: Հայկական տարբեր ուսանողական միութիւններ իրար դէմ կը պայքարէին այնպէս, կարծէք թէ մէկը միւսին մէջ թաքուն թուրքեր յայտնաբերած ըլլար: Համալսարանի հայ պատասխանատուները խուճապի մատնուած կը փորձէին արագ միջամտել եւ մեզի յիշեցնել, որ «ամօ՛թ է, ընդունելի չէ՛, սխալ է՛... օտարները ի՞նչ պիտի մտածեն մեր մասին, հայերուս այդպէս բան կը վայելէ՞...» 

Դրացիներէն, հարեւան թաղերէն, ուրիշներէն, օտարներէն մեզի այնքա՜ն զգուշացուցած էին, որ մենք սկսած էինք մտածել, թէ հայերս իրաւունք չունինք իրարու հետ վէճ ու բախում ունենալու, սխալն ու թերին մատնանշելու, վատն ու յոռին բացայայտելու: Ամօ՛թ է, միւսները, ուրիշները, հարեւանները, օտարները ի՞նչ պիտի ըսեն մեր մասին: Չէ՞ որ մենք տարբեր ենք:

50 տարեկանը անցած եմ արդէն,ու երբ կը գրեմ խնդիրներու մասին, կամ թերթերու մէջ եւ ընկերային ցանցերու վրայ երբ մարդոց հետ բանավէճ կ'ունենամ՝ ազգն ու հայրենիքը յուզող հարցերու մասին, դեռ մինչեւ այսօր, մեծ ու փոքր մարդիկ կը յիշեցնեն, որ «չի՛ կարելի, ամօթ է, մեր աղտոտ լաթերը աշխարհին առջեւ պէտք չունինք բանալու»: Ի՞նչպէս կարելի է անդրադառնալ եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդներու սխալներուն, չէ՞ որ անոնք սրբութիւն են: Նախագահին, վարչապետին, նախարարին մասին շատ վատ բաներ չգրես, չէ՞ որ անոնք հիմա համակարգային փոփոխութիւն ըրած են եւ երկիրը դրախտի սկսած են վերածել: Այս կամ այն կուսակցութեան, կազմակերպութեան կամ միութեան որդեգրած սխալ քաղաքականութիւնը, ձախողած ղեկավարութիւնը յանկարծ չքննադատես, չէ՞ որ միւսներուն, թշնամիներուն, օտարներուն առջեւ մեր աղտոտ լաթերը պէտք չէ լուանք...

Ի'նչ ըսեմ, երեւի միւս ազգերը, պետութիւնները, կուսակցութիւնները, միութիւնները, փողոցներն ու թաղերը աղտոտ լաթեր չունին, իրենք իրենց երբեք չեն քննատատեր, բոլորն ալ զիրար փառաբանելով զբաղած են, երկինքէն Սուրբ Հոգիով աշխարհ իջած են, ուրեմն մենք ինչո՞ւ տարբեր պիտի ըլլանք:

Երեւի փակ դուռներու եւ վարագոյրներու ետին, շշուկով, մութին մէջ, գաղտնի եւ ցած ձայնով մեր հարցերուն մասին եթէ խօսինք (ԵԹԷ խօսինք), հաւանաբար ամէն ինչ, բոլոր խնդիրները շատ արագ եւ դիւրին կը լուծուին: Թափանցիկութիւն, հաշուետուութիւն, ազատ ու բաց քննարկում պարապ բաներ են, «գալուբոյ» եւրոպացիներու բերած սուտ արժէքներն են, գրանտակերներու կերած խալթն է, յանկարծ դուք այդ գաղափարներով չխաբուիք, յանկարծ չսկսիք բարձրաձայնել կոռուպցիայի մասին, մարդկային իրաւանց խախտումներուն մասին, սխալ ղեկավարման ու ձախող ղեկավարներու մասին, ընտրակեղծիքներուն մասին, հարիւր հազարներու արտագաղթին, պետպիւտճէի թալանին մասին, 800 հեկտար հողի կորուստին մասին, Հայ Եկեղեցւոյ բարեկարգումներու անհրաժեշտութեան մասին: Օտարները ի՞նչ պիտի ըսեն: Չի՛ կարելի: Ամօ՛թ է:
Հասկցա՞ք: 

Ոչ, գոնէ ես չհասկցայ: 

Եթէ փակ դուռներու ետին, մեր կեղտոտ լաթերուն մէջ թաղուած, ամէն խնդրի լուծում պիտի բերէիք, ու՞ր էիք մինչեւ հիմա: Կրցա՞ծ ենք Սփիւռքի մէջ կանխել մեր երիտասարդութեան ուծացումը, մեր դպրոցներու թիւը կ'աւելնայ թէ՞ կը պակսի, մեր կազմակերպութիւններուն մէջ երիտասարդութիւնը գերակշիռ ներկայութիւն եղա՞ծ է, Հայաստանը երկիր դրախտավա՞յր եղաւ մէկ օրէն միւսը. Մոռցա՞նք, չէ՞որ «Սփիւռքը կը մաշի, Հայաստանն ալ կը պարպուի»: Ո՞վ է պատասխանատուն այս տեղատուութեան, ո՞վ սխալած է եւ ո՞վ՝ յաջողած... իրաւունք չունի՞նք հարցնելու:

Ուրեմն, եթէ պիտի նախընտրենք աղտոտ լաթերու մէջ թաղուած մնալ, չխօսինք, չվիճինք, հաշուետուութիւն չպահանջենք, եկէք այդպէս ալ մնանք՝ աղտոտ լաթերու մէջ կորած: Յանկարծ միւսները, հարեւանները, օտարները ի՞նչ պիտի ըսեն:

Րաֆֆի Տուտագլեան
Գրեցէք ինծի:
[email protected]

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter