HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Ռէյ Թրէվիս եւ հայկական իր ժառանգութիւնը

Հեղինակ՝ Վահէ Թաշճեան

Նախաբան

Աշխարհի տարածքին տարտղնուած թաքնուած կը շարունակեն մնալ բազմաթիւ նիւթեղէն, տպագիր կամ ձեռագիր գանձեր Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու կեանքին առնչուող։ Անոնցմէ շատեր կը գտնուին ընտանեկան հաւաքածոներու մէջ, ուրիշներ՝ ծանօթ կամ անծանօթ արխիւներու եւ գրադարաններու մէջ։ Ամէն անգամ որ կարելի կ՚ըլլայ այս գանձերէն մէկն ու մէկը «գտնել» եւ զայն հասարակութեան մատչելի դարձնել, կարծէք նոր լուսարձակ մը բացած կ՚ըլլանք օսմանեան հայերու անցեալի կեանքին մութ մնացած մէկ կէտին վրայ։ Գոհունակութիւնը անսահման կ՚ըլլայ, քանի որ բռնութեամբ ու աւերով վերջ գտած այս կեանքէն միայն պատառիկներ մեզի ծանօթ են։

Այս զգացումները անպայման առկայ էին երբ վերջերս Յուշամատեանի ձեռքը անցան Այնթապէն 50-է աւելի հին լուսանկարներ, որոնք կը ներկայացնեն քաղաքին մէջ կեանքը հայկական հաւաքական ներկայութեան ամէնէն վերջին ժամանակաշրջանին։

Լուսանկարներու այս հաւաքածոն կը պատկանի ամերիկացի միսիոնարի մը՝ Ռէյ Փ. Թրէվիսի (Ray P. Travis), որ Այնթապ գտնուած է 1919-1920 տարիներուն։ Սոյն անձին անձնական բոլոր թուղթերը յետագային տեղ կը գտնեն Նիւ Եորք նահանգի մէջ գտնուող Yates County History Center-ի մէջ։ 

Ինչպէս կը տեսնենք, հարուստ այս հաւաքածոն կը վերաբերի Այնթապի հայկական կեանքին միայն կարճատեւ մէկ դրուագին. այն տարիները, երբ Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ետք Այնթապն ու շրջակայ քաղաքներն ու գիւղերը գրաւուած էին Դաշնակից ֆրանսական եւ բրիտանական բանակներուն կողմէ, Օսմանեան կայսրութիւնը պարտուած հռչակուած էր, իսկ Ցեղասպանութենէն վերապրած եւ տեղահանուած այնթապցի հայեր սկսած էին վերադառնալ իրենց հայրենի քաղաքը, նոր կեանք մը սկսելու հոս Դաշնակից բանակներու հովանիին տակ։

Այս ժամանակ է նաեւ որ հայ որբ երեխաներ հաւաքելու եւ զանոնք հայկական որբանոցներու մէջ տեղադրելու լայնածիր աշխատանք մը ծայր կ՚առնէ յատկապէս Օսմանեան կայսրութեան այն տարածքներուն մէջ, որոնք գրաւուած էին Դաշնակից ուժերուն կողմէ։ Ասոնք այն որբերն էին, որոնք Ցեղասպանութեան ամբողջ տարիներուն առեւանգուած էին կամ ամէն պաշտպանութենէ զուրկ թափառական կեանք մը կ՚ապրէին։

Այնթապ քաղաքը այդ ժամանակներուն շրջակայ այլ քաղաքներու օրինակով կը դառնայ հայ որբերու ապաստան տուող կարեւոր կեդրոն մը։ 1919-էն սկսեալ այստեղ կը սկսի գործել Որբախնամ միութեան (կեդրոնը Եգիպտոս) որբանոցը։ Նոյն տարին այստեղ կը հիմնուի նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց կոմիտէի (Near East Relief - NER) որբանոցը։ Ահաւասիկ այս վերջին հաստատութեան մէջ կը գործէր Ռէյ Թրէվիս՝ սոյն հաւաքածոյին սեփականատէրը։

Թրէվիս Այնթապի մէջ

Ան ծնած է Նիւ Եորք նահանգին մէջ կ՚ենթադրուի 1889-ին։ Առաջին համաշխարհային պատերազմին ընթացքին կամաւոր կ՚արձանագրուի եւ կ՚ուղարկուի Ֆրանսայի ճակատը, ուր կը ստանայ յիսնապետի աստիճան եւ կը գործէ իբրեւ պարենաւորումի տեսուչ։ Պատերազմի աւարտին փոխանակ Միացեալ Նահագներ վերադառնալու, Թրէվիս այս անգամ ամերիկեան բանակէն դուրս գալու արտօնութիւն կը ստանայ եւ կը միանայ ամերիկեան միսիոնարական կազմակերպութիւններուն, որոնք մարդասիրական աննախընթաց գործունէութեան մը ձեռնարկած էին պատերազմին հետեւանքով գաղթականացած ժողովուրդներուն եւ որբացած երեխաներուն ի նպաստ։ Այս աշխատանքներուն կարեւորագոյն բեմադրավայրն էր Միջին Արեւելքը, ուր տասնեակ հազարաւոր հայ վերապրողներ օգնութեան անմիջական կարիք ունէին։

Շատ հաւանաբար 1919-ի աշնան է որ Թրէվիս կը ժամանէ Միջին Արեւելք։ Գիտենք որ Յուլիս 1919-ին ան տակաւին Փարիզ է, բայց յետագայ ամիսներու իր թղթակցութենէն կ՚իմանանք որ ան արդէն իսկ անցած է Միջին Արեւելք, պահ մը գտնուած է Պէյրութ, ապա՝ Հալէպ։ Նոյն տարուայ Նոյեմբերին զինք արդէն կը գտնենք Այնթապի մէջ, ուր կը ստանձնէ տեղւոյն NER-ի որբանոցին տնօրէնութիւնը։ 

Ծանր աշխատանք մըն էր այս մէկը, նկատի ունենալով որ հարիւրաւոր որբերու համար պէտք էր ապահովել ապաստանարան, զանոնք կերակրել եւ հագցնել։ Այս բոլորը հսկայական ճիգերու կը կարօտէին յետ-պատերազմեան Այնթապի մէջ։ Սկզբնական շրջանին որբերը կը հաստատուին քաղաքին թրքական թաղամասին մէջ գտնուող Միլլէթ խանին մէջ։ Այդպէս ալ ցոյց կու տան Թրէվիսի հաւաքածոյին մաս կազմող քանի մը պատկերներ, ուր կը տեսնենք որբերու եւ որբուհիներու խմբանկարներ, որոնք լուսանկարուած են սոյն խանին բակին մէջ։ Որբերը բոլորն ալ այնթապցի երեխաներ չէին, այլ անոնցմէ շատեր կը հաւաքուէին շրջակայ զանազան քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ, եւ կ՚առաքուէին այն կեդրոնները (ասոնց շարքին Այնթապը), ուր որբանոցներ հաստատուած էին։ Օրինակ, գիտենք որ Դեկտերմբեր 1919-ին 15 որբեր Քիլիսէն կը ղրկուին Այնթապի NER-ի որբանոցը [1]։

Այնթապի մէջ NER-ի որբերուն ներկայութիւնը երկար չի տեւեր։ 1920 թուականի առաջին ամիսներուն թրքական ազգայնական զօրքերը յարձակումներու կը ձեռնարկեն Կիլիկիոյ եւ անոր արեւելքը գտնուող ֆրանսական գրաւեալ բանակներուն դէմ։ Այն ժամանակ երբ ճակատումները ծայր կ՚առնեն, սոյն տարածքներու մէջ ապրող թուրքեր նոյնպէս կ՚ապստամբին եւ այս ձեւով ճնշումը աւելի կը բարձրանայ ֆրանսական բանակներուն վրայ։ Թուրք ազգայնական ուժերը Յունուարէն մինչեւ Մայիս երկարող ամիսներուն կը յաջողին պաշարել շարք մը քաղաքներ, ինչպէս Մարաշ, Պոզանթի, Հաճըն, Սիս, Էքպէս, Ուրֆա եւ Այնթապ։ Կարգ մը վայրերու մէջ, մանաւանդ Մարաշի մէջ, թրքական ապստամբութեան առաջին իսկ օրէն սկսեալ տեղի կ՚ունենան հակահայ ջարդեր։ Մարաշի մէջ Յունուարի վերջը բռնկած ապստամբութենէն ետք կը զոհուին քանի մը հազար հայեր։

Այնթապի մէջ ծանրակշիռ բախումները ծայր կ՚առնեն 1 Ապրիլ 1920-ին։ Ֆրանսական բանակները մեծ մասով արդէն հեռացած էին քաղաքէն։ Թրքական զինուած ուժերու յարձակումներուն դիմաց հայկական ինքնապաշտպանութեան ուժերը կը հակադարձեն եւ այս ձեւով ծայր կ՚առնէ քաղաքին հայերու դիմադրութեան կռիւը, որ կը տեւէ մինչեւ 17 Ապրիլ 1920, երբ ֆրանսական երկու գունդեր մուտք կը գործեն քաղաք։ Այնուհետեւ տեղի կ՚ունենայ կարճ զինադադար մը, որմէ ետք, 1920 Յունիսի վերջը, ֆրանսեւթրքական բախումները դարձեալ ծայր կ՚առնեն։ Ֆրանսացիներուն մասնակցութիւնը կռիւներուն միշտ անկանոն պիտի մնար, նկատի ունենալով որ Այնթապի մէջ անոնց զինուորական ներկայութիւնը տեւաբար փոփոխութեան պիտի ենթարկուէր։ Բախումները կը շարունակուին մինչեւ 9 Փետրուար 1921, երբ թրքական ուժերը կը նահանջեն եւ կեանքը կեանքը կրկին իր ընթացքը կ՚առնէ քաղաքին մէջ։ 1921-ի կէսերուն ֆրանսական զօրքերը վերջնականապէս կը հեռանան Այնթապէն, միաժամանակ ալ տեղի կ՚ունենայ տեղւոյն հայերուն զանգուածային գաղթը։

Որբերուն Այնթապէն հեռացումը

Թրէվիսի այնթապեան թուղթերուն մէջ ստացուած նամակներ կան տեղւոյն Հայ ազգային միութենէն, Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան Գահիրէի կեդրոնէն, Այնթապի մէջ ֆրանսական զինուորական իշխանութենէն, Այնթապի կառավարիչ Սապրիէն։ Անոնք կը վերաբերին որբանոցին եւ ընդհանրապէս քաղաքի հայերու մատակարարումի (մանաւանդ պաշարումին ընթացքին), ինչպէս նաեւ որբահաւաքի, յետագային ալ որբերու Այնթապէն հեռացումի հարցերու։

Թրէվիսի թուղթերուն կարեւորագոյն նիւթերէն է Այնթապի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն եւ քաղաքին պաշարումին ժամանակ իր պահած օրագիրը։ Անիկա ծայր կ՚առնէ 1 Ապրիլ 1920-ին եւ կ՚երկարի մինչեւ Մայիս 30։ Ապրիլ 1-էն 19-ը օրագրային գրառումները կը կազմեն 7 մեքենագրուած էջ։ Թրէվիսի օրագիրին յետագայ էջերը ձեռագիր են եւ կը կազմեն 26 էջ։ Այս գրառումներուն մէջ մանրամասնութիւններ կան զինուորական գործողութիւններուն, թրքական զօրքերուն կողմէ հայաբնակ թաղամասերուն ռմբակոծումին, մահերու, որբանոցին ընդհանուր իրավիճակին եւ որբերը ուտեստով եւ հագուելիքով մատակարարելու հարցերու մասին։ Թրէվիս գովասանական արտայայտութիւններ ունի հայկական ինքնապաշտպանութեան ղեկավար Ատուր Լեւոնեանի հասցէին։

Արդեօք Թրէվիս անձամբ մասնակցա՞ծ է այս կռիւներուն։ Անոր թուղթերուն մէջ այս մասին ոչինչ կայ։ Բայց յետագային իր տնօրինած որբանոցէն շրջանաւարտ որբեր կը նշեն թէ ան որբանոցի շէնքէն իր արագահարուածով շարունակ կը կրակէր թրքական դիրքերուն վրայ։ [2]

Գիտենք նաեւ որ ռազմական գործողութիւններու նախասկիզբին, Թրէվիս Միլլէթ խանէն դուրս կը հանէ NER-ի որբերը եւ զանոնք ժամանակաւոր կը տեղափոխէ «Ալի պէյ» կոչուող շէնքը, անկէ ետք ալ երեխաները կը հաստատուին ամերիկեան միսիոնին պատկանող հիւանդանոցի շրջափակին մէջ։ Ասիկա փրկութիւն մըն էր որբանոցին համար, նկատի ունենալով որ Միլլէթ խանը կը գտնուէր թրքական թաղամասին մէջ, մինչ ամերիկեան հիւանդանոցը հայկական թաղամասին մէջ էր։ Սակայն հիւանդանոցն ալ ունէր իր անպատեհութիւնը, քանի որ կը գտնուէր բարձր դիրքի մը վրայ եւ այս իսկ պատճառով թրքական զօրքերուն յաճախակի թիրախն էր։ Այս պայմաններուն մէջ որբերը կրկին կը տեղափոխուին եւ ապաստան կը գտնեն հիւանդանոցին մօտակայ «Հալաճեան» որբանոցի բակին մէկ անկիւնը գտնուող ընդարձակ գետնափոր քարայրին մէջ։ Հոս պիտի մնային աւելի քան երկու ամիս, մինչեւ ֆրանսական եւ թրքական զօրքերուն միջեւ կարճատեւ զինադադարի մը կնքումը (29 Մայիս 1920)։ [3]

Ֆրանսական բանակները կարեւոր մասով Այնթապէն դուրս կու գան Յունիս 2-ին, 20 օր տեւած զինադադարին ժամանակ։ Ֆրանսական նահանջող զօրասիւնին մաս կը կազմէին նաեւ մօտ 800 որբեր, որոնց շարքին NER-ի որբանոցի երեխաները։ Թրէվիս իր կարգին կ՚ընկերակցի որբերուն, որոնք զօրասիւնին հետ կ՚ուղղուին Քիլիս, այնուհետեւ Հալէպ, իսկ այնտեղէն ալ կը հասնին Պէյրութ։

Ժպէյլի որբանոցը եւ Թրէվիսի ժառանգութիւնը

Յունիսի վերջերուն է որ Այնթապի NER-ի որբերը Հալէպէն կը հասնին Պէյրութ։ Առաջին հերթին կը հաստատուին Պէյրութի նաւահանգիստին մօտակայ Քարանթինա կոչուող վայրը։ Որբերուն համար այստեղ կը կառուցուի վրաններով մեծ բանակավայր մը, իսկ Թրէվիս կը դառնայ այս տարածքին տնօրէնը [4]։

NER-ը նպատակ ունէր Լիբանան հասնող բոլոր որբերը հաստատել քարաշէն որբանոցներու մէջ։ Այնպէս որ Թրէվիս փնտռտուքներ կատարելէ ետք ի վերջոյ Ժպէյլ/Պիպլոսի մէջ կը գտնէ յարմար վայր մը, որ կիսաւեր վիճակի մէջ գտնուող շերամապահութեան նախկին գործարան մըն էր։ Որբերը այստեղ կը տեղափոխուին Սեպտեմբեր 1920-ին։ Թրէվիսի թուղթերը կը վերաբերին առաւելաբար այս ժամանակներուն, երբ 1920-էն 1925 ան կը ստանձնէ Ժպէյլի NER-ի որբանոցին տնօրէնութիւնը։

Յետ-պատերազմեան եւ յետ-Ցեղասպանութեան այս տարիները կը զուգադիպին նաեւ յատկապէս Միջին Արեւելքի հայկական նորահաստատ գաղթօճախներուն մէջ վերակառուցուած ինքնութեան մը կերտումի գործընթացին։ Այս շարժումին գլուխ կանգնած հայ պատասխանատուները համոզուած էին, որ օսմանեան-թրքական աշխարհին հետ խզումը այլեւս անդարձ էր։ Իսկ «նոր հայ»ը պէտք էր տիրապետէր հայ լեզուին, իւրացնէր հայ մշակոյթը, կազմէր հայ ընտանիք՝ այս ձեւով իր մասնակցութիւնը բերէր Մեծ եղեռնէն ետք հայութեան վերընձիւղումին։ Ազգայնական գաղափարներով առաջնորդուող այս հոսանքը կը փորձէր Մեծ եղեռնին յիշողութիւնն ու ցաւը, ինչպէս նաեւ թուրքերուն նկատմամբ ատելութեան զգացումը դարձնել գլխաւոր շաղախը ծայր առած ազգային վերակառուցման գործընթացին։ Յատկապէս Սուրիա ու Կիլիկիա, ապա Լիբանան, Եգիպտոս ու Յունաստան հաստատուած հայկական որբանոցներուն մէջ այս երկու տարրերը կը վեարծուին գաղափարական միատարրացումի գլխաւոր միջոցներու։

Հայկական որբանոցներէն շատեր կը կառավարուէին ամերիկեան միսիոնարական NER կազմակերպութեան կողմէ։ Անոնց մօտ տիրապետողը կրօնական-բողոքական դաստիարակութիւնն էր, այնպէս որ յաճախ հակադրութիւններ կային մէկ կողմէ այդ օրերուն տիրապետող հայկական ազգայնական եւ միւս կողմէ միսիոնարական դաստիարակութիւններուն միջեւ։ Ռէյ Թրէվիս Ժպէյլի մէջ իր տնօրէնութեան տարիներուն հակամէտ եղաւ այս հակադրութիւններէն հեռու պահել իր հաստատութիւնը։ Ան Ժպէյլի որբանոցին մէջ գործի կանչեց այնպիսի հայ ուսուցիչներ, որոնք ջատագովներն էին վերականգնումի եւ վերակառուցումի հայկական գաղափարախօսութեան։ Ժպէյլ հրաւիրուեցան հայ յայտնի անձնաւորութիւններ, ինչպէս Սահակ Բ կաթողիկոս, Երուանդ Օտեան, Վահան Թէքէեան, Նիկոլ Աղբալեան, Երուանդ Խաթանասեան, Խոսրով Թիւթիւնճեան եւ ուրիշներ, որոնք դասախօսութիւններ տուին որբերուն։ Հաստատութիւնը օժտուած էր հայերէն գիրքերու հարուստ գրադարանով մը, ունէր իր մարզական ու գրական ակումբները, թատերախումբը, փողերախումբը, ինչպէս նաեւ հոս կը հրատարակուէր որբերու պաշտօնաթերթը։

լուսանկարում՝ Այնթապ, Նոյեմբեր 1919. Հայկական լէգէոնին մուտքը քաղաք։

շարունակությունը այստեղ

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter