HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Յոյնին գերեզմանը, հայուն փոխանորդը

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

Կը բարձրա­­նայ ըն­­դուղիի շար­­ժա­­­սան­­դուխը ու ես կը դի­­տեմ հետզհե­­տէ դէմս բա­­ցուող ցու­­ցա­­­նակը, ուր նոյն աս­­տի­­­ճանով կը մա­­րին կաս­­կա­­­ծի յե­­տին նշոյլներն իսկ, որոնք կը ջա­­նային գո­­յատե­­ւել հո­­գիիս հե­­ռաւոր ան­­կիւննե­­րուն մէջ՝ հա­­մոզել ջա­­նալով զիս թէ կ՚ապ­­րինք բնա­­կանո­­նացու­­մի մի­­ջավայ­­րին մէջ, թէ ամէն ինչ լաւ պի­­տի ըլ­­լայ, թէ ապա­­գան լու­­սա­­­ւոր է։ Մէկ ձեռ­­քով տո­­ւածը միւ­­սով ետ կ՚առ­­նէ… Հա­­մայնքա­­յին վե­­րադար­­ձուած կա­­լուած­­նե­­­րով ու­­րա­­­խանա­­լու փո­­խարէն, հի­­մա նստած պէտք է լանք Սկիւ­­տա­­­րի բար­­ձունքի այն հսկայ տա­­րածու­­թեան հա­­մար որ ո՛չ թէ գրա­­ւուած է պե­­տու­­թեան կող­­մէ, այլ փո­­խան­­ցո­­­ւած յոյ­­նե­­­րուն։ Վա­­քըֆ­­նե­­­րու տնօ­­րէնու­­թիւնը Ռո­­պին Հու­­տի պէս ու­­նե­­­ւորէն առած չու­­նե­­­ւորին տո­­ւած է այս ան­­գամ։

Պաղ­­լարպա­­շըի նո­­րաբաց կա­­յարանն եմ։ Բազ­­մա­­­թիւ ել­­քե­­­րէն պէտք է ընտրեմ այն մէ­­կը, որ զիս պէտք է հասցնէ «Վա­­քըֆ­­պանք»ի մար­­զա­­­դահ­­լի­­­ճը (վո­­լէյ­­պոլ դի­­տելու կ՚եր­­թամ)։ Յար­­մա­­­րագոյ­­նը հին­­գե­­­րորդն է, որով­­հե­­­տեւ ըստ ցու­­ցա­­­նակի այդ ելքն է որ զիս պի­­տի առաջ­­նորդէ դէ­­պի «Նուհքո­­յու­­սու» պո­­ղոտան ու … յու­­նաց գե­­րեզ­­մա­­­նատու­­նը։ Մինչ այդ չէի գի­­տեր, թէ յոյ­­նե­­­րը գե­­րեզ­­մա­­­նատուն մը ու­­նին Պաղ­­լարպա­­շըի բար­­ձունքին։

Լուրջ ու վա­­ղեմի դա­­ւադ­­րութեան մը դէմ յան­­դի­­­ման ենք կար­­ծեմ… Անզգոյշ քայլ մը եւ ահա ան­­դունդի խոր­­քին կը յայտնո­­ւինք յան­­կարծ…

Մէ­­կէն յի­­շեցի Պա­­րոնեանին գրած­­նե­­­րը Սկիւ­­տար Ենի Մա­­հալ­­լէի մա­­սին։ Բա­­ւական տա­­րիներ առաջ, կը գրէր Պա­­րոնեան աս­­կէ դա­­րու­­կէս մը առաջ, տեղ­­ւոյն յոյ­­նե­­­րը գե­­րեզ­­մա­­­նատուն չու­­նե­­­նալով հոն՝ կը փա­­փաքին աժան գնով ծա­­խու առ­­նել գե­­տին մը, ուր թա­­ղել կ՚ու­­զէին իրենց ննջե­­ցեալ­­նե­­­րը։ Թա­­ղին քա­­նի մը հայ աղա­­ները յոյ­­նե­­­րու այս դի­­տաւո­­րու­­թիւնը լսե­­լով՝ անոնց հետ կը բա­­նակ­­ցին։ Յոյ­­նե­­­րը կ՚ու­­զեն, որ հա­­յոց գե­­րեզ­­մա­­­նատան կէ­­սը իրեն­­ցը ըլ­­լայ։ Հայ աղա­­ներուն ընդդի­­մու­­թեան վրայ յոյ­­նե­­­րը կ՚առա­­ջար­­կեն գի­­շերո­­ւան մը մէջ Պա­­լըք­­լըի իրենց գե­­րեզ­­մա­­­նատու­­նէն գե­­րեզ­­մա­­­նաքա­­րեր բե­­րել տալ, դնել հոն։ Հայ աղա­­ներուն ալ կ՚առա­­ջար­­կեն հե­­տեւեալ օրը ըսել, թէ յոյ­­նե­­­րը մաս ու­­նին եղեր մեր գե­­րեզ­­մա­­­նատան մէջ։ Երբ աղա­­ները կը հարցնեն թէ «ատանկ բան մը կա­­րո՞ղ ենք ընել», յոյ­­նե­­­րը կը պա­­տաս­­խա­­­նեն. «Կա­­րո՜ղ էք հա­­պա. դուք թա­­ղին երե­­ւելի­­ներն էք, մե­­ծերն էք. դուք ամ­­բողջ թաղն ալ կրնաք ծա­­խել»։

Քա­­նի մը օր ետք յու­­նա­­­կան տա­­պանա­­քարեր կը տես­­նո­­­ւին հա­­յոց գե­­րեզ­­մա­­­նատան մէջ. ժո­­ղովուրդը իրար կ՚անցնի։ «Մեր գիտ­­ցա­­­ծին նա­­յելով՝ այդ քա­­րերը շա­­տուց ի վեր կա­­յին հոն, եւ յոյ­­ներն իրա­­ւունք ու­­նին այդ գետ­­նի վրայ», կ՚ըսեն ջոջ աղա­­ները, որոնք կլո­­րիկ գու­­մարներ ալ շա­­հած էին այս առեւ­­տուրէն։

Ժո­­ղովուրդը կը յու­­զո­­­ւի. գե­­րեզ­­մա­­­նատան մէջ կռիւ կը սկսի. յի­­սու­­նէն աւե­­լի հայ երի­­տասարդներ կը բան­­տարկուին, եւ ազ­­գը մեծ դժո­­ւարութեամբ կը յա­­ջողի ետ առ­­նել գե­­րեզ­­մա­­­նատան կէ­­սը յոյ­­նե­­­րէն, որոնք ամ­­բողջ գե­­րեզ­­մա­­­նատու­­նը կ՚ու­­զէին։

Յոյ­­նե­­­րը յայտնի է որ իրենց այս վա­­ղեմի դի­­տաւո­­րու­­թիւնը իրա­­կանա­­ցու­­ցած են քա­­ղաքա­­պետա­­րանի մի­­ջոցով, որ ըն­­դուղիի կա­­յարա­­նի բո­­լոր ցու­­ցա­­­նակ­­նե­­­րուն ու քար­­տէզնե­­րուն վրայ հա­­յոց գե­­րեզ­­մա­­­նատան փո­­խարէն ամ­­րագրած է յու­­նաց գե­­րեզ­­մա­­­նատան անու­­նը։ Կ՚երե­­ւակա­­յէի կա­­յարա­­նին անու­­նը «Պետ­­րոս Դու­­րեան» տես­­նել, բայց եկո՛ւր տես որ ըն­­դարձակ գե­­րեզ­­մա­­­նատունն ալ վրայ տո­­ւինք։ Պաղ ջո՞ւր մը խմենք, ի՛նչ ընենք…

Կա­­յարա­­նի մը ցու­­ցա­­­նակին գրո­­ւած ար­­տա­­­յայ­­տութիւ­­նը մտմտու­­քի առար­­կայ պի­­տի չդարձնէինք վստա­­հաբար, եթէ չգիտ­­նա­­­յինք այս երկրի իշ­­խա­­­նաւոր­­նե­­­րուն հա­­մար բա­­րացու­­ցա­­­կան գոր­­ծե­­­լակերպ մը՝ խե­­ղաթիւ­­րել պարզ ճշմար­­տութիւններն իսկ, սխա­­լը հետզհե­­տէ վե­­րածել հան­­րօ­­­րէն ըն­­դունե­­լի իրա­­կանու­­թեան մը։ Ան­­շուշտ ուղղե­­լի սխալ մըն է ցու­­ցա­­­նակի­­նը, սա­­կայն ուղղե­­լիու­­թեան նոյն կա­­րելիու­­թիւնը ու­­նի՞ ար­­դեօք տե­­ղապա­­հը փոխ(ա)նոր­­դով փո­­խարի­­նելու սխա­­լը, որուն վրայ կը յա­­մառին ներ­­քին գոր­­ծե­­­րու նա­­խարա­­րու­­թեան պաշ­­տօ­­­նեանե­­րը։

-Թուղթ մը եկեր է, ըսին։ Տե­­ղապա­­հին անու­­նին վրայ գծեր, փո­­խանոր­­դի­­­նը դրեր են։

-Փո­­խանոր­­դը չէ՞ր հրա­­ժարած։

-Հրա­­ժարե­­լու պէս ըրած էր։

-Կա­­թողի­­կոսին առ­­ջեւ խօսք տո­ւած էր նէ։

-Այ­­սօ­­­րուան եպիս­­կո­­­պոս­­նե­­­րը կա­­թողի­­կոս-մա­­թողի­­կոս, էջ­­միածին-մէջ­­միածին չեն ճանչնար որ…

Ժա­­մանա­­կին հա­­յոց գե­­րեզ­­մա­­­նատու­­նը յոյ­­նե­­­րուն վա­­ճառել փոր­­ձած հայ ջո­­ջերուն նման, ներ­­կա­­­յիս եկե­­ղեցա­­կան նո­­ւիրա­­պետու­­թիւնը ընդ երե­­սուն ար­­ծա­­­թոյ ոտ­­նա­­­կոխող ար­­քե­­­պիս­­կո­­­պոս մը ու­­նի Պո­­լիսը։ Նման մար­­դեր կը կար­­ծէինք թէ պատ­­մութեան տխուր էջե­­րը միայն կը զար­­դա­­­րեն, մինչդեռ ողջ-առողջ, միս ու ոս­­կոր հա­­գած մեր քովն է ահա­­ւասիկ։

Այդ ան­­ձին բա­­րեկամ­­նե­­­րը թող յի­­շեց­­նեն իրեն, թէ պա­­րոնեանա­­կան ակ­­նարկի մը վե­­րածո­­ւած Պաղ­­լարպա­­շըի գե­­րեզ­­մա­­­նոցը յոյ­­նե­­­րուն վա­­ճառե­­լու պատ­­մութիւ­­նը ինչքան որ այ­­սօր ծի­­ծաղ կը խլէ մեզ­­մէ, այդ մար­­դուն պատ­­րիար­­քա­­­կան ընդհա­­նուր փո­­խանոր­­դութիւնն ու ան­­հա­­­տական նկա­­րագիրն ալ նոյնքան ար­­ժէք ու կշիռ միայն կրնան ու­­նե­­­նալ պատ­­մութեան դա­­տաս­­տա­­­նին առ­­ջեւ ու յա­­ջորդ սե­­րունդնե­­րու աչ­­քին։

նյութի աղբյուրը՝ Ակոս

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter