HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Մեկնութիւն զեկոյցի

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

Հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թեան մը ամ­­­բողջ դէմ­­­քը երե­­­ւելի կը դառ­­­նայ այն զե­­­կոյցնե­­­րուն կամ գրու­­­թիւննե­­­րուն մէջ, զորս կը հրա­­­տարա­­­կէ ան պաշ­­­տօ­­­­­­­նապէս կամ ան­­­պաշտօն կեր­­­պով։ «Ոճը մարդն է», ինչպէս ըսած է Ի դա­­­րու յայտնի մտա­­­ծող­­­նե­­­­­­­րէն Պերկսըն։ Պոլ­­­սոյ հա­­­յոց պատ­­­րիար­­­քութեան կրօ­­­նական ժո­­­ղովն ալ ան­­­ցեալ ուրբաթ հրա­­­պարա­­­կեց իր ամօ­­­թալի զե­­­կոյցնե­­­րէն մէ­­­կը. ամօ­­­թալի նաեւ այն առու­­­մով, որ ամէն մէկ տո­­­ղէն թափթփա­­­ծու­­­թիւն ու կեղ­­­ծա­­­­­­­ւորու­­­թիւն կը կա­­­թի։ Յայտնա­­­պէս կը յայ­­­տա­­­­­­­րարեն բա­­­նի մը մա­­­սին, որուն իրենք ալ չեն հա­­­ւատար, կը զե­­­կու­­­ցեն դէպք մը, որ չէ կրցած զի­­­րենք ալ հա­­­մոզել։

ԶԵ­­­ԿՈՅՑ

Ստան­­­պուլի Կու­­­սա­­­­­­­կալու­­­թե­­­­­­­նէն 05 Փետ­­­րո­­­­­­­ւար 2018 թո­­­ւակա­­­նին Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­րանիս հա­­­սած պաշ­­­տօ­­­­­­­նական նա­­­մակով հա­­­ղոր­­­դո­­­­­­­ւած էր Ներ­­­քին Գոր­­­ծոց Նա­­­խարա­­­րու­­­թե­­­­­­­նէն հա­­­սած պաշ­­­տօ­­­­­­­նագ­­­րի պա­­­րու­­­նա­­­­­­­կու­­­թիւնը։

Ու­­­րեմն սկսինք ամե­­­նածայ­­­րէն։ Բան մը կամ այս պա­­­րագա­­­յին՝ նա­­­մակ մը, չի հաս­­­նիր պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­րանին, այլ պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­րան։ Ո՛չ թէ անձ, այլ վայր մը ըլ­­­լա­­­­­­­լուն՝ պա­­­րագան պէտք է գոր­­­ծա­­­­­­­ծել հայ­­­ցա­­­­­­­կանով։

Կու­­­սա­­­­­­­կալու­­­թիւն, պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­րան, ներ­­­քին գոր­­­ծոց նա­­­խարա­­­րու­­­թիւն հա­­­սարակ անուններ են՝ գլխա­­­գիրի պէտք չկայ։

Նոյն նա­­­խադա­­­սու­­­թեան մէջ նոյն դեր­­­բա­­­­­­­յը եր­­­կու ան­­­գամ գոր­­­ծա­­­­­­­ծել գե­­­ղեցիկ չէ (հա­­­սած), կա­­­րելի էր դնել այլ բա­­­յեր։

Սոյն պաշ­­­տօ­­­­­­­նագի­­­րը ար­­­ժե­­­­­­­ւորե­­­լու հա­­­մար Աթո­­­ռիս Պատ­­­կա­­­­­­­ռելի Կրօն. Ժո­­­ղովի Ատե­­­նապետ Գերշ. Տ. Սա­­­հակ Եպիս­­­կո­­­­­­­պոս Մա­­­շալեանի հրա­­­ւէրով՝ ժո­­­ղովա­­­կան հայ­­­րե­­­­­­­րը մէկ­­­տե­­­­­­­ղուե­­­ցան նա­­­խաճա­­­շի սե­­­ղանի շուրջ, գլխա­­­ւորու­­­թեամբ Բարձր. Տ. Արամ Արք. Աթէ­­­շեանի։ Գե­­­րաշ­­­նորհ Տ. Գա­­­րեգին Արք. Պէք­­­ճեան, որ նա­­­խաճա­­­շէն առաջ Սա­­­հակ Սրբա­­­զանին բա­­­նաւոր յայտնած լի­­­նելով հրա­­­ժարե­­­լու իր մտադ­­­րութիւ­­­նը, չփա­­­փաքե­­­ցաւ մաս­­­նակցիլ սե­­­ղանին։

Հոս­­­կէ կը հասկնանք որ ժո­­­ղովա­­­կան հայ­­­րե­­­­­­­րը աղո­­­ւոր մը կշտա­­­ցու­­­ցած են իրենց փո­­­րերը, բայց թէ ին­­­չո՞ւ Արամ Աթէ­­­շեանի գլխա­­­ւորու­­­թեամբ՝ կը մնայ մեծ հար­­­ցա­­­­­­­կան մը։ Արամ Աթէ­­­շեան չէ՞ որ նոյն այդ կրօ­­­նական­­­նե­­­­­­­րուն կող­­­մէ ան­­­ցեալ տա­­­րուան յու­­­նիս 28-ին հե­­­ռացո­­­ւած էր իր պաշ­­­տօ­­­­­­­նէն։ Ար­­­դեօք նա­­­խաճա­­­շի սե­­­ղան­­­նե­­­­­­­րը շա՞տ սի­­­րելուն հա­­­մար ինք գլխա­­­ւորած է։ Զե­­­կոյ­­­ցը կը լռէ։

Եղ­­­բայրա­­­կան սի­­­րոյ մթնո­­­լոր­­­տի մէջ կա­­­յացած հան­­­դիպման աւար­­­տին պաշ­­­տօ­­­­­­­նական նիստ գու­­­մա­­­­­­­րուե­­­ցաւ նա­­­խագա­­­հու­­­թեամբ Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան Ընդհա­­­նուր Փո­­­խանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արք. Աթէ­­­շեանի։ Յետ խորհրդակ­­­ցութեան յստա­­­կացան հե­­­տեւեալ կէ­­­տերը.

Եղ­­­բայրա­­­կա՞ն։ Թռչուննե­­­րը այդպէս չեն ըսեր… Տա­­­րօրի­­­նա՛կ։ Կրօ­­­նական­­­նե­­­­­­­րուն կը վայ­­­լէ՞ սուտ խօ­­­սիլ, մա­­­նաւանդ գրել։

Յստակ չէ, թէ Արամ Աթէ­­­շեան ե՞րբ փո­­­խանորդ հռչա­­­կուե­­­ցաւ։ Իր այնքան սի­­­րած նա­­­խաճա­­­շի սե­­­ղանի՞ն վրայ։ Թէ­­­յերով ու ձի­­­թապ­­­տուղնե­­­րով, անուշնե­­­րով ու ձո­­­ւածե­­­ղերով ծած­­­կո­­­­­­­ւած սե­­­ղանին վրայ, երբ այ­­­րած հա­­­ցի անուշ հո­­­տեր կը բարձրա­­­նային առ աս­­­տո­­­­­­­ւած, ո՛չ միայն քա­­­նի մը ամիս առաջ ջնջո­­­ւած պատ­­­րիարքական ընդհա­­­նուր փո­­­խանոր­­­դի պաշ­­­տօ­­­­­­­նը վե­­­րահաս­­­տա­­­­­­­տուե­­­ցաւ, այլ փո­­­խանորդ մըն ալ նշա­­­նակո­­­ւեցաւ ան­­­մի­­­­­­­ջապէս։ Կրօ­­­նական­­­նե­­­­­­­րու լո­­­լիկով ու վա­­­րունգով, ազատ­­­քե­­­­­­­ղով ու եր­­­շի­­­­­­­կով օրհնեալ շրթունքնե­­­րը բա­­­ցուե­­­ցան եւ օրհնանք եր­­­գե­­­­­­­ցին Աթէ­­­շեանին։

Ա. Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան ընտրու­­­թիւնը կը կա­­­տարո­­­ւի եւ կը վեր­­­ջա­­­­­­­նայ Եկե­­­ղեց­­­ւոյ եւ Պե­­­տու­­­թեան հա­­­մակամ ըն­­­թացքով։ Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան Աթո­­­ռոյ պատ­­­մութեան մէջ միշտ յայտնո­­­ւած է այս իրո­­­ղու­­­թիւնը։ Հե­­­տեւա­­­բար սոյն պաշ­­­տօ­­­­­­­նագ­­­րի պա­­­րու­­­նա­­­­­­­կու­­­թիւնը ըն­­­կա­­­­­­­լուե­­­ցաւ այս իրո­­­ղու­­­թեան լոյ­­­սին տակ։ Պե­­­տու­­­թեան կամ­­­քը յայտնո­­­ւած է այն շեշ­­­տադրու­­­թեամբ թէ 85.րդ Պատ­­­րիար­­­քը ընտրե­­­լու պայ­­­մաննե­­­րը գո­­­յացած չէ եւ հե­­­տեւա­­­բար տե­­­ղապա­­­հի մը ընտրու­­­թիւնը ան­­­հիմն կը նկա­­­տուի։ Հե­­­տեւա­­­բար Մես­­­րոպ Պատ­­­րիարք Հայ­­­րը կա­­­րելի չէ հանգստեան կո­­­չելով Աթո­­­ռը թա­­­փուր հռչա­­­կել ըստ օրի­­­նաց։

Հա­­­մակա՞մ։ Դուք այստեղ «հա­­­մակամ ըն­­­թացք» մը կը տես­­­նէ՞ք, սի­­­րելի ըն­­­թերցող­­­ներ։ Եր­­­կու տող վա­­­րը Կրօ­­­նական ժո­­­ղովի դի­­­ւանը պե­­­տու­­­թեան կամ­­­քին շեշ­­­տադրու­­­մէն կը խօ­­­սի. պե­­­տու­­­թեան կամ­­­քը, կ՚ըսէ, պատ­­­րիարք ընտրե­­­լու պայ­­­մաննե­­­րը գո­­­յացած չի նկա­­­տեր, կ՚ըսէ ու կ՚աւելցնէ, թէ տե­­­ղապա­­­հի ընտրու­­­թիւնը ան­­­հիմն կը նկա­­­տէ։ Խոր­­­հե­­­­­­­ցէք որ աշ­­­խարհա­­­կան գոր­­­ծիչնե­­­րէ (մեծ մա­­­սամբ սիւննի-իս­­­լամ) բաղ­­­կա­­­­­­­ցած պե­­­տու­­­թիւնը Հայ եկե­­­ղեց­­­ւոյ կար­­­գուսար­­­քին վե­­­րաբե­­­րեալ հե­­­ղինա­­­կաւոր կար­­­ծիք ու­­­նե­­­­­­­նայ, երբ մեր Վա­­­տիփի հայ-քրիս­­­տո­­­­­­­նեայ թա­­­ղական­­­նե­­­­­­­րը ան­­­գամ հա­­­զիւ կը հասկնան ան­­­ցած-դար­­­ձա­­­­­­­ծը։ Չըլ­­­լա՞յ ասի­­­կա կա­­­մազրկում է։ Կամ՝ կա­­­մազեր­­­ծո՞ւմ։ Պի­­­տի չու­­­զէի գոր­­­ծա­­­­­­­ծել չկամ, ան­­­կամ կամ թու­­­լա­­­­­­­կամ ածա­­­կան­­­նե­­­­­­­րը, ինչքան ալ անոնք պատ­­­շա­­­­­­­ճին այս վի­­­ճակին։

Նա՛եւ… Հա­­­յերէ­­­նը չու­­­նի դա­­­սական թո­ւակա­­­նի նման ուղղագ­­­րութիւն մը՝ 85.րդ։ Ճիշ­­­դը պէտք է ըլ­­­լայ՝ 85-րդ։

Բ. Սոյն նա­­­մակը կը պա­­­հան­­­ջէր վե­­­րադառ­­­նալ 26 Հոկ­­­տեմբեր 2016 թո­­­ւակա­­­նին գու­­­մա­­­­­­­րուած Եկե­­­ղեցա­­­կան Ընդհա­­­նուր Հա­­­մագու­­­մա­­­­­­­րէն առա­­­ջուայ իրա­­­վիճա­­­կին, որուն ըն­­­թացքին Ն.Ա.Տ. Մես­­­րոպ Սրբա­­­զան Պատ­­­րիարք Հայ­­­րը հանգստեան կո­­­չուած էր։ Ու­­­րեմն նոյն նա­­­մակով կը հաս­­­տա­­­­­­­տուէր թէ 1 Յու­­­լիս 2010 թո­­­ւակա­­­նին Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան Ընդհա­­­նուր Փո­­­խանորդ ընտրո­­­ւած Բարձր. Արամ Սրբա­­­զան Հայ­­­րը կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ իր պաշ­­­տօ­­­­­­­նը Նա­­­խարա­­­րաց Խոր­­­հուրդի 18 Օգոս­­­տոս 2010 թո­­­ւակիր պաշ­­­տօ­­­­­­­նագ­­­րի զօ­­­րու­­­թեամբ։

Գի­­­տէինք որ եկե­­­ղեցին մար­­­գա­­­­­­­րէու­­­թիւններ կ՚ըն­­­դունի, ու­­­նե­­­­­­­ցած է ապա­­­գայա­­­տեսիլ սուրբեր ալ, բայց յայտնու­­­թիւն մը եղաւ յե­­­տաշրջու­­­մի, յե­­­տադի­­­մու­­­թեան այս պա­­­րագան։ Այ­­­սինքն՝ «դա՞րձ ի շրջանս իւր»։ Ութ տա­­­րի մը ե՞տ եր­­­թալ։ Ութ տա­­­րի առաջ նոյնպէս կու­­­սա­­­­­­­կալու­­­թեան մի­­­ջամտութեամբ չէ՞ր կա­­­յացած նո­­­րաթուխ փո­­­խանոր­­­դութեան այդ պաշ­­­տօ­­­­­­­նը։ Հի­­­մա այդ նոյն կու­­­սա­­­­­­­կալու­­­թիւնը դար­­­ձեալ իր ու­­­զա­­­­­­­ծը կը թե­­­լադ­­­րէ։ Կրօ­­­նական ժո­­­ղովն ալ կա­­­թը թա­­­փած կա­­­տուի նման, նա­­­խաճա­­­շի սե­­­ղանի մը վրայ (կա­­­թը բա­­­րեբախ­­­տա­­­­­­­բար նա­­­խաճա­­­շի սե­­­ղանին վրայ թա­­­փած չէ), ի գործ կ՚ածէ այդ թե­­­լադ­­­րանքը։ Նե­­­րողու­­­թիւն ալ խնդրե­­­ցէք գո­­­նէ, ատ է որ կը վա­­­յելէ ձե­­­զի։

Գ. Ժո­­­ղավա­­­կան հայ­­­րե­­­­­­­րը հար­­­կա­­­­­­­ւոր նկա­­­տեցին ըն­­­դա­­­­­­­ռաջել պաշ­­­տօ­­­­­­­նագ­­­րի պա­­­րու­­­նա­­­­­­­կու­­­թեան վասն բար­­­ւօք ըն­­­թացման ապա­­­գայի մէջ ցան­­­կա­­­­­­­լի Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան ընտրու­­­թեան հա­­­մար։

Ու­­­րեմն դուք դեռ յո՞յս ու­­­նիք պատ­­­րիարա­­­քական ընտրու­­­թիւն կա­­­տարե­­­լու։ «ապա­­­գայի մէջ»։ Այդ ապա­­­գան Պոլ­­­սոյ թա­­­ղերէն մէ՞կն է, թէ Քաֆ լե­­­րան ետին գիւղ մը։ Ժո­­­ղովա­­­կան հայ­­­րե­­­­­­­րը նա­­­խաճա­­­շին թէ­­­յը քիչ մը շատ խմած ըլ­­­լա­­­­­­­լու են կար­­­ծեմ։ Իսկ ին­­­չո՞ւ անոնք «հար­­­կա­­­­­­­ւոր նկա­­­տեցին ըն­­­դա­­­­­­­ռաջել պաշ­­­տօ­­­­­­­նագ­­­րի պա­­­րու­­­նա­­­­­­­կու­­­թեան»։ Այդ մա­­­սին ոչինչ ըսո­­­ւած է։ Սանկ բա­­­նայիք ու կար­­­դա­­­­­­­յիք գո­­­նէ թէ ինչ ըրած է նոյն այդ Կրօ­­­նական ժո­­­ղովը 1998-ին։ Թէ ձեր այնքան սի­­­րած ու յար­­­գած Մես­­­րոպ սրբա­­­զանը ինչպէս պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նած է կու­­­սա­­­­­­­կալու­­­թեան այդ թո­­­ւակա­­­նին կա­­­տարել փոր­­­ձած մի­­­ջամ­­­տութեան։ Թե­­­րեւս նա­­­խաճա­­­շի սե­­­ղանին վրայ կա­­­թը շատ խմե­­­ցիք ու մոռ­­­ցա՞ք։ Եւ կե­­­ցուածք ու­­­նե­­­­­­­ցող նոյ­­­նիսկ մէ՛կ հո­­­գեւո­­­րական չե­­­ղաւ որ հրա­­­ժարէր այդ Կրօ­­­նական ժո­­­ղովէն։ Ո՛չ թէ նա­­­խաճա­­­շի, այլ չի­­­լին­­­կի­­­­­­­րի սե­­­ղան պէտք էր յի­­­շողու­­­թիւն մթագ­­­նե­­­­­­­լու հա­­­մար։ Դուք ի՞նչ կը խմէիք նա­­­խաճա­­­շին, սի­­­րելի­­­ներ։

Ի դէպ, ո՛չ թէ բար­­­ւօք, այլ՝ բար­­­ւոք։

Դ. Ժո­­­ղովա­­­կան հայ­­­րե­­­­­­­րը շեշ­­­տե­­­­­­­ցին նաեւ ի պա­­­տեհ ժա­­­մանա­­­կի Պատ­­­րիար­­­քի ընտրու­­­թիւն կա­­­տարե­­­լու անհրա­­­ժեշ­­­տութիւ­­­նը։

Մեր հա­­­մայնքի զա­­­ւակ­­­նե­­­­­­­րը կը հրա­­­ւիրենք, որ հա­­­մայնքա­­­յին մեր խա­­­ղաղու­­­թիւնը գե­­­րադա­­­սեն ամէն տե­­­սակի անձնա­­­կան նկա­­­տառումնե­­­րէ եւ մտա­­­ծումնե­­­րէ։ Հե­­­ռու կե­­­նան վի­­­րաւո­­­րիչ, պա­­­ռակ­­­տիչ եւ ար­­­դէն բխրուն վի­­­ճակի մէջ գտնո­­­ւող հա­­­մայնքա­­­յին խա­­­ղաղու­­­թիւնը խան­­­գա­­­­­­­րող նա­­­խաձեռ­­­նութիւննե­­­րէ եւ ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւննե­­­րէ։

ԴԻ­­­ՒԱՆ ԿՐՕ­­­ՆԱԿԱՆ ԺՈ­­­ՂՈՎԻ

Շատ լաւ։ Հոն ուր հա­­­մայնքի զա­­­ւակ­­­նե­­­­­­­րը կը հրա­­­ւիրէք՝ դուք հա­­­սա՞ծ էք ար­­­դեօք։ Երբ գանք՝ չենք ու­­­զեր տու­­­նը պա­­­րապ գտնել։ «Ան­­­կիրթ»ը «վի­­­րաւո­­­րի՞չ» «ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւն» մըն է ար­­­դեօք։ Չե­­­ղեալ հռչա­­­կուած պաշ­­­տօ­­­­­­­նի մը կառ­­­չիլ ու հրա­­­ժարա­­­կան տալ խոս­­­տա­­­­­­­նալով հան­­­դերձ չհրա­­­ժարի­­­լը «անձնա­­­կան նկա­­­տառո՞ւմ» մըն է։ Չհրա­­­ժարիլ ու ամէն կերպ օրի­­­նաւո­­­րապէս ընտրեալ պաշ­­­տօ­­­­­­­նեայի գլխուն դեմոկ­­­լեան սու­­­րի մը պէս կա­­­խուիլն ու նեն­­­գութեամբ անոր իյ­­­նա­­­­­­­լուն հա­­­մար աշ­­­խա­­­­­­­տիլը «անձնա­­­կան մտա­­­ծո՞ւմ» է։ Վեր­­­ջա­­­­­­­պէ՛ս ըսէք որ գիտ­­­նանք մեր սահ­­­մաննե­­­րը, որով­­­հե­­­­­­­տեւ անոնք բա­­­ւական ըն­­­դարձակ են եթէ ձեր օրի­­­նակին հե­­­տեւե­­­լու ըլ­­­լանք։

նյութի աղբյուրը՝ Ակոս

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter