Րաֆֆի Տուտագլեան․Ոչ անցեալին, ոչ ալ այսօր բռնութեամբ կարելի եղած է կամ կարելի է լռեցնել գրողներն ու մտաւորականութիւնը
Րաֆֆի Տուտագլեան
Սիրելի ընկերներ, հարազատներ, բարեկամներ եւ դիմատետրի հեռաւոր ու մօտիկ ծանօթներ,
Նախ՝ շնորհակալութիւն ձեր բարեմաղթանքներուն համար: Իրապէս զգացուած եւ յուզուած եմ այն հազարաւոր զօրակցական մաղթաքներուն, նամակներուն եւ արտայայտութիւններուն համար, որոնք ուղարկուեցան ինծի վերջին մի քանի օրերուն: Հիմա որ արդէն գրեթէ ապաքինած եմ եւ կրկին պատրաստ եմ վերադառնալու իմ առօրեային, կ'ուզեմ կատարել մի քանի հաստատումներ:
1․ Կը հաւատամ, որ բռնարարքը, որուն նշաւակը դարձայ, ուղղուած էր բացառապէս իմ դէմ:
2․ Չեմ կրնար ըսել, թէ ո՞վ կատարած է այս արարքը եւ որո՞ւ պատուէրով: Ունիմ ենթադրութիւններ, որոնց մասին տեղեակ պահած եմ համապատասխան մարմիններու եւ անձանց:
3․ Բազմաթիւ պատճառներ ունիմ հաւատալու, որ բռնարարքի պատճառը իմ գրութիւններս են եւ կարծիքներս, զորս արտայայտած եմ տարբեր առիթներով, տարբեր հարթակներէ (թերթեր, համացանց, սոցիալական ցանցեր, եւայլն):
4․ Ոչ անցեալին, ոչ ալ այսօր բռնութեամբ կարելի եղած է կամ կարելի է լռեցնել գրողներն ու մտաւորականութիւնը: Այլապէս, վաղուց արդէն մենք միակարծիք հասարակութիւն կ'ունենայինք այս մոլորակին վրայ:
5․ Հիմա այս էջը փակելու եւ նորը բանալու ժամանակն է: Գործ կայ ընելիք: Հսկայական գործ: Պէտք է վերադառնանք մեր առօրեային աւելի ուժեղացած, աւելի մեծ եռանդով: Այս բոլորը կ'անցնին կ'երթան եւ պատմութեան մէջ չեն ալ յիշուիր: Բայց գործը կը մնայ:
Կը կցեմ նաեւ մեր բարեգործական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի յայտարարութիւնը: Հոն ամէն ինչ յստակ կ'ըսուի: Աւելցնելիք չունիմ: Դարձեալ շնորհակալութիւն բոլորիդ:
Մեկնաբանել