HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Երուսաղէմի հայոց պատրիարքը երէկ այցելեց պատրիարքարան

Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան, որ կը գտնուի քաղաքիս մէջ, երէկ յետմիջօրէին այցելեց Պատրիարքարան, ուր հիւրընկալւեցաւ Ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։ Նորին ամենապատուութեան հետ էր Երուսաղմէի Հայոց Պատրիարքութեան կալուածոց տեսուչ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողքին էին լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան եւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։

Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան տեսակցեցան աւելի քան ժամ մը։ Երուսաղէմի պատրիարքը յայտնեց, որ շուրջ մէկ շաբթուան այցելութիւն մը կ՚իրականացնէ Իսթանպուլ՝ Թուրքիոյ մէջ գտնուող սաղիմապատկան կալուածներու իրաւական հարցերով։

Իր կարգին, պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ անմիջական զրոյցի տեւողութեան տեղի ունեցան կարծիքի փոխանակումներ։

Կը տեղեկանանք, որ Նուրհան Պատրիարք երէկ երեկոյեան Սամաթիոյ մէջ մասնակցած է ընթրիքի մը։

ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Միւս կողմէ, այս առաւօտ խմբագրութեանս հետ հեռաձայնային կապ հաստատեց Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամներէն Արէտ Քորեան։ Ինչպէս ծանօթ է, երէկուան մեր լրատուութեան մէջ նշուած էր, որ հիւր պատրիարքը քաղաքիս մէջ կը պտըտի Օրթագիւղի թաղականներէն մէկուն կողմէ տրամադրուած անձնական ինքնաշարժով։ Այս առաւօտեան հեռախօսազրոյցի ընթացքին Արէտ Քորեան մեզի յայտնեց, թէ ինքն է, որ իր ինքնաշարժը տրամադրած է նորին ամենապատուութեան։ «Ես այդ կարգադրութիւնը ըրած եմ բոլորովին անհատական հիմքով եւ սա որեւէ կապ չունի իմ Օրթագիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամակցելու հանգամանքով։ Ես զանազան առիթներով կ՚այցելեմ Երուսաղէմ, այնտեղ պատրիարքը ջերմ հիւրասիրութիւն ցոյց կու տայ, նոյնիսկ ինծի կը տրամադրէ իր ինքնաշարժն ու վարորդը։ Հետեւաբար, ես ալ կը փափաքիմ նոյն ջերմութեամբ փոխադարձել՝ երբ ան կ՚այցելէ Իսթանպուլ։ Սա իմ կողմէ իրեն նկատմամբ տածուած սիրոյ եւ յարգանքի դրսեւորումն է», ըսաւ Արէտ Քորեան այս առաւօտեան հեռախօսազրոյցին ընթացքին։

Բաց աստի, Արէտ Քորեան մեզի փոխանցեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի քննադատական մօտեցումներուն վերաբերեալ Նուրհան Պատրիարքի արձագանգը։ Մեր զրուցակիցը, որ բաւական կիրթ անձնաւորութիւն մըն է, լուրջ դժուարութիւն ունեցաւ այդ միջնորդութիւնը կատարելու ժամանակ։ Յամենայնդէպս, արձագանգը մեզի համար անակնկալ չէր՝ հաշուի առնելով հիւր պատրիարքին՝ բոլորին վաղուց ծանօթ մտաւորական ամլութիւնը եւ իր գործունէութեան գաղափարական հիմքերէ բոլորովին զուրկ ըլլալու հանգամանքը։

նյութի աղբյուրը՝ Ժամանակ

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter