HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Տագնապին ուրուականը

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

Աթէ­­­շեանա­­­կան պայ­­­քա­­­­­­­րը ամէ­­­նուր է այ­­­լեւս։

Եկե­­­ղեցի­­­ներուն մէջ…

Փո­­­ղոց­­­նե­­­­­­­րը…

Պա­­­տերուն վրայ…

Հա­­­մեր­­­գասրահ­­­նե­­­­­­­րէն ներս…

Հա­­­մացան­­­ցով ու մա­­­մու­­­լով, կա­­­րելի ու ան­­­կա­­­­­­­րելի բո­­­լոր մի­­­ջոց­­­նե­­­­­­­րով…

Հսկայ սու­­­տի մը կ՚առաջ­­­նորդեն մեզ բո­­­լոր այն լու­­­րե­­­­­­­րը, որոնք կը պնդեն, թէ տե­­­ղապա­­­հը եր­­­թա­­­­­­­լէն ետք վերջ գտած է տագ­­­նա­­­­­­­պը։

Տագ­­­նա­­­­­­­պը սկսած է տե­­­ղապա­­­հին եր­­­թա­­­­­­­լէ՛ն վերջ…

Տագ­­­նապ մը, որ­­­մէ ոչ ոք պի­­­տի կա­­­րենայ զերծ մնալ։

Տագ­­­նապ մը, որ կը սպառ­­­նայ ողջ թրքա­­­հայու­­­թեան։

Տագ­­­նապ մը, որ կը սպառ­­­նայ Հայց. եկե­­­ղեց­­­ւոյ ներ­­­կա­­­­­­­յին ու ապա­­­գային։

Ժա­­­մանակն ան­­­ցած է ալ մտա­­­յին մար­­­զանքնե­­­րով վեր­­­լուծե­­­լու, հար­­­ցին ետեւն ու առ­­­ջե­­­­­­­ւը քննե­­­լու։ Խօս­­­քը սպա­­­ռած է ինքզինք։

Թուրքիոյ հա­­­յոց պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան գա­­­հը այ­­­սօր պա­­­րապ է։

Թուրքիոյ հա­­­յու­­­թիւնը այ­­­սօր չի կրնար պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան ընտրու­­­թիւն կա­­­տարել եւ ընտրել իր պատ­­­րիար­­­քը, որ ըստ վա­­­ղեմի աւան­­­դութեան եւ հաս­­­տա­­­­­­­տեալ օրէնքնե­­­րու կը հա­­­մարո­­­ւի իր պաշ­­­տօ­­­­­­­նական ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցի­­­­­­­չը։

Ին­­­չո՞ւ։

Չորս տա­­­ռերէ բաղ­­­կա­­­­­­­ցած սա պարզ հար­­­ցա­­­­­­­կանին պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նը չու­­­նինք այ­­­սօր։

Ին­­­չո՞ւ չի կա­­­յանար պատ­­­րիար­­­քի ընտրու­­­թիւնը։

Հա­­­զար աղ­­­բիւրէ ջուր կը բե­­­րեն ոմանք՝ ոչինչ ըսե­­­լու հա­­­մար։ Եր­­­բեմն նոյ­­­նիսկ ծած­­­կե­­­­­­­լու հա­­­մար իրենց իսկ ան­­­տե­­­­­­­ղեակու­­­թիւնը։ Քա­­­նի որ անոնք ալ չեն գի­­­տեր, անոնք ալ չու­­­նին այս պարզ հար­­­ցումին պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նը։

Ին­­­չո՞ւ այ­­­սօր չենք կրնար պատ­­­րիարք ընտրել։

Ին­­­չո՞ւ։

Այն մար­­­դը, որ այս հար­­­ցումին պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նը տա­­­լու պար­­­տա­­­­­­­ւոր է, վար­­­պետ լո­­­լոզող մըն է։ Հասկցա՛նք ալ…

Կը խօ­­­սի ամէն ին­­­չի մա­­­սին, իր ըրած կամ չը­­­րած հա­­­զար ու մի արարք կը գո­­­վազ­­­դէ, զեվ­­­զե­­­­­­­կոյցներ կը հրա­­­պարա­­­կէ, ես դե­­­րանու­­­նին հո­­­լովա­­­կան բո­­­լոր ձե­­­ւերը նոյն նա­­­խադա­­­սու­­­թեան մէջ կը գոր­­­ծա­­­­­­­ծէ, սա­­­կայն ան իսկ չու­­­նի պա­­­տաս­­­խան մը։ Չկրնար ըսել, թէ այ­­­սօր ին­­­չո՛ւ չենք կրնար պատ­­­րիարք ընտրել մե՛նք, Թուրքիոյ հա­­­յերս։

Եւ դժբախ­­­տա­­­­­­­բար հա­­­սարա­­­կու­­­թիւնը այ­­­լեւս ու­­­րիշ հար­­­ցում չու­­­նի իրեն տա­­­լիք։

Եւ ան ալ, ա՛ն՝ որ բռնագ­­­րա­­­­­­­ւած է գա­­­հը, գիտ­­­նա­­­­­­­լով թէ որե­­­ւէ այլ հար­­­ցով հե­­­տաքրքրո­­­ւող կամ զբա­­­ղող չկայ՝ ու­­­զա­­­­­­­ծը կ՚ընէ, ու­­­զա­­­­­­­ծին պէս։

Թա­­­ղային խոր­­­հուրդի ատե­­­նապետ մը հա­­­ւատա­­­ցեալ­­­նե­­­­­­­րը նո­­­ւիրեալ քա­­­հանա­­­յէ մը զրկե­­­լու սպառ­­­նա­­­­­­­լիք­­­նե­­­­­­­րով հրա­­­ժարեց­­­նո­­­­­­­ղը, ապա «չեմ սպառ­­­նա­­­­­­­ցած» յայ­­­տա­­­­­­­րարե­­­լով քա­­­հանան եր­­­կու օր ետք նոյն եկե­­­ղեց­­­ւոյ վե­­­րադարձնո­­­ղը կար­­­ծես ին­­­քը չէ։

Իր դրա­­­ցին էր կար­­­ծես աշ­­­խարհա­­­կան­­­նե­­­­­­­րու վա­­­յել ան­­­հո­­­­­­­գու­­­թեամբ մը սե­­­ղան նստողն ու ոգելից խմիչքներու ներգործութեան տակ եկեղեցական արարողութիւններուն մասնակցողը։

Չեմ ըսեր կա­­­թողի­­­կոսին ու հան­­­րութեան «պի­­­տի հրա­­­ժարիմ» խոս­­­տա­­­­­­­նալով չհրա­­­ժարի­­­լը, այ­­­լազգի­­­ներու ճնշու­­­մով ստա­­­ցած իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւնը, կա­­­տարած գոր­­­ծարքնե­­­րէն ստա­­­ցած միջ­­­նորդչէ­­­քերը եւ հա­­­զար ու մի այլ բամ­­­բա­­­­­­­սանքներ, որոնք կը պտտին իր անու­­­նին շուրջը։

Հա­­­մայնքը, թա­­­ղային եւ չես գի­­­տեր ինչ խոր­­­հուրդնե­­­րու ատե­­­նապետ­­­ներ ու տե­­­սակ-տե­­­սակ, տար­­­բեր մա­­­կար­­­դակնե­­­րով ջո­­­ջեր, որոնց լայ­­­նա­­­­­­­խոհու­­­թեան ու ազա­­­տակա­­­նու­­­թեան սահ­­­մաննե­­­րը բարձրաս­­­տի­­­­­­­ճան եպիս­­­կո­­­­­­­պոսի մը ան­­­հա­­­­­­­շուե­­­տու ծախ­­­սե­­­­­­­րը, հա­­­մայնքա­­­յին գան­­­ձա­­­­­­­րանին կո­­­ղոպու­­­տը, բռնու­­­թեամբ իշ­­­խե­­­­­­­լու ախոր­­­ժա­­­­­­­կը, ինքնագ­­­լուխ վար­­­քուբար­­­քը առանց հար­­­ցի ու հար­­­ցումի կ՚ըն­­­դունի, կ՚ըմ­­­բոստա­­­նայ ու պահ­­­պա­­­­­­­նողա­­­կանու­­­թիւն միտ­­­քը կը բե­­­րէ, երբ ու­­­րիշներ փոր­­­ձեն հա­­­շիւ պա­­­հան­­­ջել, հա­­­շուե­­­յար­­­դա­­­­­­­րի են­­­թարկել եկե­­­ղեցա­­­կան աւան­­­դութիւննե­­­րը, ազ­­­գա­­­­­­­յին կեան­­­քի կա­­­յու­­­նութիւնն ու յա­­­րաբե­­­րական խա­­­ղաղու­­­թիւնը խան­­­գա­­­­­­­րող այդ մար­­­դուն սան­­­ձարձա­­­կու­­­թիւնը։

Ե՜ւ հա­­­սարակ ջո­­­ջը մէ­­­կէն, ինքնըս­­­տինքեան, անի­­­մանա­­­լի մղու­­­մով մը կը նոյ­­­նա­­­­­­­նայ բո­­­ղոքե­­­լիին եւ ոս­­­տի­­­­­­­կան կան­­­չե­­­­­­­լով, գաղտնի ոս­­­տի­­­­­­­կան­­­ներ հոս ու հոն ու­­­ղարկե­­­լով կ՚ու­­­զէ հարց փա­­­կել, բո­­­ղոքար­­­կուն վախցնել, են­­­թարկել իրեն։

Բո­­­ղոքար­­­կուն մէ­­­կը չէ, եր­­­կուքը չէ սա­­­կայն…

Ո՞ր մէ­­­կը պի­­­տի հե­­­տապնդես, ա՛յ ջոջ…

Հա­­­մեր­­­գասրա­­­հին մէջ «ան­­­կի՛րթ» գո­­­ռոցող, «ընտրու­­­թի՛ւն» աղա­­­ղակող, «հրա­­­ժարէ՛» պա­­­հան­­­ջող քա­­­նի՞ հա­­­յոր­­­դի պի­­­տի կա­­­րենաս վախցնել, խե՜ղճ ջոջ…

Եւ ո՛չ մէ­­­կը խա­­­բեցէք ան­­­ցեալը օրի­­­նակ ցոյց տա­­­լով, «մենք ասանկ բա­­­ներ չէինք գի­­­տեր» ըսե­­­լով, «ասա՞նկ պի­­­տի ըլ­­­լա­­­­­­­յինք» ըսե­­­լով։

Չէ՞ք լսեր մեր պատ­­­մա­­­­­­­հօր ող­­­բը, Ե. դա­­­րէն։

«Կրօ­­­նաւոր­­­նե­­­­­­­րը կեղ­­­ծա­­­­­­­ւոր, ցու­­­ցա­­­­­­­մոլ, սնա­­­փառ, պա­­­տուա­­­մոլ, քան թէ աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­սէր։

«Վի­­­ճակա­­­ւոր­­­նե­­­­­­­րը հպարտ, դա­­­տար­­­կա­­­­­­­պորտ, դա­­­տար­­­կա­­­­­­­խօս, ծոյլ, գի­­­տու­­­թիւններն ու վար­­­դա­­­­­­­պետա­­­կան գրո­­­ւածքներն ատող, առեւ­­­տուր եւ կա­­­տակեր­­­գութիւններ սի­­­րող։

«Աշ­­­խարհա­­­կան­­­նե­­­­­­­րը ամ­­­բարտա­­­ւան, ստա­­­հակ, մե­­­ծախօս, աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քէ խու­­­սա­­­­­­­փող, յար­­­բե­­­­­­­ցող, վնա­­­սակար, ժա­­­ռան­­­գութե­­­նէ փախ­­­չող։

«Իշ­­­խաննե­­­րը ապստամբ, գո­­­ղերուն գո­­­ղակից, կա­­­շառա­­­կեր, կծծի, ժլատ, ագահ, յափշտա­­­կող, եր­­­կիր աւե­­­րող, աղ­­­տե­­­­­­­ղասէր, ստրուկնե­­­րուն հա­­­մախոհ»։

Դուք ձեզ չէ՞ք տես­­­ներ այս տո­­­ղերուն մէջ։ Ձե­­­զի յար­­­մար ածա­­­կան մը չէ՞ք գտներ հոն։ Ո՞չ։ Ու­­­րիշնե­­­րո՞ւն կը վե­­­րագ­­­րէք այդ մակ­­­դիրնե­­­րը։

Աթէ­­­շեանա­­­կան պայ­­­քա­­­­­­­րը ամէ­­­նուր է այ­­­լեւս։

Մենք մեր կող­­­մը վա­­­ղուց հռչա­­­կած ենք։

Իսկ դո՞ւք։ Ճշդա՞ծ էք ձեր կող­­­մը…

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter