HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Մոնթէ Մելքոնեան. հերոսը, մտաւորականը, առաջնորդը, ընկերը

Ջոլ Քանդըն

Նոյեմբեր քսանհինգը այն օրն է երբ մենք կը յիշենք Մոնթէ Մելքոնեանին: Հայերուն համար Մոնթեն կը յիշուի որպէս Հրամանատար Աւօ, պատերազմի ազգային այն հերոսը, որ իր կեանքը նուիրեց պայքարելու հայերու իրաւունքներուն համար. իրաւունք' արժանապատուութեամբ ու հաւասարութեամբ ապրելու, իրաւունք' բարգաւաճելու եւ դառնալու հասարակութեան գործունեայ անդամ, իրաւունք' ապրելու խտրական հալածանքէ առանց վախի: Հայերը առեւտրական ռազմավարական խաչմերուկի վրայ գտնուող իրենց հայրենիքի դիրքին պատճառով պէտք է չափազանց դժուար պայքար մղէին իրենց իրաւունքները պաշտպանելու համար: Քաջութեամբ ու անանձնական վճռակամութեամբ Մոնթեն իր կեանքը տուաւ ահա այս պայքարին:

Սակայն այն իրաւունքները, որոնք պահպանելու համար Մոնթէ Մելքոնեան պատերազմեցաւ, միայն հայ ժողովուրդի իրաւունքները չեն, այլ տարրական համամարդկային իրաւունքներ են:

Մոնթեն կը հասկնար իր աշխատանքի համաշխարհային ընդարձակութիւնը: Մինչեւ քսաներկու տարեկան ըլլալը ան արդեն իսկ ճամբորդած էր հիւսիսային Ամերիկայի, Եւրոպայի, Փոքր Ասիոյ, Արեւելքի եւ հարաւային Ամերիկայի տարածքներով: Մինջեւ զէնք վերցնելու որոշում կայացնելը ան ականատես եղած էր ամբողջ աշխարհին մէջ տիրող մարդկային իրավիճակին: Այսօր, երբ հայերը Մոնթէ Մելքոնեանը կը կոչեն իրենց ազգային հերոսը, պէտք է յիշել, որ անոր գործունէութեան ելակետը կը հանդիսանար աշխարհի տարբեր ժողովուրդներու պայքարները հասկնալու անոր կարողութիւնը: Հայերուն համար Մոնթէ Մելքոնեան ազգային հերոս մըն է, սակայն այն բոլոր մարդոց համար, ովքեր կը հաւատան մարդկային իրաւունքներու սրբութեան, ան նաեւ միջազգային հերոս մըն է:

Եթէ հանգամանքները տաբեր ըլլային, Մոնթեն հաւանաբար կրնար դիւանագէտ կամ նահանգապետ մը ըլլալ: Ան բացառապէս ազդեցիկ էր եւ սահուն կը խօսէր տարբեր լեզուներով: Պըրքլիի Գալիֆոռնիա համալսարանին մէջ ան գերազանց ուսանող էր եւ Անգլիոյ Օքսֆորտի Համալսարանը ուսումը շարունակելու կրթաթոշակ առաջարկուած էր իրեն: Անոր մտաւոր ուժը, հաղորդակցուելու ճարտարութիւնը եւ անպարտելի վճռակամութիւնը կրնային մղել զինք որեւէ ղեկավար պաշտօնի' ըլլայ այդ կառավարման, արդիւնաբերութեան թէ ակադեմական ոլորտներուն մէջ: Բայց ան ընտրեց իր ուժականութիւնը սեւեռել այնպիսի շրջաններու վրայ, ուր անմիջական զինուորական գործունէութեան անհրաժեշտութիւնը կար. նախ Լիբանան' պաշտպանելու համար տեղի հայկական համայնքը քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, ապա Լեռնային Ղարաբաղ' Սումգայիթի եւ Բաքուի ջարդերէն ետք: Մոնթէ Մելքոնեան ճակատագրուած էր ղեկավար ըլլալու ոչ թէ անոր համար որ ան իշխանութիւն կը ցանկար, այլ քանի որ ան ունէր առաջնորդ ըլլալու համար անհրաժեշտ բոլոր յատկութիւնները:

Ես առաջին անգամ հանդիպեցայ Մոնթէին երբ մենք հինգ տարեկան էինք, մեր դպրոց յաճախելու առաջին տարուան առաջին օրը, Գալիֆոռնիայի Վայսիլիա գիւղաքաղաքին մէջ: Վայսիլիան մօտ է Սըքոյա ազգային արգելանոցին ուր երկրագունդի ամենամեծ ծառերը կ'աճին: Այն Սիեռա Նեւատա լեռներու փէշին կը գտնուի, Միացեալ Նայանգներու տարածամասի ամենաբարձր գագաթի' Ուիթնի լերան մօտ: Ես միշտ պիտի յիշեմ Մոնթեն որպէս վեհութեան ու Մեծութեան արտացոլում: Մենք լաւագոյն ընկերներ էինք. մենք միասին յաճախեցինք Պըրքլիի Գալիֆոռնիա համալսարանը: Անշուշտ բոլոր անոնք, որոնք հանդիպած են Մոնթէին պիտի հաւանաբար յիշեն զինք որպէս իրենց լաւագոյն ընկերը: Այդ անոր արտասովոր արժանիքներէն մէկն էր: Մոնթեն մարդոց հետ ընկերանալու յատկութիւն ունէր ուր որ ալ երթար: Անոր կորովն ու ուժականութիւնը փոխանցիկ էին եւ ան կարողութիւնը ունէր մարդոց ներաշխարհէն լաւագոյնն ու հզօրագոյնը դուրս բերելու: Ես կյիշեմ Մոնթեն որպէս չափազանց անվախ պատանի, որ կը լողար Քըուիյա գետի ամենաուժեղ հոսանքներուն մէջ եւ կը նետուէր ամենաբարձր ժայռերէն: Անոր հետազոտելու աներկիւղ ոգին մեզ կը տանէր մեր գիւղաքաղաքի սահմաններէն շատ անդին: Որպէս պատանիներ մենք ժամերով կը քշէինք մեր հեծանիւները դէպի գաւառային տարածութիւններ, մեզ շրջապատող աշխարհին վերաբերեալ նոր յայտնագործութիւններ ընելու մեծ անհամբերութեամբ:

Այսօր հայերուն համար Մոնթէ Մելքոնեանը կը յիշուի որպէս ազգային հպարտութեան խորհրդանիշ: Ինծի համար...ես միշտ պիտի յիշեմ զինք որպէս մեծագոյն օրինակ թէ ինչպէս պէտք է ապրիլ կեանքը. դիմակայելով փորձութիւնները հաստատուն վճրակամութեամբ, դիմագրաւելով դժուարութիւնները առանց վախի, ըլլալով անձնուրաց ընկեր ամէն պարագայի, շարունակելով աշխարհը հասկնալու եւ ըմբռնելու փնտռտուքը, ըլլալով անանձնական ու որոնելով այն տեղը ուր ճիգերը փոխկապակցուած են եւ միահամուռ կը ծառայեն աւելի լաւ աշխարհ մը ստեղծելու ընդհանուր նպատակին:

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter