HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Մալազկիրթ/Մանազկերտի քազա - Ժողովրդագրութիւն

Հեղինակ՝ Տիգրան Մարտիրոսեան

Մանազկերտը խիտ հայկական բնակչութեամբ գաւառակ մըն էր մինչեւ ԺԸ. դարու կէսերուն, որ օսմանեան դարաշրջանին կը տեղադրուէր Պիթլիսի վիլայէթի Մշոյ սանճագի հիւսիս-արեւելեան եզրին։ Գաւառակին տարածքը մեծաւ մասամբ կը կ՚ընդգրկէր Մեծ Հայքի Տուրուբերան աշխարհի Ապահունիքի գաւառը։ Գաւառակին գլխաւոր գիււղաքաղաքը միեւնոյն անունը ունէր։ Մանազկերտ գիւղաքաղաքը, որ հին ժամանակներուն Մանաւազակերտ անունով ծանօթ էր, պատմական Հայաստանի ամենէն անառիկ բերդերէն մէկն էր՝ աշտարակներով օժտուած իր պարիսպներուն պատճառով։  Բնակչութիւնը 30.000-35.000 հոգի կը հաշուէր, որոնք կ՚ապրէին 6.000 տուներու մէջ [1]։ Առասպել մը գիւղաքաղաքին անունը կը կապէ Ուրարտուի թագաւոր Մենուայի անունին [2]։ Ուրիշ վարկած մը կ՚առաջարկէ, որ գիւղաքաղաքը կոչուած է Հայկ նահապետի որդիներէն Մանաւազի անունով։ Ք. Ա. Դ. դարէն մինչեւ Ք. Ե. Զ. դար, Ապահունիքը պատկանած է Մանաւազեան տան նախարարներու, որոնք Մանաւազի շառաւիղ ըլլալը կը պնդէին, եւ ապա՝ Աղբիանոսեան տոհմին։ Է. դարուն, արաբական նուաճումէն ետք, նախարարները շարունակեցին գաւառակը կառավարել իբրեւ արաբ էմիրներու հպատակներ։

Ժ. դարու վերջաւորութեան, Մանազկերտ բիւզանդական արեւելեան ծաւալումին թիրախը դարձաւ։ Այս քաղաքականութիւնը կը նկատուէր ինքնապաշտպանութեան միջոց մը կամ դարեր առաջ արաբներու ձեռքը ինկած հողերու վերագրաւումը [3]։ Յաջորդ դարու սկիզբին, սակայն, բիւզանդացիները պիտի դիմագրաւէին սելճուքներուն՝ թուրքերու օղուզ ճիւղին պատկանող թիւրքմէնական վաչկատուն ցեղ մը, որ Ժ. դարուն սկսած էր Միջին Ասիոյ խորերու տափաստաններէն գաղթել դէպի արեւմուտք։ Սելճուքները իսլամացան Պարսկաստանի տարածքին մէջ ու ապա դէպի Փոքր Ասիա ծաւալելէ քիչ ետք։ Թէեւ մերթ ընդ մերթ արեւելեան Փոքր Ասիա արշաւած էին, բիւզանդական վերահսկողութիւնը բաւարար եղած էր՝ շրջանի հայկական եւ յունական բնակչութիւնը պահպանելու համար։ Սակայն, 1071-ին, սելճուքները պարտութեան մատնեցին բիւզանդացի կայսր Ռոմանոս Դիոգինէսի բանակը Մանազկերտի քով [4]։ Բիւզանդական պարտութիւնը Կարինը, Երզնկան եւ արեւելեան Փոքր Ասիոյ ուրիշ հայկական շրջաններ [5] բացաւ թուրք-իսլամական նուաճումին առջեւ եւ շրջանի թրքացումի ու իսլամացումի երկար գործընթացին սկիզբը նշանաւորեց [6]։ ԺԶ. դարուն, Մանազկերտը կցուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան։

Դար մը ետք, գաւառակին հայկական գիւղերը աւերուեցան օսմանա-պարսկական պատերազմներու շարքի մը ընթացքին։ 1770-ական թուականներուն, Մանազկերտի եւ դրացի Խնուսի շէյխերու բախումներուն հետեւանքով, բազմաթիւ հայկական գիւղեր կործանեցան։ Ըստ «Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան»ի հեղինակներ Թադեւոս Յակոբեանի, Ստեփան Մելիք-Բախշեանի եւ Յովհաննէս Բարսեղեանի, ԺԸ. դարու առաջին կէսի 220.000 բնակիչներէն միայն շուրջ 60.000-ը երկրորդ կէսին մնացած էր [7]։ Քրտական կիսաթափառական ցեղախումբերու ներխուժումը այլափոխեց գաւառակին ժողովրդագրական պատկերը, իսկ վարելահողի եւ արօտավայրերու համար ցեղապետերու պայքարը բռնության ալիք բարձրացուց հայերու դէմ, որոնք կը տիրէին անոնց մեծ մասին։ 1828-1829-ի ռուս-թրքական պատերազմի ընթացքին, շրջանի հարիւրավոր հայ բնակիչները ռուսական նահանջին հետեւեցան ու հաստատուեցան Արեւելեան Հայաստանի ու ռուսական Անդրկովկասի մէջ։ Առիթէն օգտուելով, քիւրտերը տեղաւորուեցան լքուած գիւղերու մէջ։ 1869-ին, անգլիացի գլխաւոր հիւպատոս Ճոն Ճորճ Թէյլըր կը զեկուցէր, որ Մանազկերտի դաշտավայրը «գաւառակի հասարակաց անէծքով վարակուած էր», ակնարկելով Հասանանլի եւ Միլլանլի ցեղախումբերու քիւրտերուն, որոնց թիւը 3.500-ի կը հասնէր։ Հայերը, որոնք, անոր խօսքով, «դաշտի ժրաջան բնակչութեան գլխաւոր բաժինը կը կազմէին, մատակարարելով ամբողջ հողագործութիւնն ու առեւտուրը», թիւով 2.100 էին:

1877-1878-ի ռուս-թրքական պատերազմէն ետք, օսմանեան իշխանութիւնները քաջալերեցին Ռուսաստանէն եկող մուհաճիրներու վերաբնակեցումը Մանազկերտի գիւղերուն մէջ։ Ասոնք բաղկացած էին Հիւսիսային Կովկասի գաղթականներէ՝ չէրքէզներ, օսեր, լեզգիներ եւ չէչէններ, ինչպէս եւ Կարսի նահանգէն թուրքերէ ու կարապապաքներէ։ 1880-ական թուականներու սկիզբին, 200-ի չափ իսլամ ընտանիքներ վերաբնակեցուած են Մանազկերտի եւ Պուլանըխի գաւառակի ստորին գիւղախումբին (նահիյէ) մէջ [9], մինչ Հասանանլիի եւ Սիպկանի ցեղախումբերը գաւառակի մեծագոյն մասին կը տիրանային [10]։ Հասանանլիի ցեղակցիները կը գրաւէին Օշականի հովիտի (քրտերէն Հաւթրանկ՝ «եօթը գոյներ») մեծ մասը, որ Մանազկերտի ընդմէջէն կ՚երկարաձգուէր արեւմտեան ուղղութեամբ՝ Արածանի (Մուրատ) գետի ափերու երկայնքին [11]։ Ֆրանսացի աշխարհագրագէտ Էլիզէ Ռեքլիւ կը տեղեկացնէր, որ 1880-ական թուականներու վերջերուն, գետի վերի հովիտը բնակուած էր քրտական ցեղախումբերով, եւ որ շրջանի բնակչութեան հազուագիւտ կեդրոններու շարքին յիշատակութեան արժանի էին «Մանազկերտը, որ Թուզլա-սու գետի, կամ “Աղի գետ”, աղը կը մատակարարէր Հայաստանի մեծ մասին, եւ Մուշը» [12]։ Օշականի (Հաւթրանկ) հովիտի հողը գերազանց որակի արմտիք կը հայթայթէր, սակայն գաւառակի հարաւ-արեւելեան մասի լայնարձակ դաշտը ամայի էր ու անգործածական՝ հողագործական աշխատանքի համար։ Ահա թէ ինչու, քրտական ներհոսքի կողքին, Մանազկերտի գիւղերու հայկական տուներու թիւը այնքան մեծ չէր ինչպէս, օրինակ, Պուլանըխի դրացի քազային մէջ:

1883-ին, օսմանեան իշխանութիւնները Մանազկերտին քազայի կարգավիճակը տուին եւ անոր տարածքը մուծեցին Պիթլիսի վիլայէթին մէջ։ Իսլամներու թիւը բարձրացնելու համար, իշխանութիւնները նորակազմ քազային կանխամտօրեն աւելցուցին Էրզրումի վիլայէթի Գարայազի քազան, որ գրեթէ ամբողջութեամբ քիւրտերով բնակուած էր [14]։ Որպէս հետեւանք, Մանազկերտի սահմանները ձգուեցան դէպի հիւսիս-արեւմուտք՝ Տուարածատափի (Գարայազ) հովիտէն անդին, Տութաղ (Թութակ) գիւղաքաղաքի հիւսիս-արեւմուտքէն անցնելով։ Ժողովրդագրական ու վարչական ձեռնածումներու պատճառով, ԺԹ. դարու վերջաւորութեան, քազայի բնակչութեան մեծ մասը իսլամներէ բաղկացած էր։ Մանազկերտի հայերու թիւը նուազեցաւ 1894-1896-ի համիտեան ջարդերուն ժամանակ ու անկէ ետք, երբ հարիւրաւոր մարդիկ սպաննուեցան ու հազարաւորներ ալ փախան Ռուսաստան։ Ջարդերու վաղորդայնին, Սպարկերտէն, Խիզանէն եւ Պիթլիսի նահանգի այլ գաւառներէ հայ բնակիչներ վերաբնակեցան Մանազկերտի կարգ մը գիւղերու մէջ, ինչ որ չափով մը բարելաւեց հայկական ժողովրդագրութեան պատկերը։ Սակայն, Մայիս 1903-ին, Սիփան լերան մօտերը կեդրոնացած աղէտալի երկրաշարժ մը Մանազկերտի շուրջ 700 հայերու կեանքը հնձեց, հինգ մօտակայ գիւղեր քանդեց եւ 17 այլ գիւղեր աւերեց [15]։ 1912-1913-ի առաջին պալքանեան պատերազմէն ետք, օսմանեան իշխանութիւնները սատար հանդիսացան մուհաճիրներու նոր վերաբնակեցումին Մանազկերտի գիւղերու մէջ։

Այս ուսումնասիրութիւնը հիմնուած է կարգ մը աղբիւրներու վրայ, զորս կարելի է գտնել «Պուլանըխի քազա. Ժողովրդագրութիւն» յօդուածին մէջ (http://www.houshamadyan.org/mapottomanempire/vilayet-of-bitlispaghesh/kaza-of-bulanik/locale/demography.html)։ Գրագէտ Գեղամ Տէր Կարապետեանի կողմէ հաւաքուած՝ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի 1902 Մշոյ դաշտի ու շրջակայքի քաղաքներու եւ գիւղերու բնակչութեան մարդահամարը, ազգագրագէտ Արիստակէս Տէր Սարգսեանցի (Տեւկանց) 1878-ի ուղեգրութիւնը [16], Մանազկերտի առաջնորդական տեղապահ Յովհաննէս քհնյ. Տէր Աւետիսեանի Մայիս 28, 1915 թուակիր նամակը Գէորգ Ե. Սուրէնեանց կաթողիկոսին [17] եւ ժամանակակից մտաւորական ու պատմաբան Կարօ Սասունիի Տարօնի մասին պատումը [18] լրացուցիչ տուեալներ հայթայթած են։

Մանազկերտի գիւղերու թիւին մասին աղբիւրներու մէջ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնը անմիջապէս ակնյայտ կը դառնայ։ Ըստ Մխիթարեան աշխարհահագրագէտ Ղուկաս Ինճիճեանի, ԺԷ. եւ վաղ ԺԸ. դարերուն 360 հայկական գիւղ կար գաւառակին մէջ։ 1760-ական թուականներուն, անոնց թիւը իջած էր 100-ի, իսկ ուշ ԺԸ. դարուն՝ 20-ի [19]։ «Լումայ» պարբերականին մէջ հրատարակուած «Մշոյ աշխարհ» խմբագրականին հեղինակները թելադրած են, որ 1870-ական թուականներուն ամբողջական թիւով 64 գիւղ կար [20]։ Այս թիւը համաձայն էր 1871, 1872 եւ 1873 տարիներու օսմանեան տարեգիրքերուն (սալնամէ), որոնք պետութեան ու նահանգներու վիճակագրական տուեալներ կը պարունակէին [21]։ 1878-ին, Տեւկանց 16 հայկական եւ 75 քրտական գիւղերու թիւը կու տար, իսկ 1880-ին Մշոյ առաջնորդ Գրիգորիս եպս. Ալեաճեան 23 հայկական բնակավայր կը յիշէր։ Վանի ռուս փոխհիւպատոս Ալեքսէյ Գոլիւպաքին կը զեկուցէր, որ 1880-ական թուականներու կէսերուն գիւղերու ամբողջական թիւը 147 էր [22]։ Գարեգին եպս. Սրուանձտեանց 49 հայկական գիւղ կը հաշուէր Մանազկերտի եւ Պուլանըխի գաւառակներուն մէջ [23]։ 1891-ին, ֆրանսացի աշխարհագրագէտ Վիթալ Քիւնէ բնակավայրերու գումարը 50 կը նկատէր [24]։ 1898-ի օսմանեան սալնամէն ամբողջական թիւով 126 գիւղ կը նշէր։ Ռուսական սպայակոյտի գնդապետ Վլատիմիր Մայեւսկի 1899-ին 149 գիւղ յիշած է, որոնցմէ 21-ը հայկական էին [25]։ Ա. Աշխարհամարտի նախօրեակին, Պատրիարքարանը 26 հայկական գիւղ հաշուած էր (Ռէմոն Գէորգեանն ու Փօլ Փապուճեանը վերանայումի ենթարկած են այդ թիւը՝ 39 գիւղ, օգտագործելով իրենց մատչելի լրացուցիչ տուեալներ Պատրիարքարանի մարդահամարէն) [26]։ Թէոդիկը (Թէոդորոս Լապճինճեան) 1915-էն առաջ 25 հայկական գիւղերու գոյութիւնը յիշած է [27]։ Յովհաննէս քհնյ. Տէր Աւետիսեանը տեղեկացուցած է 27 հայկական գիւղերու կամ 1.089 տուներու գոյութիւնը 1915-էն առաջ։

Հայկական գիւղերու թիւը միայն նոյնական եղած է երկու սկզբնաղբիւրներու մէջ. 1899-ի Մշոյ առաջնորդարանի կողմէ կատարուած տուներու հաշուարկը, որ 1912-ին վերահրատարակուեցաւ վիճակագիր Ա-Դոյի (Յովհաննէս Տէր Մարտիրոսեան) [28] կողմէ, եւ առաջնորդարանի քարտուղար Նազարէթ Մարտիրոսեանի կողմէ պատրաստուած տուներու եւ բնակչութեան հաշուարկը։ Երկուքն ալ 40 գիւղի գոյութիւնը հաղորդած են Մանազկերտի համար։ Այս զուգադիպութեան պատճառը այն էր, որ Ա-Դոյի թիւերը հայթայթուած էին Մարտիրոսեանի կողմէ, որ յետոյ գիւղերու բնակչութեան տուեալները թարմացուցած եւ 1916-ին հրատարակած է «Վան-Տոսպ» պարբերականին մէջ [29]։ Ըստ երեւոյթին այդ թիւը Ա-Դոյէն ու Մարտիրոսեանէն փոխ առնելով, Սասունի յայտնած է, որ Եղեռնէն առաջ գաւառակին մէջ 126 գիւղ կար, որոնցմէ քառասունը հայաբնակ էին [30]։ Որքան որ յարակարծական երեւի, հայ հեղինակներու մեծամասնութիւնը Մանազկերտի հայաբնակ գիւղերու թիւը պակասաւոր կերպով յիշած է։ Միւս կողմէ, ռուս հեղինակներ Գոլիւպաքին եւ Մայեւսկի գիւղերու ընդհանուր թիւին լաւագոյն գնահատումը կը թուին տուած ըլլալ։

Մինչեւ 1870-ական թուականներու վերջերուն, օսմանեան սալնամէներն ու հայկական վիճակագրութիւնները շատ մօտ էին իրարու։ Էրզրումի վիլայէթի 1871-ի սալնամէն կը հաստատէր, որ Մանազկերտի մէջ 1.876 հայ եւ 3.218 իսլամ տղամարդ կար, իսկ 1872-ի սալնամէն 1.976 հայ եւ 2.518 (պէտք է կարդացուի 3.518) իսլամ տղամարդ կը հաշուէր։ Մշոյ առաջնորդարանի հաշուարկ մը կը համաձայնէր, որ 5.494 տղամարդիկ կ՚ապրէին գաւառակի 1.510 տուներուն մէջ, որոնցմէ 1.976 հայ էին, իսկ 3.518՝ իսլամ [31]։ 1873-ի սալնամէն կը յիշէր 2.024 հայ եւ 3.929 իսլամ տղամարդիկ՝ 1.510 տուներու մէջ [32]։ Տեւկանց, բացառաբար, 2.687 հայ եւ 9.746 քիւրտ բնակիչներու գոյութիւնը կը տեղեկացնէր [33]։ Հիմնուելով առաջնորդարանի 1880-ի հաշուարկի մը վրայ, Ալեաճեան եպս. 5.089 հայ տղամարդ ու կին կը յիշէր՝ 487 տուներու մէջ [34]։ Յաջորդ տասնամեակին, սակայն, օսմանեան եւ հայկական վիճակագրութիւններու այս զուգադիպութիւնը անհետացած է։ Պիթլիսի վիլայէթի 1892-ի սալնամէն կը յիշէր 14.649 բնակիչներ Մանազկերտի մէջ (10.066 իսլամներ եւ 4.583 հայեր) [35]։ 1898-ի սալնամէն, որ կը թուի Մայեւսկիի հաշիւին հիմքը եղած ըլլալ, 570 հայ տուն նշած է [36]։ Վահան եպս. Մինասեան (Պարտիզակցի) թելադրած էր, որ գիւղական շրջաններու մէջ իւրաքանչիւր տուն ութ հոգինոց միջին մը ունէր [37]։ Վերոյիշեալ թիւը ութով բազմապատկելու պարագային, հայերու գումարը 4.560 կը դառնայ։ Ի տարբերութիւն, 1890-ական թուականներէն առաջնորդարանի հաշուարկ մը 1.149 հայկական տուներու կամ 8.043 բնակիչներու գոյութիւնը կը յայտնէր [38]։ Քիւնէի գնահատումով, 1891-ին, Մանազկերտի 21.000 բնակիչներէն 12.000-ը քիւրտ էին, իսկ 9.000-ը՝ հայ [39]։ Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, ըստ Մարտիրոսեանի, 11.166 հայ բնակիչներ կ՚ապրէին 1.351 տուներու մէջ [40]։

Ընդհանրապէս, օսմանեան եւ հայկական աղբիւրներու անհամաձայնութիւնը կը վերագրուի Սան Ստեֆանոյի եւ Պերլինի խաղաղութեան դաշնագրերու հետեւանքներուն՝ 1877-1878-ի ռուս-թրքական պատերազմի աւարտէն ետք։ Դաշնագրերը օսմանեան կառավարութեան կը պարտադրէին բարենորոգումներ կատարել արեւելեան վիլայէթներուն մէջ, զանոնք կոչելով «հայերու կողմէ բնակուած նահանգներ»։ Օսմանեան իշխանութիւնները անհանգստացած էին եւրոպական պետութիւններու հայանպաստ միջամտութենէն, որ կոչուած էր երաշխաւորելու անոնց ապահովութիւնը քիւրտերու, չէրքէզներու եւ այլ իսլամական խումբերու դէմ։ Հետեւաբար, անոնք հայկական բնակչութեան յաճախակի թերահաշուառումին ձեռնարկին [41]։ Պիթլիսի վիլայէթի 1892-ի սալնամէին մէջ, Մանազկերտի հայկական բնակչութեան թիւը 1.7 անգամ աւելի փոքր է, քան Մշոյ առաջնորդի հաշուարկը, եւ 1.9 անգամ աւելի փոքր, քան Քիւնէի տեղեկագրին թիւը։ 1893-ին, օսմանեան մարդահամար մը Մշոյ սանճագի հինգ գաւառակներէն չորսին (Մանազկերտ, Պուլանըխ, Վարդօ եւ Սասուն) հայկական բնակչութեան թիւը 25.873 հոգի կը հաշուէր։ Քիւնէի տեղեկագրին մէջ, այս գաւառակներուն հայկական բնակչութիւնը տրուած է, համապատասխանաբար, իբրեւ 9.000, 10.361, 7.994 եւ 8.339։ Ընդհանուր գումարը՝ 35.744, օսմանեան մարդահամարի թիւէն գրեթէ 1.4 անգամ աւելի մեծ է։

1890-ական թուականներուն, բնակչութեան թիւերու անհետեւողականութիւնը զարգացաւ, իսկ 1900-ական թուականներուն սկիզբին, վիճակագրական դիմակայութեան մը յանգեցաւ։ Ա. Աշխարհամարտէն առաջ կատարուած օսմանեան մարդահամար մը Մանազկերտի իսլամներու անհաւանական 30.929 թիւը կու տար, իսկ հայերու թիւը 4.438 կը դառնար [42]։ Փոխադարձաբար, ըստ Պատրիարքարանի կողմէ կատարուած մարդահամարի մը, քրիստոնեայ բնակչութեան թիւը (գրեթէ բոլորը հայեր ըլլալով) 11.931 էր [43]։ Օսմանեան սալնամէներէն մեկնելով, Մայեւսկի յայտնած է, թէ հայերը Մանազկերտի ընդհանուր բնակչութեան 13 առ հարիւրը կը կազմէին [44]։ Միւս կողմէ, Քիւնէ յայտարարած է, թէ հայերը ընդհանուր բնակչութեան 43 առ հարիւրը կը հաշուէին [45]։ Հետազօտողները, բարեբախտաբար, իրենց տրամադրութեան տակ ունին Կարօ Սասունիի «Տաճկահայաստանը ռուսական տիրապետութեան տակ» աշխատութիւնը, ուր 1915-ի գարնան դէպի Մուշ ռուսական յառաջխաղացքին ու Մուշէն նահանջին հետեւանքով՝ Մանազկերտի ու Պուլանըխի գաւառակներէն Արեւելեան Հայաստան ու Ռուսական կայսրութեան այլ նահանգներ հեռացուած հայերու թիւը 34.000 գնահատուած է[46]։

Ապրիլի կէսերուն, ռուսական զօրքերը յառաջացած էին մինչեւ Տութաղ, իսկ օսմանեան բանակը արագընթաց նահանջի մը ձեռնարկած էր, ճանապարհին հայկական գիւղերը թալանելով։ Ռուսերը յաջորդ ամիս Մանազկերտ գիւղաքաղաքը հասան, ինչ որ գրեթէ բոլոր հայ գիւղացիներուն ջարդերէ խուսափելու բախտը պարգեւեց։ Քանի մը տասնեակ հայ պատանիներ սպաննուեցան Պանզդէ, Խարապա Ղասմիկ, Խոթանլու, Մարմուս, Մոլլապաղ, Մոլլա Մուսթաֆա, Նորատին եւ Ռուստամգէտիկ գիւղերուն մէջ։ Բացառելով Վարի Պուլանըխի նահիյէի կարգ մը գիւղերու բնակիչները, որոնք սպաննուեցան, Պուլանըխի գաւառակի հայերու մեծամասնութիւնն ալ ջարդերէ ազատեցաւ, Մայիս 14-16-ին փախչելով դէպի Մանազկերտ [47]։ Եթէ երկու գաւառակներուն համար միայն օսմանեան տուեալները օգտագործուին (Մանազկերտ՝ 4.438, Պուլանըխ՝ 14.662), հայերու գումարը 19.100 պիտի ըլլար։ Միւս կողմէ, եթէ միայն Պատրիարքարանի նախապատերազմական թիւերը օգտագործուին (Մանազկերտ՝ 11.931, Պուլանըխ՝ 25.953), հայերու թիւը 36.984 կը դառնայ։ Միայն Մանազկերտի, Պուլանըխի, Մուշի եւ Վանի քանի մը գիւղերէ շուրջ 5.653 հայեր փախուստ տուին՝ Յուլիսի կէսերուն ռուսական զօրքերու անակնկալ նահանջի քանի մը օրուան ընթացքին [48]։ Ըստ ուրիշ աղբիւրի, Մայիսի վերջերուն Պուլանըխի, Խլաթի (Ախլաթ) եւ Խնուսի գաւառակներէն դէպի Մանազկերտ փախչող հայերու թիւը շուրջ 20.000 էր [49]։ Ուրեմն, կարելի է ըսել, թէ Կ. Սասունի բաւարար ճշգրտութեամբ հաղորդած է Մանազկերտի եւ Բուլանըխի՝ փախուստի դիմած հայ բնակչութեան թիւը։

Ուրիշ օսմանեան աղբիւր մը, որ կը գտնուի «Հայկական գործունէութիւններ արխիւային փաստաթուղթերուն մէջ, 1914-1918» հաւաքածոյին մէջ, նշած է, որ տեղահանութեան ենթարկուելիք, կամ, ըստ աղբիւրին, «տեղափոխուած ու հեռացուած» Մանազկերտի հայերու թիւը 4.430 էր՝ ըստ օսմանեան արձանագրութիւններու, իսկ Պուլանըխի հայերու թիւը՝ 14.309 [50]։ Սակայն, 18.739-ի գումարը կը տարբերի հայկական աղբիւրներու թիւերէն։ 1918-ին Հալէպ հրատարակուած հայկական ամբաստանագիր մը Մանազկերտի եւ Պուլանըխի վերապրողներու թիւը շուրջ 25.000 կը նկատէր [51]։ Թէեւ ցեղասպանութեան վերապրողներու խումբի մը կողմէ ստորագրուած ամբաստանագիր  մը նուազ ճշգրտութիւն ունի, քան մարդահամար մը կամ հաշուարկ մը, այդ թիւը տակաւին 1,3 անգամ աւելի մեծ է, քան երկու գաւառակներու օսմանեան թիւը։ Ըստ Մշոյ առաջնորդարանի հաշուարկի մը,  որուն արդիւնքները հրատարակուած են Մարտիրոսեանի վիճակագրական աղիւսակին մէջ, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, Մանազկերտը 11.166 հայ բնակիչ ունէր, որոնք 1.351 տուներու մէջ կ՚ապրէին։ Այս թիւը 2,5 անգամ աւելի մեծ է, քան միեւնոյն գաւառակին օսմանեան թիւը։

Ստորեւ տրուող ցուցակին մէջ կը ներկայացուին Մանազկերտի այն գիւղերը, որոնք հայկական մեծ բնակչութիւն կամ հայկական (երբեմն՝ առանց ազգութիւններու յստակ նշումի) տուներու որոշ թիւ մը ունեցած են, կամ նախապէս հայերէ բնակուած էին։ Անոնց ներկայ թրքացած անունները կը յիշուին սուրանկիւն փակագիծերու մէջ։ Երբ ներկայ անունները առանձնացուած չեն, անոնց տեղադրութեան մահալլեսիներուն («թաղամասեր») անունները տրուած են։ Քանի որ այս ուսումնասիրութեան աղբիւրները իրարու անհամաձայն տուեալներ հայթայթած են, գիւղերու ամենէն ճշգրիտ թիւի ճշդումը անիրագործելի նկատուեցաւ։ Բացի եթէ նշուած ըլլայ, ստորեւ ներկայացուած տուեալները քաղուած են շուրջ 25 տարի՝ 1890-ական թուականներէն մինչեւ 1915 ժամանակաշրջանը ընդգրկող աղբիւրներէ։

շարունակությունը՝ այստեղ

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter