HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Նամակ Երկրէն. Սփիւռքի Խրամատները

Անցեալ տարի, Դեկտեմբերին, «Թուֆէնքեան Հիմնադրամ»ի գործերով Ամերիկայ այցելութեանս ընթացքին կարճատեւ պտոյտ մը կատարեցի դէպի Լոս Անճելըս, հարազատներու եւ ընկերներու հետ հանդիպելու եւ կարօտս առնելու նպատակով: Այդ օրերուն հետս կապուեցաւ երիտասարդ բժիշկ Շանթ Շըխըրտմեանը, որուն հետ ծանօթութիւնս թէեւ շատ հին չէր, բայց շատ արագ կրցած էինք հին ընկերներու նման ընդունիլ զիրար եւ հարազատներու պէս յարաբերիլ իրար հետ:

Հանդիպեցանք հայահոծ Կլենտէյլի սրճարաններէն մէկուն մէջ ու զրուցեցինք ամէն ինչի մասին: Շանթը, սակայն, հետզհետէ զրոյցը կեդրոնացուց Արցախի ազատագրուած տարածքներուն մէջ նոր բոյն դրած ընտանիքներու կարիքներուն եւ այդ տարածքներու ընկերատնտեսական խնդիրներուն վրայ:  Իբրեւ բժիշկ, իրեն կը հետաքրքրէր բնակիչներու առողջապահական խնդիրներն ու անոնց լուծումները, բժշկական ծառայութիւններու որակը, ազդեցիկութիւնը, եւայլն: Ան արդէն բաւական տեղեկացուած էր եւ հայրենիք այցելութիւններու ընթացքին նոյնիսկ առողջապահական համակարգի խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն մասին ուսումնասիրութիւններ կատարած էր: Շանթ շատ լաւ կը հասկնար ազատագրուած շրջաններու ռազմավարական նշանակութիւնը եւ այս տեսակէտէն՝ անոնց բնակեցման ու զարգացման կարեւորութիւնը: Համաձայնեցանք, որ հակառակ ի գործ դրուած ճիգերուն, ազատագրուած տարածքներուն վրայ դեռ շատ ընելիք կար: Ենթակառուցուածքներն ու ճանապարհները, դպրոցներն ու դարմանատուները հեռու էին մեր պատկերացուցած նուազագոյն մակարդակէն, եւ տնտեսութեան զարգացումը խոչընդոտող խնդիրները շատ էին, իսկ լուծումներուն համար անհրաժեշտ հնարաւորութիւնները՝ քիչ եւ սահմանափակ: Մանկաբոյժ ըլլալով, բնական է, որ իր ուշադրութեան կեդրոնը երախաները պիտի ըլլային: Մանաւանդ՝ Արցախի ազատագրուած տարածքներու վրայ՝ Հայաստանի եւ նոյնիսկ Սփիւռքի տարբեր շրջաններէն եկած ընտանիքներու երեխաները: Շանթ կը պնդէր, որ անոնք մեր ապագան են, առողջ եւ լաւ, կրթուած երեխայ պահել կը նշանակէ առողջ եւ զարգացած երկիր ունենալ:

Բաւական ժամանակ անցած էր արդէն եւ երկուքս ալ պէտք է երթայինք: Բաժնուելէն առաջ ըսաւ. «Տե՛ս, Մարտի կէսերուն երեխաներս պիտի կնքենք, շատ ուրախ կ'ըլլամ եթէ ներկայ ըլլաք: Հարազատներուս եւ ընկերներուս ուղարկած հրաւէրին մէջ ըսած եմ արդէն, որ ո՛չ մէկ նուէր կ'ուզեմ կնունքին առիթով: Ես բժիշկ եմ ու թէեւ դեռ ուսանողական պարտքերս ամբողջութեամբ չեմ փակած, բայց փառք Աստուծոյ երեխաներուս կարիքները կրնամ հոգալ: Անոնք աւելորդ նուէրներու կարիքը չունին: Աշխարհի մէջ շատ են երեխաները, որ մեր վայելած բարիքներէն զրկուած են: Մենք հայ ենք եւ բնական է, որ մտածենք Հայաստանի կարիքաւոր երեխաներուն մասին: Փափաքս է, որ հաւաքուած գումարներով ազատագրուած տարածքներու գիւղերէն մէկուն դպրոցը նորոգենք: Հնարաւո՞ր է: Կրնա՞ս կնունքին գալ եւ այս մասին խօսիլ»:

Ոչ չէի կրնար ըսել:

Այս տարուան Մարտ 18ին դարձեալ Լոս Անճելըս գացի եւ մէկ օր յետոյ Շանթի երկու երեխաներու կնունքին մասնակցեցայ: Շաբաթ մը յետոյ սուրճի հրաւիրեց եւ մօտ 12500 տոլարի չափ չէքեր յանձնեց ինծի: «Ըսած էիր, որ ազատագրուած Քաշաթաղի Մոշաթաղ գիւղի դպրոցը պիտի նորոգէք: Սա ալ իմ եւ ընկերներուս կողմէ: Մեծ բան մը չէ, գիտեմ, բայց այս համեստ մասնակցութիւնը մեր բաժինը թող ըլլայ: Մայիսին ալ այլ բժիշկներու հետ նորէն Հայաստան եւ Արցախ պիտի այցելենք: Կ'ուզեմ կարելիութեանս սահմաններուն մէջ օգտակար ըլլալ առողջապահական ոլորտի բարելաւման: Կը տեսնուինք հայրենիքի մէջ»:

Շնորհակալութիւն յայտնեցի Շանթին, այս համեստ, բայց վեհանձն եւ բանիմաց երետասարդ բժիշկին եւ խուսաբեցայ աւելորդ խօսքերէ: Չէի ուզէր համեստութիւնը վիրաւորել: Միայն կ''ուզէի ըսել, որ բախտաւոր ենք եւ երախտապարտ, որ հայկական Սփիւռքի մէջ բազմաթիւ Շանթեր ունինք: Ոմանք բժիշկ են, ոմանք պարզ արհեստաւոր: Բայց շնորհիւ այս մարդոց է, որ օրէ օր կ'ամրանայ հայրենիքի եւ Սփիւռքի միջեւ կապը: Անոնք մետալներ չեն ակնկալեր, մեծ խօսիկութենէ եւ լուսարձակներէ կը խուսափին, բեմերու վրայ չեն ուզէր երեւիլ: Ուրիշներու նման՝ մի քանի կտոր արծաթի փոխարէն քաղաքական եւ հոգեւոր ղեկավարներու հետ նկարուելու առիթներ չեն փնտռեր՝ տան պատերէն կախելու եւ ծանօթներու առջեւ յոխորտալու համար: Անոնք կը հաւատան գործին, անշահախնդիր նուիրումին: Անոնք առաջնագիծի խրամատներու մէջ ծառայող զինուորներ չեն, բայց հայրենիքի եւ հայութեան օգնութեան խրամատներ բացած են աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ եւ առանց աղմուկ-աղաղակի, համեստօրէն եւ բարի աշխատանքով կը մտածեն հազարաւոր մղոններ անդին՝ ազատագրուած հայրենիքի հողին վրայ ապրող իրենց եղբայրներուն մասին:

Շնորհակալութիւն բոլորին:

Գրեցէ՛ք ինծի:

Րաֆֆի Տուտագլեան

[email protected]

Մեկնաբանություններ (1)

Aram
Thank you Raffi for your services and especially thank you for your up beat spirit. Incidentally, it is also refreshing and invigorating to read an article from the Homeland in the Western (other) Armenian language and ........ Armenian spelling.

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter