HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը՝ Արդարութեան Կողքին

Հայաստանը տագնապահար վիճակի մէջ է: Կայացող բողոքի ցոյցերը վկայութիւններն են համակարգային եւ որակական արմատական անյապաղ փոփոխութիւններու անհրաժեշտութեան:
Արդարեւ՝ ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը խստիւ կը դատապարտէ Հայաստանի մէջ կայացող ազատ խօսքի ու արտայայտութեան , աքթիվիզմի եւ խաղաղ միջոցառումներու արգելակման որեւէ մէկ փորձ կամ նոյնիսկ արտայայտութիւն: Դատապարտելի են նաեւ ոստիկանութեան կողմէ կիրարկուած բռնի ուժի գործածութիւնը խաղաղ ցուցարարներու դէմ:
Հ. Յ. Դաշնակցութեան գաղափարական սկզբունքներէն մեկնելով, կ’ողջունենք որեւէ խաղաղ աքթիվիզմ որ կը նպատակադրէ բարձրաձայնել ազատ եւ անաչառ կամք մերժելու որեւէ քաղաքական որոշում: Այս իմաստով առողջ կը համարենք ցարդ կատարուած բողոքի ցոյցերը, որովհետեւ անոնք մնացին խաղաղ, հեռու վտանգաւոր բախումներէ: Միւս կողմէ կը հաւատանք, որ ըստ էութեան որեւէ բողոքի շարժում ընդվզումի դաշտէն պէտք է անցնի կառուցողական դաշտ արդիւնաւէտ դառնալու համար:
Երկրին խնդիրները խորքային են, լուծումներն ալ նոյնպիսին պարտին ըլլալ. ուրեմն անհրաժեշտ կը նկատենք որ աւագ մտաւորականութիւնը կողքը կանգնի այսօր փողոց իջած, դասադուլ ու գործադուլ կատարող յանձնառու եւ պարկեշտ քաղաքացիին, ու մանաւանդ ազատատենչ ու յառաջադէմ երիտասարդ/ուսանողին պահանջատիրութեան:
Բոլորիս խորապէս կը մտահոգէ ու կ’ընդվզեցնէ մենատիրական որեւէ դրսեւորում: Արդարեւ՝ կը հաստատենք թէ ժողովրդավարական կարգերու երաշխիքն է ընդդիմութիւնը, ուստի յարգելի են ու քաջալերելի ընդդիմութեան բոլոր հատուածները, եւ բոլոր անոնք որոնք կը ձգտին հետապնդել արդար ու հզօր Հայաստանի տեսլականը: Միեւնոյն ատեն դատապարտելի է ընդդիմութեան ընկճեցման որեւէ արարք:
Վերջապէս Հ. Յ. Դաշնակցութեան Հայաստանի ներքին քաղաքականութեան շուրջ որոշումները կը վերապահենք ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ռազմավարութեան, սակայն այդ մէկը չի նշանակեր թէ արտերկրի դաշնակցական երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան սիրտը չի տրոփեր պահանջատէր ժողովուրդին հետ որ արդար եւ պարկեշտ քաղաքական կարգերու հաստատման կը ձգտի:
ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւն

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter