HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Գրաւելը դիւրին է, պահելն է դժուարը

Սեդա Գպրանեան-Մելքոնեան

Քսանհինգ տարի։ Քառորդ դար։ Կը թուի երէկ էր։ Մոնթէին պայթող ծիծաղը։ Մոնթէին յաւերժական ներկայութիւնը։

«Սեդա, ին՞չ պիտի ընէի առանց քեզ: Դուն իմ մէջս ամբողջովին նոր եւ չափազանց զօրաւոր բաներ արթնցուցած ես: Հիմա այս զգացումները կեանքէս աւելի թանկագին են: Կը զգամ, որ նոյնիսկ եթէ ես մեռնիմ զգացումներս ձևով մը պիտի ողջ մնան: Այնքան ատեն որ դուն ողջ ես պիտի զգաս իմ սէրս, իմ կեանքիս եւ հոգիիս ամբողջացումն եւ շարունակութիւնն ես»[1] կը գրէր ինծի Մոնթէն1988-ին։

Մոնթէին հետ ապրած մարդուն համար առանց Մոնթէին կեանք չկայ։ Ան յաւերժական ներկայութիւն է։ Այդ ամէնապարկեշտ ու անկաշառ մարդը նաեւ ամէնահամեստ ու ամէնահաւատարիմ էր։ Ամէնանուիրուած՝ իր սկզբունքներուն ու ժողովուրդին։

1992-93 թուականներուն Արցախ այցելութիւններուս ընթացքին նախասիրած ժամերէս էին ուշ գիշերուան մեր զրոյցները։ Փայտով վառարանին շուրջ տեղի ունեցող այդ հաւաքները դժբախտաբար յաճախ չէին պատահեր։ Բայց երբ թշնամին դադար մը տուած ըլլար, իսկ շրջանի հրամանատար ամուսինս՝ Մոնթէն դիրքերը կանուխ ստուգած ըլլար, այդ անկոչ հաւաքները տեղի կ՚ունենային։ Սովորաբար կը հաւաքուէին այլ գիւղերէն եկած զօրամասին մէջ ապրողները։ Մուշկապատցի շտապի պետ՝ Աբօ Հայրապետեանը, երբեմն Մոնթէին տեղակալներ Ճարտարցի Մովսէս Յակոբեանը, Բերդաշէնցի Նելսոն Սողոմոնեանը։ Ներս ու դուրս կ՚ընէին զօրամասի միւս մշտական այցելուները՝ հետախուզութեան պետ՝ Սարիբէկ Մարտիրոսեանը, գումարտակի հրամանատար՝ Մաւօ Օհանեանը։ Վերջիններս իրենց աւիւնով իմ նախասիրած ազատամարտիկներս էին։ Իրենց հետ միշտ ծիծաղ ու սրամտութիւն ներս կը մտնէր։

Ամէնադժուար պատերազմական այդ օրերուն այս հանդիպումները անհրաժեշտ հաւասարակշռութիւն մը կը մտցնէին, լուրջը խառնելով թեթեւութեան։ Ահա այս հանդիպումներու ժամանակ է որ նաեւ առաջ կը քաշուէին լրջագոյն հարցեր թշնամի յարձակումներու վերաբերեալ։ Սովորաբար խօսքը թշնամին ետ մղելու եւ կրակակէտեր լռեցնելու մասին կ՚ըլլար։ «Սենց որ գնայ, Բաքուն էլ կը գրաւենք։ Բայց դիրքերում մարդ է պէտք» կը համաձայնէին բոլորը։ «Գրաւելը դիւրին է։ Պահելն է դժուարը» կը կրկնէր Մոնթէն։

Վերջին ամիսներու երկրի քաղաքական իրադարձութիւններէն ետք առաջին անգամ Հայաստան գտնուելով, վերոնշեալ նախադասութիւնը յաճախ կը մտաբերեմ։ Ժողովուրդը յաղթեց։ Սպասուած փոփոխութիւնը տեղի ունեցաւ։ Հիմա կը սկսի դժուար բաժինը։ Արդէն իսկ մեզմէ շատեր վերապահութիւն ունին ինչ-ինչ հարցերու նկատմանբ։

Քաւ լիցի, չենք ակնկալէր որ փոփոխութիւնները տեղի ունենան ակնթարթի մէջ։ Բայց կան սկզբունքային ու կարեւոր հարցեր, որ արժէ անմիջապէս առաջ քաշել։ Գիտեմ, դիւանագիտութիւնը կը պահանջէ որ քաղաքական կուսակցութիւններն իրենց նախարարներն ու բարձրաստիճան պաշտօնեաները ունենան ու արդարացի ոյժի բաշխում տեղի ունենայ։ Սակայն այդ բաշխման ընթացքին սեռերու անտեսումը անյարիր է ամիս մը առաջ հրապարակին վրայ հնչող արդարութեան ու հաւասարութեան կոչերուն։ Արդ, Ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կազմող իգական սեռին՝ իր տոկոսին համեմատ ներկայացուցիչ չունենալը արդար չէ։ Կրկնենք, որ փոփոխութիւնները անմիջապէս տեղի չեն ունենար, բայց այս աչք ծակող անհաւասարութիւնն ալ ընդունելի չէ։ Մանաւանդ երբ կան խելացի կիներ, որոնք շարժման ընթացքին իրենց ելոյթներով ու հրատարակութիւններով ցոյց տուին, որ չեն զիջիր արական սեռին պատկանող նշանակուած նախարարներուն ու այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն։

Մոնթէին ֆեմինիզմը նորութիւն չէ ու կարեւորը՝ ինքնանպատակ չէ։ Մոնթէին հետ աշխատած մարդիկ գիտեն, որ իրեն համար բոլորը մարդ արարածներ էին, առանց սեռային խտրականութեան, եւ կար մէկ կին։ 1988 թուականի դեկտեմբերին Մոնթէն ինծի կը գրէր, «Ցաւալի է, երբ մարդիկ, մանաւանդ լաւ եւ խելացի մարդիկ, կամայական սահմաններ կը դնեն իրենք իրենց վրայ: Ասիկա իսկապէս մեզի այդքան անհրաժեշտ մարդկային ուժականութեան  կորուստ է:  Մեր ժողովուրդը պէտք ունի ամէն մէկ հայրենասէրի: Հայ կիները նոյնքան հայ են որքան հայ տղամարդիկ, ուրեմն իրենց դերն ալ նոյնը պէտք է ըլլայ. երբ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կամ ուրիշ թշնամիներ կռուին մեր դէմ ես շատ չեմ ջղայնանար քանի որ կը սպասեմ իրենցմէ: Բայց երբ մենք անգիտակցաբար կը վնասենք մենք մեզի, իսկապէս կը ջղայնացնէ:»

Քառորդ դար հեռուէն, այլ հարթութեան վրայ գտնուելով, Մոնթէն կ՚ապրի իր պատգամներով։ Մեզմէ շատերուն համար ան օրինակ է իր ապրած կեանքով ու մտածելակերպով։ Ակնյայտ է, որ վերջին երեսուն տարիներուն ընթացքին շատ բան չէ փոխուած։ Դեկտեմբեր 1988-ին Մոնթէն ինծի կը գրէր, «Տղամարդոց եւ կիներու գիտակցութեան մակարդակը գրեթէ հավասար են:  Որոշ ձեւով, գոնէ ուսման մակարդակով (ուսման  մակարդակը եւ գիտակցութիւնը անպայման նոյն բանը չեն) հայ կիներունը յաճախ աւելի բարձր է, քան տղամարդոցը:  Ես նկատած էի ասիկա Պուրճ Համուտ ուսուցիչ եղած ժամանակս: Հոն տղաքը կանուխ կը ձգէին դպրոցը որ աշխատին, իսկ աղջիկները քանի մը տարի ալ կը մնային: Իմ բարձր դասարաններուս մեծամասնութիւնը աղջիկ էր: Վիճակը նոյնն էր ուրիշ դպրոցներուն մէջ ալ: Բայց ես կը սիրեմ սկզբունքներ, այնպես որ,  վերադառնանք ընկերային փոփոխութեան  վերաբերեալ կարեւոր սկզբունքի մը. ընկերութեան մէջ որեւէ բան փոխելու համար՝ այն մարդիկ որ ուղղակիօրէն շահագրգռուած են պետք է նախաձեռնութիւն առնեն. փոփոխութիւնը պետք չէ սպասել հիմնականին մէջ խումբէն դուրս: Մեր պայքարին մէջ մենք հասկցած ենք, որ այդ կը նշանակէ, որ ոչ թէ պէտք է սպասենք որ ԱՄՆ -ն, Ֆրանսան, ՄԱԿ-ը կամ Թուրքիան լուծեն մեր խնդիրները, այլ մենք, (հայ ժողովուրդը) ինքներս պետք է լուծենք:  Նաեւ Արցախի ժողովուրդը ճիշդ հասկցաւ այս սկզբունքը վերջին նախաձեռնութիւնները առնելով եւ իրենց նպատակներուն յառաջապահը մնալով:  Նոյն ձեւով հայ կիները պէտք չէ սպասեն, որ հայ տղամարդիկ մինակնին փոխեն ամէն ինչ: Ոչ, հայ կիները պէտք է նախաձեռնութիւն առնեն: Անշուշտ, իրենք շատ համակիրներ պիտի ունենան հայ տղամարդոց մէջ (ներառեալ ես), բայց իրենք պէտք է ըլլան յառաջապահ տարրերը։»

Մոնթէն յառաջապահ բառը կը սիրէր ու յաճախ կը գործածէր։ Նոր Հայաստանի տեսլականով ոգեւորուած մենք բոլորս. ուրեմն պէտք է յառաջապահը ըլլանք այն փոփոխութիւններուն, որ միասնաբար կ՚ուզենք տեսնել։ Բոլորին համար։ Կարեւորը հասարակ յայտարարը գտնելն է ու գրաւած դիրքը արդարօրէն պահելը։


[1] Նամակ Սեդային, 13.5.88-24.5.88, էջ 7։

 

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter