HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Հայ մամուլի համահայկական համագումարը ընթացք կ՚առնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ

Երեքշաբթի, 2 Յուլիս 2019-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի յարկին տակ ի մի խմբուած էին Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի զանազան գաղութներէն ժամանած մամուլի մշակներ՝ մասնակցելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կազմակերպած Հայ Մամուլի Համահայկական Համագումարին, որ տեղի ունեցաւ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։

Սոյն համագումարին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ առաւօտեան ժամը 09:30-ին, Վեհարանի դահլիճին մէջ, ուր հաւաքուած էին շուրջ 100 մամուլի խմբագիրներ, լրագրողներ եւ աշխատակիցներ։ Յոտնկայս ունկնդրելէ ետք «Տէրունական Աղօթք»ը , Հայաստանի, Արցախի ու «Կիլիկիա» քայլերգերը, Նորին Սրբութիւնը ուղղեց իր Հայրապետական պատգամը։ Բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, ան լուսարձակի տակ առաւ ներկայի հրատապ մարտահրաւէրները, որոնք կը ներթափանցեն հայ մամուլի գործելաոճին մէջ։ Առ այդ, Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ կլոպալ մշակոյթին տիրապետող ներկայութեան, որ փոփոխութեան ենթարկած է, ինչպէս բոլոր լրահոսերը, նաեւ հայ մամուլի առաքելութիւնը ու դիտել տուաւ անոր առաքելութիւնը վերաշեշտումի ենթարկելու հրամայականը։ Ան նաեւ խօսեցաւ լրագրողին մասին, որուն մէջ կ՚ամփոփուին մամուլին որակը, ազատութեան ոգին, առարկայական ու առողջ մօտեցումը։ Վերջապէս, Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամով համապարփակ կերպով ներկայացուց ներկայ հայ մամուլին իրավիճակը ու անկէ բղխած համահայկական ու ազգային խնդիրները եւ պատգամը փակեց համագումարին ուշադրութեան յանձնելով հիմնական հարցադրումներ, որոնք պիտի արծարծուին յառաջիկայ երեք օրերու ընթացքին։

Հայրապետական պատգամին յաջորդեց Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ողջոյնի խօսքը, որ ընթերցեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբեկեան։ Վարչապետը յայտնած է, որ հայկական լրատուամիջոցները այսօր կանգնած են բազմաթիւ մարտահրաւէրներու դիմաց՝ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի եւ թէ Սփիւռքի մէջ՝ շեշտելով, որ իրենց էութեամբ ու բովանդակութեամբ իրարմէ տարբեր մարտահրաւէրներու քննարկումն ու լուծման ուղիներ գտնելը համազգային օրակարգի հարցեր են։ Փաշինեան դիտել տուած է, որ հայ մամուլը առանցքային դերակատարութիւն ունի հայութեան վերաբերող ամէն տեսակի հարցերուն միջազգային հեղինակութիւն տալու առումով։

Վերջապէս, խօսք առաւ համագումարի պատուոյ հիւր, Հ.Հ. Վարչապետի Տիկին եւ «Հայկական Ժամանակ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Աննա Յակոբեան։ Ան ըսաւ, որ մամուլը ամբողջ աշխարհին մէջ ճգնաժամ կ՚ապրի եւ ասոր անմասն չի մնար հայ մամուլը։ Դիտել տալով, որ արհեստագիտութեան արագ յառաջացումով ընկերային ցանցերը հետզհետէ կը փոխարինեն աւանդական մամուլը, մանաւանդ տեղեկատուական ոլորտին մէջ, բայց եւ այնպէս մամուլը, լրատուութեան կողքին, ունի նաեւ հասարակութիւնը կրթելու, գաղափարներ յառաջ բերելու, խորքային քննարկումներ յարուցելու, կենսական հարցեր արծարծելու եւ հարցերու լուծման բանալիներ որոնելու առաքելութիւն։ Հետեւաբար, ան կոչ ուղղեց կազմակերպուած ձեւով արձագանգել հայ մամուլի մարտահրաւէրներուն։

Օրուան Բ. նիստին թեման էր «Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք համագործակցութիւն – խնդիրներ եւ ընելիքներ»։ Այս նիստին ելոյթ ունեցան Ժիրայր Չոլաքեան, Վահրամ Պօղոսեան եւ Վահագն Գարագաշեան (հեռակապով), որուն ատենապետն էր Շահան Գանտահարեան։ Վերջինս դիտել տուաւ, որ ներկայ դրութեամբ զանգուածային լրատուամիջոցները վաղուց դուրս եկած են դասական ընկալումներէ, որովհետեւ ժամանակակից վըրչուըլ (virtual) աշխարհակարգի փիլիսոփայութիւնը հայկական լրատուամիջոցներուն համար նորարարութիւնը կամ անվերջ փոփոխութիւնը կը վերածէ ո՛չ թէ միջոցի, այլ նպատակի։ Չոլաքեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ ինքնիշխանութեան կարեւորութեան մասին, որ համագործակցութեան նախապայմաններէն մէկն է, ապա թէ ոչ այդ կը դառնայ ինքնախաբէութիւն։ Իսկ Պօղոսեան խօսեցաւ Արցախի մէջ մամուլի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին։ Ան լուսարձակի տակ առաւ Արցախի հակամարտին առնչուած լրատուութեան մէջ հայ մամուլին ջանքերը միացնելու աշխատանքին կարեւորութիւնը։ Բ. նիստին վերջին զեկուցաբերն էր Վահագն Գարագաշեան, որ հեռակապով անդրադարձաւ «Հակահայ քարոզչութեան դէմ տեղեկատուական պատերազմը» նիւթին։ Ան դիտել տուաւ, թէ Հայաստանը ռազմավարական, դիւանագիտական եւ տեղեկատուական պատերազմի մէջ է իր թշնամիներուն դէմ եւ լուսարձակի տակ առաւ հետեւողական աշխատանք տանելու, քարոզչական մեր կառոյցը վերահունաւորելու կարեւորութիւնը։

Գ. նիստին նիւթն էր «Մամուլը եւ նորարար արհեստագի­տութեան մարտահրաւէրները», որուն ատենապետեց  Միքայէլ Հաճեան։ Ան լուսարձակի տակ առաւ մերօրեայ սրընթաց աշխարհին մէջ մամուլին դիմաց ցցուած տարբեր ու բազմաթիւ դժուարութիւններուն հակազդելու անհրաժեշտութիւնը։ Առաջին  զեկուցաբերն Արամ Անանեան ներկայացուց «Հայկական տպագիր մամուլի ապա­գան. ինչպէ՞ս մրցունակ մնալ թուային դարաշրջանին մէջ» նիւթը։ Ան շեշտեց, որ ասիկա միայն հայկական խնդիր չէ, այլ ընդհանրապէս մամուլին դիմագրաւած հիմնական հարցերէն է` կացութիւնը նկատելով նախաճգնաժամային եւ անհրաժեշտ սեպելով ապագայ բեմագրութիւնը սերտելու եւ կանխատեսելու, որպէսզի կարելի ըլլայ փոփոխութիւններուն արձագանգել։ Երկրորդ զեկուցաբերը` Վիգէն Աւագեանը իբրեւ նիւթ ունեցաւ «Մամլոյ սպասաւորի կերպարը՝ նորա­րար արհեստագիտութեան օրերուն»։ Ան բաղդատական մը կատարեց մամլոյ սպասաւորին նախապէս մարմնաւորած կերպարին, յատկութիւններուն եւ ներկայիս` կազմակերպ քաոսին մէջ անոր պարզած կերպարին միջեւ։ Զեկուցաբերը շեշտեց, որ փոխուած են միջավայրը, աշխատանքային ոլորտը, պայմանները, սահմաններն ու սկզբունքները, ուստի մամլոյ այսօրուան սպասաւորին թիրախը պէտք է ըլլայ իւրայատկութիւնը, ստեղծագործական արտակարգ ճիգը, արագօրէն տեղեկահաւաք կատարելը, լուրերը մշակելն ու տարածելը` միշտ պահելով ճշմարտութիւնն ու ճշգրտութիւնը։ Յաջորդիւ, Նայիրի Հոխիկեան խօսեցաւ «Արեւմտեան Հայաստանի ազգային ինքնութիւնը պահպանող հայերու գործօն հայ-թուրքական յարաբերութիւններուն եւ հայկական ինքնագիտութեան մէջ» նիւթին մասին` դիտել տալով, որ 2008 թուականէն ի վեր յաճախակի այցելութիւններ տուած է արեւմտեան Հայաստան, ուր քարեղէն արժէքներուն կողքին իր ուշադրութեան կիզակէտը դարձած են հայկական արմատներ ունեցող անհատները, որոնք պահած են իրենց ինքնութիւնը։ Ան անդրադարձաւ այս գծով լրատուամիջոցներուն կատարելիք աշխատանքին մասին։ Գ. նիստի վերջին զեկուցաբերն էր Ահարոն Շխրտըմեան, որուն նիւթն էր «Տպագիր մամուլը եւ նոր իրա­կա­նութիւն»։ Ան կարեւոր նկատեց զատորոշել Հայաստանի եւ Սփիւռքի մամուլը, որովհետեւ իւրաքանչիւրը ունի տարբեր հարթութիւն, տարբեր պայմաններ ու իրականութիւն։ Ըստ անոր, տպագիր եւ ելեկտրոնային մամուլը զիրար կ՚ամբողջացնեն, սակայն բոլոր պարագաներուն ալ կարիքը կայ յանձնառու հրապարակագիրի, արհեստավարժ լրագրողի, որոնք պատասխանատու աշխատանք կը կատարեն։

Օրուան վերջին նիստը կը կրէր «Լրատուութիւնը եւ ընկերային ցանցերը» խորագիրը։ Նիստին ատենապետ Զաւէն Թորիկեան հակիրճ տողերու մէջ ներկայացուց վերնագրումի եւ էջադրումի կարեւորութիւնը եւ անոր ստեղծած կացութիւնը։ Գայիանէ Առաքելեան «YouTube-եան եւ Facebook-եան հեռարձակումները որպէս «մետիա»ի անկախութեան նոր գործիք եւ հնարաւորութիւն» նիւթը, ուր անդրադարձաւ մամուլի տնտեսական ազատութեան կարեւորութեան եւ ընկերային ցանցերուն ընծայած տարածքին մասին եւ նշեց, որ եթէ անցեալին խմբագիրները կ՚որոշէին մամուլի բովանդակութիւնը, ապա ներկայիս ընկերային ցանցերը կը կատարեն այդ մէկը։ Սաթիկ Սէյրանեան ներկայացուց «Հայաստանեան մամուլը թաւշեայ իրադարձութիւններէն յետոյ. մարտահրաւէրներ» նիւթը, ուր խօսեցաւ Հայաստանի մէջ ստեղծուած վերջին քաղաքական կացութեան ազդեցութիւնը Հայաստանի լրագրութեան դաշտին վրայ, ի մասնաւորի անհանդուրժողական մթնոլորտը։ Ապա, զեկոյց ներկայացուց Գեղամ Մանուկեան «Ամբողջական փոխ-ճանաչման խնդիրը հայկական մամուլին մէջ» նիւթով, ուր դիտել տուաւ, որ մամուլը կարգ մը խնդիրներ կ՚արծարծէ ընտրողական մօտեցումով եւ, հետեւաբար, հոն կը պակսին իսկական փոխ-ճանաչումը։ Վերջապէս, ելոյթ ունեցաւ Աբօ Չափարեան «Ազատ մամուլին դերը եւ առաքելութիւնը արագընթաց փոփոխութեան ենթակայ տեղեկատուական դաշտէն ներս» նիւթով։ Ան ընդգծեց մամուլին դերակատարութեան մասին ընթերցողին արթնութեան եւ սուտը ճշմարիտէն զանազանելու մասին ու դիտել տուաւ, որ մամուլը նաեւ զարգացման աղբիւր է։

Հայ մամուլի համահայկական համաժողովը երեկոյեան աւարտեց իր օրուան նիստերը, որմէ ետք մասնակիցները մեկնեցան Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանք, ուր ներկայ գտնուեցան «Հայ Պարի Երեկոյ»ին։

աղբյուրը՝ armenianorthodoxchurch.org

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter