HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Մուսա Լեռ - Ընտանեկան կառոյց

Հեղինակ՝ Վահրամ Շէմմասեան

Ամուսնութիւն և ընտանիքի կազմութիւն

Արտամուսնութիւնը ընդունուած կարգ էր ընտանիքի կազմութեան համար. արեան կապի «եօթը պորտ» հեռաւորութիւնը կը պահպանուէր՝ ծննդականօրէն փոխանցելի հիւանդութիւններէ  խուսափելու համար: [1] Իբրեւ կանոն, ամուսնութիւնները նախօրօք դասաւորուած կ'ըլլային: Ծնողները իրե՛նք գիտէին թէ ինչն է լաւը իրենց զաւկին համար, բայց կ'առնէին անոր հաւանութիւնը յարմար աղջկայ մը վրայ կեդրոնանալէ ետք: Ապա անոնք տեղեկութիւն կը հաւաքէին աղջկան և անոր ընտանիքին ընկերային-տնտեսական վիճակին, համբաւին ու ֆիզիքական-մտային կարողութեան մասին: Որեւէ պայմանաւորուածութենէ առաջ, աղջկան ընտանիքը եւս կը հետաքրքրուէր իրենց ապագայ փեսային եւ անոր հարազատներուն մասին: Այս ստուգումները աւելի դիւրութեամբ կը կատարուէին գիւղամիջեան պարագաներուն, ուր մարդիկ զիրար շատ լաւ կը ճանչնային, քան արտագիւղական ամուսնութիւններուն, որոնք այնքան ալ ընդհանրացած չէին: [2] Շատ քիչ պարագաներու «փախիլներ» կը պատահէին, երբ տղան եւ աղջիկը սիրահարած էին, բայց աղջկան հայրը դէմ էր անոնց միութեան: [3] Դատական հետապնդումի պարագային, գերակշիռ էր աղջկան որոշումը: [4] Աղջիկները ընդհանրապէս կ'ամուսնանային անչափահաս տարիքին, իսկ տղաքը՝ քսաններու կէսերուն: Հազուագիւտ պարագաներու, մասնաւորաբար երբ աղջկան նիւթական հարստութիւնը կամ ժառանգի տուեալները կը գերազանցէին տղուն ունեցուածքը, աղջիկը կրնար տղայէն աւելի մեծ ըլլալ: [5]

Ընդհանրապէս, ամուսնութեան համար աղջկան ձեռքը խնդրելու եւ անոր ընտանիքին հաւանութիւնը ստանալու արարողութիւնը կ'ընդգրկէր ընտանեկան երեք այցելութիւն՝ ամուրի տղուն ընտանիքը ներկայացնող պատուիրակութեամբ մը: Առաջին այցելութեան ընթացքին քահանան/պատուելին, ծխական խորհուրդի/թաղականութեան ատենապետը, գիւղական անձնաւորութիւն մը եւկամ տղուն ընտանիքին մէկ աւագ անդամը կը բացայայտէին իրենց մտադրութիւնը: Երկրորդ այցելութեան ընթացքին պատուիրակութիւնը կը ստանար բանաւոր համաձայնութիւն: Իսկական նշանախօսութիւնը տեղի կ'ունենար երրորդ այցելութեան ընթացքին՝ երկու ընտանիքներուն մասնակցութեամբ: Այս առիթով տեղի կ'ունենար խնճոյք:

Նշանուած շրջանին զոյգը իրաւունք չունէր առանձին հանդիպելու կամ իրարու հետ խօսելու նոյնիսկ ուրիշներու ներկայութեան, որպէսզի պահպանուէր ընտանեկան «պատիւը» կամ «արժանապատւութիւնը», նաեւ անոնք որոշ հեռաւորութիւն պէտք էր պահէին՝ նկատի ունենալով որ դէպքերը կրնային նաեւ անբարեհաճոյ ընթացք մը առնել: [6]

Հարսանիքները տեղի կ'ունենային Շաբաթ օրերը: Յատուկ պատրաստուած ճաշերն ու աւանդական երաժշտութիւնը, երգերն ու պարերը կը ճոխացնէին խնճոյքը: Փեսան եւ կնքահայրը հագցնելու պարտականութիւնը կը տրուէր իկիթպաշիին (քաջերու առաջնորդին) և անոր գիւղի ամուրիները ներկայացնող կամաւորներու անպաշտօն միութեան: Խումբ մը կիներ, որոնց շարքին ամուրիներ եւ նորապսակներ, նման արարողութիւններ կը կատարէին հարսին տունը: Ուրախ շքերթ մը փեսային տունէն ճամբայ կ'ելլէր դէպի հարսնացուին տունը, զայն կ'առնէր եւ կը տանէր եկեղեցի, ընդհանրապէս՝ ձիու վրայ: Իբրեւ կանոն, հարսնացուին ծնողները չէին մասնակցեր եկեղեցական արարողութեան, այն բացատրութեամբ, որ անոնք «կը սգային», որովհետեւ ան կը լքէր իրենց տունը՝ այլ ընտանիքի մը միանալու համար:

Հարսանիքի արարողութենէն ետք, փեսային հարազատները կ'ուղղուէին դէպի անոր բնակարանը՝ խնճոյքը շարունակելու համար: Հարսնացուին կողմէ երիտասարդ աղջիկներ կը կրէին գումաշը (կերպասը) և այլ առարկաներ իբրեւ անոր ուժէտին (օժիտ) մէկ մասը, մինչդեռ տղամարդ մը կը կրէր օժիտին աւելի ծանր արկղը: Նախքան զոյգին տուն մուտքը, հարսը կը փշրէր կաւէ կուժ մը՝ խորհրդանշականօրէն չար ոգիները վանելու նպատակով: Ան նաեւ նուռ մը կը նետէր գետին կամ պատին ուղղութեամբ՝ այն յոյսով որ կրնար այնքան զաւակներ ունենալ, որքան դուրս ժայթքած նռան կուտերու թիւը: Խնճոյքը կը շարունակուէր մինչեւ կիրակի ամբողջ օրը: Մեղրալուսինը տեղի կ'ունենար ամուսնոյն տան մէջ (նախասիրած կամ տարաշխարհիկ վայր մը ճամբորդելը անծանօթ պերճանք էր): Օդին մէջ արձակուած տօնական կրակոցները կ'աւետէին հարսին կուսութիւնը ամուսնութեան պահուն (կուսութիւնը ստուգելու եղանակը ճշդուած չէ)՝ գոհունակութիւն պատճառելով երկու ընտանիքներուն, որ իրենց պատիւը մնացած է անբիծ: Վերջապէս, նոյնքան կարեւոր է նշել, որ միայն մահը կրնար զոյգը իարմէ բաժնել. ամուսնալուծումը չտեսնուած երեւոյթ էր: [8]

Ծնունդներ և ընտանիքի թիւ

Կ'ակնկալուէր, որ զաւակներ ծնին ամուսնութեան առաջին տարուան ընթացքին: Կ'օգտագործուէին աւանդական դարմանումներ՝ յաճախ միացած ժողովրդային ծէսերու, եթէ կին մը յղի չմնար: Բայց ամուսնալուծումը իբրեւ տարբերակ չէր ընդունուած, նոյնիսկ այն պարագային, երբ յղանալու բոլոր միջոցները ապարդիւն մնային: Կը նախընտրէին տղան իբրեւ առաջին զաւակ՝ երկու պատճառով. շարունակել կրելու ընտանիքին մականունը եւ ունենալու տնտեսական օժանդակ ձեռք մը: Առաջին տղայ եւ աղջիկ զաւակները անառարկելիօրէն կ'անուանակոչուէին իրենց հօրենական մեծհօր և մեծմօր անուններով: Տղաներն ու աղջիկները որոշ տարիքէ մը ետք տարբեր կը կրթուէին: Տղաներու պարագային շեշտը կը դրուէր տքնաջան աշխատանքին վրայ, որպէսզի հետագային անոնք կարենային նեցուկ կանգնիլ իրենց ընտանիքներուն: Աղջիկներու պարագային, մանկութիւնը յարմար ժամանակ կը նկատուէր լաւ տանտիկիններ դառնալու միջոցները սորվելու համար: Այդ իսկ պատճառով, ընդհանուր առմամբ, աղջիկներու դպրոցական պաշտօնական կրթութիւնը կարեւոր չէր նկատուեր [9], թէեւ այդ մտածելակերպը սկսած էր փոխուիլ:

Բոլոր տուեալերը ցոյց կու տան, որ Մուսա Լեռան մէջ ընտանիքի անդամներուն թիւը մեծ չէր: Այս իրողութիւնը կը հաստատեն երեք տարբեր հետազօտութիւններ: Նախ, հիմնուելով 1929-ին կատարուած մարդահամարի տուեալներուն վրայ, իւրաքանչիւր գիւղի մէջ ընտանիքի միջին թիւը կը ներկայացնէր հետեւեալ պատկերը. Պիթիաս՝ 5.05, Հաճի Հապիպլի՝ 4.4, Եողունոլուք՝ 5, Խըտըր Պէկ՝ 4.83, Վագըֆ՝ 5.4. Քապուսիէ՝ 5, միջին հաշւուվ 4.94: [10] Երկրորդ, 1939-ին, իբրեւ նախպատրաստութիւն հաւաքական արտագաղթի՝կատարուած մարդահամար մը ցոյց կու տար հետեւեալ թիւերը (դժբախտաբար, Եողունոլուքի և Վագըֆի տուեալները գոյութիւն չունին). Պիթիաս՝ 278 տան պարագլուխ, 946 ընտանիքի անդամ: «Տան պարագլուխի» ցանկին մէջ կային 63 ամուրիներ (մեծաւ մասամբ) և չամուսնացած կիներ (եւ թերեւս քանի մը այրի կիներ ու տղամարդիկ), որոնք ընտանիքի անդամներ չունէին: Հետեւաբար տան պարագլուխներու իսկական թիւը 215 էր, իսկ ընտանիքի միջին թիւը՝ 4.33, 10-ն՝ առաւելագոյն թիւը: Հաճի Հապիպլին ունէր 207 տան պարագլուխ՝ ընդհանուր 909 անդամով, միջինը 4.39 հոգի, 11-ը՝ ընտանիքի առաւելագոյն թիւը: Խըտըր Պէկի մէջ՝ 217 տան պարագլուխ, 1.037 անդամ, ընտանիքի միջին թիւը`4.77 հոգի, 11-ը` ընտանիքի առաւելագոյն թիւը: Քապուսիէի մէջ՝ 184 տան պարագլուխ, 890 անդամ, ընտանիքի միջին թիւը՝ 4.83, 9-ը՝ ընտանիքի առաւելագոյն թիւը: Ամփոփելու համար, այդ չորս գիւղերուն մէջ ընտանիքի միջին թիւը կը տարուբերէր 4.33 եւ 4.83 անդամի միջև՝ միջին հաշուով 4.58 հոգի:

Երրորդ՝ 22 Օգոստոս 1939-ին ֆրանսացիներու կողմէ Ռաս ալ-Պասիթի ճամբարին մէջ կատարուած մարդահամար մը ցոյց կու տար հետեւեալ պատկերը. Պիթիաս՝ 228 ընտանիք 982 անդամներով, միջին հաշուով 4.3 հոգի իւրաքանչիւր ընտանիք մէջ (միջինները իմս են). Հաճի Հապիպլի՝ 215 ընտանիք, 909 անդամ, միջին հաշուով 4.22 հոգի/ընտանիք; Եողունոլուք՝ 236 ընտանիք, 886 անդամ, 3.75 հոգի/ընտանիք. Խըտըր Պէկ՝ 243 ընտանիք, 1.082 անդամ, 4.45 հոգի/ընտանիք. Վագըֆ՝ 89 ընտանիք, 368 անդամ, 4.13 հոգի/ընտանիք. Քապուսիէ՝ 193 ընտանիք, 898 անդամ, 4.65 հոգի/ընտանիք: [11] Հետեւաբար, ընտանիքի թիւը կը տարուբերէր 3.75 և 4.65 հոգիի միջև՝ միջին հաշուով 4.25 հոգի: Եզրակացնելու համար, հակառակ անոր որ երեք մարդահամարներուն մէջ միջին ցուցանիշներուն միջեւ կան տարբերութիւններ, սակայն անոնք բացայայտ կը դարձնեն, որ Մուսա Լեռան մէջ ընտանիքի անդամներուն թիւը փոքր էր՝ հինգ հոգիէ պակաս իւրաքանչիւր ընտանիքի համար: Դժբախտաբար, մենք չունինք շօշափելի ապացոյցներ նոյն յարկին տակ միասին բնակող ընտանիքներու թիւին մասին, հակառակ անոր որ վերը նշուած բնակարաններու վերաբերող բաժնին մէջ ակնարկութիւն կայ այդ մասին:

Ներընտանեկան յարաբերութիւններ

Ամուսին-կին յարաբերութիւնները եւ առհասարակ այրերու եւ կիներու ընկերային կարգավիճակը որոշ չափով կը տարբերէր ըստ անոնց գտնուած վայրին և կրօնական դաւանանքին: Մուսա Լեռան գիւղերը մեր հայեցողութեամբ կարելի է բաժնել երկու խումբի: Առաջին խումբը՝ Եողունոլուք, Խըտըր Պէկ, Վագըֆ, Քապուսիէ. երկրորդ խումբը՝ Պիթիաս և Հաճի Հապիպլի: Առաջին խումբին մէջ նկատառելի անհաւասարութիւն կար երկու սեռերուն միջև: Տղամարդիկ կ'առնէին կարեւոր որոշումները և հրամաններ կու տային, մինչ կիները պարտաւոր էին հնազանդելու՝ առանց հարցադրելու զանոնք: Այսուհանդերձ, կիները եւ ոչ թէ տղամարդիկ կը փոխադրէին փայտի և թուփերու ծանր բեռները, ինչպէս նաեւ՝ ջուր կը կրէին աղբիւրներէն: Տղամարդիկ նոյնիսկ իրենց զաւակները չէին գրկեր հանրութեան առջեւ՝ գրկելը համարելով անտեղի, եթէ ոչ ամօթալի: [12] Հակառակ այն իրողութեան որ կիները աւելի ծանր պարտաւորութիւններ ունէին քան տղամարդիկ, ինչպէս՝ տան աշխատանքները, զաւակներու կրթութիւնը եւ նիւթականներդրումը, անոնց պարտականութիւնները ընդհանուր առմամբ չէին ընկալուած կամ գնահատուած հասարակութեան կողմէ: Եթէ որեւէ պատճառով ​​զոյգը միասին դուրս գար տունէն, անոնք կը քալէին անջատ՝ կինը քիչ մը ետեւէն հետեւելով ամուսնոյն: Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ տղամարդիկ կը գրաւէին առջեւի շարքերը, տարեց կիները՝ մէջտեղի, իսկ երիտասարդները՝ ետեւի շարքերը, մուտքին մօտ: [13]

 

Երկրորդ խումբին մէջ, աւանդական, պահպանողական նկատառումները նուազ կաշկանդող էին կիներուն համար: Մասնաւորաբար Աւետարանական համայնքին մէջ, կիները աւելի համարձակ կ'արտայատէին իրենց տեսակէտները: Ամուսինները նուազ հակակշռող եւ աւելի յարգալիր էին իրենց կիներուն հանդէպ: Ամուսնացած զոյգերը սովորաբար կողք կողքի կը քալէին երբ դուրս գային, երբեմն նոյնիսկ՝ թեւանցուկ: Թէեւ անոնք ծանր աշխատանքով նուազ ծանրաբեռնուած չէին քան այլ վայրերու մէջ գտնուող կիները, այսուհանդերձ անոնք գնահատուած էին ընտանեկան բարեկեցութեան մէջ իրենց զգալի ներդրումին համար: Անշուշտ որ եկեղեցական պաշտամունքի ժամանակ առկայ էր սեռերու ֆիզիքական բաժանումը: Բայց անիկա զուգահեռ բաժանում էր, այսինքն՝ տղամարդիկ կը նստէին աջ կողմի նստարաններուն վրայ, իսկ կիները ձախ կողմի նստարաններուն վրայ՝ բոլորը բեմին դիմաց, հետևաբար ոչ առջեւ-ետեւի շարքով: Պիթիասի Առաքելական համայնքը, թէեւ ոչ այնքան ազատական, բայց ազդուած էր աւետարանականներէն եւ, հետեւաբար, նուազ պահպանողական էր քան առաջին խումբի իր հայրենակիցները [14]: Հաճի Հապիպլիի համայնքը, որ հիմնականօրէն կը պատկանէր Առաքելական եկեղեցւոյ, կը նմանէր Պիթիասի իր կրօնակիցներուն՝ ինչ կը վերաբերի կիներու կարգավիճակին և սեռերու յարաբերութեան: Այս մէկը կարելի է մասամբ բացատրել երկու գիւղերուն միջեւ շատերու ընտանեկան յարաբերութիւններով, ինչպէս նաեւ՝ անոնց աշխարհագրական մօտիկութեամբ: [15] Խըտըր Պէկի և Եողունոլուքի աւելի փոքրաթիւ Կաթողիկէհամայնքներուն պարագային, այր-կին յարաբերութիւններուն և անոնց կարգավիճակին վերաբերող տեղեկութիւններ գոյութիւն չունին: Սակայն, յարաբերաբար ապահով պիտի ըլլայ ենթադրել, որ կաթողիկէներու պայմանները աւելի մօտ եղած են իրենց առաքելական համագիւղացիներու պայմաններուն:

Որոշ բացառութիւններով, առաջին խումբին պատկանող ամուսինը չէր խօսեր կնոջը հետ կամ անոր մասին՝ անոր անունը տալով: Փոխարէնը զայն կ'անուանէր մէյր (մեր), չուճխնէն մուար (զաւակներուն մայրը), կնակ (կին), աշկէյն (աղջիկ կամ [այսինչին՝ հօր անունը...դուստրը]) և այլն: [16] Իր կարգին, կինը իր ամուսնոյն հետ կամ անոր մասին կը խօսէր ըսլեով մուրդ (տղամարդ/ամուսին) կամ միյր մուրդ (մեր մարդը/ամուսինը):

Ինչո՞ւ: Տղամարդկանց պարագային, այն պատճառով, որ ջերմութիւն արտայայտելը, տան թէ հասարակութեան մէջ, նոյնիսկ միայն կնոջ անունը նշելով, կը նկատուէր ամօթալի, կամ անունը չտալով ան կը հաստատէր կամ կ'ամրացնէր իր հեղինակութիւնը կամ գերակայութիւնը: Կիներու պարագային, անոնք ստիպուած էին պահելու ակնկալուած ձեւականութիւնը՝ երրորդ դէմքով խօսելով իրենց ամուսնոյն հետ: [17] Բայց Պիթիասի մէջ, ամուսին եւ կին իրենց անուններով կը խօսէին իրարու հետ [18]՝ իբրեւ այլ դրսեւորում անպաշտօնականութեան կամ ջերմութիւն բացայայտող արտայատութեան: Այս եւ վերը նշուած կարգ մը երեւոյթները կարելի է վերագրել տասնամեակներով անոնց կրած ամերիկեան բողոքական միսիոնարական ազատականութեան ազդեցութեան՝ առնուազն համեմատելով Մուսա Լեռան մէջ առկայ պահպանողականութեան հետ [19], ինչպէս նաեւ՝ ամառային արձակուրդի համար եկած մարդոց քաղքենի ապրելակերպի ազդեցութեան:

Ընտանիքին տարբեր անդամները, ներառեալ խնամիներն ու կնքահայրը կը ճանչցուէին բարդ եզրերով: Տուտ եւ մար յաջորդաբար կը բնորշէին հայր և մայր: Պապակ կը նշանակէր հօրենական, ինչպես նաեւ՝ մօրենական մեծհայր: Բայց «մեծմօր» հանդէպ բոլորովին տարբեր վերաբերում կար: Մինչ տատիմար բառացիօրէն կը նշանակէր հօր մայրը, քիրըմար կը նշանակէր մօրեղբօր մայրը: Այլ խօսքով, մօրենական մեծմայրը կը ճանչցուէր իր որդիին եւ ոչ թէ ուղղակիօրէն իր դուստրին միջոցով: Այս մէկը կարելի է նաեւ նկատել այլ ցուցանիշ մը, որ Մուսա Լեռան ընկերութիւնը ամէն ձեւով ունէր հայրիշխանական դիմագիծ: Հօրեղբայրը կը ճանչցուէր իբրեւ ամմա, մինչդեռ անոր կինը կը կոչուէր աղբէրկէն, այսինքն (հօր) եղբօր կինը: Հուրքէր/հուրքայրը հօրաքոյրն էր, անոր ամուսինը` հուրքըրար: Քիրան մօրեղբայրն էր, իսկ անոր կինը՝ քիրէկէն: Մուրքեր/մուրքայրը մօրաքոյրն էր, իսկ ամուսինը՝ մուրքըրար: Կնոջ կէսուրհայրն ու կէսուրմայրը ծանօթ էին իբրեւ սկսրար և սկիսիւր, մինչդեռ տղամարդուն կէսուրհայրն ու կէսուրմայրը կը կոչուէին քայընպապա և քայնանա: Ամուսնոյն եղբայրը կը կոչուէր տաքրարի, իսկ կինը նիրտիկէն: Ամուսնոյն քոյրը` տուլ կամ տալտիկէն, բայց ըստ երեւոյթին որեւէ անուն գոյութիւն չունէր անոր ամուսնին համար: Միւս կողմէ, կնոջ եղբայրը քէյնա էր: Տղուն ընտանիքը անոր կինը կը կոչէին հուրս (հարս) և իրենց դստեր ամուսինը՝ փիսօ (փեսայ): Քոյր-եղբայրներ եւ զարմիկներ զիրար կ'անուանէին աղբար (եղբայր) և քայր/քուրէոկ (քոյր): Իւրաքանչիւր սեռի թոռը թուռըն էր: Ինչ կը վերաբերի կնքահօր, ապա զայն կը կոչէին պուպ, անոր կինը՝մում, մայրը՝ պապումար, իսկ քոյրը՝ պապուքէր: Հոս եւս պուպի հայրը և եղբայրը յատուկ նշանակութիւն չունէին: Այսուհանդերձ, կնքահօր ամբողջ ընտանիքը յարգալիր կերպով կը ճանչցուէր իբրեւ պուպընք (կամ պապընք): Մարդիկ ուշադիր կը հետեւէին խնամիներու եւ կնքահօր առնչուող արարողակարգերուն՝ նկատի առնելով որ փոխադարձ հրաւէրներ, այցելութիւններ եւ կամ նուէրներու փոխանակում տեղի կ'ունենային ընտանեկան յատուկ առիթներով և կրօնական տօներուն: [20]

Մականուններ

Մուսա Լեռան մականունները, որոնք կարելի է բաժնել վեց հիմնական դասաւորումներու, կը ներկայացնէին յաւելեալ ցուցանիշներ ընկերային դերերու, կարգավիճակի կամ յարաբերութիւններու մասին: 

Սկսելու համար, զգալի թիւով ընտանիքներ իրենք զիրենք կը ներկայացնէին հիմնադիր նախահօր կամ նահապետին անունով` աւելցնելով հայերէն «եան» վերջածանցը, ինչ որ կը նշանակէր «անոր ժառանգորդները»: Այսպիսով, Թովմասեան, Թորոսեան, Մաթոսեան, Անդրէասեան, Միքայէլեան, Աբրահամեան, Անտոնեան, Նիկողոսեան, Մելիտոնեան, Իսկենտէրեան եւ այլն: Նկատի առնելով որ որոշ ընտանիքներ քահանայական շարաւիղի մաս կը կազմէին,  անոնք իրենց մականունին սկիզբը կ'աւելցնէին Տէր (Հայր/Տէր) տիտղոսը՝ Տէր Գալուստեան, Տէր Պետրոսեան, Տէր Յովհաննէսեան, Տէր Առաքելեան: Երկրորդ, մականուններու շօշափելի բաժինը ցոյց կու տար անոր տիրոջ աշխարհագրական ծագումը, ինչպէս՝ Պոլիսեան (Սթամպուլէն), Սթամպուլեան (Պոլիսէն), Իզմիրլեան (Իզմիր/Զմիւռնիայէն), Պուրսալեան (Պուրսայէն), Այնթապեան (Այնթապէն), Ուրֆալեան (Ուրֆայէն), Քըպրըսլեան (Կիպրոսէն) և Քեսապլեան (Քեսապէն): [21] Այլ խօսքով, Մուսա Լեռան համայնքը կը բաղկանար տարբեր վայրերէ եկած մարդոց խառնուրդով, որոնց նախնիները տարբեր պատճառներով գաղթած էին կամ ապաստանած Մուսա Լեռ՝ այնու գումարուելով ենթադրեալ բնիկներուն վրայ, որոնք շատ հաւանաբար հոն կը գտնուէին շատ հին ժամանակներէ ի վեր:

շարունակությունը՝ այստեղ

 

 

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter