HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Մնացին երկուքով

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը կը շարունակուի՝ պետութեան կողմէ ուղարկուած կանոնադրութեամբ նախատեսուած ժամանակացոյցով։ Այժմու դրութեամբ արդէն յայտնի դարձած են վերջնական թեկնածուները։ Այսպէս, երէկուան դրութեամբ պատրիարքական անխուսափելի երկու թեկնածուները դարձան՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Արդարեւ, գերմանահայոց նախկին թեմակալ առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ պաշտօնական նամակ մը ուղարկեց Պատրիարքարան եւ յստակեցուց իր թեկնածութեան հանգամանքը։ Այսպէս, նորին սրբազնութիւնը թեկնածու պիտի չըլլայ յառաջիկայ պատրիարքական ընտրութեան համար։

Ինչպէս ծանօթ է, տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան միջոց մը առաջ պաշտօնական նամակներ ուղարկած էր այն սրբազաններուն, որոնք կը բաւարարեն՝ պետութեան կողմէ ուղարկուած կանոնադրութեան մէջ նախատեսուած պայմանները։ Քաղաքիս երկու սրբազաններուն առընթեր այդ պայմանները կը բաւարարէր նաեւ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։ Տեղապահ սրբազան հօր նամակին մէջ հոկտեմբերի 21-ը վերջնաժամկէտ սահմանուած էր՝ թեկնածութեան պարագայի յստակեցման համար։ Ուստի, այդ ժամկէտէն օր մը առաջ՝ երէկ, Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան ուղարկեց իր պատասխանը Պատրիարքարան։ Նորին սրբազնութեան՝ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանին հասցէագրուած նամակին մէջ նշուած է հետեւալը.

«Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ինծի ուղղեալ Ձեր 9 հոկտեմբեր 2019 թուակիր նամակի համար, որով կ՚ուզէք գիտնալ, թէ արդեօք պատրիարքական թեկնածու պիտի ներկայանա՞մ, կամ ոչ։

«Ներկայ պայմաններու ներքոյ, երբ խախտուած են շուրջ տասն սրբազան եպիսկոպոսներու իրաւունքները եւ ջնջուած են անոնց թեկնածու ներկայանալու հնարաւորութիւնները, ես յարմար կը նկատեմ առ ի զօրակցութիւն անոնց նոյնպէս թեկնածու չներկայանալ։ Ուղեցոյցի սահմանափակումը՝ ապագայի համար Պատրիարքարանին վտանգ կը ներկայացնէ։

«Կոչ եւ խնդրանք կ՚ուղղեմ միւս երկու հնարաւոր թեկնածուներուն՝ յանուն հաւասարութեան եւ արդարութեան նոյնպէս թեկնածութիւն չներկայացնել»։

աղբյուը՝ Ժամանակ

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter