HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Կանոններու յստակեցում

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմինը երէկ Գումգաբուի մէջ գումարեց իր հերթական ժողովը։ Ատենապետ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուի գլխաւորութեամբ նիստի մասնակիցները շարունակեցին քննարկումներ ծաւալել Նախաձեռնարկ մարմնին կողմէ կատարուելիք երկու կարեւոր յայտարարութիւններուն շուրջ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, անցեալ շաբթուան հերթական ժողովի օրակարգի առանցքն ալ կազմած էր այս նիւթը։ Նախաձեռնարկ մարմնի բանբեր իրաւաբան Սարօ Պենկլեան այս առաւօտ հեռախօսազրոյցի ընթացքին մեզի տեղեկացուց, որ երէկուան հերթական ժողովի օրակարգն ալ ունեցած էր նոյն առաջնահերթութիւնը։

Ամենայն հաւանականութեամբ մինչեւ վաղը, եթէ մետասաներորդ պահուն անակնկալ մը չպատահի, Նախաձեռնարկ մարմինը համայնքային մամուլի միջոցաւ պիտի հրապարակէ զեկոյց մը եւ շրջաբերական մը։ Զեկոյցը պիտի գայ վերահաստատել պատրիարքական ընտրութեան ժամանակացոյցը։ Սա արդէն ամենասկիզբին նախատեսուած ու պետութեան առաջարկուած օրացոյցին հետ տարբերութիւն մը պիտի չունենայ։ Այսինքն, դեկտեմբեր ամսուան մէջ պիտի ընտրուին նախ եկեղեցական, յետոյ աշխարհական պատգամաւորները, որոնց համատեղ կազմով պիտի կատարուի պատրիարքական ընտրութիւնը։ Նախաձեռնարկ մարմինը զեկոյցին մէջ մասնաւոր բաժին մը պիտի վերապահէ ընտրողներու տարիքային շեմին։ Ծանօթ է, որ ըստ կանոնադրութեան նուազագոյն  տարիքի շեմը իջեցուած է 18-ի։ Ուստի, Նախաձեռնարկ մարմինը կոչ պիտի ուղղէ, որպէսզի 18 տարիքը չլրացուցած մեր համայնքի անդամները չներկայանան քուէարկութեան։ Նախաձեռնարկ մարմնի զեկոյցին մէջ պիտի վերահաստատուի նաեւ, թէ ո՛ր ընտրաշրջանին քանի՛ պատգամաւոր պիտի վիճակի՝ ըստ պետութեան կողմէ ուղարկուած կանոնադրութեան տրամադրութիւններուն։

Իսկ Նախաձեռնարկ մարմնի կողմէ հրապարակուելիք շրջաբերականը յարաբերաբար աւելի ծաւալուն բովանդակութիւն մը պիտի ունենայ։ Սա պիտի ըլլայ առաւել չափով տեղական ընտրական մարմիններու գործունէութեան յստակեցման միտուած փաստաթուղթ մը, իբր այդ պիտի բովանդակէ թեքնիկ մանրամասնութիւններ։ Իրաւաբան Սարօ Պենկլեան մեզի յայտնեց, որ այս շրջաբերականի հրապարակման զուգահեռ՝ Նախաձեռնարկ մարմինը կը ծրագրէ տեղական ընտրական մարմիններուն հետ աւելի սերտ համագործակցութիւն մը ծաւալել յառաջիկային։ Նոյն ամբողջին մէջ կը նախատեսուի մասնաւոր խորհրդակցական հանդիպում մըն ալ կազմակերպել տեղական ընտրական մարմիններուն հետ։

ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆՆԵՐ

Միւս կողմէ, կը տեղեկանանք, որ Նախաձեռնարկ մարմնին երէկ իր հրաժարականը տեղեկացուցած է Մինաս Արսլան։ Այսպէսով կազմէն հրաժարած անդամներուն թիւը բարձրացած է հինգի։ Մինաս Արսլանէն առաջ Նախաձեռնարկ մարմնէն հրաժարած են՝ իրաւաբան Սեդրակ Տավութհան, Կարպիս Տուրասլան, Ղուկաս Արզուման եւ Գէորգ Ասլան։

նյութի աղբյուրը՝ Ժամանակ

 

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter