HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Անորոշութեան պայմաններու մէջ կը կարօտինք ողջմտութեան եւ լայնախոհութեան

Հետզհետէ ու­շագրաւ զար­գա­ցումներ տե­ղի կ՚ու­նե­նան Պատ­րիար­քի ընտրու­թեան խնդրի շուրջ։

Այսպէս անի­րաւո­ւած ու կեղ­ծո­ւած ընտրու­թեան մը նա­խօրէին ալ աւե­լի կը յստա­կանան դիր­քե­րը։ Ար­դէն առ­կայ տա­րակար­ծութիւննե­րէն ետք հի­մա տար­բեր թեկ­նա­ծու­նե­րու զօ­րակ­ցիլն ալ ինքնին պա­ռակտման նոր եղա­նակ մը կը ներ­կա­յաց­նէ։

Շա­տերուն հա­մար գաղտնիք չէ հա­մայնքի առա­ջատար բա­րերար­նե­րէն Տիգ­րան Կիւլմեզ­կի­լի եւ Պետ­րոս Շի­րինօղ­լո­ւի մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող հա­կադ­րութիւ­նը։

Շի­րինօղ­լու, որ մին­չեւ մօտ ան­ցեալ մեծ ոգե­ւորու­թեամբ կը զօ­րակ­ցէր Արամ արք. Աթէ­շեանի, այժմ փո­խած է իր դիր­քը եւ կը զօ­րակ­ցի Սա­հակ եպս. Մա­շալեանի։ Այս պայ­մաննե­րու տակ Տիգ­րան Կիւլմեզ­կիլ կա­րծես այլ ընտրանք չու­նէր եւ ստի­պուած էր ինք ալ զօ­րակ­ցիլ Աթէ­շեան սրբա­զանին։ Այսպէս այս շա­բաթո­ւայ «Ակօս»ի թրքե­րէն էջե­րու վրայ կը տես­նենք Կիւլմեզ­կի­լի բա­ցատ­րութիւննե­րը, թէ ինչու հա­մար կը զօ­րակ­ցի Արամ սրբա­զանին եւ նմա­նապէս Սա­հակ եպս. Մա­շալեանի պատ­րո­ւակ­նե­րը ինչպէս ու­թը տա­րի եւս կրնայ հե­տաձ­գուիլ պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թիւննե­րը եթէ դի­մէինք կա­տարո­ւած սխա­լը սրբագ­րե­լու նպա­տակով։ Միւս կող­մէ հա­սարա­կու­թիւնն ալ տար­բեր հար­թակնե­րու վրայ կը փոր­ձէ այլընտրանքներ գո­յաց­նել։

Այսպէս պոլ­սա­հայու­թիւնը տա­րին պի­տի աւար­տէ հետզհե­տէ աւե­լի սուր մրցակ­ցութեան մը պայ­մաննե­րուն ներ­քեւ։ Մեր առջեւ կը ծառանայ պատմական փորձադաշտ մը, կամ պիտի յաջողինք ողջամիտօրէն արդար լուծում մը գտնել, կամ ալ ստուեր պիտի ածենք համայնքի ապագային վրայ։

նիւթի աղբիւրը՝ Ակօս

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter