HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Նշան Պէշիկթաշլեան․ Հայ աղբրտիք(Կեսարացին, Իզմիրցին)

սկիզբը

Կեսարացին

Ս. Բարսեղ հայրապետը օր մը կը քալէ ճամբէ մը` որոճալով աղօթքներ։ Իրեն կը հետեւի սատանան` զինքը փորձելու համար։ Ս. Բարսեղ կը հանդիպի կարաւանի մը` բաղկացած ուղտերով եւ էշերով, բոլոր բեռնաբարձ։ Վաճառականները` Փղշտացի, Սկովտիացի ու Օվերնիացի, կը ծաղրեն Ս. Բարսեղը ու կ’ըսեն.

-Ապրանք ծախէ` փոխանակ սրբութիւն ծախելու։

Ս. Բարսեղ կը սրտմտի։

Փղշտացի մը կ’ըսէ.

-Եթէ իրաւ սուրբ ես, հրաշք մը գործէ տեսնենք։

Ս. Բարսեղ, փրփրած, գաւազանը կը զարնէ կարաւանին։

Ու յանկարծ, հրա՜շք, ահաւոր հրաշք մը։

Մուխ ու փոշի կը բարձրանայ։ Բոլոր վաճառականները, ամբողջ կենդանիները, ինչպէս նաեւ ապրանքները` խոզի իւղ, եզի, կովու, գոմէշի միսեր, չաման, պղպեղ, փղոսկր, քար, մորթ, կաշի, գորգ, կը վերածուին խմորի մը։

Ս. Բարսեղ, անիծելով կարաւանը, կը հեռանայ։ Իրեն հետեւող սատանան կը մտնէ խմորին մէջ ու անկէ կը շինէ նոր մարդիկ` իր բոցեղէն շունչը փչելով անոնց մէջ։

Այդ մարդիկը Կեսարացիներն են։ Ահա թէ ի՛նչ խմորէ շինուած են։

Կեսարացին կը ծնի` զարգացնելու համար Փղշտացի, Սկովտիացի, Օվերնիացի իր նախնիքներուն ոսկեծղի քաղաքակրթութիւնը։

Կախարդ մըն է ան, որ գիտէ ամէն բան ոսկիի վերածելու գաղտնիքը։ Մէկ բան միայն չէ կրցած ոսկիի վերածել` հայերէն լեզուն։ Թերեւս, ատոր համար է, որ հայերէն չի խօսիր, հայերէն չի գիտեր։ Թերեւս ալ, հայերէնը ինքնին ոսկեղինիկ լեզու մը ընդունելով, իր հրաշքը չէ ուզած փորձել։

Քար մը դրէք Ակնցիին ափը, ան այդ քարէն աղբիւր մը կը հանէ։ Նոյն այդ քարը դրէք Վանեցիին ձեռքը՝ ան ալ քարէն իր հացը կը հանէ։ Այդ քամուած քարը յանձնեցէք Կեսարացիին, ան կը բռնէ քարը, ու յանկարծ քարը ոսկի կը կտրի։

Կեսարացիին համար կեանքի մէջ ամէնէն խոր բանը նաւթահորն է, ամէնէն ընդարձակ բանը՝ գորգը, ու ամէնէն նուրբ բանը՝ ապուխտը։

Իսկ ամէնէն բարձր, օրինակելի, հանճարեղ մարդը Գալուստ Կիւլպէնկեանն է։

Կեսարացիին կայսերական կամ թագաւորական հարստութեան սպայակոյտի պետերը սթերլիններն են, զօրավարները՝ տոլարները, գնդապետները՝ ֆիորինները, փեզեթաները եւ մարքերը, սպաները՝ ֆրանքները ու լիրերը, հասարակ զինուորներն են ղրուշը, տրախմին, լէյը, լէվան եւայլն։ Կեսարացիին օդատորմիղը իր արժեթուղթերն են` միշտ ելեւէջի մէջ։

Կեսարացիին դաւանանքը առուտուրն է, տաճարը՝ շուկան, խորանը` խանութը։ Իր աստուածը` ոսկի հորթը, սուրբը՝ արծաթը ու սրբուհին կամ սիրուհին՝ գոհարեղէնը։

Կեսարացին իր կրօնքին ու պետութեան զօրութեամբ պատերազմի մէջ է խաղաղութեան ատեն, ինչպէս խաղաղութեան մէջ է պատերազմի ժամանակ։

Իր հայրենիքը կը սկսի Կեսարայէն ու կը վերջանայ հոն, ուր ինք կրցած է դիզել քանի մը միլիոն։

Իր ուղեղն ալ մատներուն մէջ է, մատը ստամոքսին մէջ է, ստամոքսը` հոգիին մէջ ու հոգին դրամատան մէջ է։

Ու այն Կեսարացին, որ մեր նկարագրածին պէս չէ, առնուազն դաւաճան մը կամ այլասերուած մըն է։

*

Կեսարացիին համար արուեստ մը կամ արհեստ մը ունեցող մարդը ոչ մէկ արժէք ունի։ Ան այդպիսի մէկը չառներ իր ծառայութեան մէջ։ Իր քով պաշտօնեայ ըլլալու համար մարդ հարկ է գիտնայ առնուազն տասը տեսակ գործ` հաշուակալութիւն, մեքենագրութիւն, նամակագրութիւն, խոհարարութիւն, սրճեփութիւն, սափրիչութիւն, ներկարարութիւն, ելեկտրագիտութիւն, վաճառորդութիւն, աւելածութիւն ու խաչելութիւն։ Բայց մանաւանդ` բեռնակրութիւն։ Կեսարացին կը քաջալերէ միայն քաջ բազմարհեստեանները։

Կեսարացի վաճառականը կ’ըսէ իր քով պաշտօնեայ առած բազմատաղանդին.

-Նայէ, որ ազատ ժամերդ պարապ չանցընես ու քանի մը կարեւոր արհեստներ ալ սորվիս, օրինակ` կօշիկի նորոգութիւն, արդուկ, մազ կտրել։ Մարզանք ալ ըրէ` ուժեղնալու համար։

Օր մըն ալ կ’ըսէ իր գրագիրին.

-Սա քանի մը գորգերը շալկէ ու Սահաթճեանին խանութը տար։

Պաշտօնեան փորձելէ վերջ, կուգայ ու կ’ըսէ.

-Աղա, գորգերը տասներկու հատ են, տեղէն վերցնել անկարելի եղաւ։ Պարոն Սահաթճեանին խանութն ալ հեռու է։ Դժբախտաբար ոյժէս, կարողութենէս վեր է այդ գորգերը շալկել ու տանիլ։

Կեսարացին պահ մը կը նայի իր գրագրին աչքերուն խորունկը ու կ’ըսէ.

-Քանի՞ քիլօ կուգան այդ գորգերը.

-Չեմ գիտեր… սակայն կը կարծեմ, որ հարիւր քիլօ մը ըլլալու են…

-Ծօ՛, եթէ հիմա քեզի հարիւր քիլօ ոսկի նուիրեմ, չե՞ս կրնար մինչեւ տունդ տանիլ։ Կը տանիս չէ՞, ու փետուրի պէս առած կը տանիս։ Ոչ թէ կը տանիս, այլ կը թռցնես։ Ծանրութիւնը միեւնոյնն է, ինչո՞ւ ոսկին պիտի տանիս եղեր ու գորգերը պիտի չկրնաս տանիլ։ Շո՛ւտ, շալկէ՛, եալլա՜հ…

*

Հակառակ իր ունեցած առեւտրական անգերազանցելի հանճարին՝ Կեսարացին երբեք գործ մը չի հիմներ միս մինակը։ Անպատճառ կ’աշխատի ընկերովի։ Իր գործի ընկերն է սատանան, որ իրմէ ո՛չ հաց կ’ուզէ, ո՛չ ալ ջուր կը պահանջէ։

Ան սատանային հետ կ’ըլլայ ընկեր-դաշնակից ու մտիկ կ’ընէ անոր խօսքը։

Երբ կը մտածէ, երբ կը հաշուէ, երբ կը սակարկէ, երբ կ’աշխատցնէ, երբ կուտայ կամ կ’առնէ, սատանան, անտեսանելի, միշտ քովն է ու կը կրկնէ.

-Ես եմ` Սադայէ՜լը… միակ խորհրդատուդ, որ քեզ հանեցի նեղութենէ, թշուառութենէ, անկուտութենէ։ Ինձմէ զատ` ուրիշ ընկերներ չունենաս։ Չըլլայ որ եկեղեցի, դպրոց, հիւանդանոց կամ որբանոց շինես։ Ամէն բարիքէ չարիք կը ծնի, ինչպէս կ’ըլլայ ընդհակառակն։ Առուտուր ըրած ատենդ չմոռնա՜ս Աստուծոյ եւ սուրբերուն անունները բերանդ առնել ու երդնուլ անոնցմով։ Հանգստութեան օրը մտքէդ հանէ։ Անիկա ծոյլի օր է։ Միակ հանգստութիւնը դրամ շահելուն մէջ կը կայանայ։ Եօթներորդ օրն ալ աշխատէ, այլ մանաւանդ` աշխատցուր։ Քանի մը ոսկի աւելի շահիլդ նայէ։ Ոչ ոք գործ չի հիմներ` ուրիշները ապրեցնելու համար, այլ` ինքը ապրելու համար փառաւորապէս։ Իրաւ է, որ վեց օրուան մէջ շինուեցան երկինքն ու երկիրը, սակայն եօթներորդ օրը ծախու հանուեցան։ Երկիրը ես` սադայէլս, գնեցի, ու երկինքը կողոպտեցին հրեշտակները։ Վաճառականութեան մէջ ոչ հայրդ ճանչցիր, ոչ ալ մայրդ, ապա թէ ոչ` մարդ քեզ չի ճանչնար։ Մարդոց հոգին իրենց քսակին մէջն է։ Վարպետ շնաբան մը եղիր. վաճառատանդ վերի յարկը շուն մը պահէ ու միշտ կրկնէ յաճախորդիդ առջեւ. «Շունէն ցած ըլլամ, եթէ սուտ կը խօսիմ»։ Գողութիւն մը՛ ըներ… երբ քնացած ես։ Դրացիիդ դէմ սուտ վկայութիւն ընելէ մի՛ քաշուիր, եթէ այդ կը պահանջէ նուիրական շահդ։ Մի՛ ցանկար դրացիիդ տանը, այլ անոր խանութին ցանկա, մի՛ ցանկար դրացիիդ կնոջը, այլ` անոր աղջկան, դրացիիդ ծառային կամ աղախնին մի՛ ցանկար, այլ` անոնց ստացած ամսականներուն, մի ցանկար դրացիիդ եզին, այլ` անկէ պատրաստուած ապուխտին, անոր իշուն մի՛ ցանկար, իսկ եթէ ցանկաս, գնէ՛ սատկած իշու գնով ու, զայն ներկելով, ծախէ երիտասարդ աւանակի արժէքով։

Կեսարացին, հեշտագին համբերութեամբ, մինչեւ խոր ծերութիւն հաւատարմօրէն կը գործադրէ սատանային պատուիրանները։

Օր մըն ալ, յանկարծ, կ’այլափոխուի Կեսարացին։ Կը բռնէ սատանան, կը խոթէ պարկը ու կը կապէ։ Եւ կը սկսի ափերով ոսկի տալ, երբեմն նոյնիսկ իր ամբողջ ունեցածը տալ` ազգօգուտ գործերու համար։
Ուրեմն Կեսարացին շատ ալ գէշ մարդ մը չէ, թէեւ իրմէ աղէկները կարելի է գտնել… դժոխքին մէջ։

Իզմիրցին

Աստուած, հայու կտոր մը, յոյնի խլեակ մը, եւրոպացիի մը շոշորթը իրար խառնակելով, ստեղծած է Զմիւռնահայը` անոր տալով արեւմտեան ջնարակ մը։

Զմիւռնահայուն ետեւէն վազած է սատանան ու ըսած անոր, կամացուկ մը.

- Հայրենակից, աննման դուրս եկար, իբրեւ Հայ։ Խրատ մը տամ քեզի. մի հաւնի՛ր ոչ մէկ մարդու, մանաւանդ մի՛ հաւնիր հայ ազգին պատկանող յիմարներուն եւ յամառներուն։

Զմիւռնահայը, որ չէր տեսած իր լսած խորհուրդին ո՛ւրկէ եկած ըլլալը, կարծեց, որ Աստուծոյ բերնով հրեշտակապետն էր իրեն հետ խօսողը ու հաւատարմօրէն գործադրեց իրեն տրուած պատուէրը` բացարձակապէս մարդու չհաւնելով։

Անիկա արհամարհեց յոյնը` զայն գտնելով թեթեւ։ Քննադատեց ֆրանսացին` զայն գտնելով բարակ։ Խրտչեցաւ հայէն` զայն գտնելով հաստ։

Նոյնիսկ չափազանցեց։ Չհաւնեցաւ ոչ մէկուն գաղափարին, զգացումին, գեղեցկութեան, գործին ու մանաւանդ` լեզուին։

Խօսիլ պէտք էր, սակայն, լեզուով մը։ Աւելի քան խօսիլ պէտք էր չհաւնողի մը։ Հարկ էր լեզու մը ստեղծել։ Եւ որովհետեւ ինք ստեղծագործական տաղանդով չէր ծնած, այլ միայն թարգմանիչի տենդով, իրար խառնեց հայերէնը, յունարէնը, ֆրանսերէնը եւ թուրքերէնը` մէջտեղ բերելով զմիւռներէնը։ Չէ՞ որ արդէն իւրաքանչիւր լեզու խառնուրդն է քանի մը հին լեզուներու։ Չորս լեզուներու թեւերով կազմեց լեզուական խաչ մը` յանուն լեզուական խաչելութեան։

Ու սկսաւ փայլիլ ու բարբառիլ։

Նմոյշ մը.

- Պոնժուռ, Վարվարա, թի՞ քանիս, քալա՞ իսէ, այս առտու ո՞ւր էիր, չոճուխս… թիւ սէ՞, օմորֆիմու, Աշոտը Քաթինային չիչէք մը տուաւ։ Քաթինային ֆիանսէն ալ, էտոբերա կեցած էր, թօ իտէ քէ եապանիի պէս թոխատ մը զարկաւ Աշոտին։ Լը Տոն Ժուան պիէն քոննիւ Աշոտը չախըճիի պէս պուչախը քաշեց մէ Քաթինան մէջ մտաւ. էլ ա սէբարէ։ Ամա նասըլ էլա սէբարէ թոքսէվրի՞ս, պէզէ մը Աշոտին տալով, պաչիկ մըն ալ իր ֆիանսէին։ Քսանըբէնտէ հոգի մէջ մտան։ Թովրատի սա վա պարտէ։ Օն վա րիկոլէ։ Էբէյի տեսնալիք բան կայ։ Ա՜հ, լուլուտաքիմու, քէլ պապիլոն, քէլ չորպա, էքէ՜լ խայտառակութիւն։

Ահա այսպէս յունարէնը միշտ իր լեզուին վրան է, թրքերէնը իր լեզուին տակն է, ֆրանսերէնը իր լեզուին ետեւն է, իսկ հայերէն լեզուն ալ իր լեզուին ծայրն է։ Եւ ահա թէ ի՛նչու լեզուն երկար է այս բազմալեզուեանին։

Ան գիտէ վարը նստիլ ու վերէն նայիլ։ Գիտէ վարը պառկիլ ու վերէն խռկալ։ Վարը ուտել, վերը կշտանալ։ Վարը աշխատիլ ու վերը հանգչիլ։

Չենք կրնար սակայն ըսել, որ այս ինքնահաւանը բան մը չգտաւ իր գաւառացի եղբայրներուն մէջ։ Այդ մեղքը չենք գործեր, քանի որ Զմիւռնահայը մէկուն մէջ գտաւ էշ մը, ուրիշին մէջ` գոմէշ մը, երրորդի մը մէջ` խոզ մը, չորրորդի մը մէջ` ջորի մը, հինգերորդի մը մէջ` գայլ մը ու վեցերորդի մը մէջ` գազան մը։

Կարծես հայութիւնը կենդանաբանական պարտէզ մը եղած ըլլար ու ինք ալ` օտար զբօսաշրջիկ մը։

Ու չհաւնեցաւ այդ կենդանաբանական պարտէզին ալ։

Չենք կրնար սակայն ըսել, որ բնաւ բանի մը չէ հաւնած Իզմիրցին։

Ան միշտ մէկ բանի շատ է հաւնած` իր դրացիին կնկանը։

Իր դրացին ալ թերի չէ գտնուած։ Ու այսպէս՝ բարեբարի եւ ոսկեզօծ դրացնութեան տեսիլներ անպակաս են եղած։

Իզմիրցին, տօնական առիթով, իր կնոջը կ’ըսէ.

- Գոհարս, քեզի ծաղիկ բերի։

Իսկ իր դրացիին կամ սիրուհիին կ’ըսէ.

- Ծաղիկս, քեզի գոհար բերի։

Յետոյ անպատճառ եկեղեցի կը փութայ ու Աստուածամօրը կ’ըսէ.

- Երկու մեղք ունիմ։ Առաջինը՝ Գոհարին հետ ծաղիկով գործուած ու երկրորդ մեղքս՝ Ծաղիկին հետ գոհարով գործուած։ Ահա երկու մոմ կը վառեմ ու երկու կաթիլ արցունք կը հանեմ։ Մոմերուս բոցով տաքցած արցունքներովս սրբէ մեղքերս, ո՜վ ծաղկագոհար Աստուածամայրս։

Իզմիրցին գիտէ ձեռքը ներքին գրպանը տանիլ իրեն, իրեններուն ու իրը համարածին համար։ Ուրիշներուն համար ալ ձեռքը այդ գրպանը կը տանի` կոճկելու համար զայն, յանուն քաղաքավարութեան։

Իզմիրցին գիտէ իր հայ ըլլալը. բայց ի՜նչ հայ…։ Վերի արտի հայերէն շատ աւելի վերերը բուսած հայ մը։ Այնքան հեռուն ու բարձրը բուսած, որ լոյսը իր գտնուած տեղէն մինչեւ վերի կամ վարի արտի Հայերուն կը հասնի, հարիւր տարիէն։ Մեզ նման սովորական Հայերէն որքան բարձր ըլլալը ըմբռնել տալու համար պիտի որակենք զինքը՝ վերին Երուսաղէմի Հայ։

Իզմիրցին գիտէ պաշտօնեայ ըլլալ։ Իսկ երբ գործատէր ըլլայ, գիտէ ըսել իր հայ յաճախորդին.

- Հայերու հետ գործ մ’ունենար։ Իզմիրցիի հետ, ինծի հետ ըրէ առուտուրդ։

Իզմիրցին ամենագէտ է։ Ամէն նիւթի մասին կը խօսի, որովհետեւ ամէն բան գիտէ։ Մէկ բան չգիտէր. իր բան մը չգիտնալն է այդ։ Իզմիրցիին պէս բանգէտ մը, անշուշտ, այդ մէկն ալ կը սորվի։

Վերջին աղէտներուն հետեւանքով բազմահազար հայորդիներ եղան հայրենազուրկ կամ առնուազն զրկուեցան իրենց ծննդավայրէն։ Հայը եղաւ գաղթական։ Մինակ Իզմիրցին է, որ հեռանալով իր ծննդավայրէն, տարագիր չեղաւ։ Ընդհակառակն։ Ան, Իզմիրէն հեռանալով, գնաց իր բուն հայրենիքը։ Այսինքն՝ Եւրոպա։

(շարունակություն)

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter