HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Նշան Պէշիկթաշլեան․ Հայ աղբրտիք(Գոնիացին,Պարտիզակցին, Տարօնցին)

սկիզբը

Գոնիացին

Աստուծոյ կողմէ չէ, որ ստեղծուած է Գոնիացին։ Ալլահին ձեռքերէն ելած պտուղ մըն է ան։ Երբ Ալլահ իր այս երկին շունչ կուտայ, կը ներկայանայ Աստուծոյ` առնելու համար կարծիք։

Աստուած քննելէ վերջ իր առջեւ դրուած ապրանքը, կը հարցնէ Ալլահին.

- Ի՞նչ ընելու ընդունակ է այս արարածը։

Ալլահ պատասխան կուտայ.

- Կրնայ անմրցելիօրէն «Գոնեալը» երգել ու պարել։ Կրնայ շիշերով օղի խմել, կաթսաներով կերակուր ուտել եւ քաջաբար թրքերէն խօսիլ։ Իբրեւ այր քաջ՝ կրնայ կնիկ ալ ծեծել։ Ըսածիս մէջ ո՛չ սուտ կայ, ո՛չ ալ սխալ։

Եւ Ալլահ կը հրամայէ Գոնիացիին, որ երգէ ու պարէ։ Գոնիացին չի հնազանդիր` նեղ դրութեան մէջ դնելով զինքը ստեղծողը։ Ալլահ կը քրտնի ու կրկին կը հրամայէ։ Գոնիացին, Աստուծոյ առջեւ տպաւորութիւն գործելու համար, կը պատասխանէ թրքերէն ոտանաւորով մը, որուն մէկ մասը կը հայացնենք.

- Կընիկ պէյազ,

Օղի պիրազ,

Առանց անոնց,

Երգ, պար օլմազ

Կամ եարամազ։

Աստուած կը թքնէ Գոնիացիին երեսը, իսկ Ալլահ, ուրանալով իր ձեռակերտը, սադայէլի մը կը յանձնէ զայն, որպէսզի փճացուի դժոխոց հուրերուն մէջ։

Սատանան սակայն կ’ըսէ Գոնիացիին.

- Քեզի դուրսէն վառելու չէ, այլ ներսէն։ Երկիր իջնես, օղի խմես ու այրիս։ Կին տեսնես ու այրիս։ Ամառը վառիս ու ձմեռը բռնկիս։

Ու անկէ ի վեր բոցերու մէջ է Գոնիացին։ Իր մէջ ինչ որ դնես, վայրկենապէս կը վառի, կը լմննայ։ Գիտութիւն դիր իր մէջ՝ ժամ մը վերջը կը գտնես մոխիր։ Հայութիւն դիր իր մէջ՝ պահիկ մը վերջը` աճիւն։ Դաստիարակութիւն խոթէ իր մէջ՝ շաբաթ մը վերջը Պոմպէ եւ Հերքիւլանում։ Իր մէջի շարժող կրակը ամէն ինչ կը լափէ, կը կործանէ։ Անշէջ հուր է. աս ալ բան մըն է… բան մը չեղած տեղը։

Ատրաշէկ Մողոք մըն է։ Ով որ կ’ուզէ զոհաբերել իր աղջիկը՝ թող զայնը նետէ Մողոքին բազուկներուն մէջ։

*

Գոնիացին, երբ օղեսեղանի մը առջեւ բազմած է, ինք առանձին, կրնայ ձեզի պարգեւել դասախօսական եւ գեղարուեստական հանդէսի մը ամբողջ յայտագիրը` զայն գործադրելով ծայրէ ծայր։ Նախ կ’ընէ բացման խօսքը… փակելով ամէնուն բերանը։ Յետոյ կը սկսի բանախօսութեան՝ ճառելով անբանախօսութեան մասին, մերթ ընդ մերթ ալ համեմելով իր պերճախօսութիւնը, բացատրութիւններ տալով օղիին բարերար դերին համար, ազգութեան եւ կրօնքի մէջ։ Անմիջապէս վերջը կ’անցնի գեղարուեստական բաժնին՝ երգելով «մանի» մը կամ «մէմօ»ն։ Կ’արտասանէ Նամըք Քէմալի անտիպ քերթուածներէն մին ու իսկոյն ոտքի կ’ելլէ` թրթռալու համար պորտախաղի մը մէջ։ Այդ երանեալ պահերուն Գոնիացիին գլուխը ներս մտած է Մուհամմէտի արքայութենէն ու կը ծփայ ու կը թաւալի հուրիներու ալեկոծութեան մէջ։ Երբեմն ալ իրեն այնպէս կը թուի, թէ ոտքերը վերն են ու գլուխը վարն է։ Եթէ բան մը կայ, որ իր տեղը մնացած է, ան ալ իր որկորն է։ Իր ոտնամբարձ վիճակին մէջ կը թեւածէ իբրեւ տարաշխարհիկ թռչուն։ Այս ապրումներէն վերջ յաճախ գեղարուեստական բաժինը կը լրանայ կատակերգութիւնով մը, որուն վարագոյրը չիջներ, որովհետեւ ան վախճան չունի։ Կատակերգութեան հերոսը ինքն է. միւս դերակատարներն են իր կինը, իր զաւակները, իր հարսերն ու փեսաները։ Կատակերգութեան նիւթը կռիւ մըն է, կռիւին բովանդակութիւնը հայհոյութիւն է, ու հայհոյութեան իմաստը անհուն է` տարածուելով մինչեւ հարիւրերորդ պորտ։

Պէտք է ըսել, սակայն, որ Գոնիացիին սեղանը բաց է. օղիին շիշը աւելի բաց է, իսկ իր բերանը շատ աւելի բաց է։ Հիւր մը այդքան բաց տեղերէ ներս մտնելով՝ կը գտնէ ինքզինքը անդունդի մը մէջ։

*

Գոնիացին, գեղարուեստ ըսելով, կը ճանչնայ պորտախաղը, «Գոնեալը»ի նմանամերձ երգերը։ Լեզու ըսելով` կը հասկնայ թրքերէնը եւ քաղաքակրթութիւն ըսելով` կը հասկնայ «թէմէննահ»ը եւ «քէյֆ»ը։ Ու հազար անգամ կ’ափսոսայ, որ այդ գլուխգործոցները յամրաբար կը չքանան աշխարհի երեսէն, ինչպէս նաեւ մեր մէջէն։ Կը բացագանչէ.

- Հէ՜յ վախ, հէ՜յ վախ, սանկ բերնի համով ֆարսի թուրքերէն մը խօսելու համար մարդ չմնաց, փաշա, պէյ, էֆէնտի, հանըմ էֆէնտի չմնաց, համ հոտ չմնաց, կազէլ, մանի, շարգի, նիհավէնտ, սապահի, հիճազքեար քիւրտի չմնաց, աշխարհ, կեանք, պատիւ, արուեստ չմնաց…

Օր մը Գոնիացին այս մասին իր ցաւը կը յայտնէ Թուրքի մը, իսկ Թուրքը իրեն կը պատասխանէ` ըսելով.

- Գոնիացի, փոխէ սա Թուրքի գլուխդ։

*

Անշուշտ, ամէն Գոնիացի մեր նկարագրած Գոնիացիին պէս չէ, բարեբախտաբար։ Եւ սակայն, դժբախտաբար, բազմահազար Հայեր կան, որոնք նման են մեր ներկայացուցած Գոնիացիին։

Կը յուսանք եւ կը հաւատանք, որ անոնցմէ շատերը, մօտերս, դիմում պիտի կատարեն, ուր որ անկ է, նաթիւրալիզէ հայ ըլլալու համար։

Պարտիզակցին

ԺԵ. դարուն վերջերը հոգեւոր հովիւ մը Բիւթանիոյ մէկ գիւղը կը մտնէ` տեղացի Հայերը հեթանոսութենէ քրիստոնէութեան դարձնելու համար։ Հոգեւոր հովիւը` Ամբրոսիոս վրդ. Ինքնատիոսեան, քանի մը շաբաթուան ընթացքին տեղացիները խորապէս ուսումնասիրելէ յետոյ, կ’ըսէ գեղջուկներուն եւ գեղջկուհիներուն.

- Ձեր շէնին կնքահայրը կ’ըլլամ ու կ’անուանեմ ձեր գիւղը Պարտիզակ։

- Ի՞նչու համար այդ անունը կը դնէք մեր գիւղին, - կը հարցնեն։

Ու հոգեւոր հովիւը կը պատասխանէ.

- Ամէնքդ ալ մէյ մէկ ծաղիկ էք։ Այսքան բարի ծաղիկ պարունակող գիւղ մը, բնականաբար, պէտք է կոչուի Պարտիզակ։

Պարտիզակցիները Ամբրոսիոս վրդ. ի օրով, փոխանակ քրիստոնեայ ըլլալու, կը դառնան մահմետական։

*

Պարտիզակցի այրերը կատաղի ծաղիկներ են` ո՛ր կուսակցութեան ալ պատկանին։ Իսկ կիները կատաղի են, եթէ նոյնիսկ որեւէ կուսակցութեան չպատկանին։

Պարտիզակի կէսին ամէն մարդ զմայլած է, միւս կէսին ալ թող Պարտիզակցին ինք զմայլի։

Պարտիզակցին ծնած օրէն սիրահար է։ Անխոնջ կերպով կը խաղայ սիրահարի դերեր, Րոմէոյէն մինչեւ Աշըք Քէրէմ։

Բարեգործութեան հիմնադիրը, անտարակոյս, Պարտիզակցին եղած է։

Պարտիզակցիները օգնութեան հասնողներ, փրկութեան վազողներ եւ կրակ մարողներ են։ Անշուշտ, բազմաթիւ են նաեւ կրակ վառողները իրենց մէջ։

Պարտիզակցիէն ելած են շատ մը հոգեւորականներ։ Ելած են նաեւ մտաւորականներ։ Մարմնաւորականներ ալ շատ ելած են։ Ելածին տեղ, սակայն, մտած են նոյնքան եւ, թերեւս աւելի, մտաւորականներ ու հոգեւորականներ, որով Պարտիզակցիէն բան չէ պակսած։

Պարտիզակցին համակրելի է` ըլլալով մարդամօտ եւ մարդասէր։

Պարտիզակցին կ’երգէ, երբ բերանը բանայ, կը հայհոյէ, երբ կիսաբաց թողու բերանը ու կը ստէ, երբ բերանը փակէ։

Պարտիզակցին, ծաղիկ ըլլալով, խիստ զգայուն է։ Անթառամ ծաղիկն է ան, որ կրնայ շէնցնել խորան մը, բեմ մը կամ խուց մը։

Տարօնցին*

Ահաւասիկ Հայը։

Ոչ միայն անպակաս ու անխառն, այլ` յորդազեղ։

Ահա հարազատ Հայաստանցին, որուն մօտենալով` կը զգաս, թէ կը մատչիս հայրենի լեռան մը։

Կարծես Քաջ Վարդանի թոռն է ան, Մեսրոպի աշակերտը եւ Սասունցի Դաւիթին աղբօր տղան։

Իր հոգիին ամէն կողմը բռունցք է` ուղղուած աշխարհի անիրաւութեան դէմ, եւ իր մարմնոյն ամէն կողմը սիրտ է` բաբախող հայ ազգէն եկող ապերախտութեան դէմ։

- Ազգի համար մեռանք, կորանք, ազգը մեզ մոռցաւ։

Ո՛չ։ Տարօնցին անմոռանալի է, եթէ նոյնիսկ բոլոր մարդերուն ապերախտութիւնը ազգը ծախու առնէ ու թխմէ իր մէջ։

Եւ, սակայն, ո՞վ է սա «ազգ»ը։ «Ազգ»ը Տարօնցին է նախ։ Դժբախտաբար, մեր մէջ ազգը դրամն է։ Աւելի ճիշդ, դրամի տէր եղողներն են, որ կազմած են ազգը։

Ազգը ոգի է նիւթ ըլլալէ առաջ։ Ու Տարօնցիին շունչին մէջ կը զգաս այդ ոգիին ջերմութիւնը, բոյրը, շարժը։

Հայուն ազգային դիմագիծերը գտնելու համար պէտք է մօտենալ Տարօնցիին։

Մանկութեանս Պոլսոյ մէջ առիթը ունեցած էի տեսնելու հազար տեղէ եկած Հայեր։ Տղու բնազդս, սակայն, իրական Հայաստանցին կ’ընդունէր Տարօնցին։

Ինծի այնպէս կը թուէր, թէ այդ միամիտ, յամառ, քաղցր ու կտրիճ Տարօնցիին կուրծքին տակ կ’ապրի արծիւ մը, որ թշնամին է բոլոր օձերուն։

Մանկութենէս մինչեւ հիմա յուսախաբութեան չար քամին ինչե՜ր թափեց գիտակցութեանս առջեւ։ Տարօնցին զիս յուսախաբ չըրաւ։ Ընդհակառակն, որքան ճանչցայ զինքը, ան աւելի բարձրացաւ։ Իր պատմութիւնով, իր դիւցազնավէպերով, իր երգ ու պարով, իր ձայնով եւ, իբր հարազատ հայկական ծառ, պահած աւանդապաշտութեամբ, իր արմատներուն կենսունակութիւնը, իր տոհմական ոճը, իր հայրենի աւիշը, իր որդան կարմիրը եւ մշտադալար կանանչութիւնը։

Շնորհալի գիժն է Տարօնցին` վարձատրուած Ս. Կարապետէն։ Իր միակ լարախաղացութիւնը սուրբին անունով կ’ընէ։

Յամառ է Տարօնցին։ Ադամանդը կը փշրուի` իր յամառութեան զարնուելով։

Փեթակի մը կը նմանի։ Անզգուշ շարժում մը ու կը խայթուիս, եւ սակայն, աւելի մօտենալով, կը գտնես անմահական մեղր։

Իր հոգիին մէջ խօսքեր կան, այդ խօսքերէն դուրս ոչ մէկ խօսք չի լսեր։ Իր հոգիին մէջ պատկերներ կան, այդ պատկերներէն դուրս ոչ մէկ պատկեր չի տեսներ։ Իր էութեան մէջ տարածուած է Տարօնը։ Անկէ դուրս հայրենիք դժուարին կուգայ ըմբռնել։ Ան կ’ըսէ.

- Ա՜հ, մըր սարեր, մըր հողեր, մըր քարեր, մըր աշխարհ…

Անիկա կ’ըսէ նաեւ, նոր օրերու ուխտով մը.

- Զիմ հայ անուն կ’ուզիմ պահիմ, էնով ապրիմ, էնով լէ մեռնիմ։

Վա՜յ անոր, որ փետուրի մը շուքով կը դպի իր ազգային սրբութեան։ Տարօնցին կ’ալեկոծի` իբր ծով դիւրաբորբոք եւ ապառաժները կը սկսի աղալ։

Տարօնցիին լեզուն լեռները պատմուճանող ծաղիկներն են, որուն մէջ մարդ արբեցումէ արբեցում կը թաւալի։ Տարօնցիին պարը այդ ծաղկաստանին հովն է, իր երգը՝ Աստղիկի բերնէն առնուած սրինգն է։

Անշուշտ, Տարօնցին անթերի էակ մը չէ։

Ունի նեղութիւններ իր հոգիին մէջ։

Իր մտքին մէջ` նեղութիւնը ազգութեան գաղափարապատկերին։

Իր կուրծքին տակ նեղութիւնը հայրենիքի քարտէսին։

Ու նեղութենէն՝ խաղերը «Տարօն» բառին վերջաւորութեան. Տարօնական, Տարօնականութիւն։

Եւ նեղութենէն ամլութիւնը` տալու արծուիկներ, նոր սերունդին մէջ։

Այս ընթացքով օր մը Ազգն է, որ կրնայ ըսել.

- Լաօ, Տարօնցիին համար մեռանք, կորանք, ու Տարօնցին մեզ մոռցաւ։

Իրաւացի պիտի ըլլայ այս դատապարտութիւնը, քանզի ազգապահպանումին խորքին մէջ մեծ մասով տարօնապահպանումը կայ։ Մեր պահել ուզած գիրն ու լեզուն, պատմութիւնն ու հէքեաթը, երգն ու պարը եւ ուխտն ու հոգին Տարօնցիինն է առաւելապէս։

Ան է հնօրեայ գանձապահը դարերէն եկող մեր հարստութեան։

Թող լայն ըլլայ իր արիւնին կանանչը մեր մէջ։

- Եա Մշոյ Սուլթան Սըբ Կարապետ։


*Տարօնցի կարճօրէն ըսելով՝ նկատի ունեցած ենք Տարօն-Տուրուբերանի եւ Սալնոյ Ձորի մեր ամբողջ հայրենակիցները։

(շարունակություն)

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter