HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Նշան Պէշիկթաշլեան․ Հայ աղբրտիք (Վայրենի մը, Ինչո՛ւ չեն խնդար կենդանիները, Կապիկի մը հետ)

սկիզբը

Վայրենի մը

Փարիզեան պողոտայի մը վրայ հանդիպեցայ ծերունի սեւամորթի մը, որ քաղաքավարութեամբ ինծի մօտենալով, մաքուր ֆրանսերէնով մը հարցուց Էթուալ հետիոտն երթալու կարճ ճամբան։ Ըսի, թէ ես ալ այն կողմը կ’երթամ ու կրնայ ընկերանալ, եթէ կը փափաքի։

Ու ինկանք ճամբայ։ Անցորդները անյագ հետաքրքրութեամբ մեզ կը դիտէին, որովհետեւ սեւամորթը զգեցած էր իր երկրի տարազը. փաթաթուած էր սպիտակներու մէջ, կը յիշեցնէր Պէտէվիները, ու գլխին ունէր պուրնուզին վեղարը։ Պատկառելի հով մը կար վրան, ու անկասկած սեւամորթ ցեղի մը պետն էր։ Հարցուցի.

- Ո՞ր երկրէն էք։

Սեւ դէմքին վրայ լուսաւոր ժպիտ մը նկարուեցաւ եւ պատասխանեց.

- Անշուշտ, աշխարհագրութիւն գիտէք։ Կը յուսամ, որ գիտէք։

- Եթէ յաւակնութիւն չհամարէք, կրնամ ըսել, որ քիչ մը գիտեմ։ Նախընտրած ճիւղերէս մին եղած է եւ աշխարհագրութեան դասատու ալ եղած եմ։

Սեւամորթը հաւանաբար կասկածեցաւ աշխարհագիտութեանս վրայ։

- Որովհետեւ Եւրոպայի մէջ քարտէս կը գծեն, սակայն, աշխարհագրութեան ուսուցիչներն անգամ, յաճախ, տգէտ են իրենց… մասնագիտութեան մէջ։ Ես ծնած եմ Նիամ Նիամ, Տիւպանքի եւ Շարի նահանգին մէջ, Մպոմու եւ Ուէլլէ գետերուն մօտ, որոնք Տիւպանքի եւ Սանկօ գետերուն հետ կը թափին Գոնկօ գետին մէջ։ Այրեցեալ գօտիին հինգերորդ աստիճանին վրայ ենք։ Վայրենիներ ենք։ Ես վայրենի մըն եմ։ Պարծանքով կ’ըսեմ վայրենի ըլլալս, որովհետեւ երկու տարի է, որ Եւրոպա եմ ու լիովին ըմբռնած ձեր քաղաքակրթութիւնը։

- Շահեկան է լսել ձեր տպաւորութիւններն ու կարծիքները։

- Ձեր մօտ ամէն բան սուղ է։ Միակ աժան բանը ամէնէն թանկագինը եղող՝ մարդկային կեանքն է։

- Անկախ այդ իրողութենէն՝ կրնա՞ք ուրանալ մեր գիտութիւնը, մեր գեղարուեստը, մեր կրօնքը, որ բարձրագոյնն է։

Սեւամորթը կանգ առաւ, ծոցէն հանեց գիրք մը, բացաւ 166 եւ 167րդ էջերը, ցոյց տուաւ հատուած մը ու ըսաւ.

- Կարդացէ՛ք։

Ահաւասիկ կարդացածիս թարգմանութիւնը.

«Հմուտ Չինացի մը, որ դաւանափոխ եղած է` ընդունելով քրիստոնէութիւնը, կ’երթայ Միացեալ Նահանգները` ուսումնասիրելու բողոքական աղանդները։ Կը քննէ նաեւ կաթոլիկութիւնը։ Իբրեւ եզրակացութիւն` կը յայտարարէ. «Կաթոլիկները կ’ատեն բողոքականները, ու բողոքականները նոյնութեամբ կը փոխադարձեն։ Ո՞ւր է սիրոյ վարդապետութիւնը»։ Վերջապէս, տեսնելով քրիստոնեայ ժողովուրդներուն ընթացքը, այս անկեղծ ու պարկեշտ Չինացին կը նախընտրէ անհաւատ դառնալ` ըսելով. «Անհաւատները աւելի անմեղ են»։ Ու կը վկայէ, որ անհաւատ չինական կայսրութեան մէջ մէկ տարուան ընթացքին այնքան ոճիր չի գործուիր, որքան Շիքակոյի կամ Նիւ Եօրքի նահանգին մէջ։ Ոճրային վիճակագրութիւնները կը հաստատեն Չինացիին խօսքը»։

Գրքին անունն էր «Նոր Աշխարհ, Աւետիս Մարդկութեան», հեղինակ՝ Ֆրէյթակ։

Սեւամորթը ըսաւ.

- Քաղաքակրթուած երկրի մը մէջ տարեկան սպանութեանց գումարը հազարապատիկ աւելի է վայրենի երկրի մը մէջ կատարուած սպանութեանց համրանքէն։

Այս «վայրենի»ն լախտի հարուածներ կ’իջեցնէր գլխիս։ Չէի գիտեր, թէ ինչ պատասխանեմ։ Յանկարծ լրագրավաճառ պատանի մը տեսայ։

Ըսի.

- Մենք մամուլ ունինք։ Անհամար լրագիրներ…

Ըսաւ.

- Ի՞նչի կը ծառայեն լրագիրները։

Լուրեր հաղորդելու։

- Ի՞նչ են ձեր «լուր» կոչածները։ Թշուառութիւններ, պոռնկութիւններ, գողութիւններ, ոճրագործութիւններ, խաբեբայութիւններ, սուտեր, անձնասպանութիւններ, վախեր, սպառազինութիւններ, հիւանդութիւններ, դժոխային գիւտեր, պատերազմներ ու զանազան կռիւներ։ Մենք ատոնցմէ ոչ մէկը ունինք, որով լրագիր ալ չունինք։ Ո՞րն է լաւը։ Այդ օրինակ լուրեր չունենալով` լրագիր չունենա՞լը, թէ այդ խայտառակ լուրերը ունենալով` լրագիր ունենալը։

- Դուք ուր որ էք, հոն կեցած էք։

- Մենք ուր որ ենք, հոն կեցած ենք` տեսնելով, որ դուք ուր որ էք, հոն կը դառնաք։

Այս ալ չեղաւ։ «Պէտք է վերջապէս ջախջախեմ սա «վայրենի»ն», - մտածեցի։

- Մենք պատմութիւն ունինք, մինչդեռ դուք չունիք։

Պատմութիւնը անցեալի փորձառութենէն օգտուելու համար է։ Երբ մարդ անդադար կը կրկնէ անցեալի սխալները ու բնաւ չօգտուիր փորձառութենէն՝ այն ժամանակ պատմութիւնը կը դառնայ հետաքրքրութիւն յագեցնելու աղբիւր մը։ Մենք մեր հետաքրքրութիւնը կը յագեցնենք հրաշալի հէքեաթներով։

- Մենք անթերիներ չենք։ Կը խոստովանինք մեր թերութիւնները, դուք, սակայն, ինչո՞ւ չէք խոսոտվանիր ձեր պակասութիւնները։

- Մենք պէտք չունինք խոստովանանքի։ Մեր ամէն տեղը բաց է, ինչպէս մեր հոգին։ Դուք, սակայն, խոստովանելու էք ճիշդ ու ճիշդ… Մոսկուացի համայնավարի մը պէս։

- Անուրանալի է, սակայն, որ մենք շինողներ ենք։

- Ձեր քանդելու հանճարը կը գերազանցէ ձեր շինելու հանճարը։ Ատկէ զատ` դուք կը շինէք ամէն բանին կեղծը։ Շինած էք ոսկիին կեղծը, մարգրիտին կեղծը, կտաւին կեղծը, մետաքսին կեղծը, գինիին կեղծը, կարագին կեղծը, հացին կեղծը։ Դուք ուրիշ բանի մըն ալ կեղծը շինած էք` առանց անդրադառնալու։

- Ո՞րն է այդ բանը։

- Մարդը։ Մարդուն կեղծն ալ շինած էք դուք, միլիոններով։ Ձեր շինած կեղծ մարդուն բարեկամութիւնը կեղծ է, արդարութիւնը կեղծ է, ազատութիւնը կեղծ է, վարդապետութիւնները կեղծ են, սիրտը, միտքը, լեզուն ամբողջովին կեղծ են։ Մենք` վայրենիներս, կը զարմանանք ձեր տաղանդին վրայ, սակայն, չենք կրնար զմայլիլ ու շնորհաւորել։ Մենք իրերը ձգած ենք իրենց բնական վիճակին մէջ, քանզի բնութիւնը ոչինչ ունի կեղծ։ Մինչդեռ դուք զբաղած էք կեղծաւորութեամբ։ Օր պիտի գայ, որ ձեր շինած կեղծերուն ալ կեղծերը պիտի շինէք տակաւին։

- Չէ՞ք գտներ, սակայն, որ մեր կեանքը աւելի հանգստաւէտ է, աւելի բարձր, քան ձերինը։

- Ձեր կեա՞նքը, հուա՛, հուա՛, հուա՛, հիվուա՛…

Ծերունին կը խնդար` իր ձիւթի նման անթերի ատամնաշարը ցուցադրելով։ Անցորդները նոյնպէս կը խնդային։ Փափաք մը ունէի անոնց պոռալու.

- Ապուշներ, ի՞նչ կը խնդաք։ Այս «վայրենի»ն մեր քթին կը խնդայ…

Նիամ-Նիամցին շարունակեց.

- Ուրեմն շա՞տ կը հաւնիք ձեր կեանքին։ Տարօրինակ։ Տեսնուած բան չէ, որ խաչեցեալ մը հաւնի իր խաչին, մահուան դատապարտուած մը հաւնի իր կիյեոթինին, ելեկտրահարութեան սահմանուած մը հաւնի ելեկտրական աթոռին։ Ձեր կեանքը, եթէ կատակերգութիւն է, շատ ողբերգական է։ Իսկ եթէ ողբերգութիւն է, խիստ կատակերգական է։ Անշուշտ, ձեր հանգստութիւնն ալ, ինչպէս բարձրութիւնը, կեղծ է, եթէ սուտ չէ։

- Եւ սակայն, վերջ ի վերջոյ, մենք ենք քաղաքակրթեալները…

- Ձեզի ըլլայ ձեր քաղաքակրթութիւնը։ Վրան եթէ ափերով ոսկի դնէք, չենք ընդունիր։ Ձեր քաղաքակրթութիւնը շինուած է ձեր ստամոքսին վրայ։ Ո՜րքան աղտոտ է հիմը։ Ճահիճի վրայ կանգնած է ան։ Ձեր քաղաքակրթութիւնը հոգիով ու մարմինով անօթիի լարախաղացութիւն է։ Դուք ձեր քաղաքակրթութեամբ մենէ հազար անգամ աւելի բարբարոս էք։

- Ձեր կողմերը քաղաքակրթուած մարդիկ չե՞ն եկած։

- Ես կը բնակիմ Նիամ Նիամի գիւղերէն Թանկայնոշա աւանը, ուր կ’ապրին միմիայն վայրենիներ։

- Զիս ալ Թանկայնոշա կը տանի՞ք…

-Կը նախընտրեմ հազար թօն թոյն տանիլ ժողովուրդիս, քան ձեզ եւ կամ ձեր նմաններէն մէկը։ Կրնա՞ք, հրաշքով մը, մերկանալ ձեր քաղաքակրթութենէն։

Հասած էինք Էթուալ։ Ես փափաքեցայ բաժնուիլ իրմէ, սակայն մեկնումէս առաջ ուրիշ իղձ մը ունեցայ. հաւատացէք, եթէ քաղաքակրթութիւնը վարտիկ շապիկ ըլլար, անմիջապէս պիտի հանուէի Էթուալի հրապարակին վրայ ու, Ադամի նման մերկանդամ, պիտի նետուէի Նիամ-Նիամցի «վայրենի»ին վրայ… համբուրելու համար զինքը։ Համբուրելու իր չորս սանթիմ կախ շրթներէն։

Նիամ-Նիամցին առաջարկեց, որ ընկերանամ իրեն մինչեւ սրճարան մը, ուր Եւրոպացիի մը հետ ժամադրուած էր։ Ընկերացայ։

«Վայրենի»ին կապարճը պարպուած չէր։

Եւրոպացիին քով ալ շարունակեց նոյն նիւթը` ի մէջ այլոց յայտարարելով.

- Մենք` վայրենիներս, դուրսէն սեւ ենք, սակայն, ներսէն` սպիտակ։ Իսկ դուք դուրսէն ճերմաք էք ու ներսէն սեւ։

- Վայրենիներս սատանայի պատկերով հրեշտակներ ենք (անկեալ, եթէ կ’ուզէք), դուք, սակայն, Աստուծոյ պատկերով շինուած սադայէլներ էք։ Գայլեր` գառան մորթով։

- Դուք հանճարեղ էք ու տխմարութիւններ կը գործէք, մենք յիմարներ ենք ու իմաստութիւնը կը գործադրենք։

- Մենք կ’ուտենք, երբ անօթի ենք, մինչդեռ դուք կ’ուտուիք, երբ անօթի էք ու կ’ուտէք, երբ կուշտ էք։

Ինչ բարբարոս…անկեղծութիւն։

Եւրոպացի բարեկամը ոտքի ելաւ ու պլլուեցաւ «վայրենի»ին` զայն համբուրելով 41 աստիճան ջերմութեամբ։

Եթէ արձանագործ ըլլայի, «վայրենի»ին ու եւրոպացիին գիրկընդխառնումին արձանը պիտի շինէի` տակը գրելով.

- Քաղաքակրթութեան զղջումը ։

Ինչո՛ւ չեն խնդար կենդանիները

Ընտանեկան հաւաքոյթի մը մէջ էի. բոլոր ներկաները մարելու աստիճան կը խնդային` ունկնդրած ըլլալով պատմութիւն մը։ Սենեակին մէջ կային նաեւ շուն մը եւ կատու մը։ Կամաց մը ծռեցայ ու ըսի անոնց.

- Դուք ինչո՞ւ չէք խնդար։

Կատուն ըսաւ.

- Խնդալու սիրտ չունիմ։

Շունը, աւելի դասական, պատասխանեց.

- Երիկամունք ո՛չ ունիմ խնդալու համար։

Աջ կողմս գտնուող բարեկամի մը ըսի.

- Բոլորը կը խնդան` բացի կատուէն ու շունէն։

Եւ բարեկամս ինծի ըսաւ.

- Օր մը հաւաքուած էինք Կոստանեաններուն տունը բազմաթիւ բարեկամներ։ Բոլորս ալ խմած էինք եւ շատ ուրախ տրամադրութեան մէջ։ Սենեակը լեցուն էր ծիծաղներով։ Մեր մէջ միայն մէկը կար, որ խորապէս տխուր էր։ Քանի մը անգամ մշտած էինք զինքը, որ մասնակցի մեր զուարթութեան` թօթափելով իր տրտմութիւնը։ Անիկա կարծես քարացած էր իր թախիծին մէջ։ Յանկարծ տան շունը մտաւ սենեակէն ու գնաց կեցաւ տխուր մարդուն առջեւ։ Քիչ վերջը իր երկու թաթերը դրաւ անոր ծունկերուն վրայ ու սկսաւ խորունկ, խորունկ նայիլ մելամաղձոտին աչքերուն։ Երկար տեւեց շան այդ քննական եւ հաղորդական դիրքը։ Կէս գիշերին մեր տխուր բարեկամը բաժանման ժամանակ յայտարարեց. «Բարեկամներ, ձենէ մէկը թող այս գիշեր մինակ չթողու զիս։ Ընկերակցութեան մը պէտք ունիմ»։ Ամէնքը միաբերան անոր պատասխանեցին. «Յիմար-յիմար դուրս մի՛ տար։ Տունդ գնայ ու պառկէ»։ Մարդը ուղղուեցաւ դէպի դուռ։ Շունը ընկերացաւ իրեն մինչեւ տանը սեմը` խուլ հեծկլտուքներ արձակելով։ Մեր տրտում բարեկամը մեկուսի մեկնեցաւ տուն։ Հետեւեալ օրը լսեցինք, որ նոյն գիշերը անձնասպանութիւն է գործեր։ Չե՞ս խորհիր, որ կենդանիները մենէ շատ աւելի խորապէս կը տեսնեն ցաւերն ու տրտմութիւնները եւ սիրտ չունին խնդալու։

Ձախ կողմս գտնուող բարեկամիս ըսի.

- Քիչ առաջ բոլորը կը խնդային` բացի կատուէն ու շունէն։

Ու ձախակողմեան բարեկամս պատմեց.

- Ընկերներէս Արսէնը երբ մեռաւ, աղուոր յուղարկաւորութիւն մը կատարեցինք։ Երբ դագաղը փոսը կ’իջեցնէին, սրտակեղեք էր տեսարանը։ Բոլորը անխտիր կուլային։ Կիները, անշուշտ, դիւրաւ կուլան։ Բայց եղերական ու յուզիչ էր տեսնել այրերուն արտասուելը։ Արցունքներով թրջած էին Արսէնին հողակոյտը։ Հինգ տասը վայրկեան վերջը յուղարկաւորները դուրս կ’ելլէին գերեզմանատան դռնէն։ Ու տեսնելիք բան էր այլափոխութիւնը։ Ո՞ւր էին լացողները…։ Ամէն ոք ուրախ էր, շէն ու կատակող։ Բազմութիւնը կարծես խնջոյքէ մը կը դառնար կամ ցայգատօնի մը կ’երթար։ Ես մէկը միայն տեսայ, որ կը պահէր իր վիշտը ու սուգը։ Աշոտին կատուն։ Յուղարկաւորներուն ընկերացած էր մինչեւ գերեզման ու կը վերադառնար լալագին հեծկլտուքներուն մէջ։

Դիմացս նստող բարեկամս մտիկ ըրած էր աջէս ու ձախէս պատմուածները։ Անոր ըսի.

- Կրնա՞ս ըսել, թէ կենդանիները ի՞նչու չեն խնդար ուրախութեան պահերու մէջ։

Անիկա ինծի ըսաւ.

- Ես կենդանի չեմ։ Կենդանիներուն հարցուր։

Վերարկուս հագայ, դուրս ելայ եւ ուղղուեցայ կենդանաբանական պարտէզ։

Առիւծի մը հարցուցի.

- Թագաւոր, ինչո՞ւ չես խնդար դուն։

- Ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած մը տխմար պէտք է ըլլայ խնդալու համար։

- Եւ սակայն դուն քու ազատութեանդ օրերուն ալ չէիր խնդար, արքայից արքայ։

- Որքան ատեն որ մարդ արարածը երկրի վրայ երեւցած է, ազատութեան օ՞ր մնացած է։

- Ուղտի մը մօտեցայ եւ ըսի.

- Անապատի նաւ, ի՞նչու չես խնդար բնաւ։

- Անապատի մէջ մարդ ի՞նչի վրայ կրնայ խնդալ։

- Եւ սակայն հիմա անապատի մէջ չես, այլ ապատի, ահա մարդիկ կան շուրջդ…

- Մարդոց հոգին անապատ չէ՞ միթէ։ Առանց ովասիսի։

Փիղի մը առջեւ էի.

- Հին դարերու զրահակիր, ի՞նչու չես խնդացած ամբողջ կեանքիդ մէջ։

- Խնդալու համար պէտք է դէմքին դնդերները եւ հոգիին թեւերը կակուղ ու առաձգական ըլլան։ «Մարդ» կոչուած հրեշը կարծրացուցած է իմ մէջս ու իմ վրաս ամէն բան։

Կենդանաբանական պարտէզէն դուրս ելայ եւ ուղղուեցայ դէպի դաշտ մը։ Այնտեղ կային կովեր, եզեր ու ոչխարներ։ Աղաղակեցի.

- Ընտանի կենդանիներ, ըսէք ինծի, ինչո՞ւ խնդալու սովորութիւնը չունիք։

Անոնք պատասխանեցին.

- Մեր այսօրը տխուր է, մեր վաղը մռայլ է։ Ինչպէս կրնանք խնդալ։ Տաժանքը եւ սպանդանոցն է մեր բաժինը։ Ի՞նչպէս կրնանք խնդալ։

- Մարդուն պէս հերոսական եղէք։ Ժպտեցէք տառապանքին մէջ անգամ։ Տուայտեցէք` ժպտելով ու մեռէք` ծիծաղը ձեր շրթունքին վրայ։

- Մենք աճպարարներ չենք։

Մօտեցայ ձիու մը եւ ըսի.

- Գեղեցիկ ձի, ի՞նչու չես խնդացած, չես խնդար ու պիտի չխնդաս։ Ժպիտ մը գոնէ։

- Վրաս՝ մարդ, ետիս՝ մարդ, առջիս՝ մարդ։ Ի՞նչպէս խնդամ։ Դուն ճիւաղներով պաշարուած եթէ ըլլաս, կրնա՞ս խնդալ։

- Մարդիկ, սակայն, քեզ շատ կը սիրեն։

- Աստուած ազատէ մեզ մարդէն ու անոր սէրէն։

Էշու մը մօտեցայ.

- Հապա դո՞ւն ինչու չես խնդար, Արկադեան սոխակ։ Երեսդ միշտ կախ է։

- Ժամանակ մը կը խնդայինք, երբ դեռ երկրի վրայ մարդը ստեղծուած չէր։

- Մարդուն` երկրի վրայէն հեռանալուն կը սպասե՞ս` վերստին խնդալու համար։

Էշը զռաց ու ըսաւ.

- Վերջին խնդացողը լաւ պիտի խնդայ։

Գնչու մը կ’անցնէր` մէկ կողմէն քաշելով կապիկ մը ու միւս կողմէն քշելով խոզ մը։

Կանգնեցուցի Գնչուն, դրամ դրի ափին մէջ, որ թոյլ տայ հարցափորձել իր կենդանիները։

Կապիկին ըսի.

- Ի՞նչու չես խնդար…

- Կը հեգնեմ, սակայն, չեմ խնդար։

- Տե՛ս, մարդը կը խնդայ, մինչդեռ դուն, որ մարդուն նախահայրն ես, զրկուած ես այս սիրուն սովորութենէն։

- Այնուամենայնիւ, մարդուն ամբողջ ըրածը կապկութիւն է։

- Ըսէ, սակայն, թէ ինչու չես խնդար։

- Գիտես, որ մարդը սերած է մենէ` կապիկներէս։ Արդ, երբ հայր մը կամ մայր մը կը տեսնէ, որ հրէշային զաւկի մը ծնունդ տուած է, ալ ինչպէս խնդալու տրամադրութիւն կը մնայ մէջը…

Ծռեցայ խոզին ու ըսի.

- Պարոն խոզ, հապա դուն ի՞նչու չես խնդար։

- Իմ պարագաս կապիկին պարագայէն ծանր է։

- Ըսէ, խնդրեմ, քու պարագադ։

- Երբ կապիկը չի խնդար «մարդ» կոչուած ճանավարին ծնունդ տուած ըլլալուն համար, ես ինչպէս կրնամ խնդալ` տեսնելով, որ մարդը, կապիկութենէ հեռացած, կը մօտենայ խոզութեանս։ Վտանգը կապիկէն հեռացած է ու մօտեցած ինծի։

- Ուրեմն դուք մարդկութեան ոչնչացումի՞ն կը սպասէք` խնդալու համար։

Մարդկութեան ոչնչացումէն դեռ դարեր վերջ պիտի չկրնանք խնդալ, քանի որ անոր խայտառակ գործերը ատեն մը տակաւին պիտի մնան երկրի վրայ։

Ու կապիկը աւելցուց.

- Եւ մինչեւ այդ՝ մենք կը խնդանք ձեր վրայ, մեր ներսէն։

Մժեղ մը խայթեց զիս, ու ես արթնցայ քունէս։ Հետեւեցայ մժեղին շարժումներուն եւ թռիչքներուն։ Կ’երդնում, որ տեսայ անոր ներքին խնդուքը։

Պարզապէս քթիս կը խնդար` խայթելով ու հեռանալով եւ տզերգելով։

Կապիկի մը հետ

Ֆաշոտա (Ափրիկէ) բնակող անգլիացի մը՝ Արթըր Քուբինկ, Շէքքա քաղաքին մէկ բնիկէն գներ էր կապիկ մը ու նուէր բերեր իր ֆրանսացի մէկ բարեկամին, որ իմ ալ ծանօթս է։ Կապիկը, որ բռնուած է Ֆաշերի լեռնանտառներուն մէջ, հիմա կը գտնուի փարիզեան արուարձաններէն Պուր-լա-Րէն` ֆրանսացի բարեկամիս տանը պարտէզը։

Տեսայ կապիկը, որ Շէնբանզէ մըն է ու կը կոչուի Մոքօ։ Արու է, առողջ եւ չափազանց ճկուն։ Աչքերուն մէջէն կ’երեւին իմացականութեան մը կայծերը, որոնցմէ զուրկ են բազմաթիւ մարդիկ։

Ֆրանսացի բարեկամիս թոյլատրութեամբ կարեւոր տեսակցութիւն մը ունեցայ այս կապիկին հետ։ Ահաւասիկ մեր ասուլիսը.

- Բարեւ, եղբայր Մոքօ…

- Եղբա՞յր… Երբե՛ք։ Դուք մարդիկդ, որ գայլ էք իրարու հանդէպ, շատ դիւրութեամբ կը գործածէք հրաշալի բառեր։ Օրինակ՝ «եղբայր», «ընկեր», «սիրելի», «յարգելի», «պաշտելի» եւայլն։ Եղբայրութիւնը մարդը մարդուն հանդէպ չէ ունեցած, ուր մնաց մարդը կապիկին հանդէպ ունենայ։ Նախ բան մը չըսած, սուտ խօսեցար…

- Ինծի համար բոլոր ցեղակիցները իրարու եղբայր են. սերած ենք կապիկէն

- Մարդը տէր է սուտի մանարանի։ Նախ ցեղակիցները իրարու եղբայր չեն ձեր մէջ։ Անոնք թշնամի են քաղաքի տարբերութիւնով, գաղափարի տարբերութիւնով, կրօնքի, ազնուութեան տարբերութիւնով։ Շատ անգամ միեւնոյն գաղափարի, միեւնոյն կրօնքի, քաղաքի, եւ մինչեւ անգամ, միեւնոյն տունի մարդոց մէջ կարելի է գտնել անթիւ թշնամիներ։ Երկրորդ՝ մենք ցեղակիցներ չենք ու երբեք ալ ցեղակիցներ եղած չենք։

- Հապա Տարվի՞նը…

- Տարվինը ուզեց մարդը բարձրացնել։ Տարվինը ուզեց մարդուն ազնիւ ծագում մը վերագրել։ Տարվինը ուզեց, որ մարդ արարածը կապիկին օրինակելի վարքն ու բարքը ընդօրինակէ։ Մարդը, սակայն, անուղղայ է եւ անընդունակ որեւէ ազնիւ բան իւրացնելու։ Մարդը շատ աւելի հեշտութեամբ կը սորվի գէշ բառ մը, քան աղէկ բառ մը։ Ու երբ որ աղէկ բառը սորվի, կը գործածէ զայն կեղծաւորութեան համար, ինչպէս դուն, քիչ առաջ, ինծի ըսիր «եղբայր»։ Դժբախտաբար, երբեք պիտի չկրնաք եղբայրանալ մեզի հետ։

- Ինչո՞ւ այդպէս կը կարծես։

- Քանզի անհուն է մեր տարբերութիւնը։ Ո՛չ մէկ կամուրջ կրնայ մեզ միացնել իրարու։ Կարծես մենք տարբեր մոլորակներու բնակիչներ ենք…

- Օրինակներով եթէ խօսիս, շատ շնորհակալ կ’ըլլամ։

- Դուք «բարոյական» ունիք, որովհետեւ անբարոյականութեան մէջ էք միշտ։ Մենք անբարոյականութիւն չունինք, որ ունենանք «բարոյական»։ Դուք հազար տեսակ կրօնք ունիք, քանի որ չէք կրցած ըմբռնել Արարչութիւնը։ Դուք Աստուածը ներկայացուցած էք 10 հազար տեսակ հակասական ձեւերով ու ներհայեցողութեամբ։ Մենք ո՛չ կրօնք ունինք, ո՛չ տաճար, ո՛չ ալ այն սեւ մարդիկը, որոնց կղեր կ’ըսէք։ Մենք ձերբազատուածներ, ազատագրուածներ ենք ու կ’ապրինք խորհուրդին իմաստութիւնը, որով պէտք չունինք նկարի, արձանի, բացատրութեան, աղօթատեղիի, ինչպէս նաեւ` սեւ մարդերու։ Քսան դար առաջ Յիսուս հիմնեց բարձրագոյնը վարդապետութիւններուն՝ քրիստոնէութիւնը։ Ու քսան դար է, որ քայլ մը չէք առած դէպի Քրիստոնէութիւն։ Ընդհակառակն, անդադար յետադիմած էք։ Դուք աշխարհը, գծագրութեան տեղ կարծելով, սահմաններ գծած էք։ Մենք չունինք սահման, մենք կը սիրենք անսահմանութիւնը։ Դուք օրէնքի ու կանոնի գերիներ էք, մինչդեռ մենք ունինք կեանք մը, որ համակ ազատութիւն է։ Մեր ազատութեան թշնամիները դո՛ւք էք միայն։ Ահա այսօր գերի մըն եմ ձեր ձեռքը, սակայն, մտածումս ազատ է, ու կ’ըսեմ մեր մէջ եղած տարբերութիւնները։ Դուք թոյն էք ու կը գործածէք թոյն։ Կը խմէք, կը ծխէք։ Ո՛չ մէկ կապիկ այդ թոյներուն կը մօտենայ։ Դուք ստրուկ էք, գործով ալ, կարծիքով ալ, աշխատութիւնով ալ։ Կ’ընդօրինակէք իրարու ձեւը, իրարու խօսքը, իրարու գործը։ Մենք անկախ ենք մեր շարժումներուն մէջ, ըլլան անոնք ներքին կամ արտաքին։ Մենք անհատապաշտ ենք, մինչդեռ դուք մարդկութիւն կոչուող գործարանին մէկ մասնիկն էք։ Մարդը առանձին ոչինչ է, անկար, անընդունակ ապրելու։ Կապիկ մը միս մինակը կրնայ ապրիլ։ Հաւաքականութիւն էք կազմած. գոնէ անոր ալ ընդունակ ըլլայիք։ Առէք ազգ մը, դասակարգ մը, նոյնիսկ տուն մը ու միլիոն տեսակ խնդիրներով իրար կը բըզըքտեն մարդիկ։ Դուք կը պատերազմիք. լսուա՞ծ է, որ կապիկները ընդհանուր կամ մասնակի պատերազմ ընեն։ Ի՞նչ է ձեր կատարած աշխատանքը… Վաճառականութի՞ւն, արհե՞ստ, արուե՞ստ, քաղաքակրթութի՞ւն։ Կեանքին համար անպէտ ու նոյն իսկ վնասակար գործեր։ Կատարեցէք ներքին աշխատանք։ Ամէն մարդ հազիւ պիտի հասնի իր ներքին շինարարութեան, իր ներքին մաքրութեան, իր ներքին կառուցումին։ Դուք կ’աշխատիք` ոչ թէ շահելու համար ձեր հոգին, այլ շահելու համար արծաթ։ (Թո՛ւ, զզուելի սրիկաներ, թո՛ւ)։ Արծաթը կը ստանայ պոռնիկը, մատնիչը, աւազակը, ոճրագործը։ Ու ամբողջ մարդկութիւնը այդպէս է։ Տեսնուա՞ծ բան է, որ կապիկը սիրէ արծաթը, պաշտէ ոսկին, խենթենայ գոհարեղէններու համար։ Ոսկին ունեցէք ձեր ուղեղին մէջ, արծաթը ձեր արեան մէջ ու գոհարները` ձեր հոգիին մէջ, ո՜վ դուք արտաքինի համար ապրող մարդիկ։ Բաւակա՞ն են այսքան օրինակներ։

- Շատ իսկ են։ Ի՞նչ կրնամ ընել` քեզի օգտակար ըլլալու համար։

- Եթէ ամէն մարդ ինքզինքին օգտակար ըլլայ, ինծի բարիք մը ըրած կ’ըլլայ։

- Շիտակը ըսելով, ես քեզ սրամիտ, շէնշող, կենսուրախ արարած կը կարծէի, մինչդեռ դուն խորունկ ու լուրջ խնդիրներ յուզեցիր։

- Լուրջերուն յատակը կեղծիքի վիհ կայ։ Այո՛, ես զուարթ եմ, սակայն, իմ զուարթութիւնս իմաստի մը վրայ է։ Ես այս լուրջ խօսքերէն վերջ, առանց լրջութենէս բան մը կորսնցնելու, կրնամ կռնակս դարձնել եւ թմբուկս ծեծել։

- Ծաղրելո՞ւ համար զիս` դժբախտս, որ մարդ ծնած եմ։

- Մարդ ծնած ըլլալուդ համար չէ, որ կը ծաղրեմ քեզ, այլ մարդ մնալուդ համար։

------------------------------------------------------------------------------

Նշան Պէշիկթաշլեան /1898, Կ.Պոլիս-1972, Փարիզ/, երգիծաբան, դրամատուրգ:

Սկզբնական կրթութիւնը ստացել է Կ.Պոլիսի Բերայի նախակրթարաններից մէկում: Մինչ Փարիզ մեկնելը /1922/ առաջին գրական փորձերը եւ դերասանական գործունէութիւնը ծաւալել է ծննդավայրում:

 

Մեկնաբանություններ (1)

Արամազդ Ստեփանյան
Շատ շնորհակալ եմ, որ համացանցով «հրատարակել եք Պէշիկթաշլեանի ՀԱՅ ԱՂԲՐՏԻՔԸ: Կուզեի իմանալ՝ արդյոք կունենաք հեղինակի թատերգություններից նաև Ձեր գրադարանում կամ արխիվներում: Հաջողություն՝ Արամազդ Ստեփանյան

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter