HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Նոր Գիւղ

Վահագն Քէշիշեան

Այսօր նորգիւղցիներուն տրամադրութիւնը քիչ մը լաւ է, որովհետեւ յոյս ունին որ շուտով քաղաքին մէջ խաղաղութիւն պիտի տիրէ եւ իրենք պիտի վերսկսին գործատեղիները բանալ, վերսկսելու համար իրենց աշխատանքին, ապահովելու համար օրապահիկը, որովհետեւ նորգիւղցիներուն մեծ մասը օր շահող, օր ապրող մարդիկ են: Անոնցմէ շատեր լաւ կը շահին, լաւ ալ կը ծախսեն՝ քէֆ-ուրախութիւն սիրող մարդիկ եղած են նոր գիւղցիները:

-Գործ կա՞յ:

Քիչեր գործ ունին, անոնք ալ աւելի քան տաս օրէ ի վեր, օրական երկու-երեք ժամէ աւելի ելեկտրականութիւն չունին:

-Գործ կա՞յ... գո՜րծ... Գոր՛ծ այս բառը կարծես թէ ծանօթ բառ մըն է, բայց ինչ ըլլալը չեմ յիշեր:

Հաւաքուած տղաքը խնդացին: Երիտասարդ տղաք էին, որոնք կը փորձէին թաքցնել իրենց մտահոգութիւնները. Իսկ մտահոգութիւնները շատ են, չափազանց շատ, որոնց գլխաւորն է ելեկտրականութեան չգոյութիւնը:

Եթէ Հալէպը Մայր գաղութ է, ապա Նոր գիւղ թաղամասը Հալէպահայութեան սիրտն է: Այնտեղ կը գտնուին Երկու Հայ Առաքելական եկեղեցիներ՝ Ս. Գէորգն ու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը, Հայ Կաթոլիկներու Ս. Երրորդութիւն (Զուարթնոց) եկեղեցին եւ Հայ Յիսուսեան Հայրերու վանքը: Հայ Աւետարանական Նահատակաց եկեղեցին ալ սահմանակից է Նոր Գիւղին:

Միջանկեալ ըսենք, որ նախանցեալ Կիրակի Ս. Գէորգի մէջ Ս. Պատարագ չմատուցուեցաւ կռուադաշտին մօտիկութենէն զգուշանալով:

Նոր Գիւղի մէջ են Ազգային Վարժարաններ Սահակեանն ու Զաւարեանը հայ Կաթողիկներու Զուարթնոցը եւ աւելի քան հազար աշակերտ ունեցող Ազգային Քարէն Եփփէ երկրորդական վարժարանը. Դեռ անցեալ տարի փակուեցաւ Մարաշու Ազգային Մեսրոպեան վարժարանը: Հոս է նաեւ Ազգային Առաջնորդարանի Արդիական տպարան «Արեւելք»ը, ուր ամէն տեսակ հրատարակութեան կողքին կը տպուի նաեւ գաղութին միակ հայերէն թերթը՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի պաշտօնական շաբաթաթերթ «Գանձասար»ը:

Նոր Գիւղի մէջ է Մարաշի Հայրենակցական Միութեան եւ Գերմանիկ Վասպուրական Միութեան կեդրոն-ակումբը, Զէյթունի Հայրենակցական Միութեան ալ կեդրոնը հոս է: Նոր Գիւղի մէջ կը գործեն երկու հայկական թատերասրահներ: Հոս է Սուրիոյ Օգնութեան Խաչի կեդրոնը: Այս տարի Նոր Գիւղ տեղափոխուեցաւ նաեւ Ազգային պատսպարանը:

Վերջապէս Նոր Գիւղի մէջ կան ազգապատկան բազմաթիւ բնակելի շէնքեր, ուր համեմատաբար աժան վարձքով կ'ապրին մեծ թիւով հայ ընտանիքներ:

Այսօր Նոր Գիւղը սահմանակից է եւ յաճախ ծանր զինեալ կռիւներու. Գրեթէ միշտ լսելի են արձակուած փամփուշտի եւ հեռու կամ մօտիկ պայթող ռումբերու ձայնը: Այսօր կէսօրէ ետք ալ ուժգնօրէն լսուեցան օդանաւէ արձակուած ռումբերու ձայներ: Փողոցը երեք-չորս հոգինոց խումբեր շատ կային, որոնք կը փորձէին կռահել թէ ուր կրնար պայթած ըլլալ այս կամ այն ռումբը: Ոչ ոք տեղէն չէր շարժեր:

-Ասոր ալ վարժուեցանք, ըսաւ մէկը.-Կը յիշէք առաջին ռումբի պայթինին ամէն մարդ մուկերու պէս տուն կը վազէր, ծակ կը մտնէր:

Մեկնաբանություններ (1)

ROSA
WE PRAY FOR YOU! BE STRONG!

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter