HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Հայց. եկեղեցւոյ բարեկարգութեան հրատապ հարցը. Հայց. եկեղեցւոյ ներկայ պատկերը

Հայց. Եկեղեցւոյ վիճակի մասին երկար տարիներէ ի վեր կը խօսուի, կը գրուի, ճառեր կ’արտասանուին, եւ սակայն մինչեւ այսօր ո՛չ մէկ շօշափելի գործնական փոփոխութիւն տեղի ունեցած է եւ պատճառները զանազան եւ այլազան են։ Մեր եզրակացուցիչ յօդուածով պիտի փորձենք վերլուծել այդ գոյավիճակը որ կը յուզէ մեր ազգային-կրօնական կեանքը եւ մեզ դէմ յանդիման կը դնէ անկարողութեան եւ ամլութեան՝ 21-րդ դարու մարտահրաւէրներու դիմաց։

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը, եօթանասուն տարիներ Խորհրդային Միութեան երկաթեայ բազուկին տակ հալածեալ պատանդ մնալէ ետք, ներկայիս անկախ Հայաստանի պետական նոր ղեկավարութեան տակ անգամ մը եւս կը փթթի ու կը ծաղկի եւ կը փորձէ 21-րդ դարու մարտահրաւէրներու դիմաց հասնիլ հայ ժողովուրդի ծով կարիքներուն։ Թէեւ, այնքան ալ հեշտ պիտի չըլլայ իր առաքելութիւնը, որովհետեւ՝ նախ իրեն կը պակսի որակեալ հոգեւոր մշակներու բանակը, եւ երկրորդ՝ այդքան երկար տարիներ անկրօնութեան քարոզախօսութեամբ թրծուած սերունդ մը այնքան ալ շուտով իր վրայէն պիտի չկարենայ թօթափել համայնավարութեան քարոզախօսութեան սերմերը։

Այս անցումային պահուն, վերջին քսանամեակին, մեր հայրենիքին մէջ երեւան եկան նաեւ աղանդներ, որոնք փորձեցին եւ տակաւին կը փորձեն պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալ, օգտուելով երկրին ռամկավարական արդի քաղաքական պայմաններէն։ Դժբախտաբար մեզի կը պակսի Ռուս Եկեղեցւոյ հեղինակութեան քաջութիւնը ճակատաբաց յայտարարելու՝ որ մենք բացարձակապէս կը մերժենք որեւէ ոտնձգութիւն, քրիստոնէական մարդասիրական անուան տակ կատարուած մոլորեցուցիչ բոլոր այն արարքները՝ որոնք կը հեռացնեն հայը իր պապերու հաւատքէն եւ Հայ Եկեղեցւոյ բազմաչարչար խորանէն, ո՛ր կրօնական-մարդասիրական կազմակերպութեան անունով ալ կատարուած ըլլան անոնք։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, տարագրեալ իր ժողովուրդին հետ թափառելէ ետք, վերջապէս իր կայքը հաստատեց Լիբանանի Անթիլիաս փոքրիկ քաղաքի ծովեզերեայ ափերուն վրայ. այն վայրին մէջ՝ ուր հազարաւոր որբացած մանուկներ, ազատագրուած արիւնարբու Թուրքին եաթաղանէն, իրենց վաղուան երազները հիւսեցին՝ նոր արշալոյսներու ակնկալութեամբ։

Յարաբերաբար քառասուն երկար խաղաղ տարիներ (1930-1970) բաւականաչափ սերունդ մը պատրաստելէ ետք, յանկարծ Միջին Արեւելքի եւ մասնաւորաբար Լիբանանի քաղաքացիական եղբայրասպան պատերազմները եկան տապարը զարնելու այն մեծ աշխատանքին՝ որ սկսած էր Սահակ Խապայեան Կաթողիկոսի աննահանջ եւ աննկուն կամքով, Բաբգէն Կիւլէսէրեան եւ Գարեգին Յովսէփեան Կաթողիկոսներու խորունկ իմաստութեամբ, Զարեհ Փայասլեան եւ Խորէն Բարոյեան Կաթողիկոսներու կորովով։

1970-ի քաղաքական պայմանները իրենց դառն դրոշմը թողուցին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վրայ եւ շրջան մը ամլութեան դատապարտեցին զայն, եւ կարելի չեղաւ հոգեւոր մշակներու նոր սերունդ մը պատրաստել։ Բարեբախտաբար՝ քաղաքացիական պատերազմի դադարէն ետք, Կաթողիկոսութիւնը յաջողեցաւ տարիներու բացը մասամբ մը լեցնել՝ նոր մշակներու պատրաստութեամբ, որոնցմէ ոչ-զանցառելի թիւ մը դժբախտաբար զանազան անձնական, ընկերային եւ «քաղաքական» պատճառներով հեռացած է եւ կամ գձուձ քինախնդրութեամբ տակաւին մինչեւ օրս կը հեռացուի միաբանութենէն։

Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը որ միշտ յատուկ դիրք մը կը գրաւէ Հայց. Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան մէջ՝ իբրեւ Ս. Տեղեաց պաշտպան զուտ կրօնական կեդրոն մը, հակառակ քաղաքական փոփոխական պայմաններու, միշտ ալ փորձած է իր նախանձելի դիրքը պահել բոլոր միւս քրիստոնեայ համայնքներու կողքին։

Դժբախտաբար 1967-ի արաբ-իսրայէլեան պատերազմին հետեւանքով, հակառակ իր վայելած երբեմնի քաղաքական բացառիկ պայմաններուն, չկրցաւ ինքզինք պարտադրել եւ արդարացնել նոր քաղաքական պայմաններու բացորոշ ճնշումին տակ։ Նոյն այդ պայմանները պատճառ դարձան նաեւ, որ պատրիարքական Ս. Աթոռը չկարենար իր Ժառանգաւորաց վարժարանին համար ուսանողներ հաւաքել Արեւելքի հայահոծ գաղութներէն, ինչպէս անցեալին կը կատարէր, լրացնելու համար իր միաբանական շարքերը։

Այսօր անոր վիճակը աւելի ողբալի է քան երբեք՝ զանազան պատճառներով։ Առաջին՝ քաղաքական անուղղակի, այլ բացորոշ հալածանք Հայ Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականութեան նկատմամբ: Վկայ՝ նաեւ այն իրողութիւնը, որ տակաւին չկրցանք աւարտել Ապրիլեան Նահատակաց յուշակեդրոնը, քաղաքական զանազան խաբուսիկ եւ կեղծ պատճառներով։ Երկրորդ՝ նոյն քաղաքական պատճառներու բերումով սկսած են նօսրանալ անոր զինուորեալ միաբանութեան շարքերը, որովհետեւ արգելքները շատ են Միջին Արեւելեան հայահոծ գաղութներէն ուսանողներ հաւաքելու, եւ երրորդ՝ նոյն պատճառները գուցէ նաեւ խոչընդոտեն նոր պատրիարքի ընտրութիւնը, որուն տխուր իրողութեան մասին անդրադարձանք մեր հինգերորդ յօդուածին մէջ՝ Վարչական Հարցեր խորագրին տակ։

Նոյնքան եւ առաւել եւս անփառունակ է Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարքութեան վիճակը։ Դարերէ ի վեր ազգին արեւմտեան հատուածին հոգեւոր-վարչական կեդրոն դարձած այս հաստատութիւնը՝ վերածուած է պարզ համայնքային դրութեան մը կեդրոնին, քաղաքական սրտաճմլիկ պայմաններու հետեւանքով։ Նոյնքան տխուր է պետութեան կողմէ Ս. Խաչ Դպրեվանքի փակումը, որուն հետեւանքով կարելի չէ պատրաստել նոր հոգեւոր ու կրթական մշակներ, որոնց կարիքը այնքան կը զգացուի նամանաւանդ Պոլսոյ մէջ։ Որքան երախտապարտ պէտք է զգանք աւանդապահ Պոլսահայ գաղութին որ, ի գին ամէն տեսակի բարոյական եւ նիւթական զոհողութիւններու, տակաւին բաց կը պահէ իր վարժարաններուն ինչպէս նաեւ եկեղեցիներուն դռները, նոյնիսկ ա՛յն վայրերու մէջ ուր այլեւս հայեր չեն ապրիր։

Օրին, տեղական մամուլէն իմացանք նաեւ նոր պատրիարքի ընտրութեան վերաբերեալ դժբախտ երեւոյթներն ու ելեւէջները, Մեսրոպ Պատրիարքի «անկարողութեան» որպէս հետեւանք։ Այսօր՝ որպէս կրօնական փոքրամասնութիւն, դարձած ենք քաղաքական խաղաքարտ, եւ չենք զարմանար երբ ամէն հնարաւոր առիթով Թուրք պետութիւնը այս գոյավիճակը կ’օգտագործէ իր թաքուն նպատակներուն համար, ի հեճուկս մեր ժողովուրդի բարօրութեան։ Այս վերջինը հաւանաբար մեզի խնայուած պիտի ըլլար եթէ ունենայինք ողջմտութիւնը Հայց. Եկեղեցւոյ վարչական դրութիւնը բարեկարգելու։

Ներկայիս մեզ մտահոգողը մեր նոր գաղութներն են, որոնք զանազան քաղաքական եւ տնտեսական պատճառներով հոս ու հոն ստուարացան Արեւմտեան աշխարհի մէջ։ Հայ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը այսօր կը գտնուի Հայաստանէն դուրս, սփիւռքի մէջ։ Այս օտար գաղթավայրերու մէջ վտանգուած է հայութեան գոյութիւնը, տիրող քաղաքականութեան ազդեցութեան եւ հեշտօրէն ձուլիչ պայմաններու տակ: Այլ խօսքով՝ հայկական գաղութներու խնդիրը ժամանակի հարց է, եւ եթէ մինչ այդ ազգովին լուծումի մասին չմատածենք՝ անխուսափելին պիտի պատահի։

Նկատի ունենալով այս տխուր հեռանկարը, անյապաղ պէտք է կազմակերպել հայ գաղութները, որպէսզի առաւելագոյն չափով դանդաղեցուի ձուլումի վտանգը։ Այս աշխատանքին գլխաւոր ազդակներէն մէկը պէտք է ըլլայ հայ վարժարաններու առաքելութիւնը։ Թէեւ վերջին յիսուն տարիներու ընթացքին հոս ու հոն անբաւարար թիւով վարժարաններ բացուեցան, բայց եւ այնպէս չկրցան արդարացնել իրենց վրայ դրուած յոյսերը, զանազան պատճառներով: Կ’արժէ այստեղ առանց երկարաբանելու կատարել կարգ մը պարզ ախտաճանաչումներ, ինչպէս ըրած էինք մեր նախորդ յօդուածներէն մէկուն մէջ։

ա. Նկատի ունենալով պետական հանրային ձրի վարժարաններու գոյութիւնը, մեր վարժարանները իրենց անմատչելի գիներով չկրցան հրապուրել ծնողներու շահագրգռութիւնը ազգային վարժարաններուն հանդէպ, նամանաւանդ երկրի տնտեսական այս դժնդակ պայմաններու տակ։

բ. Մեր վարժարաններուն կը պակսին մասնաւորաբար՝ հայերէն լեզուի եւ հայոց պատմութեան որակաւոր ուսուցիչներ, եւ այս իսկ պատճառով մեր երկրորդական վարժարաններու աւարտական աշակերտները չեն կրնար արտայայտել իրենց մտածումները յստակ, պարզ հայերէնով մը եւ անմիջապէս կը դիմեն անգլերէն լեզուի օգնութեան։

Եթէ մեր գաղթավայրերու մէջ ծնած եւ հասակ առած նորհաս սերունդը չկարենայ խօսիլ իր մայրենի լեզուն, եթէ չկարենայ իր մայրենի լեզուով գրել եւ կարդալ, որքան ալ ՀԱՅ անունը կրէ, ՉԻ ԿՐՆԱՐ ՈՐՊԷՍ ՀԱՅ ԳՈՅԱՏԵՒԵԼ։

գ. Վարժարաններու մէջ աշխատող կամ գործող պաշտօնակազմի մեծամասնութիւնը աշխատանքի գլուխ եկած է պարզապէս ո՛չ թէ իր ունեցած կրթական, դաստիարակչական պատրաստութեան որպէս հետեւանք, այլ շնորհիւ իր այս կամ այն խմբակին պատկանելիութեան, կամ խնամիական եւ բարեկամական կապերուն:

Իրենց յիսնամեակին հասնող մեր կարգ մը ազգային վարժարանները, դժբախտաբար փակման սեմին կը կանգնին այսօր, եւ սակայն մենք ազգովին տակաւին միա՛յն կը խօսինք մեր գործելակերպը վերատեսութեան ենթարկելու հրամայականին մասին ու ո՛չ մէկ գործնական քայլի կը դիմենք։

Բարեբախտաբար հայ վարժարաններու առաքելութեան բացը, եթէ կարելի է ըսել, Հայց. Եկեղեցին մասամբ մը կը փորձէ լրացնել իր Կիրակնօրեայ վարժարաններով, որովհետեւ ժամանակը ցոյց տուաւ թէ հոն ուր կազմակերպուած եկեղեցի կայ, այնտեղ կ’ապրի հայութիւնը եւ կ’ապրի մասամբ իր ազգային աւանդութիւններով։

Բայց արդեօ՞ք կարելի է այնպիսի պատուար մը բարձրացնել այն մեծ հոսանքին դէմ, որ մարդկային ազատութեան պիտակին տակ կը խլէ եւ կը կործանէ ամէն ինչ որ հայկական է եւ եկած մեզի դարերու խորքէն։ Դժբախտաբար ժամանակը մեր մեծագոյն թշնամին է. եթէ չկարենանք արթննալ մեր թմբիրէն եւ կազմակերպուիլ ազգովին, պիտի ենթարկուինք մահաքունի։

Եթէ մեր Արեւմտեան գաղթավայրերու մէջ Հայց. Եկեղեցին, հայկական վարժարաններն ու հայ մամուլը պիտի չկարենան ապառաժեայ հիմը դառնալ մեր գոյութեան, այն ատեն մեր բոլոր ազգային ծրագիրներն ու բաղձանքները երազի մը խաբուսիկ հաճոյքը միայն պիտի տան մեզի։ Առանց հայեցի դաստիարակութեան, մեր բոլոր եկեղեցիներն ու վարժարանները պիտի ըլլան լոկ շէնքեր, մինչեւ որ հին սերունդը որ իր հայրենի աւանդութիւններով սնած ու մեծցած է, անցնի եւ երթայ պատմութեան գիրկը։

Կը կարծէինք որ նոյնը պիտի չըլլայ Միջին Արեւելքի մէջ ապրող մեր եղբայրակիցներուն բախտը, ուր դէմ յանդիման կը գտնուին անոնք ոչ-քրիստոնեայ տարբեր թաղաքակրթութեան պատկանող ժողովուրդներու հետ ուստի եւ կարելի չէր նոյնիսկ մտածել ձուլումի մասին։ Դժբախտաբար Միջին Արեւելեան պատերազմներն ու արաբական նոր զարթօնքը իրենց տխուր դրոշմը կը դնեն այսօր մեր գոյութենական պայքարին վրայ։

Մեր յոյսը կը մնայ ներկայ երիտասարդութիւնը։ Որպէսզի Հայց. Եկեղեցւոյ վիճակը մեր բոլոր գաղթավայրերու մէջ կարենայ բարենորոգուիլ, բարեկարգուիլ եւ կատարել իր դարերու պատմական դերը, Հայ ժողովուրդը ՀԱՅ պահելու իր սրբազան առաքելութիւնը, անհրաժեշտ է որ հայ երիտասարդութիւնը օժտուի հայեցի դաստիարակութեամբ, իր աչքերը սեւեռած՝ դէպի հայրենիք։

Եթէ Հայց. Եկեղեցին կարողանար ինքզինք պատշաճեցնել մարդկային ազատ մտածումին եւ ըմբռնողութեան գաղափարին, այսօր շատ աւելի մեծ դեր կրնար խաղալ մարդկային հոգեմտաւոր եւ ընկերային կեանքի բոլոր մակարդակներու վրայ։

ԺԱ. եւ վերջ

Ոսկան Մխիթարեան

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter