HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սագօ Արեան

Պոլիս`Արեւմտահայաստան տանող միակ ճամբան

Մուտք

Եօթանասունականներու կէսերուն ծաւալած զինեալ պայքարէն ետք   հայ դատի  պայքարին ընդհանուր սլաքները տեղ մը   տեղքայլի  հանգրուանին մէջ մտան:

Այսինքն մինչեւ  ուշ ութսունականները Գուրգէն Եանըքեանով սկիզբ առած   եւ անկէ ետք    մեծ զոհութիւններով  իր  «ժամանակաւոր լրում»ին հասած զինեալ պայքարը  դադար առաւ:

Անհատական նախաձեռնութեամբ եւ թուրքին հետ իր լեզուով խօսելու, վրէժի բողոքի եւ  արեան դիմաց արիւն պահանջելու սխրանքները հետզհետէ նահանջեցին:Լռեց մեր ատրճանակը: Այդ լռութեան   մէջ  բազմաթիւ պատճառներ կային ու անոնց կարեւորագոյնը թերեւս  հայ դատին  նոր հանգրուանի մը  անցնիլն էր:Այդ օրերուն էր որ գոյացաւ սերունդ որուն համար Արցախեան պայքարը դարձաւ առաջնահերթութիւն: Ու սխալ չէր այդ բոլորը:

Եղան մարտնչումներ  եւ աշխարհի տարբեր ծագերէն այդ  պայքարի  հունին մէջ հասունցած մաքառողներ յայտնուեցան Արցախի մէջ: Գրուեցան գերազանցնապէս  հեոսական  պայքարի էջեր:Ողջ հոլովոյթ մը  Արցախ փոխադրուեցաւ ու հակառակ անոր որ Սփիւռքի երիտասարդութեան մասնակցութեան թիւը այդքան ալ    պատկառելի չէր բայց  այդ տղաքը տեղ մը  ազգային ազատագրական պայքարի պորտալարը շարունակելու  ճիգ ըրին ու յաջողեցան իրենց ճիգին մէջ:

Հիմա ի՞նչ կը կատարուի Սփիւռքի մէջ

Այսօր նոյնիսկ խորքային իմաստով սփիւռքահայու խղճի ձայնին մէջ  նախանշաններ  չկան որ յանկարծ սփիռքը մէկ մարմին  պիտի ըլլայ ու ոտքի կանգնի զինեալ պայքարի մը նոր հունը կերտելու:Այլ խօսք որ եթէ կան  նման կերպ մտածողներ , կամ գրողներ   անոնք  մեղմ ասած ճշմարտացի չեն:

Ըսեմ որ վերջին տաս տարիներուն  առնուազն   մօտիկ անցեալէն ստացուած  գաղափարական  լիցքերը մսխելու եւ հայ դատ բառակապակցութիւնը  գրասենեակներու եւ պանդոկներու մէջ բանտարկելու գործընթաց մըն էր  տեղի ունեցածը: Տարեկան  ճաշկերոյթներ, քարոզախօսութիւն եւ  բառի ու մտքի մարզանք: Այս ամբողջին մէջ պէտք է գտնուէր ուժ մը որ հասկնար   այս ընդհանուր վիճակը եւ այսպէս ասաց մեր    արեւմտահայ հատուածներու պայքարի  ողնածուծին մէջ  կարողանար նոր  լիցք հաղորդել:

Նոր ճամբան Հրանդը բացաւ

Այդ հունը  սփիւռքը չբացաւ: Երբ Սփիւռքի «Իշխանութեան» աթոռներուն վրայ եղող  եւ  ղեկավարի դերով յայտնուած  երեւելի դէմքերը զբաղած էին եւրոպայի եւ ամերիկայի  տարբեր մայրաքաղաքներուն մէջ դրամ հաւաքելով անդին Հրանդ Տինք   Պոլսոյ արգանդին մէջ նոր սերմեր կը ցանէր: Ու բառացուցական   չէր միայն աս ընթացքը այլ կեանքի գնով ...

Միւս մանրամասնութիւնները բոլորդ լաւ գիտէք: Հրանդ Տինք կը նահատակուէր: Անոր բացած ուղին  շարունակելու,  պայքարի  նոր  տեսադաշտ  տեսնելու եւ  ջահը  ստանձնելու  ոգին կը մտնէր մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ:

Այսօր այս է ընթացքը: Գէթ  անոնց համար որ կը հասկնան   եղածին տարողութիւնը   պարզ է արդէն,  որ  հայ դատի  պայքարի այսօրուան հունը փոխադրուած է Պոլիս:

Ու միով բանիւ եթէ սփիւռքահայութեան  «որոշիչ»  հատուածները բեմական  արկածախնդրութիւններէ   անդին   կաթիլ մը կը խորհին այդ դատին  մասին անոնք  պայքարի շարունակութիւնը պէտք է տեսնեն Պոլսոյ մէջ:

Հիմա ինչպէս մօտիկ անցեալին  Պոլիս երթալը  թապու մը չէ այլեւս:Ու  ակներեւ է որ   տարբեր առիթներով  սփիւռքահայ երիտասարդներու ձայնը կը հնչէ Պոլիսէն եւ Տիարպէքիրէն:

Խօսելու,  հեռուէն դիտարկումներ եւ կարծիքներ յայտնելու, ողբի, լացի ժամանակները անցած են:

Թուրքին հետ խօսիլ չի նշանակեր  համաձայն ըլլալ: Թուրքին անունը տալ չի նշանակել  թրքանալ կամ թրքական   «Մեծ քաղաքականութեան» համաձայն գտնուիլ կամ զոհ ըլլալ:

Ներկայ հանգրուանին բնական է որ աշխատանքները  պէտք է  համակարգուին այն թուրքերուն հետ որոնց համար ցեղասպանութիւն բառն ու   պատմական ճշամրտութիւնը թապուներ չեն: Այս մէկը  հիմնական դրոյթ է երբ երկու կողմերը  այսինքն  արեւմտահայերն ու  խօսելու պատրաստ թուրքերը  սկսին  գործակցիլ: Եւ այս բոլորը   առանց նախապաշարումներու:Բացի թուրքերէն պէտք չէ մոռնալ քիւրտերը որոնց հետ  վստահ եմ  համակարգումը  դրական տեղաշարժ կրնայ ստեղծել:

Այսօր  վիպական թող չհնջէ բայց  յստակ է որ իրական «Մարտադաշտ»ը Պոլիս- թրքահայաստանն է: Տակաւին   երազին մէկ  երեսակը  տեսնելը  կը բաւէ հաւատալու համար որ առաջին քայլին ,առաջին մոմին, առաջին կրակին պատմութիւնը  պիտի որ մեզի  համար դառնայ իսկական նոր ճանապարհ:

Սփիւռքի մէջ տակաւին  պիտի շարունակուին դրամահաւաքները ու ոչ ոք դէմ չէ որ  այդ  դրամահաւաքերը եւ շքեղ պանդոկներու լոյսերուն տակ  եղող  հանդիպումները շարունակուին: Այդ բոլորը պէտք են:Այդ բոլորը կենսական են մեր գոյութեան համար: Բայց կարեւոր է որ մարդիկ յատկապէս անոնք որ Սփիւռքի մէջ իշխանութիւն մը ունին(եւ այս յօդուածը յատկապէս անոնց համար է որ կը գրեմ)  հասկնան որ այսօր պայքարի մեր ուղին մտած է  նոր հուն որուն մեծ խորագիրը կը կոչուի վերադարձ դէպի արեւմտահայաստան:     

Յետ այսու թուրքիոյ մէջ  աշխատանքի մեծ   դաշտ կայ:Մեծ գետին կայ   եւ սփիւռքի մէջ նստելով ու ամէն Ապրիլ Քսանչորս-ի պահանջատիրութիւն պոռալով չէ որ գործը առաջ  պիտի երթայ:

Թրքական դրօշակ այրելն ալ արդէն   անիմաստ կը  կը դառնայ եթէ չուղղորդուիր  լուրջ գործընթացներով եւ  կը նմանի տարին հեղ մը օղիի սեղանին վրայ Մուշ ու Վան երազելով:

Մեր գաղափարական  տարբերութիւնները պէտք չէ պատճառ դառնան ընդհանրումներու կամ լարուածութեան:

Ու չմոռնանք որ Հրանդ  ոչ Հնչակեան  էր, ոչ Դաշնակցական էր ոչ ալ Ռամկավար:

Հրանդ բացատրեց որ մեր տարբերութիւնները հարստութիւն են ու մինակը – միս մինակը նոր ճամբայ բացաւ մեզի համար:

Կը մնայ որ մենք հաւատք ընծայենք այդ ճանապարհին  որովհետեւ մեր ժողովուրդի պայքարի ճամբան  սկիզբ պիտի առնէ Պոլիսէն  ոչ Ժընեւէն, ոչ Փարիզէն ոչ ալ Պրիւքսէլէն:

Այդ  մայրաքաղաքները կարեւոր են:  Սակայն Լոյսի իրական ճամբան   եթէ տակաւին ինչ որ տեղ,  ինչ որ սրտերու մէջ հայոց  դատին  իրական հուրը կայ վստահ եմ որ այդ սրտերու  մէջ կայ նաեւ ճանապարհին քարտէզը որ զմեզ  արեւմտահաայստան պիտի տանի:

Այլապէս ուրիշ խօսք: Այլապէս մեզի համար Գերսամ Ահարոնեանի  «Գալ տարի Վանի մէջ» խորունկ  եւ զօրեղ  խորագիրը  կը մնայ սոսկ գիրքերու մէջ  քունի եւ պատմութեան փոշիներու «զոհ» դարձած  խօսք:

Չմոռնանք որ այսօր արեւմտահայաստան հասնելու միակ ճանապարհը  Պոլսէն է:

Մեկնաբանություններ (2)

ani
Yes, Diaspora needs to understand that reality. Bolis is the center of the young intellectuals.They are the asset of our nation. They know what they are doing. Diaspora will understand that simple truth and pay attention to them.If you are living in a country, it is obvious that you will know things better than someone who lives thousand miles away.
a kalajian
thank you for this significant and eloquent article and its message.

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter