HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Դիմադրող կանանց հետքերով: Պոլսահայ արուեստագէտը, իր նոր ցուցահանդէսով, կը փորձէ մերձենալ Աղէտին:

Արէտ Կըճըրի «Ընդ հուր եւ ընդ սուր» խորագրեալ անհատական երկրորդ ցուցահանդէսը 10 Ապրիլ-9 Մայիս 2015 թուականներուն պիտի ըլլայ Իսթանպուլի Էօքտեմ-Այքութ ժամանակակից արուեստի ցուցասրահին մէջ։ Բացումը՝ 9 Ապրիլ, հինգշաբթի իրիկուն, 18։30-ին։

Ընդ հուր եւ ընդ սուր խորագրեալ ցուցահանդէսը, որ իր անունը կ՚առնէ Զապէլ Եսայեանին 1909-ի Ատանայի կոտորածին տուած բնորոշումէն, կը քննէ Անատոլուի մէջ 100 տարի առաջ պատահած, անդառնալի բեկումը։

Իր այս ցուցահանդէսով՝ Կըճըր կը փորձէ մերձենալ Աղէտին՝ մեկնելով, մինչ 1915-ը երկարող միջոցին, իրենց զաւակները, ընտանիքները, եկեղեցիները, դպրոցները, հողերը եւ իրենք զիրենք պաշտպանելու համար զինուած, ապրելու համար դիմադրող հայ կանանց պատմութիւններէն։

Արուեստագէտը, իր կտաւներուն մէջ, վերացարկուած տարածքը եւ մարդիկը այլ տարածութիւն մը փոխադրելով կ՚օտարացնէ եւ անգամ մը եւս կը վերացարկէ։ Դէմ կը կենայ Անատոլուի «մինակ», «վիպապաշտ», «ամայի» եւ «կայուն» պատկերներուն, որոնք Օսմանեան կայսրութեան վերջին եւ հանրապետութեան առաջին տարիներէն ի վեր շարունակ վերարտադրուած են՝ քաղաքականութեան, արուեստի, գրականութեան եւ շարժարուեստի միջոցով։ Կը մատնանշէ, որ իրականութեան մէջ երբեք ճշմարիտ չէ եղած Անատոլուի այն մտապատկերը, որուն յատկապէս 90-ականներէն ետք վերստին կը փորձեն տարբեր իմաստներ վերագրել։

«Ընդ հուր եւ ընդ սուր» այս կիները, որոնց պատմութիւնները եւ անունները նուազ յայտնի են, առառաւելն քանի մը լուսանկար միայն մնացած է իրենցմէ, մեր դէմ կը յայտնուին վկայութեան եւ վկայութեան անկարելիութեան միջեւ։ Կտաւները թերեւս կը հարցաքննեն արուեստագէտին կարելիութիւնը՝ միտքի սահմաններով Աղէտը հասկնալու, ինչպէս կ՚ըսէ վիպագիր Յակոբ Օշական, «Աղէտը՝ անհուն, բայց տարօրինակ կերպով միաձեւ,կը վրիպի արուեստագէտին

 պարագրկումէն․․․»:

Արէտ Կըճըր․ 1978-ին ծնած է Իսթանպուլ։ Շրջանաւարտ է Երեւանի Գեղարուեստի պետական ակադեմիայի գեղանկարչութեան բաժնէն (2002-2008)։ Երեւան խորագրով իր առաջին անհատական ցուցահանդէսը 2009-ին տեղի ունեցած է Թոքաթլեան խանին մէջ։ 2013-ին Պատրիարքին աղէտը անուն նախագիծով մասնակցեցաւ արուեստագէտներու տան՝ Moon and Stars Project – SWA-ի (Նիւ Եորք) հրաւէրով։ Կը ստեղծագործէ Իսթանպուլի մէջ։

Մեկնաբանություններ (1)

Arthur
Aret, you're a brave-hart artist. Well done & thank you.

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter