HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Յամառ պայքար մնացածը փրկելու

ԷՄՐԷ ՃԱՆ ՏԱՂԼԸՕՂԼՈՒ

Թուրքիոյ տա­րած­քին գտնուող հա­յոց մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գը անխնա­մութեան եւ տրուած վնաս­նե­րու պատ­ճա­ռաւ ոչնչա­նալու վտան­գի հետ դէմ յան­դի­ման կը գտնուի։ Միւս կող­մէ կարգ մը դրա­կան զար­գա­ցումներ ալ կ՚ար­ձա­նագ­րուին։ Մշա­կոյ­թի Նա­խարա­րու­թիւնը թէեւ կարգ մը պատ­մա­կան հնու­թիւննե­րը նո­րոգած է, բայց անոնք հա­զարա­ւոր­նե­րու չնչին մէկ մասն են։ Հայ մշա­կոյ­թի ժա­ռան­գը փրկե­լու հա­մար ար­տա­սահ­մա­նի եւ Թուրքիոյ մէջ զա­նազան կազ­մա­կեր­պութիւններ աշ­խա­տան­ք կը տա­նին։

Այս ուղղու­թեամբ կա­րեւոր գոր­ծունէու­թիւն ծա­ւալող միու­թիւննե­րէն մէկն է Սա­սուն, Պիթ­լիս, Պաթ­ման, Մուշ, Վան, Իս­թանպուլ եւ այլ տե­ղաց Հայ­կա­կան Գիւ­ղե­րու եւ Հա­յոց Օգ­նութեան Միու­թիւնը։ Միու­թեան ատե­նապետ Ազիզ Տաղ­ճը կը նշէ, թէ Մու­շի Սուրբ Կա­րապետ Վան­քի եւ պատ­մա­կան Անի քա­ղաքի հա­մար կա­տարած դի­մումնե­րէն դրա­կան ար­դիւնքներ առած է։ «Ափ­սոս որ Սաս­նայ Կոմք Եկե­ղեցին անմխի­թար վի­ճակի մէջ է» կ՚աւելցնէ Ազիզ Տաղ­ճը։

Տաղ­ճը Սուրբ Կա­րապե­տի տա­րած­քին մէջ կա­ռու­ցուած տու­նե­րը պար­պե­լու հա­մար դի­մում կա­տարած էր Խորհրդա­րանին։ Ան պա­հան­ջած էր որ դա­տական հար­ցաքննու­թիւն կա­տարուի եկե­ղեցին աւե­րող­նե­րու դէմ։ Ներ­կա­յիս վան­քի տա­րած­քին մէջ 48 բնա­կարան­ներ եւ 6 գո­մեր կը գտնուին։ Ազիզ Տաղ­ճը­յի ստա­ցած պա­տաս­խա­նի հա­մաձայն Տի­յար­պէ­քիրի Յու­շարձան­նե­րու Տնօ­րէնու­թիւնը վե­րանո­րոգ­ման նա­խագիծ մը կը պատ­րաստէ։ Իսկ վան­քի տա­րած­քին կա­ռուցուած շէն­քե­րու դա­տարկման հա­մար ալ Մուշ քա­ղաքի մշա­կոյթի եւ զբօ­սաշրջու­թեան տնօ­րէնու­թիւնը գոր­ծի լծուած է։

Տաղ­ճը սրբապղծու­թիւն կը հա­մարէ այս շի­նու­թիւննե­րը եւ կ՚ըսէ թէ ոչ մէկ պա­տուա­ւոր մարդ կ՚ըն­դունի նման անար­գանքը։

Անիի վե­րանո­րոգու­մը կը սկսի

Ազիզ Տաղ­ճը Խորհրդա­րանին աղեր­սա­գիր­նե­րու բաժ­նին դի­մելով տե­ղեկութիւն պա­հան­ջած է Մայր Տա­ճարի նո­րոգութեան մա­սին։ Այս առ­թիւ տրուած պա­տաս­խա­նին մէջ ալ կը նշուի որ այս տա­րի կը սկսի թե­քնի­կա­կան աշ­խա­տու­թիւննե­րը։

Այս յու­սադրիչ զար­գա­ցումնե­րէ ետք Տաղ­ճը կը յայտնէ որ բա­ւական տխուր է 1.500 տա­րուայ ան­ցեալ ու­նե­ցող Սաս­նայ Կոմք Եկե­ղեցին։ Թէեւ Մա­յիս ամ­սուան մէջ սկսած է վե­րանո­րոգ­ման աշ­խա­տու­թիւն մը, բայց եկե­ղեցին տա­կաւին կը շա­րու­նա­կուի իբ­րեւ ախոռ օգ­տա­գոր­ծուիլ։ «Գան­ձա­խոյզներն ալ անընդհատ կը պե­ղէն եկե­ղեցին։ Վախ­նամ որ մինչեւ վերանորոգութիւնը սկսի, կանգուն պատերն ալ փուլ գան» կ՚ըսէ Ազիզ Տաղճը։

Agos

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter