Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեցին Ե.Հ.Խ.-Ի եւ Մ.Ա.Ե.Խ.-Ի ներկայեցուցիչները
Անթիլիաս- 7 Օգոստոս 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) առնչուած հարցերու պատասխանատուներէն, Դոկտ. Միշէլ Նսէյրի և Մ.Ա.Ե.Խ.-ի ընդհանուր քարտուղար՝ Դոկտ. Միշէլ Ժալըխի։
Աշխատանքային հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ ընդհանուր քննարկումի ենթարկելու Մ.Ա.Ե.Խ.-ի և Ե.Հ.Խ.-ի գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու կարելիութիւնները և այդ ծիրէն ներս յատուկ անդրադարձ եղաւ կարգ մը միացեալ ծրագիրներու իրագործման։
Հանդիպման ընթացքին, լայնօրէն քննարկուեցան հոգեւոր պետերու հանդիպում մը կայացնելու ծրագիրը, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ Մ.Ա.Ե.Խ.-ի Գործադիր Վարչութեան ժողովին օրակարգերը։ Վերոնշեալ հարցերուն շուրջ Նորին Սրբութիւնը ներկայացուց իր պատկերացումը, միաժամանակ կատարելով անհրաժեշտ թելադրանքները։
Մեկնաբանել