HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Եոզկատ - Խաղեր

Վահէ Թաշճեան

Պահվտուք

Կը խաղան տղաք եւ աղջիկներ միասնաբար կամ առանձին։ Մասնակիցները վիճակ կը ձգեն որոշելու համար առաջին պառկողը կամ աչք գոցողը։ Կը ճշդուի տեղ մը, աչք գոցողը ճիշդ այդտեղ կը կանգնի, գլուխը պատին կը դարձնէ, մինչ այդ միւս խաղացողները տարբեր տեղեր կը պահուըտին։ Բաւական ետք աչքերը գոցողը կը սկսի փնտռել իր խաղընկերները։ Երբ ոեւէ մէկուն տեսնէ, անմիջապէս անոր անունը պէտք է տայ, ապա վազելով ուղղուի սկզբնական պատին քով եւ թքնէ ճիշդ այն կէտին ուր նախապէս կանգնած էր։ Յաջորդ աչք գոցողը բռնուած խաղընկերը կ՚ըլլայ։ Խաղը այսպէս կը շարունակուի մինչեւ որ նոր աչք գոցողը իր խաղընկերներէն մէկն ու մէկը գտնէ։

Բերդախաղ

Կը խաղան 6-7 հոգիով։ Ընդարձակ տարածքի մը վրայ խաղին մասնակիցները շրջանակաձեւ կը կանգնին իրարմէ մօտ 5 մեթր հեռաւորութեամբ։ Վիճակ կը քաշուի եւ անոնցմէ մէկը շրջանակին կեդրոնը կը կանգնի։ Մնացեալները մնայուն կերպով իրենց տեղերը պիտի փոխեն, այսինքն շրջանակին վրայ կանգնածները մէկը միւսին տեղը պիտի առնէ։ Այս գործողութիւնը շատ արագ պէտք է ըլլայ։ Կեդրոնը կեցողը ուշադիր պէտք է հետեւի այս փոփոխութիւններուն։ Նպատակն է բաց մնացած տեղերէն մէկն ու մէկը ինք առնէ կամ գրաւէ։ Եթէ յաջողի, իր տեղը կորսնցնողը ինք շրջանակին կեդրոնը կ՚անցնի եւ խաղը կը շարունակուի։

Հէսէսի-հիւսէսի

Խաղացողները քար մը կը դնեն գետին, իրենք ալ միասնաբար կը կանգնին անկէ որոշ հեռաւորութեան մը վրայ։ Իւրաքանչիւր մասնակից իր ձեռքին բռնած կ՚ըլլայ այլ քար մը, նախընտրաբար տափակ եւ կարծր՝ հարուածելու նպատակայարմար։ Առաջին խաղացողը ձեռքի քարով կը փորձէ զարնել գետինի քարին՝ փորձելով զայն առաւելագոյնս հեռացնել իր զետեղուած տեղէն։ Երբ յաջողի, կ՚երթայ ու կը կանգնի քարին նախապէս զետեղուած կէտին վրայ, ապա քայլերը հաշուելով կ՚ուղղուի նոյն այդ քարին տեղափոխուած տեղը։ Յաղթողը կ՚ըլլայ այն որ ճիշդ վեց քայլ առնելով կը հասնի տեղափոխուած քարին։ Առաջին քայլը առնելուն ան պէտք է ըսէ «հէսէսի», եկրորդ քայլին՝ «հիւսէսի», երրորդին՝ «այլոզ-պայլոզ», ապա յաջորդաբար՝ «սէքսէն», «տոխզան» եւ վերջինը՝ «եիւզ»։ Պէտք է այս համրանքը ամբողջական ըլլայ այս հեռաւորութիւնը կտրած ատեն։ Եթէ վեց քայլով չյաջողեցաւ նպատակին հասնիլ, ապա խաղը սկիզբէն կրկին ծայր կ՚առնէ, այս անգամ կարգը անցնելով երկրորդ խաղացողին։

Այ-կէօրտիւմ (լուսին տեսնել)

Խաղը կը խաղան լուսնակ գիշերով։ Կը մասնակցին երկու խումբեր։ Մէկ խումբին անդամները աչքերնին կը գոցեն, մինչ մրցակից խումբին տղաքը կը պահուըտին զանազան տեղեր։ Առաջին խումբին աչքերը գոցած վայրը կը համարուի բերդը։ Երբ աչքերնին բանան, մէկ հոգի կը պահեն բերդին մօտ, մինչ միւսները կը սկսին շրջագայիլ եւ մրցակից պահուըտածները փնտռել։ Երբ ոեւէ մէկը գտնեն, խուզարկող խումբը պէտք է կանչէ Այ-կէօրտիւմ, ու անմիջապէս վերադառնայ բերդ՝ բերդապահը պաշտպանելու համար։ Այ-կէօրտիւմ կանչը նոյն ժամանակ դուրս կը հանէ բոլոր մրցակիցները իրենց թաքստոցներէն եւ անոնք ալ կ՚ուղղուին բերդ՝ բերդապահը ծեծելու եւ վայրը գրաւելու նպատակով։ Եթէ յաջողին, ապա դերերը կը փոխուին։ Այսինքն պահուըտող խումբը կը դառնայ խուզարկող։

Հոլոր

Խմբային խաղ մը, զոր կը խաղան ընդհանրապէս գիւղական տուներու տանիքներուն վրայ։ Կ՚ընտրուի մէկը, որ մէկ ոտքի վրայ ցատկելով պիտի հալածէ բոլոր միւսները։ Նպատակն է ոեւէ մէկուն զարնել։ Զարնուողը ինք կը սկսի մէկ ոտքի վրայ ցատկել եւ բոլոր միւսներուն փորձել զարնել։ Փախողները իրենք ալ իրաւունք ունին մէկ ոտքի վրայ ցատկողին զարնել եւ զայն գետին տապալել։

Վէգի խաղ

Կը խաղան 2-3 հոգիով։ Խաղին մասնակիցներերը իրենց վէգերը հաւասար թիւով կը տեղադրեն մէկ գիծի վրայ։ Անոնց շուրջ մօտ 1,5 տրամագծով շրջանակ մը կը գծեն։ Խաղացողները շրջանակէն մօտ երեք մեթր հեռու տեղ մը կը կանգնին։ Իւրաքանչիւրը իր մօտ կը պահէ այլ վէգեր։ Առաջին խաղացողը ձեռքի վէգով նշան կ՚առնէ շրջանակին մէջ տեղադրուած վէգերուն, կը նետէ զայն եւ կը փորձէ գետնի վէգերէն մէկ կամ աւելին հարուածել եւ զանոնք շրջանակէն դուրս հանել։ Ամէն վէգ որ դուրս կու գայ շրջանակէն շահուած կը համարուի հարուածողին կողմէ։ Այս վերջինը իր կարգը կը շարունակէ մինչեւ որ ձախողի շրջանակէն դուրս հանել վէգ մը։ Այն ատեն կարգը կ՚անցնի երկրորդ խաղացողին։

Նետուող վէգերը ընդհանրապէս աւելի ծանր կ՚ըլլան։ Զանոնք կը կոչուին էնէք։ Խաղացողները սովորութիւն ունին իրենց էնէք վէգին փոսիկով բաժինին մէջ կապար լեցնել, ինչ որ աւելի կը ծանրացնէ զայն եւ հարուածը աւելի ազդու կը դարձնէ։

Կուտ խաղալ

Կը հետեւի վէգի խաղին օրէնքներուն։ Տարբերութիւնը այն է որ գետնին շարուած կ՚ըլլան ծիրանի կուտեր։ Նշանառութեան համար դարձեալ կը գործածուի էնէք վէգը կամ սախսընը, որ փշրուած հողէ ամանի մը տափակ մէկ կտորն է։

Հոլ դարձնել

Տղոց քով սիրուած խաղ մըն է։ Հոլը կը պատրաստեն կաղնիի փայտէն եւ ընդհանրապէս հաւկիթի մը մեծութիւնը կ՚ունենայ։ Սուր ծայրամասին կը գամենղապարա կոչուող կօշիկի գամը։ Հոլը կ՚ունենայ նաեւ իր մտրակը։ Անոր պատրաստութեան համար պէտք է մօտ 50 սմ. երկարութեամբ բարակ գաւազան մը՝ մօտ 2 սմ. տրամագծով։ Գաւազանին մէկ ծայրամասին կ՚ամրացնեն մօտ 25 սմ. երկարութեամբ բուրդի թելէ հիւսուած չուան մը, որուն ծայրամասը մետաքսէ հիւսուած կ՚ըլլայ։ Մտրակը կը ծառայէ հոլին հարուածելու եւ զայն ֆռֆռացնելու։ Տղաքը իրենց հոլը կը դարձնեն յաճախ տուներուն տանիքներուն վրայ։

Թօփ (գնդակ) խաղալ

Գնդակ պատրաստելու համար եզներուն մազը կը սանտրեն, հաւաքուած մազը կը հաւաքեն, ափի մէջ ոլորելով՝ գնդակի ձեւ կու տան։ Ոլորելու ատեն քիչ-քիչ ջուր կը սրսկեն, որպէսզի մազերը խտանան եւ ամրանան։

Եոզկատի շրջանին մէջ գնդակով զանազան խաղեր կան։

Օրինակ գնդակ կը խաղան խումբ մը աղջիկներով։ Անոցնմէ մէկը գնդակը գետին կը զարնէ ու կը փորձէ զայն իր հասակէն աւելի բարձրացնել։ Կը հասնի յաջորդը որ նոյն գործողութիւնը պէտք է կրկնէ։

Պարան ցատկել

Կը խաղան աղջիկները։ Երկու ձեւ կայ խաղալու։ Առաջինը՝ պարանին երկու ծայրերը մէկական աղջիկ կը բռնէ ու միասին զայն շրջանակաձեւ կը դարձնեն։ Միւս աղջիկները խումբով կը կանգնին կեդրոնը ու պիտի փորձեն պարանին վրայէն ցատկել։ 

Պարան կը ցատկեն նաեւ առանձին։ Այսինքն խաղացողը պարանին երկու ծայրերէն կը բռնէ եւ ցատկելով՝ պարանը շրջանակաձեւ ոտքերուն տակէն կ՚անցընէ։

Թաշկինակ ձգել կամ թուրա

Տղաքը շրջանակաձեւ կը կկզին, երեսները դէպի ներս։ Տղոցմէ մէկը ձեռքին բռնած թաշկինակ մը՝ շրջանակին դուրսի կողմը կը սկսի վազելով դառնալ։ Երբեմն կը ձեւացնէ որ թաշկինակը մէկու մը ետեւը կը նետէ։ Վերջաւորութեան իսկապէս գաղտնի մը կը նետէ թաշկինակը կկզողներէն մէկուն ետեւը։ Թիրախ ընտրուած անձը անմիջապէս պէտք է առնէ թաշկինակը եւ հալածէ նետողը։ Իսկ այս վերջինն ալ պէտք է փորձէ հալածողին դատարկ ձգած տեղը նստիլ։ Եթէ մինչեւ նստիլը հալածողը կը յաջողի հարուածել մրցակիցը, այն ատեն այս վերջինը պարտուած կը համարուի եւ կը շարունակէ թաշկինակ ձգողը ինք ըլլալ։ Այլապէս, հարուածուողը կ՚ըլլայ թաշկինակ ձգողը։

Այս խաղին համար փոխանակ թաշկինակի երբեմն կը գործածուի նաեւ թուրա կոչուող լաթը, զոր օձանման կ՚ոլորեն, ծարամասին զօրաւոր հանգոյց մը կ՚ընեն եւ իւրաքանչիւր կկզող իր ձեռքին կը պահէ։ Թաշկինակ ձգողը երբ մէկու մը ետեւ կը նետէ թաշկինակը, այն ատեն թիրախ անձը պէտք է հալածէ փախողը եւ թուրայով հարուածէ զայն։

(շարունակություն)

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter