HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Խարբերդ - Միսիոնարներ

Դանիացի միսիոնարները Խարբերդի նահանգին մէջ – համառօտ ներածութիւն

Մաթիաս Պիոռնլունտ, 2015 Հոկտեմբեր - թարգմանութիւն՝ Շաղիկ Շահինեան Արծրունի

1900 թուականին Քոփենհակընի մէջ կը հիմնուէր «Միսիոնարուհի գործիչներ» («Kvindelige Missions Arbejdere», այսուհետ՝ «KMA») դանիական աւետարանչական կազմակերպութիւնը՝ «Կին գործիչներ ի նպաստ կիներու» նշանաբանով։ Կազմակերպութիւնը ներշնչուած էր գլխաւորաբար շուէտական «KMA»-ի հիմնումէն, դանիական արդիական վերազարթնումի շարժումներէն (օրինակ՝ «Indre Mission»-ը) եւ այսպէս կոչուած «Բողոքական միջազգայնական»-էն (Յիսուս Քրիստոսի երկրորդ գալստեան հաւատացող Հազարամեան ուսմունքի ջատագով շարժում մը, որ կը ձգտէր աշխարհը լուսաւորել Աւետարանով)։ «KMA»-ի անդամներուն համար գործելու մեծ խթան հանդիսացած էին նաև Ապտուլ Համիտ Բ-ի 1890-ական թուականներուն Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին կազմակերպած համիտեան կոտորածներուն մասին լուրերը, որոնք Դանիայի հասարակութեան նշանակալից հատուածներուն վրայ խորունկ ազդեցութիւն գործած էին. իրականութեան մէջ այս ջարդերն էին դանիական «KMA»-ն (որ Աստուածաշունչը ուսումնասիրող խումբ մըն էր) մի քանի տարուան մէջ համաշխարհային պարագիծով գործունէութիւն ծաւալելու յաւակնող արդիւնաւէտ հասարակական կազմակերպութեան մը վերածող գլխաւոր մղիչ ուժը։ Արդ, թէեւ ճիշդ է որ դանիական «KMA»-ն [հետագային] միսիոնարներ պիտի ղրկէր նաեւ, օրինակ, Հնդկաստան, հիւսիսային Ափրիկէ, Դանիական Անտիլներ (1917-էն ետք՝ Վիրճինեան կղզիներ) եւ Չինաստան, [այնուամենայնիւ] իրենց միսիոնարական գործունէութեան ծաւալման առաջին դաշտը Հայաստանը եղած էր եւ պիտի յամենար իբրեւ կարեւորագոյն կիզակէտը կազմակերպութեան մինչեւ վերջինիս լուծարումը (1981-ին)։

Սկիզբը դանիական « KMA»-ն իր գործունէութիւնը կեդրոնացուց կոտորածներու նախօրէին Օսմանեան Կայսրութեան հայ քաղաքացիներու ապրած դժնդակ կացութեան մասին իրազեկման վրայ՝ միաժամանակ հովանաւորելով ամերիկեան եւ գերմանական խնամատար կեդրոններու մէջ պատսպարուած հայ որբուկներու խնամքը Պիթլիսի, Վանի, Մշոյ, Խարբերդի (Հարբութ) եւ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ։ 1902-ի նոյեմբերին «KMA»-ն կը հիմնադրէր Էմաուս որբանոցը Մեզրէի մէջ (Էլազիկ, Խարբերդի (Մամուրէթուլ Ազիզի) նահանգ), ուր արդէն իրենց գերմանացի եւ ամերիկացի պաշտօնակիցներուն հետ եւ անոնց ճամբով անհրաժեշտ լաւ յարաբերութիւնները հաստատած էր, եւ ուր ապահովութիւնը եւ ենթակառոյցները կը սեպուէին համեմատաբար բաւարար։ Էմաուս որբանոցը գլխաւորաբար դանիական ղեկավարութիւն ունեցող կառոյց էր. սակայն, առնուազն սկզբնական շրջանին, յաճախ անոր մասին կը խօսուէր իբրեւ «սկանտինաւեան որբանոց»-ի, որովհետեւ շուէտական, նորուէկիական եւ ֆիննական «KMA»-ներէն նիւթական օժանդակութիւն կը ստանար եւ որովհետեւ առաջին առանցքային աշխատակիցներէն մէկը շուէտ միսիոնար Ալմա Եոհանսոնը եղած էր։

Խարբերդի նահանգին մէջ գործած դանիացի առաջին «KMA» միսոնարուհին Քրիսթա Համերն էր, որ արհեստավարժ բուժքոյր մըն էր։ Ան 1901-ի ամառը եկած էր սկիզբը գերմանական «Deutsche Hülfsbund» (Տէօչէ հիւլֆսպունտ, DH) միսիոնարական կազմակերպութեան օգնելու եւ անհրաժեշտ լեզուները սորվելու համար։ Բայց իր հիմնական առաջադրանքը Ալմա Եոհանսոնի եւ դանիացի միսիոնար Քրիսթիան Պլէքի հետ Էմաուս որբանոցը հիմնադրելն էր (սկզբնական շրջանին ան 15 հայ որբացած մանուկ կը պատսպարէր)։ Այս առաջադրանքը երբեմն-երբեմն խնդրայարոյց ու դժուարին էր։ 1902-ի նոյեմբերին, օրինակ, Էմաուսի պաշտօնական բացումէն մի քանի օր ետք, Քրիսթա Համերը տեղւոյն թուրքերէն մահուան սպառնալիքներ ստացած էր։ Նոյն օրերուն վալին՝ նահանգի ընդհանուր կառավարիչը, յանկարծ կը յայտարարէր, թէ կ’ուզէր հայ մանուկները հանել այս որբանոցէն, քանի որ այս պզտիկները օսմանեան սեփականութիւն կը սեպուէին։

Բուռն բանակցութիւններէ եւ բանագնացութիւններէ ետք, ինչպէս նաեւ որոշ չափով տեղւոյն գերման միսիոնարներուն եւ դիւանագէտներուն օգնութեամբ, կարելի պիտի ըլլար խուսափիլ առաջին խոշոր տագնապէն, բայց շատ շուտով կացութիւնը պիտի վատթարանար։ Համերը երկու տարի ետք բծաւոր տիֆէ պիտի մահանար (եւ կը հանգչի հողին յանձնուած այսօրուան Էլազիկին մէջ կամ մօտ տեղ մը) իսկ Եոհանսոնն ու Պլէքը երկուքն ալ ծանրօրէն պիտի հիւանդանային եւ հայրենի տուն վերադառնային. բայց դանիական «KMA»-ն եւ կազմակերպութեան հայկական վարչութիւնը պիտի չյուսահատէին։ Անոնք հետեւողականօրէն պիտի ղրկէին նահանգին մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս տեղւոյն վրայ գործնական աշխատանք կատարողներ, որոնք բոլորն ալ 1902-ին հիմնուած «KMA»-ի Քոփենհակընի միսիոնարական վարժարանէն շրջանաւարտ եղած էին։

Յաջորդաբար ժամանող միսիոնարներու շարքին էին Վիլհելմինէ Կռիւնհակէնը եւ իր դուստրը՝ Զիկրիտը։ Անոնք պիտի աշխատէին Էմաուսի որբանոցին մէջ, մինչեւ Զիկրիտի գերմանացի պաշտօնակիցի մը հետ ամուսնանալը 1910-ին եւ Մարաշ հաստատուիլը, մինչ Վիլհելմինէնը գրեթէ նոյն ժամանակահատուածին պիտի վերադառնար Դանիա։ Երբ արդէն գրեթէ 60 տարեկան էր, Վիլհելմինէն պիտի վերստին երթար Օսմանեան Կայսրութիւն, որպէսզի շարունակէր իր աշխատանքը վերապրող հայերուն հետ Ցեղասպանութենէն եւ զինադադարէն ետք, սկզբնական շրջանին Կոստանդնուպոլսոյ Սկիւտար թաղամասին մէջ գտնուող որբանոցի մը մէջ, ապա Յունաստանի մէջ։ Ցեղասպանութենէն առաջ Մամուրէթուլ Ազիզի մէջ գործած են նաեւ դանիական «KMA»-ի գործնական աշխատողներէն Հանսին Մարքերը, որ Մեզրէի «DH» աղջկանց վարժարանի ղեկավարն էր, Ճէնի Ճէնսէնը, որ «KMA»-ի նորուէկիացի միսիոնար Պոտիլ Պիոռնի հետ 1905-ին Խարբերդի նահանգ ժամանած էր եւ Էմաուսին ճիշդ քովը գտնուող «DH»-ի Էլիմ որբանոցի ղեկավարն էր, Մարիա Եաքոպսէնը, որ 1907-էն սկսեալ Մեզրէի եւ Խարբերդի մէջ գործած է գլխաւորաբար իբրեւ Ամերիկեան խորհուրդի (ABCFM) գլխաւոր հիւանդապահ, Քարէն Մարի Փեթերսէնը, որ ժամանած էր 1909-ին և ի վերջոյ Էմաուսի ղեկավարի պաշտօնին պիտի փոխարինէր Վիլհելմինէ Կրիւնհակէնը եւ Ենսինէ Էօրց Փեթերսը, որ Մալաթիայի մէջ աշխատակցած էր գերմանական «Քրիշթոֆէլ Պլէտէնմիսիօն» միսիոնարական կազմակերպութեան հետ, նախքան Մեզրէի մէջ կարճատեւ պաշտօն մը վարելը։

Դանիացի այս միսիոնարներէն ոմանք՝ Մարիա Եաքոպսէնը, Քարէն Մարի Փեթերսէնը, Հանսինէ Մարքէրը եւ Ճենի Ճենսէնը, ականատես պիտի ըլլային 1915-ին սկիզբ առած Հայոց ցեղասպանութեան եւ բառի բուն իմաստով հազարաւոր կեանքեր փրկէին (գլխաւորաբար Փեթերսէնը Էմաուսի մէջ եւ Եաքոպսէնը՝ Ամերիկեան խորհուրդի շէնքէն ներս աշխատելով)։ Այս միսիոնարներուն մեծ մասը յետագային պիտի շարունակէր Սուրիոյ, Լիբանանի և Յունաստանի մէջ գործունէութիւն ծաւալել ի նպաստ Ցեղասպանութենէն վերապրողներու՝ «KMA»-էն թէ այլ կազմակերպութիւններէ ներս, օրինակ «Հայերու դանիացի բարեկամներ»-էն («Danske Armeniervenner», դանիացի նպաստամատոյց գործիչ եւ ուսուցչուհի Քարէն Եփփէի կազմակերպութիւնը) եւ «Արդիւնաբերական առաքելութիւն»-էն (Industrimissionen, IM)։

1917-ին դանիացի «KMA» միսոնար, ուսուցչուհի եւ դանիական Էմաուս որբանոցի տնօրէնուհի Քարէն Մարի Փեթերսէնը թուղթին/կտաւին կը յանձնէր Մեզրէի այս համայնապատկերը՝ հեռուն Խարբերդի ոսկեայ դաշտերով, Ծովք լիճով (Հազար Կէօլիւ/Կէօլճիւք, կոտորածի խոշոր կեդրոն մը 1915-ին), եւ այլն։ Այդ օրերուն կարելի է ըսել որ Փեթերսէնը պաշարման տակ կ’ապրէր Էմաուսի մէջ, ուր 121 վերապրողի ապաստան տուած էր, ոմանց՝ ապօրինի կերպով։ Այս նոյն ժամանակ ան նաեւ կը համագործակցէր բազմաթիւ տեղացի քիւրտերու հետ՝ հայերը «փախցնելու» համար Տերսիմի յարաբերաբար աւելի ապահով շրջանը եւ անդին։

Փեթերսէնը իր օրագիրին մէջ արձանագրած է 1915-ին Ցեղասպանութեան սկիզբէն սկսեալ տիրող սարսափելի լարուածութեան եւ ծանրաբեռն իրավիճակը, որ պիտի տեւէր մինչեւ 1919-ի սկիզբները, երբ ի վերջոյ իրմէ եւ Մարիա Եաքոպսէնէն հերթափոխը պիտի ընդունէին իրենց ամերիկացի պաշտօնակիցներն ու ընկերները։ Ահ ու սարսափն ու ճնշուած կացութիւնը իրենց վատթարագոյնին էին 1917-ի այս օրերուն, երբ ամերիկացիները լքած էին Օսմանեան կայսրութիւնը՝ Փեթերսէնը եւ Եաքոպսէնը փաստացիօրէն ձգելով առանձին Մեզրէի եւ Խարբերդի մէջ վերապրող հայերը խնամելու ծանր պատասխանատւութեան բեռան տակ։

Էմաուսի մէջ թէ անոր պատուարներէն դուրս ճնշուածութեան բազում այլ պատճառներ ալ կային. դանիական «KMA»-ի անդամ Ճէնի Ճէնսէնի ղեկավարած մօտակայ գերմանական Էլիմ որբանոցը պարպուած էր, իսկ պզտիկները սպանդի ենթարկուած էին, ամենուրեք մահ էր ու սուգ։ Փեթերսէնը մէկն էր այն «արեւմուտքցիներէն», որոնք ի զուր փորձած էին արտօնութիւն ստանալ իրենց ժողովուրդին հետ 1915-ին մեկնելու տեղահանութեան դէպի մահ երթերուն։ Ան իր օրագիրին մէջ շատ թրթռուն կերպով կը նկարագրէ այս ամբողջը, պատմելով նաեւ, թէ ինչպէս որոշ ատեն մը նոյնիսկ ապրելու իր կամքը կորսնցուցած էր... ամէն անգամ որ Փեթերսէնը շուկայ կ’երթար պարէն գնելու, սպառնելիքներ կը լսէր, թէ յաջորդը Էմաուսը պիտի ըլլար... Ան որբանոցի հայ կիներուն եւ մանուկներուն համար սնունդի եւ տաք ծածկոցներու ծանրոցներ պատրաստած էր, որպէսզի հետերնին տանէին եթէ (կամ, ինչպէս յաճախ ան իրաւացիօրէն կը հաւատար, երբ) տեղահանութեան հրահանգը գար կամ պարզապէս եթէ ոստիկաները առանց նախազգուշացման պարպէին շէնքը, եւ այլն։

Կարելի է առաջադրել այն միտքը, որ այս պատկերը 1917-ին նկարուած է, ընթացող Ցեղասպանութեան ընթացքին, գծելը Էմաուսի մէջ ապրող Քարէն Մարի Փեթերսէնին համար բուժիչ դեր ունէր, մտքով եւ մարմնով առողջ մնալու ձեւ մըն էր, ինչպէս նաեւ յարգանքի տուրք էր առ իր սիրած գեղեցիկ բնապատկերին եւ, թերեւս ամէն բանէ աւելի, այժմ մահացած կամ մահացող բոլորին ու ամէն ինչին հանդէպ՝ միսիոնարներու վիթխարի աշխատանքին, անշուշտ, բայց, անկէ առաջ աւելի կարեւոր կերպով՝ հայերուն, ներառեալ հռչակաւոր Ֆապրիքաթորեան եղբայրներուն եւ նկարին մէջ նշուած իրենց տուներուն եւ անոնց հետ այս հնագոյն հայկական հողերուն վրայ հայու ներկայութեան հետքերուն մեծ մասին։

շարունկությունը՝ այստեղ

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter