HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Կենսագրութիւն սսեցի Սահակ Մնացական Գասարճեանի [1840-1912]

Հեղինակ՝ Աշոտ Գասարճեան (վերջին փոփոխութիւն՝ 29/11/2015)

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Աշոտ Գասարճեանին յուշագրական թուղթերը զանազան գլուխներու կը բաժնուին։ Անոնց մէջ կարեւոր տեղ ունի իր ընտանիքին յուշագրութիւնը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։ Աշոտ Գասարճեան այս գործը խորագրած է՝ «Կենսագրութիւն սսեցի Սահակ Մնացական Գասարճեանի»։ Սահակը Աշոտին հայրն է, եւ իսկապէս ալ այս յուշագրութիւնը մեծ մասամբ իր հօր կենսագրութիւնն է՝ 1840-էն մինչեւ 1912։ Բայց եւ այնպէս կենսագիրը առատ տեղեկութիւններ կը հաղորդէ նաեւ ընտանիքին միւս անդամներուն մասին։ Աշոտ Գասարճեանին գրութիւնները պարզ ոճով գրուած հայերէն մըն է, դիւրին հասկնալի, տեղ-տեղ խօսակցական եւ նախադասութիւններու երբեմն թոյլ կառուցուածքով։ Յուշամատեանի էջերով ներկայացուելիք թեքսթերուն մէջ փորձած ենք պահել Գասարճեանի լեզուական հարազատութիւնը։ Հայերէն գրութիւններուն մէջ մեր կողմէ միջամտած ենք ուղղագրական սրբագրութիւններ կատարելով։ Ջնջին պատշաճեցումներ ըրած ենք նաեւ՝ ամէն անգամ որ նախադասութիւնները ստացած են բարդ եւ դժուար հասկնալի կառուցուածք մը։ Բացի ուղղագրական եւ կարգ մը կէտադրական սրբագրութիւններէն, մնացեալ միջամտութիւնները նշուած են կեռ փակագիծերու մէջ։ Որոշ տեղեր թուականներ եւ բացատրութիւններ աւելցնելով փորձած ենք աւելի հասկնալի դարձնել յուշագրութիւնը։ Այս պարագաներուն յաւելումները նոյնպէս կեռ փակագիծերու մէջ առնուած են եւ կողքին նշուած է խմբ. (այսինքն խմբագրութիւն)։

Ընտանեկան կեանքի սովորական յուշագրութեան մը ընդմէջէն, Աշոտ Գասարճեան մեզի կը փոխանցէ հարուստ տեղեկութիւններ Սիսի պատմութենէն, տեղւոյն հայերու ապրելակերպէն, այստեղի ընկերային, քաղաքական, մշակութային եւ տնտեսական զարգացումներէն։ Գլխաւոր դերակատարները թէեւ տղամարդիկ են եւ ամբողջ պատումն ալ հիմնուած է ընտանիքին տղամարդոց գործունէութեան վրայ, այսուհանդերձ տեղ-տեղ կարեւոր տեղեկութիւններ կը գտնենք իգական սեռի Գասարճեաններուն մասին։ Շահեկան տեղեկութիւններ կան նաեւ Սիսի օսմանեան կառավարիչներուն եւ տեղւոյն հայկական կրթական կեանքին մասին։ Թերեւս գործին ամէնէն հետաքրքրական բաժիններէն է Գասարճեան ընտանիքին առեւտրական գործունէութեան նկարագրութիւնը։ Սահակ Գասարճեան այս գործին ետին կանգնած գլխաւոր անձն է։ Ան ձեռներէց անձնաւորութիւն մըն էր, կարճ ժամանակի մէջ տնտեսական յաջողութիւններ կ՚արձանագրէ, հաւանաբար իր տնտեսական ուժին ալ պատճառով կը դառնայ Սիսի երեւելի հայերէն, որ տեղւոյն վրայ պետական պաշտօններ ալ կը գրաւէ։ Ուրեմն այս յուշագրութեան մէջ կը տեսնենք թէ ինչպէս Սիսի նման փոքր քաղաքէ մը հայ ընտանիքի մը անդամներ առեւտրական գործունէութիւն կը ծաւալեն, կրնանք հետեւիլ անոր զարգացումներուն, տեղեկանալ դէպի Պոլիս, Պէյրութ, Զմիւռնիա եւ մինչեւ Մանչեսթըր կատարուած առեւտրական բնոյթի ճամբորդութիւններուն եւ մասնաճիւղերու հիմնումին, վերջաւորութեան ալ առեւտրական տան սնանկացումին մասին։

Սսեցի Գասարճեան գերդաստանին նախահայրերը եղած են երկու եղբայրներ՝ Մկրտիչ եւ Սէֆէր, որոնք ապրած են [17-րդ եւ 18-րդ դարերուն]։

Սէֆէրին զաւակները՝ Սարգիս եւ Յակոբ։ Յակոբ անզաւակ մեռած է։ Սարգիսին զաւակները՝ Մնացական, Եղիա, Գէորգ, աղջիկ մը [անունը անծանօթ], Սարգիս։

Սարգիս Գասարճեան (որուն կինը կը կոչուէր Խաթուն Աննըեարըգեան), որ հօրը (Սէֆէր) կենդանութեանը կը մեռնի եւ կը թողու վերոյիշեալ չորս մանչ ու մէկ աղջիկը։

Սարգիսի մահուընէն քանի մը ամիս յետոյ եղբայրը՝ Յակոբ, զանազան միջոցներով հայրը կը գրգռէ Սարգիսի այրիին ու որբերուն դէմ։ Ան ալ ամառ ատեն անխղճօրէն տունէն դուրս կ՚ընէ զանոնք. Գարաճալը լե[րան գլուխը]՝ Գասարճըլար Տէրէսի կոչուած այգեստանը, խեղճ այրին ու որբերը կը մնան անտուն ու անտէր։

Այդ ատենները՝ այրի Խաթունը, որ էրկանը մեռած ժամանակ յղի էր, կը ծնի մանչ զաւակ մը, որուն անունը կը դնեն Սարգիս (ապագայ Գաբրիէլ Եպիսկոպոսը)։

Անպաշտպան ու անապաստան խեղճ այրին իր որբերով հետզհետէ կը մատնուին թշուառութեան։ Նկատելով որ, այս պայմաններու տակ առաւել եւս պիտի վատթարանայ իրենց վիճակը, Եղիան որ հազիւ 14-15 տարեկան էր, նորածին եղբայրը շալակը առած լեռնէն կ՚իջնեն Սիս։

Մնացական որ ամենէն մեծերնին էր եւ հազիւ 16-17 տարեկան, ընտանիքին ապրուստը հոգալու համար կը ստիպուի շահու միջոցներ փնտռել եւ անոր համար Ատանա կ՚երթայ։ Հոն ժամանակ մը ջուլհակութիւն կ՚ընէ, եւ ըստ բաւականի ապրուստի պարագան ապահովելուն պէս, եղբայրներն ալ հոն կը տանի։ Եօթը-ութը տարի կը մնան հոն։ Մինչեւ այն ատեն բոլորն ալ մեծցած կ՚ըլլան արդէն։

Մնացականը Երուսաղէմ կ՚երթայ ուխտի։ Վերադարձին եղբայրներն ալ միասին առնելով Սիս կու գայ կրկին։ [Ասոնք] Եգիպտոսի Իպրահիմ Փաշայի [Կիլիկիան գրաւելու] ժամանակներն էին, [այսինքն 1832-1840]։

Քիչ ժամանակ ետք Մնացական կ՚ամուսնանայ սսեցի Լէք Փանոսի աղջկան՝ Դշխոյի հետ։ Թէպէտեւ ճիշդ թուականը յայտնի չէ, բայց շատ հաւանական հաշուով 1838-ին կը ծնի առաջին զաւակը՝ Սահակը, որ կը մկրտուի Մխիթարեան Տէր Յարութիւն քահանայի ձեռամբ ու Փէքմէզճեան Գէորգ աղայի կնքահայրութեամբ։

Յիշեալ Գէորգ աղան, նաեւ կը կոչուէր Տիվիթլի։ Այդ թուականներուն գրել կարդալ գիտցող շատ հազուագիւտ [էր]։ Տիվիթ թուրքերէն բառը կը նշանակէ մելանի շիշ, կաղամար։ [Տիվիթլի կոչած են գրել-կարդալ գիտնալուն համար, խմբ.]

Սահակ Գասարճեան 5-6 տարեկանին կը սկսի ուսանիլ Չավտար օղլուի քով եւ քիչ ժամանակ վերջն ալ Աջապահեան Տէր Գրիգոր քահանային քովը։ Կը սորվի ընթերցանութիւն, քերական, պզտիկ Սաղմոս եւ այլն։

Այս միջոցներուն հայրը՝ Մնացական, կը մեռնի ի Գարաճալը Ագբունար ամառանոցը, եւ կը թաղուի Այգեստանի գերեզմանատունը, իր 35-36 տարեկան հասակին մէջ։

Կարճ ժամանակ ետք Մնացականին կինը (Սահակին մայրը)՝ Դշխոյ, կը [վեր]ամուսնանայ Ասերեան Մսերին հետ։ Իսկ Սահակ եւ եղբայրը՝ Փանոս, կը մնան իրենց հօրեղբայրներ՝ Եղիային եւ Գէորգին քով։

Երբ Սահակին տարիքը 8-9 եղած է, Չօլագ Սեդօ կոչուած անձը դպրոց մը կը բանայ հին Սուրբ Նշան վանքի (Սսեցիք հին վանք կանուանէին) սենակաց մէջ։ Մինչեւ այս թուականը դպրոց չկար եղեր Սիս։ Չօլագ Սեդոյի շնորհիւ ու աշխատանքով է որ հիմը կը դրուի հայկական դպրոցին, եւ հայ մանկտին հաւաքուելով հոն քանի մը տարուան մէջ թէեւ շատ նախնական, բայց եւ այնպէս հայկական որոշ կրթութիւն կը ստանան։ Սահակն ալ ահա, այդ դպրոցին մէջ կը կարդայ մեծ Սաղմոս, Աւետարան, Գործք Առաքելոց եւ հասարակ ընթերցանութիւն կը սորվի։ Այն ատենները հայերէն խօսիլ ու թարգմանել գոյութիւն չէ ունեցած։ Չօլագ Սեդօն ալ իր գիտցած նախնական բաները սորված է Կիրակոս Կաթողիկոսի վարժապետ՝ Պոլսեցի Յովհաննէս Եպիսկոպոսէն։

Սարգիսի ամենապզտիկ որդին՝ Սարգիսն էր [հօրը անունը կը կրէ, խմբ.]։ Ան ծնած է տարաբախտ հօրը մահէն ետք։ Մայրը՝ Խաթուն, ուխտած է եղեր թէ, եթէ արու զաւակ ծնի, կաթողիկոսին պիտի յանձնէ որ կրթուի եւ վարդապետ ըլլայ։ Առ այդ, յիշեալ Սարգիսը կը յանձնէ Միքայէլ Կաթողիկոսին (1833-1855)։

Ինքը [Սարգիս] աշխատասէր ու յառաջադէմ երիտասարդ մը եղած ըլլալով՝ քսան տարեկանին Աջապահեան Միքայէլ Կաթողիկոսին օրով վարդապետ ձեռնադրուած ու Անտիոքայ առաջնորդ կարգուած է։ Հոն անտիոքցիք շատ կը սիրեն զինքը, եւ քանի տարի վերջը Սիս կը բերեն եպիսկոպոս ձեռնադրել կու տան՝ Գաբրիէլ Եպիսկոպոս անուամբ։ Բայց դժբախտաբար շատ չանցած (շատ հաւանական է որ նախանձութեան արդիւնք եղած ըլլայ) Կաթողիկոսին մատնութիւն ընողներ կ՚ըլլան, որով Կաթողիկոսին հետ գժտութիւն կ՚իյնայ մէջէրնին։ Ինքը ի բնէ ուղղաբարոյ ու հեզահամբոյր մէկն ըլլալով՝ Կաթողիկոսին անհաճոյ արարքներէն նեղուած, կը քաշուի, Լիբանան կ՚երթայ։

Ժամանակ մը Լիբանան մնալէն ետք, Պոլիս կ՚երթայ Յակոբոս Պատրիարքին [Յակոբոս Գ. Սերոբեան (1839-1840, 1848-1858), խմբ.] օրով, եւ ատեն մը եւս հոն մնալէն ետք, Յակոբոս Պատրիարք՝ պատրիարքական փոխանորդ Թադէոս Վարդապետին հետ եւ կայսերական հրովարտակով (ֆէրման) Ատանա կը ղրկէ իբր առաջնորդ։

Միքայէլ Կաթողիկոս հաշտուելով հետը, կրկին Անտիոք կը ղրկէ զինքը Առաջնորդի պաշտօնով։ Տարի մը վերջը Ս. Միւռոնի օրհնութեան առթիւ Սիս կու գայ, եւ ի դարձին [դէպի Անտիոք] Սահակն ալ հետը կը տանի, որ այն ատեն 10-11 տարեկան եղած էր, եւ քեռորդիին՝ Լիպարիտեան Պր. Գրիգորի միջոցաւ, քերականութիւն եւ այլ բաներ կը սորվի։

Տարի մը ետք հրաժարելով Անտիոքայ առաջնորդութենէն, [Գաբրիէլ Եպիսկոպոս] Սիս կու գայ, [ապա] Զէյթուն կ՚երթայ։ Քանի մը ամիս ալ հոն մնալէն վերջը Հաճնոյ ճամբով, Կեսարիա, Եոզղաթ, Անգարա, Իզմիթ եւ Արմաշ կ՚երթայ եւ Յակոբոս Պատրիարքին հրամանով 5-6 ամիս [այստեղերը] կը մնայ։ Այդ միջոցներուն, Սահակը հետն էր եւ կը շարունակէ ուսանիլ։ Վերջը, [Գաբրիէլ Եպիսկոպոս] Պոլիս կ՚երթայ եւ ամիս մըն ալ հոն մնալէն ետք, Պատրիարքին հրամանաւ Թամզարայի եւ Հազպտերու (կամ Ածպտեր) [արդեօք վանքի անո՞ւն է, խմբ.] Առաջնորդ կը կարգուի (1850 թուին) եւ հոն կը մնայ մինչեւ 1856։ Այս ժամանակամիջոցին Սահակ՝ ինքնօգնութեամբ ուսումը եւ շարադրութիւնը աւելի եւս կը զարգացնէ։

Այս թուականներուն Միքայէլ Կաթողիկոս վախճանած է եւ Մանուէլեան Կիրակոս Բ. Կաթողիկոս [1855-1866] յաջորդած ըլլալով՝ Գաբրիէլ Եպիսկոպոս կրկին Ատանայի առաջնորդ կը կարգուի եւ Սիս գտնուող Եղիա եւ Գէորգ եղբայրներն ալ ընտանեօք Ատանա կը տանի Սուլթան Ապտիւլ Մէճիտ [1839-1861] կայսեր օրով։

Սահակ այլեւս մեծցած, կը մտածէ իր ապագային մասին եւ զգալով որ, ինք կղերականութեան կոչումն չունի եւ չպիտի կրնայ հետեւիլ եկեղեցական կարգ ու կանոններուն, կ՚ուզէ ու կ՚որոշէ առեւտուրով զբաղիլ։ Ըստ այնմ 1859-ին կը սկսի մանր-մունր բաներ առնել ծախել։ Հոս միջանկեալ կերպով ես ալ հօրմէս (Սահակէն) միշտ լսածներս ըսեմ [այստեղ, յուշագիրը իր հօրմէն մէջբերում կ՚ընէ].

«Ասլան անուն մարդը Սահակին խանութ վարձու կու տայ՝ Ատանայի կամուրջին բերանը եւ մէջը ծախելու համար կը գնէ հողագործներու վերաբերեալ գործիքներ՝ մէսէս եւ անոր նման այլ տեսակի բաներ, նաեւ թաշկինակ ու մանիֆաթուրայի [manifatura, հիւսուածեղէն, խմբ.] զանազան տեսակի ապրանքներ։ Մինակ օր մը, Ատանայի Չարշը պազարին մէջ օրը հազար հատ թաշկինակ ծախած է եւ մէյ մէկ մէթալիկ շահ մնացած է, որ կ՚ընէ 300 ղրուշ»։

Թուրքիոյ մէջ Երեքշաբթի օրերը կ՚ըլլար Չարշը պազարը, աւելի ճիշդ թուրքերէն Սալը պազարը կ՚ըսէին։ Մարդիկ իրենց գիւղերուն արտադրութիւնը, քաղաքներու խանութպաններն ալ իրենց ապրանքները պազար կը տանէին ու կը ծախէին։

Ահա՝ այս ձեւով սկսած է գործի։ Ո՞վ է Ասլանը. Սահակին մօրը հետ [վեր]ամուսնացող Մսեր Մսերեանին եղբայրն է, որ շատ հոգ տարած է Սահակին։

Սահակը թէ՛ առեւտուրի մէջ իր ունեցած ճարպիկութեամբը եւ թէ ալ յիշեալ Ասլանի աջակցութեամբը կարճ ժամանակի մը միջոցին 30 օսմ. ոսկիի դրամագլուխ մը կը գոյացնէ, եւ շարունակելով իր գործը 50-60 օսմ. ոսկիի կը բարձրացնէ դրամագլուխը եւ կ՚ուզէ այլեւս ամուսնանալ։ Բայց դժբախտաբար այդ միջոցին հօրեղբայրը Գաբրիէլ Եպիսկոպոս փորհարութեան հետեւանքով շատ կը տկարանայ եւ 1860 Սեպտ. 28-ին կը վախճանի ու կը թաղուի Ատանա Ս. Աստուածածին եկեղեցիին աջ կողմի պատին քով։ Գերեզմանը մարմարիոնէ շինուած է։

շարունակությունը՝ այստեղ

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter