HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Տերսիմ - Ժողովրդային բժշկութիւն

Հեղինակ՝ Ատոմ Յ. Պուճիգանեան

Ի՞նչ է Ժողովրդային բժշկութիւնը

Ըստ ՄԱԿ-ի Առողջապահական համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ), ժողովրդային կամ աւանդական բժշկութիւն կը համարուին բոլոր բուժիչ միջոցները, որոնք ի գործ կը դրուին պահպանելու առողջութիւնը կամ կանխարգիլելու եւ ախտաճանաչելու հիւանդութիւնները, ինչպէս նաեւ բարելաւելու կամ խնամելու մարմնական եւ հոգեկան հիւանդութիւնները: Բնիկ կամ տեղացի ժողովուրդներու մօտ ի գործ դրուած միջոցառումները հիմնուած կրնան ըլլալ անոնց մշակոյթին յատուկ տեսութիւններու վրայ, նախնիքներէն եկած փորձառութեանց կամ հաւատալիքներու վրայ, որոնք կրնան ըլլալ բացատրելի կամ՝ ոչ [1]:

Դեղաբոյսերու (զանազան խոտերու) ու կենդանական աշխարհէն ստացուած պատրաստուկներու (preparations) կողքին, ժողովրդային բժշկութիւնը կրնայ նաեւ դիմել առարկայականօրէն ոչ-ըմբռնելի բուժման ձեւերու, ինչպէս օրինակ ուխտագնացութիւն, հրաշագործ աղբիւրներու մէջ լոգանք կամ բացայայտօրէն սնահաւատական բարքերու, որոնց շարքին համայիլներու կամ բժժանքներու գործածութիւնը։ Կը գտնենք նաեւ պարագաներ, ուր հայեր կը դիմեն մոլլաներու աղօթքներուն:

Ժողովրդային կամ աւանդական բժշկութիւնը յաճախ կը կիրարկուի ի հակադրութիւն ուղղափառ (ընդունուած, արեւմտեան) բժշկութեան, այն համոզումով թէ այս վերջինը բնական չըլլալով՝ վնասակար է։ Այլ պարագաներու անիկա զուգահեռ կը կիրարկուի ուղղափառ բժշկութեան, երբեմն ալ կը քաջալերուի ԱՀԿ-եան կողմէ։ Վերջապէս, կան պարագաներ, ուր ժողովրդային բժշկութեան դիմելը ստիպողութիւն մըն է, քանի որ տնտեսական պատճառներով բժիշկի կամ դեղագործի երթալու կարելիութիւն չկայ կամ անոնք պարզապէս անգոյ են որոշ շրջաններու մէջ, ինչպէս էր պարագան Տերսիմի գաւառին:

Ուսումնասիրութեան որոշ մարտահրաւէրներ

Օսմանեան կայսրութեան վերջին ժամանակաշրջանին Տերսիմի գաւառը (սանճաք) բաղկացած էր վեց գաւառակներէ (քազա)։ Մինչ դաշտային (ծովու մակերեսէն 1000-2000 մեթր բարձրութեան վրայ) հայաշատ շրջաններուն (Չարսանճաք եւ Չմշկածագ) մասին կարելի եղաւ մեր նիւթին առնչուող աղբիւրներ գտնել, նոյն բանը կարելի չեղաւ ընել միւս գաւառակներուն վերաբերեալ:

Տերսիմի լեռնային շրջանները կը գտնուին ծովու մակերեսէն 3000-4000 մեթր բարձրութեան վրայ: Լեռներէն ու բարձրաւանդակներէն ոմանք հրաբխային ծագում ունին, այդ պատճառով ալ այստեղ կան հանքային ջուրեր ու ջերմուկներ իրենց բժշկական յատկութեամբ:

Տերսիմի գաւառը մեծապէս ջրառատ է, նկատի ունենալով որ այստեղէն կը հոսին բազմաթիւ գետեր եւ գետակներ։ Արդ, ժողովրդային բժշկութեան մէջ բուսականութիւնը հիմնական տեղ ունի, իսկ այս վերջինն ալ ուղղակի կապուած է տեղւոյն ջրաբաշխական վիճակին, աշխարհագրական դիրքին ու կլիմայական պայմաններուն:

Տերսիմի դաշտային զանազան շրջաններու բուսականութիւնը (ընդեղէններ, տեսակաւոր պտղատու ծառեր, բանջարեղէններ եւ դեղաբոյսերու տեսակներ) համանման ըլլալով, կը կարծենք որ անոնց ժողովրդային կիրառումն ալ համատեսակ է տեղւոյն հայերու, քիւրտերու եւ թուրքերու քով։ Նոյն տրամաբանութեամբ, Տերսիմի լեռնային շրջաններուն բոյսերու տեսակներուն նմանութիւնը մտածել կու տայ թէ տարբեր գիւղերու լեռնցիներն ալ կ՚օգտագործէին իրենց շուրջի բոյսերը, ստանալու համար նմանօրինակ բուժումներ:

Ընդհանուր ակնարկ Տերսիմի առողջական պայմաններուն վրայ

Տերսիմի բնակուած շրջանները կը գտնուէին ծովու մակերեսէն ընդհանրապէս 1000-2000 մեթր բարձրութեան վրայ: Այս վայրերուն մէջ կան մթնոլորտը զտող անտառներ, ձիւնհալէն գոյացած ըմպելի ջուրի հոսանքներ, բազմատեսակ բանջարեղէններ եւ պտղատու ծառեր: Այս պայմաններուն մէջ տերսիմցին պէտք էր ըլլար քաջառողջ ու երկարակեաց: Սպասելի էր նաեւ որ բնակչութիւնը բազմանար:

Զուտ բժշկական գետնի վրայ, գիտենք որ մինչեւ Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիները Չարսանճագի մէջ ոեւէ բժիշկ չկար, իսկ Բերիի մէջ դեղատուն չկար: Դարմանումները կը կատարեն պառաւները՝ աթթարներէն (մանրավաճառ) հայթայթուած նիւթերով, յատկապէս դեղաբոյսեր, ինչպէս զօրաւոր լծողական բուսաիւղը՝ հինդ եաղին (castor oil): Սափրիչներ կը բուժեն հրապարակի վրայ. արիւն կ՚առնեն երակ բանալով կամ/եւ տզրուկներու օգնութեամբ:

Փոխանցիկ ու մանկական հիւանդութեանց, ինչպէս մալարիա, թոքախտ, հարսանիթ, ծաղկախտ, կապոյտ հազ, գործած աւերները ահաւոր են: Կանուխ տարիքին ընտանիք կազմող գիւղացի զոյգը կ՚ըլլայ բազմածին: Սակայն մահը կը խլէ մատղաշները: Քսան տարուան մէջ ամոլ մը կրնայ ունենալ 10-12 զաւակներ, որոնցմէ կը վերապրին 1-2 հատը միայն: Այնպէս ինչպէս Տերսիմի յուշագիրներէն Գէորգ Երեւանեան կը գրէ, Մաքօ պաճին ունեցած է 30 զաւակներ, որոնք բոլորն ալ մահացած են մատղաշ տարիքին [2]:

Ըստ Երեւանեանի, ուրիշ ծայրայեղ պարագայ մըն է խիստ մսակեր բերրիցիներուն կարճակեացութիւնը: Ան կը տեղեկացնէ թէ այդ մսակերութեան պատճառաւ բերրիցիին կեանքի տեւողութիւնը 45-ը չէր անցներ: Բերրիցիները համոզուած էին թէ «միս մտած տեղը բժիշկ չի մտներ», [3], ինչ որ բաւական տարբեր մօտեցում մըն է ծանօթ ժողովրդային առածին՝ an apple a day keeps the doctor at bay:

Արդի հասկացողութեամբ, Երեւանեան իրաւունք ունի մտածելու որ մսակերութիւնը եւ երկարակեացութիւնը խոտոր համեմատող երեւոյթներ են: Այդ գծով բազմաթիւ համաճարակախօսական (epidemological) ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան թէ կարմիր միսի սպառումը կը բարձրացնէ ստամոքսի եւ հաստ աղիքի խլիրդի, ինչպէս նաեւ սրտանօթային հիւանդութեանց վտանգին տոկոսը [4]:

Նկատի առնելու է նաեւ տիրող ընդհանուր առողջարարական (salubrity) վիճակը: Ղազարեան կը տեղեկագրէ թէ Չմշկածագի ու մերձակայ hայ ու հայախառն գիւղերու մէջ 1880-ական թուականներէն ի վեր սկսած են կառուցել երկյարկանի –քարաշէն/աղիւսաշէն- «արդիական» տուներ, որոնք աստիճանաբար կը փոխարինէին վատառողջ միայարկանիները կամ գետնափոր տուն/գոմերը [5]։

Միւս կողմէն  Չարսանճագի որոշ շրջաններու հողաշէն տուներու ծերպերէն մտնող առնէտները, լճացած ջուրերուն մժեղներն ու ճանճերը կը հանդիսանան հիւանդութեանց փոխանցման միջոցներ:

Երեւանեան կը տեղեկացնէ նաեւ Չարսանճագի մէջ տիրող մէկ այլ ոչ-առողջապահական երեւոյթ մը, որ ի զօրու է ձմրան եղանակին: Այսպէս,  ցուրտէն պաշտպանուելու համար խոհանոց-նստասենեակ-ննջարանին հազուագիւտ պատուհանները կը փակուին ու հոն լեցուած նահապետական բազմանդամ ընտանիքին անդամները ապականած օդին հետ կը ներշնչեն նաեւ քարիւղի լամբէն արձակուած ծուխը [6]: Դժուար չէ երեւակայել թէ այս խառնագնաց (promiscuity) պայմաններու մէջ ինչքան դիւրութեամբ կը փոխանցուին հիւանդութիւնները գերդաստանի պզտիկին ու մեծին:

Ժողովրդային բժշկութեան կիրառումը Տերսիմի մէջ`հիւանդութիւնները ու բուժամիջոցները

Հազուագիւտ պարագաներու միայն վկայեալ բժիշկներ կ՚այցելեն հայկական գիւղերը: Կրնայ պատահիլ, որ հայ գիւղացին իր ծնունդէն մինչեւ մահը ապրի առանց բժիշկէ մը քննուած ըլլալու: Հետեւաբար, անոնք իրենց առողջական հարցերը լուծելու համար կը դիմեն ժողովրդային բժշկութեան: Այս վայրերուն մէջ գոյութիւն ունին փորձառու դայեակներ եւ բեկաբոյժեր, սակայն դարմանական հիմնական միջոցներուն աղբիւրը կը մնայ սերունդէ-սերունդ փոխանցուած գիտելիքները: Ինչպէս որոշ ուրիշ մշակոյթներու պարագային, տերսիմցի գիւղաբնակ ժողովուրդն ալ համոզուած է, թէ հիւանդութիւնները կրնան գալ գերբնական ազդեցութիւններէ, ինչպէս օրինակ ապրող անձի մը «չար աչք»ը կամ «էլ» անունով ծանօթ «չար ոգին», եւ այլն:

Հասկնալի է թէ երբ հիւանդութեանց պատճառները կը վերագրուին գերբնական ուժերու ազդեցութեան, անոնց դէմ պայքարելու կերպերն ալ մասամբ կ՚ըլլան սնապաշտական: Այսպէս, Տերսիմի շրջանին մէջ, ինչպէս ուրիշ հայկական գաւառներու պարագային, «չարը խափանելու» համար ի գործ դրուած բուժական միջոցներուն մաս կը կազմեն ուխտագնացութիւնը (դէպի վանքեր, լեռներ, գերեզմանաքարեր, աղբիւրներ) եւ զոհաբերումները: Ժողովուրդը կը հաւատայ նաեւ հմայեակներու պարգեւած պաշտպանութեանց: Իսկ ասոնց կողքին, տերսիմցիները կը գործածեն աւելի առարկայական համարուող բնական բուժամիջոցներ, ինչպէս հանքային ջուրերը (պաղ կամ ջերմուկներ) եւ դեղաբոյսերը:

Հրաշագործ ջուրեր

Տերսիմցին հաւանաբար անգիտակ էր ջրաբուժութեան (ներառութեամբ կամ լոգանքով) գիտական հիմքին: Տաք կամ պաղ լոգաբուժութեան (balneotherapy, spa) ազդեցութիւնը մարմնական ցաւերուն վրայ կարելի է բացատրել մի քանի կերպերով. արեան շրջագայութեան ու սրտանօթային համազարկի խթանում, որոշ հորմոններու արտադրութեան մէջ յառաջացած փոփոխութիւն, քրտնաբերութեամբ կամ միզարտադրութեամբ թունանիւթերու արտաքսում: Կայ նաեւ տաքի/պաղի միջոցաւ յառաջացած զգացականութեամբ «մոռացում»ը բուն ցաւին: Այս ցաւազերծումը հիմնուած է հակազդեցական (counter irritant) տեսութեան վրայ, որ մասնակի բացատրութիւնն է ներկայիս շուկայական շրջանառութեան մէջ գտնուող հակացաւ օծանելիքներուն (ointments):

Տերսիմի հանքային ջուրերուն բաղադրութիւնը (մասամբ հրաբխային) հարուստ է իր մեծա կամ մանրա (macro/oligo) քիմիական տարրերով: Գիտենք որ հանքային աղերը կը ներմուծուին ապրող էակներուն մէջ մաշկային ներծծմամբ (լոգանք), ինչպէս նաեւ ներառութեամբ՝ ըմպում եւ օդային կաթիլներու ներշնչում [7]:

XX-րդ դարու սկզբնաւորութեան ապրող տերսիմցին, մեր որոշ ժամանակակիցներուն նման, կը հաւատար թէ դէպի սրբավայր (վանքեր, ջուրեր, քարեր) ուխտագնացութեամբ կարելի էր բուժել որոշ հիւանդութիւններ: Իսկ որո՞նք էին տերսիմցիին ուխտագնացական բուժավայրերը։

Պաղին լերան (հրաբխային) ջերմուկի աւազան. հարուստ երկաթով ու ծծումբով: Հոս կը բուժուին յօդացաւէ տառապողները [8]: Ծծումբը նպաստաւոր է յօդերու, յօդակապերու ու ձգտաններու (ligaments, tendons) աճառին (cartilage) կազմութեան [9]։

Սուրբ-Ակ (Սովուգ-սու) հանքային ջուրը [10]։

Բերրիի Նորոյենց աղբիւր. Դարման է «դողէ» տառապողներուն համար: Մանուկներն ու պատանիները - որոնցմէ ոմանք կու գային հեռու տեղերէ, տարուան ընթացքին իրենց ունենալիք «դող»էն ազատուելու համար կաղանդի գիշերը կը լոգնային այդ աղբիւրին մէջ: Այնուհետեւ, «դող»ը կը ձգէին տեղւոյն վրայ, զայն «կապելով» աղբիւրին գլխուն բուսած բռնչենիին (pyrus aria) ճիւղերուն, գործածելով հիւանդին հագուստներէն պոկուած պատառիկներ: Այս տեսակի նաշխուն սուրբ ծառերու կարելի է հանդիպիլ շատ մը նմանօրինակ «ուխտատեղի-հիւանդանոցներու» շրջակայքը [11]։

«Դող»ը մալարիայի ախտանշաններէն մէկն է: Զայն տարածողը Տերսիմի որոշ ճահճային շրջաններուն մէջ (ինչպէս Բերրի) բազմացող մժեղներն են [12]: Մարդոց կարմիր գնդիկները, էգ մժեղներու խայթոցներուն հետեւանքով, կը վարակուին մալարիա պատճառող միաբջիջ նախակենդանի մակաբոյծերով (unicellar protozoan parasites)։ Այս վերջինները մարմնին մէջ կը բազմանան բոլորելով իրենց կենսաբանական ծիրը, որուն հանգրուաններուն համեմատ հիւանդը կ՚անցնի զանազան տեսակի տագնապներէ՝ բարձրաստիճան ջերմ, գլխու/մարմնական ցաւեր, առատահոս քրտինք, խելացնորութիւն եւ զօրաւոր դող [13]:

Դողը դիմադրական հակազդեցութիւն մըն է։ Դողին հետեւանքով մկանները բարձր աստիճանի կը պրկուին եւ մարմնին ջերմութիւնը կը  բարձրանայ: Բայց երկարատեւ դողը մկաններուն նեարդներուն մէջ մանր խոցեր կը յառաջացնէ եւ այս ձեւով ցաւ կը պատճառէ: Իսկ ասոնց դիմաց, պաղ ջուրի լոգանքը մկանները կը հանդարտեցնէ, ինչպէս նաեւ աւշային շրջագայութիւնը (lymphatic circulation) խթանելով՝ հիւանդին դիմադրողականութիւնը կրնայ ամրապնդել: Երեւանեան կը տեղեկացնէ թէ բարձր ջերմին դէմ ենթական բազմաթիւ ծածկոցներու տակ կը քրտնեցնեն ու  ճակատը օղիի թրջոցներ կը դնեն: Նաեւ կը գրէ թէ ջերմին դէմ սոլֆաթօ (sulfonamide-ի մէկ տեսակը) կը գործածուի [14]: Այս քիչ մը տարօրինակ կը թուի մեզի, գիտնալով որ առաջին sulfonamide-ները 1932-35-ին գտնուած են:

Ջրահարսի սառն աղբիւր. կը գտնուի Տերսիմի Ագրակ գիւղի վանքին քով (Խոզաթի գաւառակ)։ Ականջը գոցուելու պարագային եւ ականջի ցաւերու դէմ այս աղբիւրին ջուրէն կը կաթեցնեն ականջին մէջ: Ենթական մօտակայ օրհնուած քարին վրայ վառած մոմ մըն ալ կը տնկէ [15]:

Խօստուկ աղբիւր. փորի ցաւէ տառապող երեխաներուն կը տանին Բազարոնի Խօստուկ աղբիւրը (Չարսանճաք գաւառակին մէջ), կը լոգցնեն զայն այստեղի ջուրին մէջ եւ կը խմցնեն նոյն աղբիւրին ջուրը: Մեծերու պարագային, այս ցաւէն տառապողները պարզապէս տունը կը խնամուին: Երեւանեան կը գրէ թէ չափահասներուն օղի կը խմցնեն ու եթէ ցաւը շարունակուի՝ ցաւած տեղին վրայ տաքցուած քար կը դնեն: [16]

շարունակությունը՝ այստեղ։

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter