HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Պուլանըխի քազա - Ժողովրդագրութիւն

Հեղինակ՝ Տիգրան Մարտիրոսեան

Մանազկերտի, Վարդոյի, Մշոյ եւ Սասնոյ քազաներուն հետ, Պուլանըխի քազան կազմած է Պիթլիսի վիլայէթի Մշոյ սանճաքը։ Ցեղասպանութիւնը կանխող տասնամեակներուն, հայկական ամենէն խիտ բնակչութիւն ունեցող քազաներէն մէկն էր ո՛չ միայն Պիթլիսի վիլայէթին, այլեւ ամբողջ Հայկական Բարձրաւանդակին մէջ։ Այս տեսակէտը հիմնաւորուած է զանազան ժամանանակիցներու վկայութիւններով։ Պուլանըխի բնիկ հայ ազգագրագէտ մը՝ Բենսէ, կը հաղորդէ, թէ 1877-1878-ի ռուս-թրքական պատերազմի վաղորդայնին, Պուլանըխի բնակչութեան գերակշիռ մեծամասնութիւնը հայ էր, իսկ 1890-ականներուն ան ընդգրկած է քանի մը իսլամ խումբեր, ներառեալ քիւրտեր եւ Կովկասէն նորեկ գաղթականներ, ինչպէս չէրքէզներ եւ թուրքեր [1]։ Ռուսական շտապի գնդապետ Վլատիմիր Ֆիլիփով դիտել տուած է, որ 1880-ական թուականներուն, Պուլանըխի դաշտավայրը հայերու խիտ բնակչութեան գօտի մըն էր ասիական Թուրքիոյ մէջ [2]։ Իրլանտացի աշխարհագրագէտ Հենրի Լինչ նշած է, թէ 1890-ական թուականներուն, հայերը մեծամասնութիւն կը կազմէին Պիթլիսի նահանգի Մշոյ եւ Պուլանըխի քազաներուն մէջ, եւ որ անոնց ակնառու ներկայութիւնը Պուլանըխի մէջ մասամբ պարտական էր երկրի լայնատարած բեղուն հարթավայրերու սեփականութեան, ինչ որ շրջանը հայ գիւղացիութեան գլխաւոր նստավայրերէն մէկը կը դարձնէր [3]։ Վլատիմիր Մայեւսկի՝ ռուսական շտապի ուրիշ գնդապետ մը, նշած է, որ 1890-ական թուականներուն, Պուլանըխի կեդրոնը ասիական Թուրքիոյ հազուագիւտ շրջաններէն էր, որ հայկական ամենէն աւելի խիտ բնակչութիւն ունէր:

Այս ուսումնասիրութեան համար գործածուած են քանի մը հայկական աղբիւրներ։ Այդպիսի սկզբնաղբիւր մըն է Մշոյ առաջնորդարանի 1899-ին պատրաստուած տուներու հաշուառումը, վերահրատարակուած՝ Ա-Դոյի (Յովհաննէս Տէր-Մարտիրոսեան) գրքոյկին մէջ (1912)։ Ուրիշ սկզբնաղբիւր մը տուներու եւ բնակչութեան հաշուառումն է՝ Առաջնորդարանի քարտուղար Նազարէթ Մարտիրոսեանի պատրաստութեամբ, որ 1916-ին հրատարակուած է վիճակագրական աղիւսակով մը «Վան-Տոսպ» թերթին մէջ։ Ա-Դոյի գրքոյկին տուեալները հայթայթուած էին Նազարէթ Մարտիրոսեանի կողմէ, որ զանոնք թարմացուցած էր 1913-ի եւ 1915-ի միջեւ։ Չորս ուրիշ կարեւոր աղբիւրներ պէտք է յիշել. ազգագրագէտ Մանուէլ Միրախորեանի եռահատոր ուղեգրութեան վերջին հատորը (1885), Ատրպետի «Բուլանըխ» յօդուածը՝ 1915-ին հրատարակուած «Մշակ» օրաթերթին մէջ [9], Թէոդիկի (Թէոդորոս Լապճինճեան) 1921-ի գիրքը հայ եկեղեցականներու տառապանքին մասին եւ Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի 1913-1914-ի մարդահամարին տուեալները։ Մարդահամարին տուեալները տրամադրելի են երկու աղբիւրներու մէջ. Գէորգեանի եւ Փապուճեանի գործը Օսմանեան կայսրութեան հայերուն մասին, եւ Գէորգեանի ցեղասպանութեան համապարփակ պատմութեան մասին աշխատանքը։ 2012-ին Հայաստանի Ազգային Արխիւները հրատարակեցին փաստաթուղթերու ուղենշային հաւաքածոյ մը, ուր կարգ մը ականատեսի վկայութիւններ ժողովրդագրական կարեւոր տուեալներ կը պարունակեն։ Ականաւոր հեղինակներ Թադէոս Յակոբեանի, Ստեփան Մելիք-Բախշեանի եւ Յովհաննէս Բարսեղեանի «Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան»ը յաւելեալ տուեալներ կը մատակարարէ։ Սեւան Նշանեանի կողմէ ստեղծուած Թուրքիոյ հայկական տեղանուններու առցանց տուեալներու շտեմարանը՝ Index Anatolicus, Պուլանըխի գիւղերու տեղադրութեան օժանդակ աղբիւր մըն է։

Անմիջապէս բացայայտ կը դառնայ, որ հայկական աղբիւրները աւելի մանրամասնեալ են եւ աւելի հաւանական թիւեր կը ներկայացնեն քան օսմանեան աղբիւրները, որոնք յաճախ մեղադրուած են հայ բնակչութեան թիւի նուազեցումով։ 1880-ին Պոլսոյ Պատրիարք Ներսէս արք. Վարժապետեանը նախաձեռնեց Պուլանըխի, Մանազկերտի եւ Մշոյ մարդահամարի մը, որ բացայայտեց, թէ հայ բնակչութիւնը 225.000 կը հաշուէր, իսկ իսլամ բնակչութիւնը՝ 55.000։ Այս թիւերուն հրապարակումէն ետք, Մշոյ օսմանեան իշխանութիւնները ճնշում բանեցուցին տեղական քաղաքային խորհուրդի անդամ Կարապետ էֆէնտի Փոթիկեանի վրայ, որպէսզի ան ուրիշ անդամներ դրդէր հայոց թիւը 95.000-ի իջեցնելու եւ իսլամներու թիւը 105.000-ի բարձրացնելու։ Պուլանըխի հայ բնակչութեան վիճակագրական տուեալներ պարունակող օսմանեան աղբիւրները սալնամէներն են՝ կառավարութեան տարեգիրքերը պետութեան ու նահանգներուն մասին։ Օրինակ՝ Էրզրումի վիլայէթի 1871-ի սալնամէն կը յայտարարէ, թէ 3.835 հայ եւ 1.341 իսլամ տղամարդ կար քազային մէջ։ 1872-ի սալնամէն կը յայտարարէ, թէ 4.025 հայ եւ 1.441 իսլամ տղամարդ կար։ Անդին, 1873-ի սալնամէն կը ցուցակագրէ 4.361 հայ եւ 3.892 իսլամ տղամարդ, որոնք կ՚ապրէին 2.049 տուներու մէջ։ Պիթլիսի վիլայէթի 1892-ի սալնամէն յատկանշական է, որովհետեւ յստակ ապացոյց կը բերէ, թէ հայերը Պուլանըխի մեծամասնութիւնը կը կազմէին. 25.456 բնակիչի վրայ կար 8.567 իսլամ եւ 16.889 հայ։ Այսպէսով, հայերը քազայի ընդհանուր բնակչութեան 66,3 առ հարիւրը կամ երկու երրորդը կը կազմէին:

Օսմանեան կառավարութեան մարդահամարներն ալ վիճակագրութիւններ կը պարունակեն շրջանի հայ բնակչութեան մասին։ Առաջին Աշխարհամարտէն առաջ Պատրիարքարանին կողմէ կատարուած մարդահամարը Պուլանըխի հայ բնակչութեան տուած էր 25.053 թիւը, մինչ օսմանեան մարդահամարը հայ բնակչութեան թիւը 14.662 հաշուած էր [19]։ Ուշադրութեան արժանի է, որ Կարօ Սասունիի հաշուարկով, Յուլիս 1915-ին Անդրկովկաս ապաստանած Պուլանըխի եւ Մանազկերտի հայերու թիւը 34.000 կը գնահատուէր [20]։ Եթէ միայն գործածուին Պատրիարքարանի նախապատերազմեան թիւերը՝ 25.053 հայ Պուլանըխի մէջ եւ 11.931 Մանազկերտի մէջ, հայոց թիւին գումարը 36.984 պիտի ըլլար երկու քազաներուն մէջ։ Միւս կողմէ, եթէ միայն գործածուին օսմանեան տուեալները երկու քազաներուն համար (14.662 եւ 4.438 Պուլանըխի եւ Մանազկերտի համար յաջորդաբար), հայոց թիւին գումարը 19.100 պիտի ըլլար։ Ուրիշ օսմանեան աղբիւր մը կը մատնանշէր, որ 1915-ին տեղահանուելիք, կամ, ինչպէս թրքական աղբիւրները կը գրեն, «տեղափոխուելիք եւ հեռացուելիք» Պուլանըխի հայերու թիւը 14.309 էր անոնց արձանագրութիւններուն մէջ։ Հետաքրքրական է, որ 1918-ին Հալէպ հրատարակուած հայկական «ամբաստանագիր-տեղեկագիր» մը Պուլանըխի եւ Մանազկերտի վերապրողներու թիւը 25.000 կը նկատէր։ Թէեւ ցեղասպանութեան վերապրողներու խումբի մը կողմէ ստորագրուած տեղեկագիր մը պակաս կշիռ ունի քան մարդահամար մը կամ հաշուառում մը, երկու քազաներուն համար տրուած թիւը այստեղ 1,3 անգամ աւելի մեծ է քան օսմանեան 19.100-ի թիւը, մինչդեռ 25.053-ի հայկական թիւը Պուլանըխի համար 1,7 անգամ աւելի մեծ է, քան 14.309-ի օսմանեան թիւը նոյն քազային համար։ Տրուած ըլլալով, որ Պուլանըխի եւ Մանազկերտի հայերուն մեծ մասը ջարդերէ խուսափեցաւ շնորհիւ 1915-ի Մայիսին ռուսական զօրքերու յառաջխաղացքին, կարելի է ըսել, թէ Պատրիարքարանին թիւը բաւականաչափ ճշգրիտ կը թուի։

Հայկական աղբիւրները, սակայն, բոլորովին անթերի չեն. Պուլանըխի տուներու եւ բնակիչներու թուական հակասութիւնը անմիջապէս նկատելի է։ Այս հակասութիւնը պէտք է վերագրել ո՛չ միայն սոյն ժամանակաշրջանին տուեալներ հաւաքելու համար գործածուող վիճակագրական թերի մեթոտներուն, այլեւ տեղւոյն վրայ դաժան իրողութիւններու, որոնք յաճախ հայ բնակչութեան թերի հաշուարկին կ՚առաջնորդէին։ Կարգ մը պարագաներու, քիւրտերը կը գրաւէին հայկական գիւղերը, հայ բնակչութիւնը մասամբ կամ ամբողջութեամբ կը վտարէին մարդահամարէ մը առաջ, կամ բռնագրաւուած գիւղերու մուտքը կ՚արգիլէին հայ հաշուառողներու, ինչպէս պատահեցաւ Գարեգին եպս. Սրուանձտեանցին՝ 1870-ական թուականներու վերջերուն։ Այլ պարագաներու, հայ գիւղացիները կը նուազեցնէին իրենց ընտանիքներուն թիւերը՝ վախնալով հարկերու յաւելումէ, այնպիսի ժամանակի, երբ քիւրտ ցեղապետերը արդէն անտանելի յարաճուն հարկեր կը պարտադրէին անոնց վրայ։ Հակառակ թուական հակասութիւններու, Նազարէթ Մարտիրոսեանի տուեալները կ՚առանձնանան իբրեւ ամենէն համապարփակը՝ շրջանի հայ բնակչութիւնը հետազօոտող բոլոր աղբիւրներուն մէջ։ Հարկ է նաեւ մատնանշել, որ, թերեւս յարակարծօրէն, հայկական աղբիւրները Պուլանըխի բազմաթիւ հայաբնակ վայրեր կ՚անտեսեն։

Ընտանիքներու հաշուարկը հետազօտութեան ուրիշ խոչընդոտ մըն է։ Պուլանըխի հայ գիւղացիներուն մեծամասնութիւնը իրարու ազգական կամ խնամի էր, կամ սաներ ունէր։ Ամուսնացած որդիներու ընտանիքները կը ճիւղաւորուէին ու կը բազմապատկուէին, դառնալով ազգականներ եւ յաճախ բուն ազգանունը փոխելով այդ ընթացքին։ Սակայն, անոնք սովորաբար ընտանեկան սերտ կապեր կը պահէին ազգականի մը հետ եւ իրենք զիրենք ընտանիքի անդամներ կը նկատէին։ Հետեւաբար, դժուար է, եթէ ոչ անկարելի, ընտանիքի միջին թիւը ամենայն ճշգրտութեամբ գնահատել։ Վահան եպս. Տէր-Մինասեան (Պարտիզակցի), Պատրիարքարանի լիազօր 1860-1870-ական թուականներուն, կը թելադրէր, որ ընտանիքներու անդամներու միջին թիւը պէտք է ութը ըլլար գիւղական գօտիներու, իսկ վեց՝ քաղաքային գօտիներու մէջ։ Այսպէսով, հայաբնակ նահանգներու ընտանիքներուն միջին թիւը, անոր կարծիքով, եօթը պէտք է ըլլար։ Պարտիզակցիի նմանութեամբ, Մայեւսկի ընտանեկան անդամներու միջին թիւը ութը կը հաշուէր, իսկ ընտանիքներու թիւը ըստ գիւղի՝ քսան, Պիթլիսի վիլայէթին համար։ Ներքին Պուլանըխի գիւղերուն մէջ հաշուելով 8.600 հայեր՝ 770 տուներու մէջ, Ատրպետ բացայայտօրէն ընտանեկան անդամներու միջինը տասնմէկ կը դարձնէր։ Պուլանըխը գիւղական գօտի մը ըլլալով, այս ուսումնասիրութիւնը ութը պիտի գործածէ իբրեւ ընտանիքի անդամներու միջին թիւ։

Պուլանըխի հայաբնակ գիւղերու թիւին մասին հակասութիւն մը կայ աղբիւրներուն մէջ։ 1890-ական թուականներուն «Լումայ» պարբերականին մէջ լոյս տեսած «Մշոյ աշխարհ» խմբագրականին հեղինակները քազայի գիւղերու ընդհանուր թիւը 43 կը նկատէին 1870-ական թուականներուն վերջերուն։ 1871, 1872 եւ 1873 թուականներուն, այս թիւը համեմատելի է օսմանեան սալնամէներու թիւին հետ, ուր գիւղերու գումարը կը համարուի 43, 42 եւ 46 յաջորդաբար [26]։ Ա-Դօ աւելի քան 60-ի թիւ մը տուած է, որոնցմէ 29 (գրքոյկին մէջ այլուր՝ 28) հայաբնակ գիւղեր էին։ 1880-ական թուականներու սկիզբներուն, Ֆիլիփով կը հաղորդէր, որ քսան հայկական գիւղեր կային՝ բաւական բազմամարդ։ Միրախորեան 26 հայկական գիւղեր հաշուած է, որոնցմէ իւրաքանչիւրը միջին հաշուով շուրջ 100 տուն ունէր։ Ֆրանսացի աշխարհագրագէտ Վիթալ Քուինէ 1891-ին կը հաղորդէր, որ 135 վայրերու գումարով, Պուլանըխ երկրորդ տեղը կը գրաւէր՝ Մշոյ քազայէն ետք, որ, անոր գնահատումով, 194 վայրեր ունէր։ 1890-ական թուականներու վերջերուն, Բենսէ կը հաղորդէր, որ քազայի բնակչութիւնը բաղկացած էր հայերէ, քիւրտերէ եւ քանի մը չէրքէզներէ, որոնք կ՚ապրէին 52 գիւղերու մէջ։ Յակոբեան եւ այլք 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան 63 գիւղ հաշուած են, որոնցմէ 29-ը (Ա-Դոյէն բացայայտօրէն փոխ առնուած թիւ)՝ հայաբնակ։ Մարտիրոսեան 28 հայկական գիւղ ցուցակագրած է, սխալմամբ ընդգրկելով Մուշի քազայի Մալախտրան գիւղը, ինչ որ թիւը 27-ի կը վերածէ։ Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, Պատրիարքարանը 30 հայկական գիւղեր ցանկագրած էր։ 1915ին՝ ցեղասպանութեան վաղորդայնին, Ատրպետ 40 հայկական գիւղերու գոյութիւնը հաղորդած է, սխալմամբ ընդգրկելով յարակից քազաներու տասներկու վայրեր, ինչ որ թիւը 28-ի կ՚իջեցնէ։ Այս բոլոր թիւերուն մէջ, Ֆիլիփով յստակօրէն պակաս տեղեկագրած է հայաբնակ գիւղերու թիւը, մինչ Քուինէ աւելիով տեղեկագրած է գիւղերուն (հայկական եւ խառն բնակչութիւն ունեցող) ընդհանուր թիւը։

շարունակությունը՝ այստեղ

Մեկնաբանություններ (1)

aam
I am Kurdish and all I know about Armenians is good, friendly and peaceful people. I honestly can not comment on the sad events that happened long a go to the Armenians as being reported being inflicted by the Kurds. My grandmother rescued two armenian children from a certain death in early 19th century

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter