HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Դոն Ժուան ավիա ՝ ամօ՛թ

Նոր տեղեկանալով թէ «Դոն Ժուան Avia» կարծեցեալ թատերգութեան շարունակութիւնը, այս անգամ «Դոն Ժուաններ Մարսելում (sic)» խորիմաստ վերնագրով (ի դէպ, անշուշտ Մարսէյ  ըսել կ'ուզէր հանճարեղ հեղինակը, այդ քաղաքին առնչութեամբ, եւ ոչ թէ Մարսել, զորս կամ ֆրանսական անուն է, կամ ալ կը նշանակէ կերուած ուտելիքը ուրիշ բանի վերածել... ) այժմ Սփիւռքի աղբարներուն կը ներկայացուի այլազան երկիրներու մէջ, ահա ստորեւ կարծիք մըն, զորս ատենին սահմանափակ շրջանակի մէջ արտայայտած էր ստորագրեալը, այս անզուգական գլուխ-գործոցի առաջին ու նախնական տարբերակի մասին:

Սակայն կասկած չկայ թէ միջոցառումը դարձեալ առեւտրական մեծ յաջողութեան կ'արժանանայ, նկատի ունենալով որ կիսամերկ կիներ բեմին վրայ եւ գրեթէ պոռնկագրական թեմաներու ցուցադրութիւն հանրութեան առջեւ միշտ լաւագոյն երաշխիքները կը հանդիսանան տոմսակներ ծախելու: Ուրեմն, մնացեալը որո՞ւ հոգը... 

........................................................................................................................................................

Դոն Ժուան ավիա ՝ ամօ՛թ

Անցած շաբաթավերջին, հիւսիս-ամերիկեան շրջագայութեան մը ընթացքին, Մոնթրէալի մէջ երկու անգամ տեղի ունեցած «Դոն Ժուան Avia» թատերական ներկայացումը ամօթալի, գայթակղեցուցիչ եւ խստօրէն դատապարտելի միջադէպ մը կը հանդիսանայ:

Ընդհանուր «թատերգութիւնը» կը միտի հայերու միջեւ տարբերութիւններ մատնանշելու եւ ցուցադրելու, չափազանցեալ կերպով, եւ ընդհանուր անբարոյութեան, յետամնացութեան, աժան զավեշտի  եւ գռեհկութեան շրջագծի մը մէջ:

Այժմու ժամանակներուն, երբ Թուրքեան եւ իր դաշնակիցները բացայայտօրէն կը ջանան տարակարծութիւններ ու խրամատներ գոյացնել կամ խորացնել Հայրենիքի եւ Սփիւռքի միջեւ, մինչ «մէկ ազգ, մէկ ժողովուրդ» համահայկական միակ փրկարար հասկացողութիւնն ու էական սկզբունքը, աւելի քան երբեք, այժմէական են ու կենսական, հայ ժողովուրդը պէտք չունի ներազգային պառակտումները ընդգծող - եւ ծիծաղի ճամբով՝ քաջալերող ու սաստկացնող - այսպիսի ցաւալի եւ անորակ ձեռնարկներու, ի շահ միայն զայն արտադրողներու դրամապնակին:

Իսկ Արցախն ու Արցախցիները յատկապէս շեշտակի ծաղրանքի կ'ենթարկուին խնդրոյ առարկայ թատերգութեան մէջ:  Եւ այս մէկը արդէն լիովին նորութիւն էր մեզի համար...

Նոյն օրերուն երբ հայոց տեւապէս վտանգուած, ծայրագոյն զոհաբերութեամբ ազատագրուած ու պահպանուող այդ հողաշերտի սահմաններու վրայ հազիւ 18 տարեկան հայ զինուորներ կը սպաննուին, երբ այդտեղի բնակչութիւնը ենթարկուած է անասելի ճնշումի եւ սպառնալիքներու, երբ թշնամին մինչեւ իսկ պաշտօնապէս կը յայտնէ թէ հռթիրով պիտի կրակէ Երեւանը Ստեփանակերտին միացնող առաջին ոչ-զինուորական օդանաւին վրայ, ընդունելի՞ է այսպիսի խեղկատակութիւն:

Թատերգութեան առաջին պահերուն իսկ, Արցախուհին բեմի վրայ կը ներկայացուի որպէս կարգին պոռնիկ, որու սեռային անյագ պահանջքները գոհացնելու դժուարութիւն ունի սփիւռքահայը, որ իր գանգատը կը յայտնէ այդ ուղղութեամբ: Խորհրդանշական բացատրութիւնը շահեկան է, շնորհակալութիւն...

Իսկ երբ որ նոյն սփիւռքահայը, առանց տափատի, ու իր խոշոր փորը շոյելով կը սկսի ծաղրել ու ծիծաղիլ, Խնձրեստան գիւղի անունը կոպտօրէն արտասանելով, կ'երեւի օգտակար կ'ըլլայ այստեղ նշել թէ ան կը խօսի - ի միջի այլոց - Բեկոր Աշոտի ծննդավայրի մասին...

Երեւանի կարգ մը մթին շրջանակներու մէջ գիտէինք որ գոյութիւն ունի հակա-արցախեան այս գարշելի հակումը: Սակայն նորութիւնը այն է թէ, ըստ երեւոյթին, այժմ միտում կայ այդ թոյնը սրսկելու համայն Սփիւռքի մէջ... Այս երեւոյթին քաղաքական ու գաղափարական հետեւանքներու կարելիութիւնը ահազանգային կացութիւն կը ստեղծէ:

Արդեօք այսպիտի երեւութապէս աննշան – սակայն խորքին մէջ ազդու – միջոցներով, մասսայական հոգեբանութեան մէջ ողբերգական «զիջումներո՞ւ» կը պատրաստեն հայութիւնը...

Իսկ եթէ այս ամէնուն դիմաց պատասխանը այն է թէ «աման պէ՜, եղած-չեղածը խնդալիք բան մըն է, պէտք չէ ամէն բան խորացնել», շատ լաւ, շատ բարի, սակայն ատիկա ընդունելի պիտի ըլլար միայն եթէ, այսպիսի ծիծաղաշարժ զբօսանքներու կողքին, Սփիւռքը իսկական, տեւական ու մնայուն զօրաշարժի մէջ ըլլար արցախեան հիմնախնդրի առնչութեամբ, - եւ կամ գոնէ, եթէ ընդհանրապէս ազգային գիտակցութեան եւ ըմբռնողութեան վերաբերեալ խոր ու էական մտահոգութիւններ, տագնապալից խնդիրներ գոյութիւն չունենային, ամենուրեք, յատկապէս նոր սերունդներու կապակցութեամբ - :

Երբ որ այլեւս կը մնայ միայն մակերեսային, թեթեւսոլիկ ու անմիտ խնդուքը, կացութիւնը... բնաւ ծիծաղելի չէ:

Հայդուկ Շամլեան

04 Ապրիլ 2011

Մոնթրէալ, Գանատա

Մեկնաբանություններ (1)

Dr. H, SPD
Հայերենում, համենայն դեպս արեվելահայերենում, Marseille Մարսել է, եվ ոչ թե Մարսէյ, ինչպես որ Փարիզ է, եվ ոչ Փաղի: Նման կերպ, անգլերենում էլ Մոսկվան Moscow է, Մյունխենը՝ Munich:

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter