HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Մարգո Ղուկասյան. «Անվերնագիր…1915»

սկիզբը  

Հիշատակարան  Ղազարոս  Խաչատրյանի

1 914 - 1 984 թթ.

Ընտանիք

Խաչատուրեաններու գերդաստանը մեծ էր` 8-9 տուներէ բաղկացած էր, կը կոչուէինք նաեւ Խաչինք: Ահա տարիքի կարգով տողերիս գրողին ընտանիքին 11 անդամներուն անունները` 1914-ին.

1. Յովսէփ պապը, ծնած Իշխան, սպաննուած Սվազ

2. Կիւլիզար մամը, ծնած Իշխան, մեռած աքսորին, Համա

3. Միքայէլ հօրեղբայրը, ծնած Իշխան, սպաննուած Սվազ

4. Էլպիկ` հօրեղբօրս կինը, մեռած աքսորին, Համա

5. Ղուկաս` հայրս, ծնած Իշխան 1885-ին, մեռած 1968-ին, ապրիլ 19-ին, Երեւան

6. Սրբուհի` մայրս, ծնած 1887-ին, Իշխան, մեռած 1931-ի սեպտեմբեր 21-ին, Ֆրանսա

7. Մարիցա` քոյրս, ծնած Իշխան, 1907-ին, աքսորին ողջ մնացած, մեռած Ֆրանսա

8. Ղազարոս (տողերիս հեղինակը), ծնած 1909-ին, մարտի 5-ին, աքսորին ողջ մնացած, Ֆրանսա

9. Քոյրս, անունը չեմ յիշէր, ծնած Իշխան, մեռած աքսորին

10. Եղբայրս` Գաբրիէլ, ծնած Իշխան, վախէն մեռած Հալէպ

11. Եղբայրս` Գրիգոր, ծնած Իշխան, ծարաւութենէ մեռած աքսորին: 

Իշխան գիւղը 


Իշխան գիւղը կը գտնուի Սեբաստիոյ քաղաքին հարաւը, 8-10 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ:  Ըստ վիճակագրութեան եւ ծեր գիւղացիներու վկայութեան, 1914-էն առաջ կը բաղկանար 150 ընտանիքէ, 1200 բնակիչներով` ամբողջութեամբ հայ, կրօնքով` Լուսաւորչական:

Ունէր մէկ եկեղեցի` սուրբ Նիկողայոս եւ դպրոց մը` Բագրատունեանց անունով: Իշխան գիւղին մօտերը կար երկու պզտիկ սրբավայր, մէկը` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ, միւսը` Իշխան թագաւորի անունով: Այդ սրբավայրերը ուխտի կու գար շրջանի հայ բնակչութիւնը: Գիւղին ծայրը կար նաեւ լիճ մը, որմէ աղ կը հանէին, որուն տէրը թուրք էր: Այս շրջանին մէջ, ուրիշ բազմաթիւ, բոլորովին հայաբնակ մեծ ու պզտիկ գիւղեր կային, ինչպէս Պինկէօլ, Ղալտին, Գլխըտեղ, Դավռայ, Ղավրազ, Խանծառ, Կովտուն` Մուրատին ծննդավայրը, Ղոչասար, Ուլաշ: Այս գիւղերուն գիւղացիներէն շատերը թուրքերէն խօսիլ անգամ չէին գիտէր:  Կը կարծուի, թէ Իշխան գիւղը հիմնուած է Սենեքերիմեան իշխաններու կողմէ իբր ամարանոց: Սեբաստիոյ եւ շրջանի գիւղերու հայ բնակչութիւնը Սենեքերիմ Արծրունի թագաւորի օրոք, 1021-ի զանգուածային մեծ գաղթի ժամանակ եկած է Վասպուրականէն: 

Զբաղում

Իշխան գիւղի գլխաւոր զբաղումը երկրագործութիւնն էր, արտադրութիւնը` արմտիք, ցորեն, գարի եւ այլն: Այդ ժամանակուան գործիքները նահապետական էի` զոյգ մը եզ, փայտէ արօր մը շատ մեծ հարստութիւն էր: Գիւղացիները անդուլ, անդադար կաշխատէին, կը սիրէին հողը, կը վարէին, կը ցանէին, օր մըն ալ գործէն պակաս չէին մնար: Երբ ցորենը հասնէր, քաղելու ժամանակը գար`ամէնքը արտերը կ’երթային, էրիկ մարդոց օգնելու, որ օր առաջ ցորենը ներս առնուէր. յետոյ սայլերով կը բերէին գիւղի մօտիկը` կալերը, կամնելու: Կամը, ինչպէս կը կոչէին, փայտէ շինուած գործիք մըն է, կը նմանի տան մը դռան. մէկ կողմը կը շարէին եւ կ’ամրացնէին սուր կայծքարեր, ցորենի հասկերը գետինը կը փռէին: Այդ կամերով եզները լծած կը կամն էին, մինչեւ որ ցորենին ցողունը կտրտուելով յարդին խառնուէր: Յետոյ ցորենը հովուն տալով, յարդէն կը զատէին: Երբեմն գիշեր-ցորեկ կ’սպասէին, որպէսզի հովը ելլեր, գործը կատարուէր: Երբ ցորենը յարդէն զատուած կ’ըլլար, թուրք կառաւարութեան ներկայացուցիչը խոշոր կնիքով կը դրոշմէր զտուած ցորենը: Գիւղացին իրաւունք չունէր դիպչելու իր ցոր ենին, մինչեւ որ կառաւարութիւնը բաժինը չառնէր:

Բնակութիւն

Տուները, ընդհանրապէս շատ հին էին, նահապէտական ձեւով շինուած: Խոշոր գերաններով նախ տան կմախքը կը պատրաստէին, հողը եւ հարդը իրար խառնելով շաղախ կը շինէին եւ կմախքին պարապ մնացած մասերը այդ ցեխով կը լեցնէին իբր աղիւս եւ այսպէս պատը կը շինէին: Պատերուն խորդուբորդ տեղերը շտկելու համար մէկ պատէն միւսը խոշոր գերաններ զետեղելով վրան ծառի ճիւղեր կը դնէին, հողով կը ծածկէին, լող քարով կ’ամրացնէին լեցուած հողը, որպէսզի անձրեւին ջուրը չի թափանցի տանիքէն ներս: Այդ տուներուն պատուհանները շատ պզտիկ կ’ըլլային, որպէսզի ձմեռը ցուրտը ներս չի թափանցի: Բոլոր տուներուն տանիքները հարթ եւ տափակ կ’ըլլային, գիւղացին ձմեռուան պաշարը պատրաստելու համար կ’օգտագործէր այդ տափարակ տանիքները. լաթերու վրայ, չորցնելու համար, կը փռէին պուլղուր, կորկոտ, չորթան, պտուղներ եւ ուրիշ շատ մը ուտելիքներ: 

Ամառուան տաք օրերուն բոլորը, ընտանեօք, տանիքներու վրայ բացօթեայ կը ննջէին, շատ հաճելի կ’ըլլար: Այս տուները հանգստաւետութիւն չունէին: Նախատեսուած էին բազմանդամ ընտանիքներու համար, շատ մեծ տարածութիւն կ’ունենային, որովհետեւ տղաքը կ’ամուսնանային եւ կը շարունակէին բնակիլ հօրենական տան մէջ, ուր իրենց մասնաւոր բաժին կը յատկացուէր: Էլեկտրականութիւն գոյութիւն չունէր, միակ լոյսը քարիւղի լամպան էր եւ մոմը: Տունը տաքցնելու համար օճախը եւ կամ թոնիրը փայտ կը վառէին, նոյնիսկ ածուխ չի կար, երբեմն փայտի ածուխ կը գործածէին:  Թոնիրը տունին մէկ անկիւնը ջրհօրի նմանող փոս մըն էր, մէջը կը զետեղէին խոշոր տակառի նմանող հողէ շինուած կարծրացած աման մը, որպէսզի եզերքի հողը չը փլի. Կ’ունենար ծակ մը`մուխը դուրս հանելու համար, որ կուտային բուխերիկին մէջ:

Մեր գիւղացիները կահկարասի, նոյնիսկ մահճակալ չունէին, անկողինը գետինը կը փռէին, ջուրը կուժերով, հեռու աղբիւրէն կը բերէին: Այդ ժամանակուան հայ գիւղացին շատ հիւրասէր էր, պանդոկ, սրճարան չի կար, որ ճամբորդը կամ անցորդը գիշերը անցնէր: Բոլոր գիւղացիները պատահական հիւրի համար ունէին մասնաւոր սենեակ մը, որ ձրիաբար կը տրամադրէին: 

ԿԵԱՆՔԸ ՏԱՆ ՄԷՋ

Մեր գիւղի տուները ունէին պարենի եւ ուտելիքի մեծ պահեստներ, ցորենի ամբարներ, մառաններ` ալիւրի, պուլղուրի, կորկոտի, կաթի, մածունի, պանիրի, հաւկիթի եւ շատ մը ուրիշ ուտելիքներու համար:  Այս ամէն ուտելիքները գիւղացիները կը պատրաստէին: Ապրանքներէն մաս մը Սեբաստիա կը տանէին, կը ծախէին քաղաքացին երուն, այդ դրամով իրենց պէտք եղածը կը գնէին:

Ձմեռ չեկած տան ուտեստեղենը ապահովուած, մառանները բարիքներով լեցուն կ’ըլլար:

Գետնախնձոր, ստեպղին, շաղգամ`այս կարգի ուտելիքները տունը, հողին մէջ կը թաղէին եւ ձմեռը հետզհետէ հանելով կ’սպառէին:  Կաղամբի հսկայ դեզերը տան անկիւնը այնպէս մը շարէին, որ չէր փչանար: Ցորենը խոշոր պարկերով (խարար) սայլերը բեռցած կը տանէին ջաղացք, կ’աղային, ալիւրը տունը կը պահէին: Գիւղացին իր հացը ինքը կ’եփէր թոնիրին մէջ` մէկ կամ երկու շաբաթուան համար: Կար լավաշ հացը, որ սաճի վրայ կ’եփէին, շատ բարակ կ’ըլլ ար, իրարու վրայ կը դիզէին, լաթի մէջ կը պահէին եւ ուտելու ժամանակ քիչ մը ջուր կը սրսկէին կակուղցնելու համար: Մեր գիւղացիները ունէին ընտանի կենդանիներ` եզներ, կովեր, ոչխարներ, ձիեր, էշեր: Այս կենդանիները շատ օգտակար եւ պիտանի էին, որոնցմով ոչ միայն արտ կը վարէին, փոխադրութեան համար կը լծէին սայլին, այլեւ կը հայթայթէին միս, կաթ, մածուն, պանիր, իւղ, կարագ: Գիւղացին գիտեր պատրաստել այս բոլորը, որ կը կազմէր իր գլխավոր սնունդը:

Ամեն տուն իր հորը (դեզգկեհ) ունէր: Մեր կիները կտաւ, գորգ կը գործէին, իլիկներով բուրդ կը մանէին, յետոյ կը ներկէին, գոյնզգոյն գեղեցիկ գուլպաներ կը հիւսէին: Շատերը իրենց գործած կտաւով տաբատ, շատ աղւոր հագուստներ կը կարէին, նաեւ գեղեցիկ ձեռագործներ կը հիւսէին: Մեր գիւղերը մեծ մայրիկները եւ հայրիկները կը ղեկավարէին տունը, բոլորը, ամուսնացած կամ ոչ` միասին կաշխատէին:

Տունը լոգարան չի կար: Օճախի վրայ խոշոր կաթսաներով ջուր տաքցնելով տաշտի մէջ նստած թասով գլուխնին կը թափէին, մաքրութեանը շատ հոգ կը տանէին: Այս ձեւի լոգանքը մինչեւ Ֆրանսա բերած էին: Պապիկին եւ մամիկին անտրտունջ կը հնազանդէին եւ կը յարգէին: Էրիկ մարդիկ արտը կամ դուրսը կ’աշխատէին, հարսերը եւ աղջիկները` տունը: Մամիկը տան բոլոր երեխաները կը խնամէր, անոնցմով կ’զբաղէր: Նոր ամուսնացած հարսը կեսրարին հետ որոշ ժամանակ մը չէր խօսէր, կեսրարին ոտքերը կը լվար: Ճաշը կուտէին խոշոր սեղանի շուրջ, որին ոտքերը շատ ցած կ’ըլլային: Բոլորը կը նստէին գետինը կամ ցած աթոռներու վրայ: 

ԵԿԵՂԵՑԻ

Հայ գիւղացիները շատ հաւատացեալ, ջերմեռանդ քրիստոնեաներ էին, մանաւանդ տօն օրերուն մեծով, պզտիկով եկեղեցի կ’երթային, մեծ յարգանք ունէին կրօնականներու հանդեպ: Գիւղի քահանան ամէն տուն կ’այցելէր, կը յորդորէր, կը խրատէր եւ կ’օրհներ: Տէրտէրը գիւղին ամենախելացի, զարգացած եւ կարդացած մարդը կը համարուէր: Բոլորը կը հնազանդէին անոր: Իշխան գիւղը ոչ բողոքական, ոչ կաթոլիկ, ոչ ալ միսիոնար կար:

Ծնունդի, նոր տարուայ տօներու առթիվ փոքր երեխաները սովորութիւն ունէին, խումբեր կազմած, երգելով կը շրջէին ազգականներուն եւ դրացիններուն տուները, մանր դրամ, լեպլեպի, չամիչ եւ շաքար կը ստանային: Զատիկին ամէնքը`թէ մեծերը եւ թէ փոքրերը, շաբաթներով ծոմ կը բռնէին, վերջաւորութեան կարմիր ներկած հաւկիթ կը խաղային:  Ոմանք ալ, եթե քիչ մը դրամ ունենային, Երուսաղեմ ուխտի կ’երթային` հաճի ըլլալու, թէեւ շատ քիչերը կրնային այդ ճամբորդութիւնը կատարել: Սեբաստիոյ քաղաքին մէջ սուրբ Նշան անունով շատ մեծ վանք կար:

Շրջանի բոլոր գիւղացիները ընտանիքներով այդ վանքը կ’երթային, շաբաթներով հոն կը բնակէին: Իրենց ուխտը կատարելէ վերջ մեծ նուիրատուութիւններ կ’ընէին վանքին եւ կը վերադառնային իրենց գիւղերը:

ԴՊՐՈՑ

Ինչպէս ըսած էի` մէկ դպրոց կար եկեղեցիին կից` մեծերու եւ փոքրերու համար: Փոքրերը տետրակի փոխարէն քարէ տախտակ ձեռքերնին բռնած դպրատուն կերթային` այբ-բեն-գիմ սորվելու, իսկ մեծերը աւետարանով կամ կղերական գիրքերով կը սերտէին իրենց դասերը: Դպրոցը տաքցնելու համար ամէն աշակերտ պարտաւոր էր տունէն փայտի կտոր մը տանիլ հետը: Ուսման մակարդակը շատ ցածր էր, գրել-կարդալ գիտցողներուն թիւը շատ քիչ էր, մեր գիւղացիները այնչափ զբաղուած էին երկրագործութեամբ, որ դպրոց երթալու ոչ ժամանակ ունէին, ոչ ալ փափաք: Մեր ուսուցիչին անունը Ոսկիան վարժապէտ էր, աղւոր ձայն ունէր, եկեղեցիին երգեցողութիւնը կ’ընէր եւ կը սորվեցնէր գիւղացիներուն: Նամակ գրել եւ կարդալ

տալու համար անոր կը դիմէին: Դպրոցին պատիժը շատ խիստ էր` քանակի սուր կողմով աշակերտին ձեռքերուն զարնել, ժամերով ոտքի կեցնել, աւելի ծանր պատիժի պարագային գետինը պառկեցնել, ոտքերուն եւ կրունկներուն քանակի սուր կողմով զարնել:

ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆ

Սեբաստիոյ գիւղերուն մէջ 17-18 տարեկան տղաները կը սեպուէին չափահաս, հետեւաբար կ’ամուսնանային, իսկ 14-15 տարեկան աղջիկները արդէն ամուսնացած, նոյնիսկ մայր եղած կ’ըլլային: Նշանախօսութիւնները ծնողքները կ’ընէին, երբեմն կը պատահէր, որ մինչեւ ամուսնութիւնը նշանածները իրար չէին ճանչնար եւ տեսնէր, ամուսնալուծումը քիչ էր:  Մեր գիւղացիները շատ երեխաներ կ’ունենային, չ’ամուսնացող աղջիկ գրեթէ չէր գտնուէր, ընդհանրապէս հայ մանչերու ծնունդը շատ աւելի կ’ըլլար, քան աղջիկներունը, այդ պատճառաւ երբեմն աղջիկի համար գիւղէ գիւղ կռիւ կ’ընէին, երիտասարդները չէին ուզէր, որ իրենց գիւղի աղջիկը ուրիշ գիւղ հարս երթայ: Այսպէս էր հայ գիւղացիին հինէն մնացած սովորութիւնը 1914-էն առաջ: 

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ

Մեր Իշխան գիւղը եւ ոչ ալ Սեբաստիոյ միւս գիւղերը հիւանդանոց, բժիշկ, հիւանդապահ, դայեակ, մանկաբարձ, գոյութիւն չուներ: Երբ ծննդաբերութիւն ըլլար, ծէր կիներ կային, որ որոշ փորձառութիւն ունէին, կ’օգնէին յղի մայրերուն, կարգ մը ուրիշ

Հիւանդներու: Ծանր հիւանդութեան պարագային Սեբաստիա բժիշկի կը տանէին, կամ բժիշկը գիւղ կուգար: Այսուհանդերձ, հակառակ այս պայմաններուն, ամէնքն ալ ուժով եւ առողջ էին:

ԶԲՕՍԱՆՔ

Գիւղացին զբօսնելու ժամանակ երբեք չուներ, գիշեր-ցորեկ կ’աշխատէր մեղուի պէս: Տօն օրերը միայն քիչ մը ժամանակ կը գտներ, անոր ալ պատճառը յարգանքն էր, երկիւղածութիւնը դէպի եկեղեցին եւ սովորութիւնը:

Հարսանիքներուն գիւղի ամբողջ բնակչութիւնը հրավիրուած կ’ըլլար: Այդ առիթէն օգտուելով, բոլորը գործերը կը դադրեցնէին, գիշեր-ցորեկ կը պարէին, կ’ուտէին, կը խմէին: Հարսանիքը օրեր կը տեւեր, գիղացիին միակ զուարճութիւնը եւ ուրախութիւնն էր: Ձմեռը մէկ մեթրէն աւելի ձիւն կը տեղար, շատ պաղ կ’ըներ, անկարելի կ’ըլլար դուրս ելլել: Ստիպուած կ’ըլլային բոլոր գործերը դադրեցնել, կը հաւաքուէին դրացիի կամ ազգականի մը տունը, թուղթ կը խաղային, հէքեաթներ կը պատմէին մինչեւ ձիւնը հալեր:Այս էր այն ժամանակ հայ գիւղացիին զբօսանքը:

ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԹԻՒՆ

Սեբաստիոյ եւ շրջանի գիւղերի տեղահանութիւնը սկիզբ առաւ 1915-ի Յուլիս ամսուն: Մինչեւ ակռաները զինուած, խոժոռ եւ խիստ դէմքերով թուրք զինուոր-ոստիկանները եկան Իշխան գիւղը, հրամայեցին շուտով պարպել տուները, ճամբայ ելլալ: Տուները պարպուելէն յետոյ անմիջապէս կը կնքէին, որպէսզի ոչ ոք չի կրնայ ներս մտնել: Խուճապ, իրարանցում, ողբ, լաց` կարծես աշխարհի վերջին օրը ըլլար:

Ոմանք սայլերը, ուրիշները գրաստները բեռցուցած, ինչ որ կրնային` վերմակ, հագնելիք, ուտելիք եւ այլն առին: Արդէն քանի մը օր առաջ Սեբաստիոյ քաղաքի աքսորեալներու աղմուկը մինչեւ Իշխան կը լսուէր: Ընդհանուր տեղահանութեան հրամանը տրուած էր:

Թուրք զինուոր-ոստիկանները կ’աճապարէին ժամ առաջ մեր գիւղը պարպել, քշել ժողովուրդը: Դէպի ո՞ւր, Աստուած գիտէր: Շատերը կուլային, կ’ողբային, չէին ուզէր բաժնուիլ իրենց տուներէն, կ’ուզէին վերջին անգամ հեղ մըն ալ տեսնել իրենց ծնած եւ սիրած գիւղը:

Ճամբայ ելլելու վերջնական հրամանը տրուեցաւ: Ժողովուրդը թէ կը քալէր առաջ, թէ ետ կը դառնար, կը նայէր գիւղին կողմը, մինչեւ որ անհետացաւ տեսողութենէ: Չեմ յիշէր քանի ժամ տեւեց հեռանալը, տեղ մը կանգ առինք: Մեր առաջին հանգրուանն էր: Շրջանի գիւղերէ հաւաքուած մեծ թիւով բազմութիւն մը միացաւ մեզի, կազմուեցաւ հսկայ կարավան մը: Բազմահազար ժողովուրդ`անկարելի էր թիւը ճշտել կամ երեւակայել:

Զինուոր-ոստիկանները հարայ-հրոցով կարաւանին առջեւէն, ետեւէն, աջէն եւ ձախէն ձիերու վրայ նստած կը քալեցնէին ժողովուրդը անծանօթ ուղղութեամբ: Մեր ընտանիքը այդ ժամանակ կը բաղկանար 8 հոգիէ, մամս, հօրեղբորս կինը, մայրս, երեք եղբայրս եւ երկու քոյրս: Հայրս թրքական բանակ կանչուած էր, զինուորութին կըներ:

Պապս եւ հօրեղբայրս տարած էին աշխատաւորական բանակ, տեղերնին անյայտ էր:  Վերջը իմացանք, որ հայերին խումբ-խումբ կը տանին եղեր, ձորերու մէջ կ’սպաննեն:

Մեծ մայրս կը հսկէր վրաս. յաճախ կը շալակէր, ձեռքս բնաւ թող չէր տար: Գրիգոր մանկիկն ալ միշտ մօրս գիրկն էր, իսկ հօրեղբորս կինը միւսները երբեմն կը շալակէր, երբեմն ալ կը քալեցնէր:

Այսպէս ամէն օր, անդադար: Գիւղերէ, քաղաքներէ հեռու, որչափ կարելի է անմարդաբնակ ամայի տեղերէ: Եկանք հասանք տեղ մը, որուն անունը կարծեմ Ղազը մաղարա էր: Յանկարծ իրարանցում սկսաւ: Տեսանք, որ Իշխան գիւղի քահանան` տէր Մեսրոպ Շահպազեանը, որ էշու մը հեծած կը հետեւէր կարաւանին, էշէն վար իջեցուցին, վրան խուրջին մը կար, պարպեցին: Ոսկի էր պարունակութիւնը: Գրաւեցին ոսկիները, քահանան տարին: Իմացանք, որ գոմի մը մէջ ծեծեր, չարչարեր են: Ետ բերին, ժողովուրդին աչքին առջեւ երեսն ի վար պառկեցուցին գետինը, սկսան զենքի կոթով հարուածել գլուխին, մէջքին, ուր որ հանդիպեր: Յետոյ կրկին տարին գոմը, սպաննեցին խեղճ քահանան:  Մեծ, շատ ալ հարուստ էր Տէր Մեսրոպին գերդաստանը:

Այդ ընտանիքէն ողջ մնացին միայն երեք տղաներ ու երկու աղջիկ, կը բնակէին Ֆրանսայի Մարսել քաղաքը: Օր մը մեծ տղան` Յարութիւնը տեսայ, հարցուցի` «Ինչո՞ւ հայրդ ոսկիներով կը ճամբորդէր, չէ՞ր հասկցէր, թէ ինչ կ’սպասէ մեզի»: Տղան պատմեց հետեւեալը. «Մեզի այնքան աճապարանքով հանեցին տունէն, որ ժամանակ չ’ունեցանք ոսկիներուն վրայ խորհելու եւ թէ զինուր-ոստիկանները կը հսկէին, կը հետեւէին մեր ամէն մէկ շարժումին: Երբ տունը կնքեցին, շատ ուշ էր, չէինք կրնար բան մը ընել: Քանի որ ես քիչ թէ շատ տան գաղտնի մուտքերը գիտէի, տակաւին շատ հեռացած չէինք գիւղէն, հայրս ինծի ետ ղրկեց, որ երթամ ոսկիները բերեմ: Բուխարիկէն ներս մտայ, ինչ որ կրնայի բերել հետս, առի, հասայ կարաւանին, տուի հօրս: Ան ալ ուրիշ տեղ չգտնալով, լեցուց խուրջինը, որ չկասկածին, դրաւ էշուն վրայ, ինքն ալ հեծաւ: Երբ բաւական հեռացած էինք գիւղէն, մեզի կեցուցին եւ խորհելով, որ ոսկիները հետերնիս առած կ’ըլլանք, ուղղակի հօրս քովը եկան: Ոսկիները գտան, հայրս ալ սպաննեցին»:

Տէր Մեսրոպը մեր գիւղի առաջին զոհն էր:

Այս դէպքէն յետոյ շարունակեցինք մեր ճամբան, ո՞ւր կերթայինք, ո՞ր կողմ, չէինք գիտեր: Անծանօթ էինք այդ վայրերուն: Քանի յառաջանայինք, զինուր-ոստիկանները կը խստանային, կը չարանային: Եթէ կրնաս, կարաւանէն քիչ մը ետ մնացիր, անմիջապէս կը հարուածէին:

Սարսափը տիրեց մեզ, օդը շատ տաք էր, ջուր չի կար, հացը կը պակսեր: Ոմանք ծարաւութեան չի դիմանալով սկսան իյնալ, եթէ երբեք պատահեր, որ ջուրի հանդիպէինք, ծարաւնիս յագեցնելու համար, խմբերով վրան կը յարձակէինք: Զինուոր-ոստիկանները, սակայն, թոյլ չէին տար, կը հարուածէին զենքի կոթով կամ լեռներէ վար կը նետէին ջուր խմողները: Երբեմն ջուրի պատճառաւ զիրար կը կորսնցնէինք:

Քանի առաջ կ’երթայինք, այնքան դիակներու թիւը, ոմանք ուռած, ոմանք կմախքացած կը շատանար: Այս տեսարանները սովորական դարձած էին մեզի համար`ամէն կողմը դիակներ, մահ, սարսափ: Վայրենաբարոյ քիւրտեր, թուրքեր սկսան երեւալ չորս կողմերնիս, ետ մնացողները կը յափշտակէին, կ’առեւանգէին, կը կողոպտէին, նոյնիսկ վրայի հագուստները կը հանէին: Այդ բոլորովին մերկ, կողոպտուած խեղճերը, երբ հասնէին կարաւանին, անմիջապէս ունեցող կամ չունեցող բաներ մը կուտային անոնց մերկութիւնը ծածկելու համար: Օր մըն ալ աչենց Յակոբ պապը, որ շատ ծեր էր, բռնեցին, վրան քարիւղ սրսկեցին, ողջ-ողջ այրեցին բոլորիս աչքին առջեւ: Պատճառը դրամն էր, այդ գերդաստանն ալ շատ հարուստ էր: Վախով, դողով միշտ յառաջ կ’երթայինք, կը հանդիպէինք տեսակ-տեսակ մարդերու, որոնք վայրենիներու կը նմանէին, բորենիներու նայուածքով կը դիտէին մեզի` պատրաստ յարձակելու եւ կողոպտելու: Ոչ լեզունին հասկնալի էր, ոչ ազգութիւնը: Անօթութիւնը, ծարաւութիւնը, յոգնածութիւնը մեր ամենօրեայ բաժինն էր: Ոչ սայլ մնաց, ոչ գրաստ, հետզհետէ ձգուեցան կամ յափշտակուեցան: Այլեւս ջուրն անգամ դրամով կը ծախէին, ով հինգ կամ տասը փարա ունէր, թաս մը ջուր կուտային, ուրիշ դրամ չէին ճանչնար: Ըսին որ լեռները ապրող քիւրտեր են:

Քիչ մը անդին, խոշոր ծառի մը տակ 40-էն 50 մանկիկներ նստած էին: Նիհարած, խոշոր-խոշոր աչքերով կը նայէին անցնողներու վրայ, ոչ կուլային, ոչ ալ ձայն կը հանէին, այլեւս ուժ չէր մնացած վրանին, որեւէ շարժում ի վիճակի չէին ընել: Մայրերը չկրնալով դիմանալ անոնց տանջանքին, լացին, անօթութ եան եւ ծարաւին, ձգէր էին ծառին տակ, յոյս ունենալով, որ թերեւս բարի մարդ մը կուգայ, կը տանի եւ իր զաւակը ողջ կը մնայ:

Երբ մենք հասանք այդ ծառին, տեսանք, որ երեխաները այնքան հալեր-մաշեր, գրեթէ ողջ մեռեալներ էին դարձէր: Ոչ ոք չի հետաքրքրուեցավ այդ խեղճերուն վիճակով, չի կրցաւ օգնել, որովհետեւ ամէնքն ալ արդէն ուժասպառ, յոգնած, կմախքներու պէս հազիւ կրնային քալել: Իսկ քիւրտերը եւ թուրքերը ոչ մէկին չէին տարած, ձգած էին, որ այս մանկիկները կամաց-կամաց մեռնին ծառին տակը:

Ես այնքան ազդուեցայ անոնց տխուր նայուածքներէն, որ մինչեւ հիմա ալ աչքիս առջեւ է այդ տեսարանը: Երբեք չի պիտի կրնամ մոռնալ: Այսպէս սարսափելի պատկերներ տեսնելով շարունակ քալեցինք, Մուրատ գետը հասանք: Այստեղ ալ ուրիշ փորձանք կ’սպասէր մեզի. պէտք էր անցնիլ արագահոս գետը: Ո°չ նաւակ կար, ոչ ալ կամուրջ: Լողալ գիտցողը կրցաւ անցնիլ, իսկ մնացածներուն, որ լողալ չէին գիտեր, զինուոր-ոստիկանները կ’ստիպէին. «Հայտէ, անցեք»: Գետը մտնողին ջուրը կը տաներ հոսանքն ի վար, խեղդուողին հաշիւ չի կար:  Մեր գիւղացիներէն մէկն ըսավ. «Ուրիշ ճար չի կայ, պէտք է 10-15 հոգի ձեռք-ձեռքի բռնած շղթայ կազմենք, ամէն գնով իրարու ձեռք թող չի տանք»:

Երբ մէկը դէմի ափը հասներ, քաշելով դուրս կը հաներ միւսներուն:

Այս ձեւով կրցանք անցնիլ գետը եւ ողջ մնալ: Բայց խեղդուողներուն թիւը շատ մեծ էր: Նորէն անջրտի տեղերէ անցանք, ծարաւութենէ այնքան նեղուեցանք, որ շատերը կը մէզէին ու կը խմէին:  Տեղ մը ջուրի խոշոր հորեր կային: Հասնողը մէջը կը նետուէր ջուր խմելու համար:

Մայրս, մեծ եւ պզտիկ քոյրերս ալ մահը աչքերնին առած նետուեցան ծարաւնին յագեցնելու: Հորին մէջ ուրիշներ ալ կային իրենց պէս: Աղտոտ ջուրը խմելէ յետոյ այլեւս դուրս ելլելու ճարը կը խորհէին: Բախտերնուն քիւրտերը, որ դուրսը անկիւն մը կ’սպասեն եղեր, կողոպուտի ժամը հասած նկատելով, կուգան դուրս կը հանեն խեղճերը, կարծելով որ դրամ ունին, բայց ոչինչ չի գտնելով, յուսախաբ կ’ըլլան:

Ամէն պարագայի չեն սպաններ, կը թողուն, որ մեկնին: Մեծ մայրս մեծ եւ պզտիկ քոյրերս փնտռելէն հոգին դուրս կուգայ: Քանի ժամանակ մը յետոյ բախտ կ’ունենանք իրար գտնալու: Բայց պզտիկ քոյրս` Փարիզը հոտ զոհ կ’երթայ: Ծծկեր կրտսեր եղբայրս` Գրիգորը արդէն քանի մը օր առաջ օդի տաքութեանը եւ ծարաւութեանը չի դիմանալով մօրը գիրկը մեռած էր: Քանի մը օրեր նորէն քալելէ յետոյ հասանք Պապ քաղաքը:

Կարաւանը կանգ առաւ: Զինուոր-ոստիկաննները փոխուեցան: Կարծելով, որ նորերը քիչ մը խղճամիտ կ’ըլլան, առիթէն օգտուելով ուտելիք ճարելու համար չորս կողմը ինկանք: Բայց, աւաղ, ատոնք ալ անխիղճ գտնուեցան: Հազիւ թէ քիչ մը հանգիստ ըրած էինք, հրաման ելաւ մեկնիլ:

Մեզի իրարու վրայ ապրանքատար վակոնները լեցուցին: Շարժիլը անհնարին էր, շատերը իրար կորսնցուցին, այնքան շուտափոյթ էր հրամանը: Վերջապէս շատ տանջանքներէ յետոյ հասանք Հալէպ քաղաքը:

Հալէպէն մեզ Համա քաղաքը տարին: Հոն գիշեր թէ ցորեկ պատերու տակ մնացինք, պաղը, տաքը մեզի համար չէր, վրանիս առնելու բան մնացած չէր: Գետինն էր մեր սենեակը եւ անկողինը: Հիվանդներուն, մեռնողներուն հաշիւ չի կար: Բոլորը ուժասպառ, սննուդէն զրկուած, ուրուականներու պէս կ’երերային, իրարու սեղմուած կը պառկէինք, որ իրար տաքցնէինք: Օդը սկսած էր պաղիլ: Առտու մը արթնցանք, որ ասդին-անդին ուտելիք ճարենք, տեսանք մեծ մայրս մեռած էր պատին տակը: Քանի մը օր վերջն ալ նոյն տեղը հօրեղբորս կինը մեռաւ: Մենք ութ հոգիի վրայ մնացինք չորս հոգի`մայրս, մեծ քոյրս, եղբայրս եւ ես: Աւելի ուշ թոյլ չտուին, որ հոտ` քաղաքին պատերուն տակ մնանք: Մեզի տարին Համա քաղաքէն դուրս` քարայրները: Կը պառկէինք քարերու վրայ, որ չափէն դուրս պաղ էին: Ինչպէս ըսի`գրեթէ կիսամերկ էինք: Ես ծանր հիվանդացայ, փորհարութեան բռնուեցայ, անօթութենէ այնչափ նիհարցայ, որ ամէնքը կ’ըսէին` մեռնի ազատի: Բայց չի մեռայ:  Քարայրներէն մեզի ղրկեցին Համայէն քիչ հեռու Սելիմիէ ըսուած քաղաքը: Այս քաղաքին մէջ ալ ժամանակ մը անօթի թափառեցանք: Ուտելիք չի կար, ինչպէ՞ս ապրէինք: Խանութներու առջեւ կը պտտէինք, երբ մարդ մը շերտ մը ձմերուկ կամ նարինջ գնէր, ուտելով երթար, ետեւէն կ’երթայինք, կեղեւը նետելուն պէս` անմիջապէս գետնէն զայն վերցնելով, կ’սկսէինք անյագաբար կրծել: Սելիմիէ քաղաքը այլեւս զինուոր-ոստիկան չի կար, բայց ոստիկանները միշտ կը հսկէին, որ անկարգութիւն, գողութիւն չ’ըլլայ: Մեզի քիչ մը դրամ բաժնեցին: Ըսին, որ Ամերիկայի սեբաստացիներու կողմէ ղրկուած է, միայն սեբաստացիներու համար է:

ՆՈՐԷՆ ՀԱԼԷՊ

Վերջապէս մեզ հաւաքեցին, վերադարձուցին Հալէպ, քաղաքէն դուրս ընդարձակ արտ մը տարին: Սեբաստիոյ գիւղերէ բերուած, տարբեր կողմերէ հաւաքուած հսկայ բազմութիւն մը գոյացաւ: Ամեն օր կուգային այս կամ այն ընտանիքէն դրամ կը պահանջէին:  Վայ անոր գլխին, եթէ չէր ուզեր տալ կամ չունէր: Չի մոռնամ ըսելու, որ երկու սեբաստացի ինքզինքնին ազատելու համար մատնիչի դեր կը խաղային: Հերիք է, որ այդ մարդոց կողմէ մէկուն անունը տրուէր: Զինուոր-ոստիկանները կուգային, դրամ ունենա կամ ոչ, կը ծեծէին, կը վախցնէին: Եթէ երիտասարդ կին էր, իրենց վրանը կը տանէին բռնաբարելու համար: Արդէն բոլոր ճամբու ընթացքին աղջիկներ, հարսներ իրենց երեսը կը կեղտոտէին, ցեխ կը քսէին, մազերնին կը կտրէին, որպէսզի ուշադրութիւն չի գրաւեն: Օր մըն ալ մենք մատնանշուած էինք: Եկան մօրմէս դրամ ուզելու, չունէինք: Ուզեցին մայրս տանիլ, խեղճ եղբայրս` Գաբրիէլը, քաշքռտուքը տեսնելով, վախէն մեռաւ: Համոզուեցան, որ իրաւ դրամ չունինք, ձգեցին, հեռացան: Բայց տուինք հինգերորդ զոհը: Պատերազմէն յետոյ լսեցինք, որ այդ երկու մատնիչները սպաննուէր են հայու ձեռքով, գտեր են իրենց արդար պատիժը:

Այս դաշտէն ամէն օր խումբ-խումբ կը ղրկէին Տեր-Զօրի անապատները: Ամենքս ալ գիտէինք, որ Տեր-Զօրի սպանդանոցը վերջին հանգրուանն է, հոն գացողը այլեւս ողջ մնալու որեւէ յոյս չէր կրնար ունենալ: Հետեւաբար, իշխանցիներս իրարու քով գալով որոշեցինք Հալէպ մեռնիլ, քայլ մը առաջ չերթալ: Երբ զինուոր-ոստիկանները եկան` «Ելեք ոտքի, պիտի երթաք», ըսին, իրարու քով գալով սեղմուած մնացինք, մէկը չի շարժեցաւ տեղէն: Հարուածները կը տեղային, բայց անդրդուելի մնացինք, «Հոս սպաննեցեք մեզի» կը պոռայինք: Քանի մը օր ծեծին, չարչարանքին դիմացանք, անօթի, ծարաւ մնացինք, բայց նորէն տեղի չտուինք: Արդէն այնչափ ժողովուրդ կար, որ ուրիշ խումբեր կը ղրկէին, կարծելով որ օր մը կարգը մեզի կուգայ:

Երեք-չորս օր ետքը զինուոր-ոստիկանները եկան ըսին, դուք այլ եւս պէտք չէ երթաք, Հալէպ`պետութեան հաշւոյն աշխատելու պիտի մնաք: Ինչ հրաշք: Լսեր են, որ մեր գիւղացիները գուլպա հիւսել, կտաւ գործել գիտեն: Նախընտրեր են օգտագործել թրքական բանակի զինուորներու պէտքերը հոգալու համար:

Կիները, աղջիկները հաւաքեցին, քիչ մը միւս գիւղերէն ալ առին, Հալէպի մէջ խան մը տարին: Տնօրէնը եւ դռնապանը հայեր էին: Իբր վարձք ամէն հոգիի զինուորական հաց մը կուտային: Մեզի երեք հաց կուտային, որով երեք հոգի էինք: Միայն մայրս կ’աշխատէր, մենք փոքր էինք: Թէեւ այլեւս զինուոր-ոստիկան չիկար, քալել, սարս

ափ չիկար, բայց ամէն օր դիակներ կը հաւաքէին բակէն, հիւանդութենէ մեռնողներ շատ եղան: Գետինը, տախտակի վրայ կը պառկէինք, վերմակ, բան մը չի կար, որ վրանիս գոցէինք: Այդքանով ալ գոհ էինք, թերեւս կէս անօթի, բայց գոնէ ծարաւ չէինք:

Ես երբեմն խանէն դուրս կ’ելլէի, բան մը ճարելու, ուտելիքնիս քիչ էր: Հալէպի գոց շուկան հեռու չէր, հոն ամէն բան կը ծախէին, ժողովուրդը խռնուած գնելու կուգար... Ես ալ մէջերնին խառնուելով խնձոր կամ տանձ մը կը թռցնէի: Խանութպանը կը տեսնէր, ետեւէս կը վազէր պզտիկ գողը բռնելու համար, բայց յաճախորդները չէին թողուր:

Մենք գիտէինք, որ եթէ մեզ բռնէ, կ’ապտակէ եւ խնձորը կ’առնէ, ատոր համար ուտելով կը փախչէինք: Կը մտածէինք, որ կերուած խնձորը չէր առնէր:  Առաւօտները հացի փուռերու առջեւ կը թափառէի կտոր մը հաց ճարելու համար: Տեղացի դպրոցական տղաներուն մայրերնին քանի մը փարա կուտային, որ սիմիթ առնեն, ուտելով դպրոց երթան: Անոնց խառնուած կը սպասէի, երբ երեխան դրամը կուտար փռապանին, սիմիթը կը խլէի, ուտելով կը հեռանայի: Փռապանը կը խնդար, բայց երեխան կուլար: Այսպէս կէս անօթի, կէս մերկ քարշ կուտայինք մեր կեանքը, սպասելով պատերազմի աւարտին:

Մոռցայ ըսելը, որ կօշիկ ալ չունէինք, ձմեռը սառոյցի վրայ խոպիկ կը քալէինք: Վերջ ի վերջոյ եմենի մը ճարեցի, բայց ոտքերս այնքան կոշտացած էին, մինչեւ որ վարժուեցայ հոգիս ելաւ: Օր մը գոց շուկան պտտած ժամանակս երկու թուրք զինուորներ մօտեցան ինծի` ասիկա յարմար է, ըսելով, հարցուցին, թէ մայր կամ ազգական ունի՞մ:

-Այո, -ըսի, -մայր եւ քոյր ունիմ:

-Եկուր, մեզի ցոյց տուր,-ըսին:

Ձեռքէս բռնած եկան խանը, որ հեռու չէր: Մայրս, երբ ինծի երկու զինուորներով տեսաւ, վախցաւ, բայց լաւ թրքերեն գիտեր, հասկցաւ խնդրին էութիւնը: Նպատակնին ինծի տանիլ, իրենց հրամանատարին որդեգիր ընելն է եղէր: Բաւական խորհելէ յետոյ մայրս ըսաւ.

-Գնա° տղաս, գնայ եւ ողջ մնացիր...

Լալով համաձայնեցաւ: Զինուորներու հետ ճամբայ ելայ` չեմ գիտեր որ կողմը տարին: Իրիկուն եղաւ, հրամանատարին տունը հասանք, որին փաշայ ալ կ’ըսէին: Խոշոր սեղան մը պատրաստած էին, սքանչելի ուտելիք-խմելիքներով լեցուն, 5-6 թիկնապահ զինուորներ սպասարկութիւն կ’ընէին: Սրահը շքեղ էր, էլեկտրական լոյսերով ողողուած, որ առաջին անգամ կը տեսնէի:

Ինծի նստեցուցին հրամանատարին եւ կնոջ մէջտեղը, սկսան պզտիկ փաշայ ըսել: Ամեն տեսակ համեղ կերակուրներ կը բերէին, կը դնէին առջեւս: Պատառ մը իսկ չկրցայ ուտել: Կը զարմանային, թէ այդչափ անօթի,ինչպէ՞ս չեմ ուտէր, մէկ պնակը կը տանէին, միւսը կը բերէին: Անօգուտ: Մայրս եւ քոյրս միտքս կուգային, անոնց խեղճութիւնը, անօթութիւնը մտքէս չէին ելլեր: Վերջապէս պատառ մը բերանս չդրած միշտ լալով սեղանէն ելայ: Գիշեր եղաւ, ինծի տարին փաշային սենեակը:

Գեղեցիկ անկողին մը պատրաստած էին, վրան ալ քօղ, որպէսզի ճանճերը ինծի անհանգիստ չընէին: Բայց ես անդադար կուլայի: Երբեմն կինը եւ փաշան կ’ելլէին վրաս կը գոցէին, մի լար, կ’ըսէին, դրամ կուտային, բայց մինչեւ առաւօտ լացի: Լուսաբացին իրենցմէ առաջ ոտքի ելայ, հագուեցայ, դուրս ելլայ:  Փաշային թիկնապահ զինուորները կահ-կարասիները կը բեռցնէին խոշոր բեռնակառք մը:  Տանտէրը քրիստոնեայ արաբ էր, ինծի մօտեցաւ եւ կամացուկ մը թրքերէնով ըսաւ.

-Մայր ունի՞ս:

Ըսի` այո:

ժՓախիր, գնայ, -ըսաւ,- ասոնք քեզի անծանօթ տեղ մը պիտի տանին, որ այլեւս երբեք մայրդ չի տեսնես:

Փաշան արաբին տունը կը բնակէր: Բերէր էին ինծի, որպէսզի միւս օրը տանին չեմ գիտեր դէպի ուր, կորսնցնեն հետքս: Արաբը ինծի ցոյց տուաւ Հալէպին ուղղութիւնը: Ես կամացուկ մը, խաղալու պատրուակով տունին ետեւը գացի, սկսայ քալել Հալէպի կողմը: Փողոցն երը մարդ չի կար տակաւին: Քալէ ու քալէ` առանց գիտնալու, թէ ուր կերթաս: Բաւական քալելէ յետոյ յանկարծ Հալէպի գոց շուկան ինկայ: Ուրախացայ, որ չէի կորսուած: Վազելով գացի մօրս ու քրոջս քով, ըսի որ փախայ, եկայ:

Մայրս ալ ըսաւ.

-Աղեկ ըրեր ես, ես ալ զղջացի ըրածիս համար:

Շնորհակալութամբ կը յիշեմ այդ բարի արաբին, ճիշտ ժամանակին ինծի լուր տուաւ: Երբեմն կը խորհիմ, որ եթէ ինծի փախչելու չօգնէր, պիտի մոռնայի՞ ինքնութիւնս, թուրք ըլլայի՞: Այսքան չարիք է, զրկանքէ, արհաւիրքէ յետոյ չեմ կարծեր, որ մոռնայի, որովհետեւ պզտիկուց տեսածներս տակաւին մտքէս չեն ելած: 

(շարունակություն)

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter