HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Նուիրեալները

13 Հոկտեմբեր 2017-ին, Կլենտէյլի «Ապրիլ» գրատան մէջ Սեդա Գպրանեան-Մելքոնեան ներկայացուց նոր հրատարակուած «Նուիրեալները՝ Կառլէն Անանեանի անցած ճամբով» գիրքը։ Խօսք առած է նաեւ Մարգար Մելքոնեանը անգլերէնով:

Կառլէն Անանեանը միայն քսան տարեկան էր, երբ զոհուեցաւ իսկ Արամ Վարդանեանը հազիւ քսանմէկ տարեկան։ Իրենց հասուն տարիքի այդ քանի մը տարիներուն այս երկու երիտասարդները, որոնք տարբեր երկիրներէ ու պայմաններէ կու գային, կը բաժնէին իրենց սերունդի ամենապայծառ ու ամենանուիրուած սփիւռքահայերու հաւատամքը։ Ամենալաւ ձեւը մեր հայրենակիցները համոզելու, որ այս տղաքը արժանի են պատուի, պարզապէս անոնց պատմութիւնը ներկայացնելն է։ Սեդա Գպրանեան-Մելքոնեանը կը նկարագրէ անոնց կարճ կեանքի երկար ուղին։ Հիմա հայրենի նոր սերունդին կը մնայ պահպանել անոնց յիշատակը, Հայաստանը արժանի դարձնելու իր ամենանուիրուած նահատակներուն։ 

Սեդա Գպրանեան-Մելքոնեանը բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու է: Գիտական աստիճանը ստացած է Երեւանի պետական համալսարանէն: 2007 թուականին Դոկտ. Մարգար Մելքոնեանի հետ հեղինակած է «Աւօ. Մոնթէ Մելքոնեանի կեանքը եւ մահը» գիրքը:

Հուրիկ Ադդարեան կը գրէ, «Եղերական դէպքերու զուգահեռ կը շողայ իտէալիզմը սերունդի մը, որուն մաս կը կազմէինք մենք։ Անձնական նամակներու մէջբերումով հեղինակը կը շեշտէ իրադարձութիւններու հակասութիւնը։ Մարդատեացութեան ու մարդասիրութեան կերպարներով լեցուն այս պատումը ինչքան ընդվզում կը յառաջացնէ, այնքան ալ կ՚ընդգծէ յոյսի առկայութիւնը»։

Ստորեւ կը ներկայացնենք վերը յիշուած նամակներէն հատուած մը գրուած 25.8.1984-ին, ուր Մոնթէ Մելքոնեան կը գրէ ՀԱՀԳԲ-ի բաժանման եւ իր խոհերուն մասին։

 «Հաւանաբար շատոնցուընէ լուր ունէիր, որ այս բաները սխալ եւ ամբողջովին անընդունելի էին: Ուրեմն հաւանաբար պիտի հարցնես ինծի «եթէ գիտէիր, որ այս բաները սխալ էին, ինչու՞ մաս կազմեցիր այս աշխատանքին կամ այս տեսակի խմբակի մը մէջ»: Եթէ պարկեշտ ձեւով պիտի պատասխանեմ այս հարցումին, պէտք է ըսեմ, որ սկիզբը զոհ գացի զգացումներուս։ Այսինքն` այնքան կ’ուզէի մաս կազմել հաւաքական եւ կազմակերպուած աշխատանքին, որ ձեւով մը հաշիւ չըրի, թէ թերեւս միւս շարք մը «ընկերներ» (մանաւանդ այդ հոգեբանօրէն անկայուն, ստախօս, խաբեբայ եւ «մաֆիա»-կան «Յակոբեան»-ը) ինծի չափ անկեղծ չէին եւ որ իրական «հաւաքական» եւ «կազմակերպուած» աշխատանքի ոչ մէկ կառոյց կար:

Ուրեմն այս ձեւով միացայ այս խմբակին: Առաջին մի քանի շաբթուան մէջ շատ գէշ եւ տգեղ իրականութիւններ տեսայ, բայց դեռ «յոյս» ունէի, քանի որ մէկ կողմէ կը տեսնէի, որ իրական հայրենասէր ընկերներ կային եւ միւս կողմէ դեռ չէի կրցած այն իրականութիւնը տեսնել, թէ բուն գլուխը պարզապէս ճարպիկ ձեւով մեր պայքարը եւ ժողովուրդին (անձերուն) զգացումները կը շահագործէր իր անձնական հոգեբանական պահանջները գոհացնելու: (Վերջը կրցայ վերլուծել թէ այդ «Յակոբեանը» շատ դառն մանկութիւն մը ունեցած էր, տունէն փախած էր եւ այլն, եւ այդ պատճառով շատ գէշ «inferiority complex» ունեցած էր: Իսկ այս «inferiority complex»-ին պատճառով միշտ ինքզինք վտանգուած կը զգար իրմէ խելացիներէն եւ իրմէ որեւէ ձեւով զօրաւորներէն: Պէտք կը զգար ինքզինք փաստելու, որ ուրիշներէն «լաւ» է, որ ուրիշներէն «զօրաւոր» է: Եւ իրեն համար իր ուժը «փաստել»-ը կը նշանակէր ուրիշներուն խաբել, ուրիշներուն իր կամքը եւ քմահաճոյքը պարտադրել, ուրիշներուն ցաւ պատճառել, ուրիշներուն սպաննել, եւայլն: Այսինքն` ան կ’ուզէր իր դառն մանկութեան «տէրտ»-ը հանել ուրիշներուն վրայ):

Նոյնիսկ սկսայ աւելի աշխատիլ, քանի որ կը հաւատայի, որ այդպիսով պիտի կարենայի ազդել ընդհանուր ուղղութեան եւ գործունէութեան վրայ եւ որ պիտի կարենայի բան մը փոխել: Լուր չունէի, որ դիմացինս մարդ չէր այլ խելագար «հայուան» մը: Ամէնայնդէպս մի քանի ամիսէն արդէն այն եզրակացութեան հասած էի, որ «նոր եւ աւելի վճռական» մօտեցում մը պէտք է ունենայի այս խնդրին: Այս «նոր» մօտեցումիս կողքին նաեւ կը հասկնայի, որ պէտք է այնպէս լուծէի հարցը, որ «շարժումը» չի քանդուի եւ շարունակական աշխատանք կարելի ըլլար: Այսինքն` ինծի համար վերջին հաշուով շարժումն էր եւ աշխատանքն էր, որ կարեւոր էր: Առանց «մաքուր» ձեւի լուծել այս խնդիրը կը մտածէի, որ շատ սխալ եւ վնասակար քայլ մը առած կ’ըլլայի: Ուրեմն, հիմա հաւանաբար պիտի հարցնես ինծի «եթէ տարիներ առաջ այս եզրակացութեան հասար, ինչու՞ բան մը չ’ըրիր մինչեւ հիմա»: Նորէն միայն կրնամ անկեղծութեամբ իրականութիւնը ըսել: Շատ դժուար վիճակի մէջ է, որ կ’ապրէի եւ շատ քիչ կարողութիւններ կային «մաքուր» ձեւով խնդիրը լուծելու: Հակառակ ասոր ծրագիրներ դրի եւ փորձեցի: Այս փորձերու ձախողութեան պատճառները հիմնականին մէջ պատրաստութեան պակասը եւ վերջին վայրկեանին իմ որոշ ապուշ սխալս էին: Ամէնայնդէպս վիճակը միայն աւելի գէշ սկսաւ դառնալ:

Աւելի եւ աւելի անիմաստ եւ հակաժողովրդային արարքներ սկսան բազմանալ: Աւելի եւ աւելի ժխտական արդիւնքներ սկսան մէջտեղ գալ. ընկերներ անիմաստօրէն կը զոհուէին, անմեղ մարդոց մահ եւ արիւն կը պատճառէին, մեր ուժը կը վատնէինք մեր դատին հետ կապ չունեցող ուղղութիւններու մէջ եւ մեր ժողովուրդը սկսաւ տեսնել, որ լուրջ յեղափոխական ուժ մը չէր, այլ արկածախնդրական եւ անիշխանական ռազմապաշտ խմբաւորում մը:

Վերջապէս այս անտանելի վիճակը չէր կրնար շարունակել: Ուրիշ տղայ մը, որուն փորձած էի բացատրել իրավիճակի խիստ պահանջքները (բայց որ վերջին հաշուով անհամբեր եւ անպատասխանատու ելաւ) ըրաւ այն տեսակի անհաշիւ բան զոր ես մերժած էի ընել: Այդպէս է, որ ամէն ինչ «պայթեցաւ»: Այդպիսով է, որ հասած ենք մեր այսօրուան վիճակին: Հոս ես փորձած եմ շատ կարճ եւ ամփոփ ձեւով քեզի բացատրել, թէ ի՞նչ եղաւ: Դեր շատ բաներ ունիմ բացատրելիք եւ դեր շատ ինքնաքննադատութիւն ունիմ կատարելիք: Այս ամէն ինչը պիտի ընեմ եւ նոյնիսկ շատ բաներ արդէն գրած եմ: Այս վերջին մէկ տարուան մէջ ես եւ ուրիշ ընկերներ շատ բաներ գրած ենք (եւ տակաւին կը գրենք) այս եւ լեցուն ուրիշ հարցերու շուրջ: Հաւանաբար այս բաներուն տպուիլը շատ կամաց պիտի ըլլայ եւ հիմնականին մէջ Եւրոպայի մէջ պիտի տարածուի, բայց այս կամ այն ձեւով ամէն ինչ պիտի ըլլայ: Պէտք է ըսեմ, որ հակառակ այսօրուան ամէն դժուարութիւններուն ես առաջուընէ շատ աւելի ուրախ եմ: Դժուարութիւններու դիմաց ես կը տոկամ, եթէ զգամ, որ իմ սկզբունքներուս եւ համոզումներուս համապատասխան կ’աշխատիմ:

Ինծի համար իրական հանգիստութիւնը կու գայ միտքէն եւ սիրտէն: Շատ դասեր սորված եմ (սորված ենք) այս վերջին տարիներէն, եւ հաւատա՛, որ գործնականին մէջ սորված եմ. այսինքն շատ մակարդակներու վրայ փոխած եմ իմ խնդիրներուն մօտենալու ձեւս: Ես կը սիրեմ սորվիլ, կը սիրեմ դէպի առաջ երթալ, դէպի լաւ փոխուիլ: Առաջուընէ աւելի զգացումներով լեցուած եմ, բայց իսկապէս սորված եմ ինչպէս իմ զգացումներս մէկ կողմ դնել, երբ որ որոշում մը պիտի առնեմ: Ամէնքս պէտք է իրականութիւնը ընդունինք, պէտք է իրապաշտ ըլլանք, պէտք է իրականութեան վրայ հիմնենք մեր ամէն մէկ քայլ: Ես կը սիրեմ իրականութեան դիմաց գալ, կը սիրեմ իրականութիւնը հասկնալ, կը սիրեմ իրապաշտ ըլլալ եւ կը սիրեմ գործնական քայլեր առնել: Այսպէս պիտի շարունակեմ գործերս: Ես կապուած եմ սկզբունքներուս, համոզումներուս եւ գործիս: Կը յուսամ, որ այս բանը հասկնաս: Կը յուսամ, որ հասկնաս, որ մարդուն արժէքը իր գաղափարներուն եւ աշխատանքին մէջն է: Պէտք է այս բաները հասկնաս, որպէսզի ինծի հասկնաս»:

 

Մեկնաբանություններ (1)

Թորոս
Կեցցէ՛ս Սեդա․․․․Արդէն այս պատմութեան մասին գրելու ժամանակը հասած է։ Տակաւին սփիւռքի ժամանակից պատմութեան այլ դրուագներ կան բացայայտելու։

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter