Մահացել է ԱՍԱԼԱ-ի անդամ Վարուժան Կարապետյանը
Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակը կը գուժէ իր քաջարի եւ զոհաբերող անդամներէն Վարուժան Կարապետեանի վաղաժամ մահը, որ տեղի ունեցաւ երէկ՝ յունուար 28-ի երեկոյեան, Հայաստանի մէջ։
Սասունցի գերդաստանի շառաւիղ Վարուժանի յուզակոյտ եւ փոթորկոտ ներաշխարհը իր բաւարարութիւնը կրնար գտնել միայն իր երազանքներու իրականացման սիրելի միջավայրին՝ Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի շարքերուն մէջ, ուր ան անվերապահօրէն ստանձնեց ծանր պարտականութիւններ եւ պատասխանատուութիւններ։
Այդ ծիրին մէջ, ի գին կեանքի եւ առողջութեան, Վարուժանը բազմաթիւ անգամներ լուռ ու աներկբայ կատարեց առաքելութիւններ, եւ այդ ճամբուն վրայ շուրջ 18 տարի տառապեցաւ Ֆրանսայի բանտերուն մէջ՝ դառնալով մեր կազմակերպութեան ամենաերկարամեայ քաղբանտարկեալը։
Հայու անկոտրում ոգիի նուիրումը միայն կրնար զայն մղել այդքան երկար տարիներ դիմանալ բանտային անտանելի պայմաններուն՝ հաւատարիմ մնալով իր ժողովուրդին, անոր Սուրբ Դատին եւ մեր կազմակերպութեան, որուն զինուորագրուած էր իր ամբողջ էութեամբ։
Հայ ժողովուրդն իրաւունք ունի հպարտանալու, որ օտարութեան մէջ հասակ առած եւ հայրենի հողը չտեսած հայորդիներ այսօրինակ ապառաժեայ կամքով բարձր պահած են Հայութեան արժանապատուութիւնը՝ պաշտպանելով անոր անտեսուած եւ ոտնահարուած իրաւունքներու հետապնդման վեհ գաղափարը, այդ գաղափարի իրագործման համար ընտրելով դաժան բայց պատուաբեր ուղի, անցնելով հերոսական եւ անհաւասար մարտերու միջով։
Խոր ցաւով գուժելով մեր կազմակերպութեան հաւատաւոր անդամ Վարուժան Կարապետեանի մահը, մեր խորազգած ցաւակցութիւնները կը յայտնենք իր ընտանիքին, հարազատներուն, պայքարի բոլոր ընկերներուն եւ համայն հայութեան:
Վարուժանի, Հ.Ա.Հ.Գ.Բ.-ի եւ բոլոր հայ նահատակներու տառապած մարմիններուն ննջավայրը թող ըլլայ հայրենի սուրբ հողը, որու համար անոնք ոչ մէկ բան խնայեցին, անոր նուիրեցին իրենց երիտասարդութիւնը, ընտանեկան հարազատ միջավայրը եւ կեանքը։
Պայքարը շարունակուելու է անխափան մինչեւ մեր անմահ նահատակներու կտակի իրականացումը, մինչեւ վերջնական յաղթանակը՝ հայոց բռնագրաւեալ բոլոր հողերու ազատագրումը:
Յարգա՛նք Վարուժան Կարապետեանի անմահ յիշատակին։
Յարգա՛նք բոլոր պայքարողներու նուիրումին եւ անմնացորդ զոհողութեան։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ԳԱՂՏՆԻ ԲԱՆԱԿ
Տեսանյութեր
Լուսանկարներ
Մեկնաբանել