HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Նամակ երկրէն․ Ստախօսներուն՝ Կարմիր Քարտ

Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, սոցիալական ցանցերու եւ նոյնիսկ լուրջ համարուող կարգ մը թերթերու մէջ ահաւոր չափերու հասած է սուտ լրատւութիւնը եւ ապատեղեկատւութեան ճամբով՝ այս կամ այն կողմին դէմ ժխտական տրամադրութիւններու ստեղծումը…

Եւ յանկարծ հին ու նոր իմաստակներէն ոեւէ մէկը չհամարձակի ըսելու, որ սա միակողմանի գրոհ է, մենք չենք, միւսներն են սուտ լուրեր տարածողը: ԲՈԼՈՐԸ, անխտիր ԲՈԼՈՐԸ այս կեղտոտ խաղին մէջ մտած են եւ խաղը կը խաղան առանց օրէնքի, առանց սահամափակումներու, աջ ու ձախ սուտ լրատւութիւն եւ սուտ տեղեկութիւն տարածելով… Ոչ դեղին, ոչ ալ կարմիր քարտ գոյութիւն ունի այս խաղին մէջ: Կայ մէկ օրէնք միայն, որքան կրնաք՝ սեւացրէք, սուտով եւ ապատեղակատւութեամբ, սեւացրէք ու սեւացրէք…

Սփիւռքի մէջ մէկը յանկարծ կրակը կը յայտնաբերէ եւ կը սկսի լուր մը տարածել, որ իբրեւ թէ Հայաստանի դպրոցներուն մէջ վերջերս սկսեր են Ադրբեջանի գրողներուն գործերը թարգմանել ու բաժնել, առանց սակայն մասնրամասնութիւններ տալու եւ ամբողջական տեղեկութիւններ փոխանցելու: Ի հարկէ, այս լուրը տարածողը երեւի գիտէ, որ սա ՆՈՐ երեւոյթ չէ, եւ 10 տարուան կեանք ունի ու կապ չունի նոր կառավարութեան ծրագիրներուն հետ: Իսկ եթէ տեղեակ չէ, թէ ե՞րբ եւ ինչո՞ւ այս ադրբեջանական պատմուածքը թարգմանաբար տեղ գտած է մանկական հեքիաթներու գիրքի մը մէջ, ուրեմն կամ ապուշ է, կամ ալ խառնակիչ եւ թշնամութիւն հրահրող: Հիմա եթէ այս լուրը գրող-տարածողին ըսենք, որ պատմուածքի հրատարակութիւնը երաշխաւորած Կրթութեան Ազգային Ինստիտուտի տնօրէնը Նորայր Ղուկասեանն է, եւ ան կարգին մարդ է եւ ինչքան գիտեմ՝ երդուեալ դաշնակցական, արդեօք ի՞նչ պիտի ըսէ…

Հայաստանի մէջ, ուրիշ իմաստակ մը իր էջին վրայ կը հրապարակէ 1918-ին Զօրավար Անդրանիկին ուղղուած նամակ մը, որ ամբողջութեամբ շինծու է եւ բոլշեւիկեան հակադաշնակցական փրոփականտա, որուն նպատակն է սուտ լուրերով վարկաբեկել Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիրներն ու անկախութեան եւ պետականութեան կերտիչները: Քանի՜ տարի է արդէն այս նամակը շրջանառութեան կը դրուի եւ հակառակ գիտական մակարդակով նամակի շինծու ըլլալուն մասին բազմաթիւ տեղեկութիւններուն, հակառակ հերքումներուն ու բացատրութիւններուն մարդիկ կը շարունակեն այս բացայայտ բոլշեւիկեան ստախօսութեան տարածումը՝ թշնամանք եւ ատելութիւն ստեղծելու յստակ միտումով:

Եւ այսպէս՝ հարիւրաւոր ստախօսներ եւ սուտ լուրեր ամէ՛ն տեղ են, ամէ՛ն օր: Ըսեմ, ու լա՛ւ լսեցէք: Ոչ մէկ տարբերութիւն կայ վերը նշած երկու ստախօսներուն միջեւ, անկախ անկէ, թէ անոնք ո՞ր կուսակցութեան կը պատկանին կամ որու՞ն ջրաղացին ջուր կը լեցնեն (կամ որ ջրաղացը կ’ուզեն ջուրէ զրկել): Երկու պարագաներուն ալ, նպատակը դիմացինին սեւացնել է եւ երկու պարագաներուն ալ ատելութիւն է որ կը սերմանուի՝ Սփիւռքի հեռաւոր ոստաններէն մինչեւ Հայաստանի ծայրամասեր…

Ինծի համար այլեւս յստակ է: Ստախօսները պէտք է հեռացնել մեր տեսադաշտէն, մեր շրջապատէն, առցանց ըլլան անոնք, թէ իրական կեանքի մէջ: Ուրեմն հիմակուընէ ըսեմ, այսօրուընէ սկսեալ, բոլոր անոնք, որոնք ապատեղեկատւութեամբ եւ սուտ լուրերով ատելութիւն կը սերմանեն, առանց ցտեսութիւն ըսելու՝ պիտի հեռացուին իմ տեսադաշտէս: Նոյնը կը թելադրեմ նաեւ ընկերներուս՝ ճամբեցէք, հեռացուցէք ատելութիւն սերմանողները: Ըստ հոգեբաններու, ստախօսութիւնը եւ ատելութիւնը շատ վատ է մարդու հոգեկան եւ ֆիզիքական առողջութեան համար: Ուրեմն, որքան հեռու ինձմէ, այդքան աւելի լաւ: Քանի որ հիմա դեղին ու կարմիր քարտ ցոյց տալը բաւական տարածուած է, ըսեմ, որ ես շատ համբերութիւն չունիմ: Իմ մօտ միանգամից կարմիր քարտ է՝ ԲՈԼՈՐ ստախօսներուն, եւ կարեւոր չէ, թէ ո՞ր խումբէն կը խաղան անոնք:

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէք ինծի:
[email protected]

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter