HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Վարդոյի քազա - Վանքեր, եկեղեցիներ եւ ուխտավայրեր

Տիգրան Մարտիրոսեան

Ըստ ժողովրդային աւանդութեան, Եդեմի պարտէզներուն վայրը կը գտնուէր Բիւրակն (Պինկէօլ) լեռներու շրջակայքին, որուն հարաւային լանջերը կը տարածուէին մինչեւ Վարդոյի քազան (գաւառակը)։ Կը կարծուէր, որ Ադամ ու Եւա ապրած էին այս լեռներուն արեւելեան լանջերուն մօտակայ շրջան մը՝ Էրզրում նահանգի յարակից Խնուս գաւառակին մէջ, ոչ հեռու Հարեմիկ կամ Հարամիկ (մերօրեայ Պելլիթաշ) գիւղէն[1], որ կը գտնուէր Խնուս գետի (Քոճասու Ճայը) ձախ ափին վրայ։ Մեծ Հայքի թագաւորութեան շրջանին, Բիւրակն լեռներու հարաւի ամբողջ ցածրավայրը, որուն կեդրոնը Կիւմկիւմ գիւղաքաղաքն էր (ներկայիս Վարդօ), կը գրաւէր Արշամունիք (կամ Աշմունիք) գաւառը, ոը կը գտնուէր թագաւորութեան Տուրուբերան աշխարհի արեւելեան մասը [2]։ Օսմանեան դարաշրջանին, Արշամունիքի արեւելեան ու կեդրոնական մասերը կը համապատասխանէին Վարդոյի քազայի տարածքին։

Ք.Ե. Ե. դարէն, Արշամունիք կռուախնձոր դարձաւ Մանդակունի եւ Մամիկոնեան նախարարական տուներուն միջեւ [3]։ Արշամունիքի Ծախնոտ գիւղը կաթողիկոս Յովհան Ա. Մանդակունիի (478-490) ծննդավայրն էր։ Այնուհետեւ, գաւառը անցած է Մամիկոնեաններուն ձեռքը։ Կը կարծուի, որ սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանի ամառանոցը Արշամունիք կը գտնուէր[4]։ Տեղւոյն բնակչութիւնը երկար ժամանակ կը հաւատար, որ Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ յետմահու սրբադասուած սպարապետին գերեզմանը Ղալաճուխ (այսօրուան Գալեճիկ) երբեմնի հայկական գիւղն էր, որ կը գտնուէր Կիւմկիւմէն տասը քիլոմեթր (վեց մղոն) դէպի հարաւ-արեւմուտք՝ Չարբուհար գետի (Քայնարճա Տերեսի) աջ ափին։

Վարդօ Բագրատունի նախարարներու կալուած մըն էր Թ.-ԺԱ. դարերուն։ Արդարեւ, գաւառակի երկու ամենէն հռչակաւոր կրօնական կառոյցները, որոնք կանգուն մնացած են մինչեւ անցեալ դարասկիզբը, Մամիկոնեան եւ Բագրատունի իշխանական տուներու նիւթական հովանաւորութեամբ շինուած են։ Անոնցմէ մէկը Կարմիր վանք կամ Կարմրոյ վանքն էր, որ կը գտնուէր Կիւնտեմիր (այժմ՝ Ճայճաթը) գիւղին մօտ, իսկ միւսը Սուրբ Յակոբ վանքն էր՝ Տոտան (այժմ՝ Իլպէյ) գիւղին մօտ։ Երկու գիւղերը հայկական խիտ բնակչութիւն ունեցած են օսմանեան վերջին դարերուն։

Կիսավաչկատուն քիւրտ ցեղախումբերու ներհոսքը ուշ ԺԸ. եւ վաղ ԺԹ. դարերուն խաթարած է Վարդոյի հայկական միատարրութիւնը։ 1870-ական թուականներու վերջերուն, երբ օսմանեան իշխանութիւնները քաջալերած են մուհաճիրներու՝ Հիւսիսային Կովկասէն մահմետական գաղթականներու (գլխաւորաբար չէրքէզ) բնակեցումը, բազմաթիւ հայկական գիւղեր արդէն կիսով կամ գրեթէ ամբողջութեամբ դատարկուած էին։ Ասոր հեետեւանքով, այդ գիւղերուն մէջ կամ անոնց մօտերը կանգուն վանքերն ու եկեղեցին մնացած են անխնամ վիճակի մէջ։ Ի. դարու առաջին տասնամեակին, յատկապէս 1901-1905-ին, օսմանեան իշխանութիւնները մուհաճիրներու նոր բնակեցումներ խրախուսած են։ Այս անգամ, չէչէն մուհաճիրներ հաստատուած են քիւրտերու կողմէ գրաւուած երբեմնի հայկական գիւղերուն մէջ, քանի որ չէրքէզները արդէն հաստատուած էին հոն [5]։ Հայ գիւղացիներու մէկ մասին արտագաղթով,գաւառակի կարգ մը վանքեր ու եկեղեցիներ աւերուած կամ քանդուած են մահմետական նորաբնակներուն կողմէ։

Ըստ բանահաւաք Արիստակէս Տէր Սարգսենցի (Դեւկանց), որ Օսմանեան կայսրության հայաբնակ շրջաններ այցելած է 1878-ին, շուրջ 25 վանքեր ու եկեղեցիներ (մէկ քանին՝ անվնաս մնացած, իսկ շատերը՝ աւերուած, ինչպէս իր ցանկին մէջ ցոյց տուած է) տակաւին կանգուն էին Վարդոյի հայկական կամ նախապէս հայաբնակ գիւղերուն մէջ [6]։ Անոնցմէ մէկ քանին, ինչպէս հաղորդած է գրագէտ Գեղամ Տէր Կարապետեան, տակաւին անվնաս էին ԺԹ. դարու վերջը եւ Ի. դարու սկիզբին, մինչ 31 այլ եկեղեցիներու, գերեզմաններու եւ խաչքարերու աւերակները կարելի էր գտնել գրեթէ ամբողջ գաւառի տարածքին [7]։

Բրիտանացի հեղինակ Քրիստոֆըր տը Պըլլէկ պնդած է, որ 1914-ին Վարդոյի հայերը ութը եկեղեցի ունէին [8]։ Հիմնուելով Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան մարդահամարի տուեալներուն վրայ, ֆրանսահայ պատմաբաններ Ռէմոն Գէորգեան եւ Փօլ Փապուճեան հաղորդած են, որ Ա. Աշխարհամարտի բռնկումէն առաջ, եօթը եկեղեցիներ ու երեք վանքեր դեռ անվնաս կը մնային գաւառին մէջ [9]։

Ցեղասպանութենէն մէկ դար ետք, Վարդոյի բոլոր վանքերն ու եկեղեցիները, թէ՛ աւերուած եւ թէ՛ գործօն մինչեւ 1915, ամբողջութեամբ կործանած են՝ հայկական գերեզմանատուներու, խաչքարերու եւ ուխտավայրերու կողքին։

Հայ Եկեղեցւոյ Վարդոյի առաջնորդական փոխանորդութիւնը վարչականօրէն կապուած էր Մշոյ առաջնորդարանին, որ կը գտնուէր Կիւմկիւմէն՝ գաւառակի գլխաւոր գիւղաքաղաքէն եւ առաջնորդական փոխանորդի աթոռէն 49 քիլոմեթր (30 մղոն) դէպի հարաւ։Մշոյ առաջնորդարանին իրաւասութիւնը կը տարածուէր այն գաւառակներուն վրայ, որոնք կը պատկանէին Պիթլիսի վիլայէթի Մշոյ եւ Կէնչի (Կէնճ) սանճագներուն (գաւառներուն)։ Վարդօն անոնց շարքին էր [10]։ Նախաեղեռնեան տարիներուն, Վարդոյի առաջնորդական փոխանորդը ծագումով մշեցի Ներսէս քհնյ. Տէր-Յակոբեանն էր [11], որ ձեռնադրուած էր 1913-ին Մշոյ առաջնորդ Ներսէս եպս. Խարախանեանի կողմէ։ Վերջինս մահացած է 10 Ապրիլ 1915-ին, վկայ չըլլալով իր ժողովուրդի ոչնչացման, որ սկսած է տասնչորս օր ետք [12]։ Ներսէս քհնյ. Տէր Յակոբեան կիսած է Մշոյ տասնեակ հազարաւոր հայերու ճակատագիրը, որոնք բռնագաղթի ու կոտորածի ենթարկուած են ցեղասպանութեան ընթացքին։ Վարդոյի Կիւնտէմիր, Տոտան եւ Փասքան գիւղերը ծառայող հոգեւորականներու կողքին [13], ան եւս սպաննուած է 1915-ին [14]։

Այս ուսումնասիրութիւնը հիմնուած է շարք մը աղբիւրներու վրայ, որոնցմէ ոմանք կարելի է գտնել «Պուլանըխի քազա – Վանքեր, եկեղեցիներ եւ ուխտավայրեր»(http://www.houshamadyan.org/en/mapottomanempire/vilayet-of-bitlispaghesh/kaza-of-bulanik/religion/churches.html), «Մալազկիրթ-Մանազկերտի քազա – Վանքեր, եկեղեցիներ եւ ուխտատեղիներ» (https://www.houshamadyan.org/en/mapottomanempire/vilayet-of-bitlispaghesh/kaza-of-malazgirt/religion/churches.html), եւ «Վարդոյի գաւառակ – Ժողովրդագրութիւն» (https://www.houshamadyan.org/en/mapottomanempire/vilayet-of-bitlispaghesh/kaza-of-varto/locale/demography.html)։ Արիստակէս Դեւկանցի 1878-ի ուղեգրութիւնը, Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի 1902-ի Մշոյ դաշտի ու շրջակայաքի քաղաքներու եւ գիւղերու մարդահամարը, կատարուած՝ Գեղամ Տէր-Կարապետեանի կողմէ, միեւնոյն հեղինակին կողմէ 1890-ական թուականներուն կազմուած՝ Տարօն-Տուրուբերանի վանքերու ուղեցոյցը, եւ բանասէր Համազասպ Ոսկեանի ուսումնասիրութիւնը Տարօն-Տուրուբերանի վանքերուն մասին (1953) լրացուցիչ տուեալներ հայթայթած են։

Վարդոյի վանքերուն եւ եկեղեցիներուն մասին կարեւոր աղբիւր մըն են Մշոյ սանճագի եկեղեցիներու եւ վանքերու ըստ գիւղերու ցանկերը, զորս Պոլսոյ Պատրիարքարանը 1912-ին եւ 1913-ին ներկայացուցած է օսմանեան Արդարութեան եւ Կրօնական Փոքրամասնութիւններու նախարարութեան։ Անծանօթ պատճառներով, սակայն, այս ցանկերէն դուրս մնացած են Վարդօն եւ Մշոյ սանճագի երեք ուրիշ հայաբնակ գաւառակներ՝ Պուլանըխ, Սասուն եւ Մանազկերտ, ու հաշուարկը ընդամէնը արձանագրած է Մուշ քաղաքի եւ Մշոյ դաշտի գիւղերու 82 վանքեր ու եկեղեցիներ [15]։ Այլ աղբիւր մը կը թելադրէ, որ ներառելով Վարդօն, Պուլանըխը եւ Մանազկերտը Մշոյ սանճագին մէջ, ինչպէս եւ Պիթլիսի քազայի մօտակայ Պաթմանի նահանգն ու Պիթլիսի գաւառակի Խիզանի ենթագաւառակը (նահիյէ), հայ եկեղեցիներու նախաեղեռնեան թիւը 148ի կը հասնէր [16]։

Ստորեւ կու տանք Վարդոյի քազայի ուշ օսմանեան շրջանի վանքերու, եկեղեցիներու եւ ուխտավայրերու ցանկ մը։ Ըստ կարելւոյն, ցուցակը կ՚ընդգրկէ կրօնաւորներու թիւին եւ անուններուն մասին տեղեկութիւններ, որոնք քաղուած են Տէր Կարապետեանի կողմէ հաւաքուած՝ 1902-ի Պատրիարքարանի մարդահամարի տուեալներէն, Թէոդիկի (Թէոդորոս Լապճինճեան)՝ հայ եկեղեցականներու տառապանքներուն նուիրուած 1921-ի ուսումնասիրութենէն, եւ Բաբգէն եպս. Չարեանի կողմէ գրուած՝ ցեղասպանութեան ընթացքին հայ եկեղեցականներու կորուստին նուիրուած 2009-ի գիրքէն։ Ստորեւ տրուած տեղեկութիւնները, եթէ այլապէս ըսուած չէ, քաղուած է 1880-ական թուականներու կէսերէն մինչեւ 1915 ժամանակաշրջանը ընդգրկող սկզբնաղբիւրներէ։

Վարդօ գաւառակի վանքեր

Վարդոյի քազային մէջ քանի մը կանգուն ու աւերակ մենաստաններ եւ վանքեր եղած են։ Մշոյ այլ գաւառակներու նման, Վարդոյի մէջ կիսաւեր կամ աւերուած մենաստանները «շաբաթացեալ» կամ «անապատացեալ» կոչուած են։ Մշոյ դաշտի եւ շրջակայքի քաղաքներու եւ գիւղերու՝ Պատրիարքարանի 1902-ի մարդահամարը ցուցակագրած է կանգուն կամ աւերակ վիճակի մէջգտնուող հինգ վանք [17]։ Պատրիարքարանի 1913-ի մարդահամարը միայն մէկ վանք յիշած է։ Գէորգեան եւ Փապուճեան՝ «Հայերը Օսմանեան կայսրութեան մէջ ցեղասպանութեան նախօրեակին» աշխատութեան հեղինակները, այս թիւը բարձրացուցած են երեքի, հիմնուելով իրենց հասանելի՝ Պատրիարքարանի մարդահամարի լրացուցիչ տուեալներու վրայ [18]։

Տարապիի Սուրբ Յակոբ վանքը

Գիւղին մօտ գտնուած է աւերուած Սուրբ Յակոբ վանքը։ Տէր Կարապետեան ենթադրած է, որ վանքը հին շինութիւն մըն էր եւ որ Ի. դարու սկզբնաւորութեան «Տարապի մենաստան» անունով ծանօթ էր [19]։

Տերիք (Աներայ Տերիք)

Չստուգուած աղբիւր մը կ՚ենթադրէ, որ անանուն վանքի մը աւերակները գտնուած են գիւղին մօտ։

Տերիք (Վարդօ Տերիք)

Չստուգուած աղբիւր մը կ՚ենթադրէ, որ անանուն վանքի մը աւերակները գտնուած են գիւղին մօտ։

Տոտանի Սուրբ Յակոբ վանքը

Վանքը գտնուած է Տոտանէն ոչ հեռու, բարձունքի մը վրայ, գիւղէն շուրջ եօթը-ութը վայրկեան քալելով դէպի հիւսիս։ Ըստ Տէր Կարապետեանի, վաղ Ի. դարուն վանքը արդէն լքուած ու քայքայուած վիճակի մէջ գտնուած էր [20]։ Ոսկեան համաձայնած է, որ վանքը գտնուած է գիւղին մօտ [21]։

Կիւնտէմիրի Կարմիր վանքը

Գիւղին մօտակայ աւերակներուն վայրը գտնուած է Կարմիր վանքը (կոչուած էր նաեւ Կարմրոյ վանք)։ Այս քարաշէն վանքը վաղուց լքուած էր։ Տէր Կարապետեան հաղորդած է, որ հայ գիւղացիներ աւերակները պեղած էին 1870-ական թուականներու սկզբնաւորութեան [22]։ Ոսկեան համաձայնած է, որ Կարմիր կամ Կարմրոյ վանքը գիւղին մօտերը գտնուած է [23]։ Ուրիշ քայքայուած վանքի մը աւերակները գիւղէն տասը վայրկեան դէպի հիւսիս գտնուած են։ Ըստ Տէր Կարապետեանի, այս կառոյցը ժամանակին պարսպապատ մենաստան մը եղած է՝ մօտակայ վանական գերեզմաննոցով։

Սուրբ Ամենափրկիչ վանքը՝ անծանօթ վայրի մը մէջ

Այս վանքին տեղադրութիւնը, ենթադրաբար Կիւնտէմիրի մօտ, անծանօթ է։ Ըստ երեւոյթին, Մշոյ բազմաթիւ շաբաթացեալ մենաստաներէն մէկն էր։ Տէր Կարապետեան ենթադրած է, որ աւերակները գտնուած են ժայռոտ բլրակի մը վրայ, որ տեղական խօսուածքով քռնեն կամ քռան կոչուած է։ Դարերու ընթացքին, բլրակը դարձած է պարզ դերբուկ մը, որուն մօտերը աղբերակ մը բխած է [24]։ Ոսկեան համաձայնած է, որ վանքին աւերակները գտնուած են բլրակի մը վրայ՝ Մշոյ անծանօթ վայրի մը մէջ [25]։

Կիւմկիւմի Խանկար կամ Խանկարի վանքը

Տէր Կարապետեան տեղեկագրած է, որ Խանկար վանք անունով քայքայուած վանք մը գիւղաքաղաքէն շուրջ քառորդ ժամ դէպի հիւսիս գտնուած է։ Վանքի անունը անսովոր չէր Մուշի մէջ։ Մանազկերտի մէջ Խանկար անունով ուրիշ վանք մը եղած է։

Կիւմկիւմի անանուն վանքը

1913-ի Պատրիարքարանին մարդահամարը նշած է անանուն վանք մը գիւղաքաղաքին մէջ։ Տէր Կարապետեան յիշած է անանուն քայքայուած վանք մը, որուն մօտակայքը վանական գերեզմանատուն մը եղած է։

Ուստուկրան Վերինի եւ Ուստուկրան Ստորինի Սուրբ Մատթէոսի վանքը

Ուրիշ շաբաթացեալ մենաստան մը գտնուած է այս երկուորեակ գիւղերուն մօտ։ Ըստ Տէր Կարապետեանի, Ի. դարու սկզբնաւորութեան այս կրօնական շէնքէն միայն անունը մնացած էր [26]։ Ոսկեան համաձայն եղած է, որ վանքը Ուստուկրան գիւղի մը մօտ գտնուած է եւ վաղուց աւերակ դարձած [27]։

Վարդօ գաւառակի եկեղեցիներ

ԺԹ. դարու վերջերուն եւ ցեղասպանութենէն առաջ, աւելի քան ութսուն հայաբնակ կամ նախապէս հայկական կամ խառն բնակչութեամբ գիւղեր եղած են Վարդոյի քազային մէջ։ Գրեթէ ամէն հայկական գիւղ եկեղեցի մը ունեցած է, իսկ աւելի մեծ գիւղերը՝ երկու։ Կրօնական կառոյցներու աւերակներ նաեւ գտնուած են յատկապէս Կիւմկիւմ գիւղաքաղաքէն դէպի հիւսիս՝ Բիւրակնեան (Պինկէօլ) լեռներուն ուղղութեամբ, Կիւմկիւմէն հինգ քիլոմեթր (երեք մղոն) դէպի հիւսիս գտնուող վայրի մը՝ Զատշէյխի (ներկայիս Աճարկենթ) մօտերը։ Գրեթէ ամէն գործող եկեղեցի ծառայող եկեղեցական ունեցած է։ Օսմանեան սալնամէները՝ պետութեան եւ նահանգներու համար վիճակագրական տուեալներ պարունակող կառավարական տարեգիրքերը, հաստատած են, որ երեք տարիներուն՝ 1871-ին, 1872-ին եւ 1873-ին, չորս եկեղեցի կար Վարդոյի մէջ  [28]։ Մշոյ դաշտի ու շրջակայքի քաղաքներու եւ գիւղերու բնակչութեան Պատրիարքարանի 1902-ի մարդահամարը արձանագրած է շուրջ 39 եկեղեցի, որոնցմէ 31ը աւերակ վիճակի մէջ էին քիւրտերու կողմէ գրաւուած նախկին հայաբնակ գիւղերուն մէջ։Պատրիարքարանի 1913-ի մարդահամարը արձանագրած է հինգ՝ ըստ երեւոյթին գործող, եկեղեցիներ գաւառակին մէջ, իսկ Գէորգեան ու Փապուճեան այդ թիւը բարձրացուցած են եօթի, օգտագործելով իրենց տրամադրելի Պատրիարքարանի մարդահամարի լրացուցիչ տուեալներ[29]։ Ստորեւ կու տանք Վարդոյի այն գիւղերը (իրենց այժմու անունները՝ սուրանկիւն փակագիծի մէջ), որոնք հայկական եկեղեցիներ ունեցած են։

Ալակէօզ Վերին [Եուքարըալակէօզ]

Անանուն քայքայուած եկեղեցի մը, խաչքարեր եւ գերեզմաննոց մը։

Ամարան [Օնփընար]

Թէ՛ Տեւկանց եւ թէ՛ Տէր Կարապետեան տեղեկագրած են մէկ անանուն ու քայքայուած եկեղեցիի մասին։ Ըստ երեւոյթին, նոյն եկեղեցիին անդրադառնալով, տը Պէլլէկ աւելցուցած է, ոը 2000-ի առաջին տասնամեակին աւերակները դարձած են թումբ մը եւ որ եկեղեցին գիւղին հիւսիսը գտնուող վերի թաղամասը կը գտնուէր, որ կ՚ըսուի, թէ աւելի հարուստ եղած է, որովհետեւ հայաբնակ էր։ Ըստ Թէոդիկի, Վարդոյի այլ եկեղեցիներու ծառայող քահանաներ նաեւ այս գիւղի բնակիչներուն հոգեւոր կարիքները բաւարարած են [30]։

Աներ [Տէղէրլի]

Սուրբ Յակոբ եկեղեցի։ Ըստ Տէր-Կարապետեանի, Սուրբ Յակոբ 1890-ական թուականներու վերջերուն նորոգուած հին եկեղեցի մըն էր։ Գիւղի արեւելքին Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ աւերակները կանգուն կը մնային։ Սարգիսը Կոստանդին Ա. կայսեր բանակին մէջ ծառայող քրիստոնեայ զօրավար մըն էր։ Մերժելով կրակապաշտ դառնալ, Պարսից շահին կողմէ մահուան դատապարտուած էր։ Հայերը այնպիսի յարգանք տածած են սուրբին հանդէպ, որ տեղացիները ծոմ կը պահէին անոր համար։ Գիւղին մօտերը ուրիշ կառոյցի մը՝ Սուրբ Գէորգի եկեղեցւոյ աւերակները գտնուած են։ Ըստ Թէոդիկի, Վարդոյի այլ եկեղեցիներու ծառայող քահանաներ նաեւ այս գիւղի բնակիչներուն հոգեւոր կարիքները բաւարարած են [31]։

Արաբօ [Չիչէքլի]

Անանուն աւերակ եկեղեցի մը, խաչքարեր եւ գերեզմաննոց մը։

Պաղլու [Պաղլըիսա]

Անանուն աւերակ եկեղեցի մը, խաչքարեր եւ գերեզմաննոց մը։

Չարպուհուր [Պաղիճի]

Անանուն աւերակ եկեղեցի մը, խաչքարեր եւ գերեզմաննոց մը։ Չստուգուած աղբիւր մը կ՚ենթադրէ, որ եկեղեցին ծանօթ էր Սուրբ Յարութիւն եկեղեցի անունով։

Տերիք (Աներայ Տերիք) [Գումլուքըյը]

Անանուն աւերակ եկեղեցի մը։

Տիատին [Էօլճէքլի]

Անանուն աւերակ եկեղեցի մը, խաչքարեր եւ գերեզմաննոց մը։

Տոտան [Իլպէյ]

Սուրբ Թորոս եկեղեցի։ Ըստ Տէր Կարապետեանի, Սուրբ Թորոս եկեղեցին փայտաշէն էր։ Ծառայող քահանայ մը ունէր՝ Տէր Մկրտիչ։ Տեւկանց յիշած է Սուրբ Գէորգ եկեղեցին։

շարունակությունը այստեղ

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter