HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Ռոտոսթօ (Թէքիրտաղ) - Դպրոցներ

Հեղինակ՝ Վահէ Թաշճեան

Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանի վերջին դարու պատմութեան հայկական կեանքի ամէնէն ուշագրաւ եւ հետաքրքրական երեւոյթներէն մէկը կը համարուի կրթական մարզը։ Մեծապէս տպաւորիչ է հայկական դպրոցական ցանցին արագ եւ համատարած զարգացումը մեծ քաղաքներէն մինչեւ գաւառային աւաններն ու գիւղերը։ Կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին ամենուրեք հիմնուած են հայկական կրթական վարժարաններ, որոնցմէ շատեր որակեալ մակարդակի հաստատութիւններ էին։ Հետաքրքրականը այն էր, որ այս բոլորը տեղի կ՚ունենային համայնքային միջոցներով, առանց որեւէ պետական նպաստներու, նոյնիսկ կարելի է ըսել երբեմն նաեւ ի դէմս պետական արգելքներու։

Կրթութեան նկատմամբ այս յարգանքն ու կրթական վարժարաններ ստեղծելու այս ձգտումը մէկ օրէն միւսը չէ որ մուտք գործած է հայկական կեանքին մէջ։ Անիկա բնականաբար ապրած է իր հոլովոյթը. ընդդիմադիրներ եղած են արդի համարուող մանկավարժական մօտեցումներ դպրոցներու մէջ որդեգրելու գաղափարին նկատմամբ։ Աղջիկներու դաստիարակութիւնը համայնքային կեանքին մէջ բազմաթիւ արգելքներու հանդիպած է։ Նոյնը կարելի է ըսել աղջիկ-տղայ խառն վարժարաններ ստեղծելու ջանքերուն։ Բայց մէյ մը որ կրթութիւնը զարգացնելու գաղափարը տիրապետող դարձած է, այլեւս այս շարժումը մեծ նահանջներ չէ ապրած, ընդհակառակը՝ տարուէ տարի աւելի շատցած է կրթական օճախներու եւ հոն յաճախող աշակերտներուն թիւը, բազմացած են որակեալ ուսուցիչներն ու ուսուցչուհիները, զարգացած են մանկավարժական մեթոտները։

Կարելի է մտածել որ ընդհանուր գիտակցութիւն մը կար հայկական մշակութային, իմացական եւ գիտական զարգացումը դպրոցներուն կապելու եւ այս ուղիով ալ գործելու առանց զերծ ըլլալով պետական նեցուկներէ։ Կարելի է մտածել նաեւ որ որակեալ դաստիարակութիւնը դարձած էր այն միջոցը, զոր հայը կը զանազանէր կայսրութեան բաղկացուցիչ այլ տարրերէն։

Կայսրութեան տարածքին հայկական դպրոցական ցանցը տարածուած էր ամէնուր։ Երբ շրջան առ շրջան կը քննենք հայկական կրթական կեանքը, առաջին հայեացքով կը նկատենք բազմաթիւ ընդհանուր նմանողութիւններ եւ համանման հոլովոյթներ։ Այսուհանդերձ շրջանային տարբերութիւններն ալ իրենց տեղը ունին այս հարցին մէջ. այլ խօսքով, տեղայնական ազդակներ այս կամ այն ձեւով իրենց ազդեցութիւնը գործած են հայկական կրթական կեանքի զարգացումին վրայ։ Օրինակները բազմաթիւ են. ամերիկեան միսիոնարական գոլէճի մը ներկայութիւնը քաղաքի մը մէջ կրնար կարեւոր խթան հանդիսանալ նոյն տարածքէն ներս հայկական ոչ-միսիոնարական վարժարաններ հիմնելու գործին մէջ։ Այլ խօսքով այստեղ առկայ էր դրական մրցակցութեան գործօնը։ Այլ վայրերու տնտեսական արագ զարգացումը եւ միջազգային առեւտրական յարաբերութիւններու ստեղծումը յառաջ կը բերէր ուսեալ, այլ խօսքով օրինակ լեզուներ եւ հաշուապահութիւն իմացող մարդուժի պահանջը։ Այս պատճառով ալ տեղական վերնախաւը քաջալերողը կը հանդիսանար իր գտնուած քաղաքին մէջ որակեալ վարժարաններու հիմնումին։

Ահաւասիկ այս ճամբով ալ կը հասնինք մեր բուն նիւթին՝ Ռոտոսթոյի (Թէքֆուրտաղ/Թէքիրտաղ) շրջանի հայկական դպրոցներուն։ Գաւառի հայութիւնը կեդրոնացած էր քանի մը գլխաւոր քաղաքներու մէջ (Ռոտոսթօ, Չորլու, Մալկարա, Սիլիվրի), ուր կ՚ապրէին աւելի քան տաս հազար հայեր։Ստուար բնակչութիւն մը չէ այս մէկը՝ յարաբերաբար այլ տարածքներու։Բայց կրթական մակարդակի վրայ, մանաւանդ երբ մեր հայեացքը կ՚ուղղենք Ռոտոսթօ քաղաքին, հոս կը գտնենք հայկական որակեալ վարժարաններ եւ այս հաստատութիւններէն վկայեալ իրերայաջորդ ուսեալ սերունդներ։ Աւելի յստակ դարձնելու համար այս միտքը կ՚արժէ հոս նշել գլխաւորաբար Ռոտոսթօ քաղաքի, բայց նաեւ շրջակայ քանի մը քաղաքներու մէջ գործած ուսուցիչներու, ինչպէս նաեւ այստեղի վարժարանները յաճախած աշակերտներու անուններ. ուսուցիչներէն յիշենք Մելքոն Կիւրճեանը (Հրանդ), Լեւոն Շանթը, Միհրան Ասքանազը, Յարութիւն Կէլիպոլեանը, Գրիգոր Սրենցը, Գէորգ Մեսրոպը։ Աշակերտներէն նշենք անունները Վազգէն Շուշանեանին, Բարսեղ Կանաչեանին, Արտաշէս Յարութիւնեան, Գէորգ Փափազեանին, Ռուբէն Սեւակին, Օննիկ Նեւրուզին (Խանասորի Նեւրուզ), Միհրան Տատիքօզեանին(Ապէլ), Մկրտիչ Թագեմճեան (Երիցանց), Կարօ Ղազարոսեան (Մեհեան), Լուիզա Փափազեան։ Ասոնք բոլորն ալ յայտնի դէմքեր են արեւմտահայ կեանքին մէջ, թէ՛ Օսմանեան կայսրութեան եւ թէ հետագային Սփիւռքի մէջ։

Այլ խօսքով, բուռ մը հայութիւն հաշուող այս տարածքին մէջ 19-րդ դարու վերջերէն արդէն իսկ գոյութիւն ունէր կրթական հարուստ եւ արագ զարգացող կեանք մը, որուն արդիւնքը լոկ դաստիարակուած սերունդներու գոյութիւնը չէր. այլ՝ լուսաւորութիւնը իր հետ կը ծնէր նաեւ մշակութային վերելք մը, որ կ՚արտայայտուէր տեղական թատերական խումբերու, նուագախումբերու, երգչախումբերու, գրական երեկոներու գոյութեամբ։

Յատկանշական է որ Ռոտոսթոյի մէջ չկային միսիոնարական վարժարաններ։ Այս կը նշանակէ, որ տեղւոյն կրթական կեանքի աճին մէջ պէտք է փնտռել այլ ազդակներ։ Ասոնցմէ ամէնէն հաւանականը կրնայ ըլլալ Պոլսոյ մօտիկութիւնը Ռոտոսթոյի։ Այսինքն, Պոլսոյ հայկական մշակութային զարգացող կեանքի ալիքները հասած էին մօտակայ այս տարածքը եւ կը ներշնչէին տեղացի հայերը նոյն ոգիով շարունակելու։ Մօտիկութիւնը կը նշանակէր նաեւ երթեւեկութիւն։ Ռոտոսթոյի դպրոցներէն շրջանաւարտներ յաճախ իրենց բարձրագոյն ուսումը կը ստանային Պոլսոյ մէջ, կը վերադառնային իրենց հայրենի քաղաքը, կը դառնային ուսուցիչ կամ այլ ասպարէզներու մէջ կը մտնէին։ Պոլսեցի հայեր իրենց կարգին ուխտագնացութիւններու կամ այլ առիթներով մեծ թիւով կու գային այս տարածքը։ Այս բոլորը պարզ է որ պոլսական մշակութային կեանքը կը մօտեցնէր Ռոտոսթոյի, իսկ այս երեւոյթէն մեծագոյն օգտուողներէն կ՚ըլլար նաեւ կրթական մարզը։

Ռոտոսթօ քաղաքի հայկական դպրոցներ

Ռոտոսթօ քաղաքը ունեցած է երկու հայկական թաղամասեր. Ս. Խաչ եւ Ս. Թագաւոր։ Իւրաքանչիւրին մէջ գործած է Հայ առաքելական եկեղեցիին կապուած առանձին վարժարան մը։ Անոնք յաճախ իրարու միջեւ մրցակցութեան մէջ ալ եղած են, որմէ գլխաւոր օգտուողը վարժարանին որակի բարձրացումը եղած է։ Ասոնցմէ զատ գոյութիւն ունեցած են քանի մը այլ վարժարաններ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին առանձին պիտի անդրադառնանք։

Շատ մը ընտանիքներ չէին գոհանար Ռոտոսթոյի հայկական դպրոցներուն մէջ իրենց զաւակներուն ստացած միջնակարգ ուսումէն. այս պատճառով ալ այստեղէն շրջանաւարտներ հետագային բարձրագոյն ուսում կը ստանային յատկապէս Պոլսոյ եւ Պարտիզակի վարժարաններուն մէջ։ Ուրիշներ ալ անկէ ետք կը ստանանյին նաեւ համալսարանական կրթութիւն՝ Պոլիս, բայց նաեւ Եւրոպա եւ Միացեալ Նահանգներ։ Թերեւս Պոլիսի այս մօտիկութիւնն էր որ պատճառ եղած է որ Ռոտոսթոյի հայերը իրենց քաղաքին մէջ չձեռնարկէին բարձրագոյն վարժարանի մը հիմնումին։

Յովհանեան վարժարան (Թագաւոր թաղ)

Ռոտոսթոյի Թագաւոր թաղի այս վարժարանը հիմնուած է 1866-ին։ Յովհանեան կոչուած է ի յիշատակ նոյն թաղամասի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցիին, որ 1864-ին հրկիզուած էր։ Սոյն եկեղեցիին պատկանող կալուածներուն հասոյթէն գոյացած գումարին մէկ մասով կարելի կ՚ըլլայ կառուցել կրթական այս հաստատութիւնը։Վարժարանը ունէր մանկապարտէզ, նախակրթարան եւ միջնակարգ դասարաններ։ Դասաւանդուող գլխաւոր առարկաներէն կը յիշուին հայերէն, թրքերէն, ֆրանսերէն, ազգային պատմութիւն, թուաբանութիւն, իրագիտութիւն, աշխարհագրութիւն, երգեցողութիւն։ [1]

1903-ի տուեալներով Յովհանեան վարժարանի աշակերտներուն թիւն էր 563, իսկ ուսուցիչներուն թիւը 9։ [2]

Յովհանեան վարժարանի տնօրէն եղած են՝ Հալֆեան (1860-1867), Թաթարեան (1867-1871), Գէորգ Շիրիճեան (1871-1876), Պատուելի Կարագեան (1877-1880), Մելքոն Կիւրճեան - Հրանդ (1881-1886), Վահան վրդ. Յակոբեան (1886-1888), Յարութիւն Կէլիպոլեան (1888-1892), Լեւոն Շանթ (1892-1894), Գալուստ Անդրէասեան (1894-1895), Ռուբէն Մանաւեան (1895-1897), Միհրան Անանեան (1897-1899), Սարիգս Սրենց (1899-1903), Միսաք Սուրեան (1904-1908), Տրդատ Թահմազեան (1908-1909), Ժիրայր Պասմաճեան (1909-1911), Ռուբէն Մանաւեան (1911-1913), Մամաս Մամասեան (1913-1914), Հրանդ Անդրէասեան (1920-1921), Ռուբէն Մանաւեան (1921-1922)։ [3]

Վարժարանը իր վերելքի տարիները ապրած է Մելքոն Կիւրճեանի (աւելի յայտնի Հրանդ իր գրչանունով) տեսչութեան օրով (1881-1886)։ [4] Տնօրէնի պաշտօն վարած Սարգիս Սրենց (Սարգիս Յովհաննէս Գլըճեան), Ռոտոսթօ քաղաքին մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն էր։ [5] Նոյնպէս դաշնակցական եւ Յովհանեան վարժարանի տնօրէն Լեւոն Շանթ, հետագային պիտի ըլլար յայտնի թատերագիր, մշակութային եւ քաղաքական գործիչ։

1880-էն ի վեր այս թաղին մէջ կը գործէր Հայուհեաց ընկերութիւնը։ Կնոջական այս կազմակերպութեանգործունէութեան մաս կը կազմէր նաեւ դպրոցին նեցուկ կանգնիլը։ [6]

1880-ական թուականներուն Թագաւոր թաղէն հայ պատանիներ դրամահաւաք մը կը կազմակերպեն եւ գոյացած գումարով Պոլիսէն կը գնեն նուագախումբի (ֆանֆար) գործիքներ։ Այսպիսով հիմքը կը դրուի Ռոտոսթոյի մէջ մօտ քառասուն հոգի հաշուող ֆանֆարին, որուն անդամներէն շատեր Յովհանեանի աշակերտներ էին։ Խմբավարն էր Տօնապետեան։ Ֆանֆարը բազմաթիւ անգամեր կը մասնակցի Պոլսոյ Ազգային հիւանդանոցի պարտէզին մէջ տեղի ունեցած Ազգային Սահմանադրութեան տօնակատարութեանց ծիրին մէջ կազմակերպուող ֆանֆարներու մրցաշարքին։ Քանի մը անգամ ալ կը շահի լաւագոյն ֆանֆարի տիտղոսը։ Նուագախումբը իր գոյութիւնը կը շարունակէ մինչեւ 1922։ [7]

Թագաւոր թաղին մէջ կը գործէր նաեւ «Արարատ» անունով պատանեկան-երիտասարդական ակումբը։ 1920-ինմարզական այս գործունէութիւնը նոր թափ կ՚առնէ Յովհանեան վարժարանի քաջալերանքով, մանաւանդ որ այն ժամանակ դպրոցին մարզանքի ուսուցիչն էր Սարգիս Սրենց։ Կը ստեղծուի նաեւ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (ՀՄԸՄ) սկաուտական խումբ մը, որ Ռոտոսթոյի մէջ տողանցք մը կը կազմակերպէ Սուրբ Աստուածածնի տօնին առիթով։ Այդ տարիներու Յովհանեանի տնօրէն Հրանդ Անդրէասեան կը նշանակուի սկաուտական խմբապետ։ 1921-ին սկաուտական խումբը կը հաշուէր 35 անդամ։ [8]

Ցեղասպանութեան տարիներուն, այն պահուն երբ Ռոտոսթոյի հայութիւնը տեղահանուած էր իր բնակավայրէն, Յովհանեան վարժարանը օսմանեան պետութեան կողմէ կը գրաւուի եւ կը վերածուի թրքական որբանոցի։ 1918-ի վերջաւորութեան, երբ վերապրող հայեր կը վերադառնան Ռոտոսթօ եւ կը փորձեն նոր կեանք տալ համայնքային կեանքին, վարժարանի մուտքի պատին վրայ տակաւին գրուած էին «զիւքիւր էյթամխանէ - պիսմիլլահ» (արական որբանոց) բառերը, որոնց հետքեր էին պատերազմի տարիներուն գործած որբանոցէն։ Այլ աղբիւր մը (Թէոդիկ) կը նշէ որ պատերազմի տարիներուն սոյն դպրոցը գրաւուած ու վերածուած էր պետական հիւանդանոցի։ Հայկական այս դպրոցը կը վերաբացուի եւ կը շարունակէ գործել մինչեւ 1921։ [9]

Ուսուցիչներէն եւ ուսուցչուհիներէն կը յիշուին՝ Կարապետ Համբարձումեան (1899-1903), Յովհաննէս Երկանեան(մինչեւ 1895), Նունիկ Տէր Ղեւոնդեան (ծն. 1885), Ֆիլոր Պաթմազեան (ծն. 1895, յետագային Դանիէլեան), Իսկուհի Սվաճեան, Իսկուհի Աճէմեան, Արշալոյս Աճէմեան, Մելքոն Կիւրճեան (Հրանդ), Միհրան Ասքանազ, Յարութիւն Կէլիպոլեան, Տէր Գեղամ քհնյ. Եըլտըզեան, Տէր Թադէոս քհնյ. Փորեաճեան, Լեւոն Շանթ: [10]

1911-էն 1915 այս վարժարանը յաճախած է հետագային յայտնի գրող Վազգէն Շուշանեան [11]։

Յիսուսեան վարժարան (Խաչ թաղ)

Սուրբ Խաչ թաղամասի այս դպրոցին հիմնադրման ճշգրիտ թուականը ծանօթ չէ, բայց գիտենք որ հաստատութիւնը արդէն գոյութիւն ունեցած է 1860-ականներու երկրորդ կէսէն ի վեր։ Յայտնի է նաեւ որ մինչեւ 1893 թուականը փայտաշէն եղած է, երբ այդ տարին ալ մասամբ կը հրկիզուի։ Անկէ ետք կը կառուցուի նոր կառոյց մը։ Յովհանեան վարժարանին նման, այս մէկն ալ ունէր մանկապարտէզ, նախակրթարան եւ միջնակարգ դասարաններ։ Դասաւանդուող գլխաւոր առարկաներէն կը յիշուին հայերէն, թրքերէն, ֆրանսերէն, ազգային պատմութիւն, թուաբանութիւն, իրագիտութիւն, աշխարհագրութիւն, երգեցողութիւն։ [12]

1903-ի տուեալներով Յիսուսեան վարժարանի աշակերտներուն թիւն էր 293, իսկ ուսուցիչներուն թիւը 7։ [13]

Յիսուսեան վարժարանի տնօրէն եղած են՝ Տէր Ղեւոնդ (1869-1871), Պատուելի Գէորգ (1871-1873), Տէր Արիստակէս (1873-1874), Միհրան Ասքանազ (1874-1876), Յովհաննէս վրդ. Արմարունի (1876), Մելքոն Կիւրճեան - Հրանդ (1876-1877), Արշամ Մուրատեան (1879-1980), Ռուբէն Մանաւեան (1886-1889), Շաւարշ Եսայեան (1889-1899), Յովհաննէս Եկէնեան (1890-1896), Ռուբէն Մանաւեան (1896-1899), Տիգրան Պաղտիկեան (1899-1904), Ռուբէն Պալեան (1904-1906), Երուանդ Գէորգեան (1906-1907), Ռուբէն Մանաւեան (1907-1908), Գէորգ Մեսրոպ (1908-1911), Ղազարոս Հալաճեան (1911-1912), Սարգիս Էմիրզեան (1913-1915), Սարգիս Մանուկեան (1920-1922)։ [14]

1882-էն ի վեր այս թաղին մէջ կը գործէր Խնամակալուհեաց ընկերութիւնը, որու գործունէութեան մաս կը կազմէր Յիսուսեան վարժարանին նեցուկ կանգնիլը։ [15] 1909-էն ի վեր հոս գործող այլ կազմակերպութիւն մըն էր Կարմիր խաչ տիկնանց միութիւնը, որ նոյնպէս թաղի վարժարանին զարգացումին կը նպաստէր։ Նոյն այս միութեան նախաձեռնութեամբ Ռոտոսթոյի մէջ տեղի կ՚ունենային թատերական ներկայացումներ, որոնցմէ մէկուն ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով ռոտոսթոցի հայ կինը բեմ կը բարձրանայ։ [16]

Յիսուսեան վարժարանի ուսուցիչներէն եւ ուսուցչուհիներէն կը յիշուին (1874-1876), Աբրահամ Հայրիկեան (ծն. 1863), Սիրանուշ Պալճեան, Ռուբէն Պալեան (Թալասէն), Փառանձեմ Պալեան, Ռուբէն Մանաւեան (ծն. 1865), Իսկուհի Սվաճեան (1919-էն սկսեալ), Տէր Գեղամ քհնյ. Եըլտըզեան, Պատուելի Սարգիս Մանուկեան (1919-1922), Տէր Յակոբ քհնյ. Նազարեան, Տէր Գաբրիէլ քհնյ. Պէկեան։ [17]

Թագաւոր թաղին օրինակով, Խաչ թաղն ալ կ՚ունենայ իր հայկական ֆանֆարը, որուն անդամներէն շատեր Յիսուսեան վարժարանի աշակերտներ էին։ Պոլիսէն կը հրաւիրուի Կիւզէ անունով եւրոպացի խմբավար մը, որ 4-5 տարի կը ղեկավարէ խումբը, մինչեւ որ տեղի կ՚ունենան 1895-ի համիտեան հակահայ ջարդերը, որմէ ետք ալ վերջ կը գտնէ նաեւ ֆանֆարին գոյութիւնը։ [18]

Պալքանեան պատերազմի ժամանակաշրջանին Ռոտոսթօն Հոկտեմբեր 1912-ին կը գրաւուի պուլկարական բանակին կողմէ։ Այս ժամանակ Ռոտոսթոյի դպրոցները կը փակուին, իսկ Յիսուսեան վարժարանն ալ կը վերածուի պուլկարական բանակի զօրանոցի։ [19]

1906-էն 1911 այս վարժարանը յաճախած է հետագային յայտնի գրող Վազգէն Շուշանեան։ [20]

Շարունակությունը՝ այստեղ

 

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter