HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Հեռահար շահեր

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմնի դիւանի ատենապետ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու եւ փոխ-ատենապետ Սարգիս Չավուշեան երէկ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ Նախաձեռնարկ մարմնի անդամներուն բացատրութիւններ տուին՝ նախընթաց օր Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի հետ իրենց ունեցած կարեւոր տեսակցութեան շուրջ։ Պատրիարքարանի երդիքին տակ երէկ երեկոյեան համախմբուեցան Նախաձեռնարկ մարմնի անդամները։ Սա հերթական ժողովներէն մին չէր, սակայն անհրաժեշտութիւն յառաջացած էր անդամներու համախմբման համար։ Գործնականին մէջ, ձեւով մը, արտահերթ նիստ մըն էր այս մէկը, որովհետեւ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու եւ Սարգիս Չավուշեան բացատրութիւններ պիտի տային նախօրէին Անգարայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման կապակցութեամբ։ Ինչպէս Անգարայի տեսակցութեան յաջորդ օրը հաղորդած էինք, Նախաձեռնարկ մարմնի անդամները նախապէս տեղեակ չէին եղած Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուի եւ Սարգիս Չավուշեանի մայրաքաղաքի մէջ ունենալիք տեսակցութենէն։ Ուստի, դիւանի ատենապետն ու փոխ-ատենապետը երէկ իրազեկեցին իրենց գործակից ընկերները։

Ըստ Նախաձեռնարկ մարմնի բանբեր իրաւաբան Սարօ Պենկլեանի կողմէ մեզի փոխանցուած տեղեկութիւններուն, Քէօլէդաւիթօղլու եւ Չավուշեան մանրամասնօրէն նկարագրեցին Ներքին գործոց նախարարութենէն ներս տեղի ունեցած հանդիպումը։ Արդարեւ, Նախաձեռնարկ մարմինը վաղուց յարմար կը դատէր նախընտրական աշխատանքները յառաջ տանիլ գործադիր իշխանութիւններուն հետ խորհրդակցութիւններ ունենալով եւ համախորհուրդ ձեւով։ Այս սկզբունքին ի շարունակութիւն տեղի ունեցած է Անգարայի տեսակցութիւնը։ Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու հանդիպման մէկ մասին ներկայ գտնուած է։ Նախաձեռնարկ մարմնին կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ սա եղած է դրական հանդիպում մը։ Թրքահայութեան հեռահար շահերուն տեսակէտէ օգտակար պարագաներու շուրջ ընթացած են խօսակցութիւնները։

Անգարայի հանդիպման ժամանակ կարեւորութեամբ ընդգծուած է պատրիարքական ընտրութիւնը արդար ձեւով եւ ժողովրդավարական ընտրութեան մը անհրաժեշտութիւններուն յարիր կազմակերպելու հրամայականը։ Այս ծիրէն ներս ընդգծուած է ընտրացուցակներու թարմացման եւ կատարելագործման խնդիրը։ Թէ՛ ընտրողներու եւ թէ ընտրուելիք պատգամաւորներու պարագային նուազագոյն տարիքի շեմը որոշուած է՝ որպէս 18-ը։ Նախաձեռնարկ մարմինը կը տեղեկացնէ, որ նախարարութենէն ներս տեղի ունեցած խօսակցութիւններուն հիման վրայ շեղումներ չեն նախատեսուիր նախապէս առաջարկուած ժամանակացոյցէն։

Նախաձեռնարկ մարմնի ներկայացուցիչները Անգարայի մէջ ընդգծած են իրենց մաղթանքը, որպէսզի ընտրութիւնները տեղի ունենան մեր վաղեմի աւանդութիւններուն համապատասխան։ Այս մաղթանքը դրական ձեւով ընկալուած է մայրաքաղաքի պաշտօնատարներուն կողմէ։

Բաց աստի, թէ՛ այս ընտրական գործընթացը եւ թէ ընդհանրապէս ընտրական համակարգը մշտական լուծումներով՝ արդի կարիքներու դիմագրաւման համար նոր որակով մը վերակազմակերպելու նպատակով կողմերը արտայայտած են իրենց կամքը։ Նախաձեռնարկ մարմինը այս կամքի արտայայտութեան ամբողջին մէջ ալ կ՚ընդգծէ ընտրացուցակներու արդիականացման ու կատարելագործման խնդիրը։ Անգարայի քննարկումներուն ընթացքին կարեւորութիւն ընծայուած է, որպէսզի հասարակութեան կամքը ցոլանայ ընտրութիւններու արդիւնքին վրայ։ Բաց աստի, գործադիր իշխանութիւնները դրական վերաբերմունք ցոյց կու տան մեր ընտրական համակարգը զարգացնելու ուղղեալ աշխատանքներու եւ առաջարկներուն նկատմամբ։ Համապատասխան քայլերը յառաջիկայ տօնական արձակուրդի օրերէն վերջ աւելի շօշափելի ձեւով պիտի դրուին սեղանի վրայ եւ այս փուլին կ՚ենթադրուին աւելի խիտ շփումներ պատկան մարմիններուն հետ։

նյութի աղբյուրը՝ jamanak.com

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter