HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Անտեղի նոր բանավէճ մը

10Սեպ­տեմբեր երեք­շաբթի երե­կոյ Սա­մաթիոյ Սուրբ Գէորգ եկե­ղեց­ւոյ մա­տաղօրհնու­թեան ըն­դա­ռաջ սար­քո­ւած ընթրի­քին ըն­թացքին պա­տահե­ցաւ ան­տե­ղի ու նոր բա­նավէճ մը։ Երբ օրա­կար­գի նիւթն էր պոլ­սա­հայ վար­ժա­րան­նե­րու տնտե­սական մա­տակա­րար­ման վե­րաբե­րեալ խնդիր­ներ Սուրբ Փրկիչ Հի­ւան­դա­նոցի հո­գաբար­ձութեան ատե­նապետ Պետ­րոս Շի­րինօղ­լու անդրա­դար­ձաւ պոլ­սա­հայ հա­մայնքի առ­ջեւ ծա­ռացած տնտե­սական ճգնա­ժամի երե­ւոյթնե­րուն եւ ապա բո­լորո­վին ան­կա­պակից մեր­ձե­ցու­մով նշեց թէ Կեդ­րո­նական վար­ժա­րանը գոր­ծիչներ կը պատ­րաստէ։ Ներ­կա­ները զար­մանքի եկան այս պնդու­մին դի­մաց եւ մեր­ժե­ցին այդ ակ­նարկու­թիւնը, յի­շեց­նե­լով թէ սա ար­դէն տե­ղը չէ նման նիւ­թի մը ար­ծարծման։ Ներ­կա­ներուն մէջ էր Կեդ­րո­նական վար­ժա­րանի խնա­մակա­լու­թեան ան­դամնե­րէն Մի­նաս Քա­փու­սուզ, որ ընդվզում յայտնեց այս ելոյ­թին դի­մաց՝ դի­տել տա­լով թէ Կեդ­րո­նակա­նը կը յի­շուի իր պատ­րաստած գիր ու գրա­կանու­թեան գոր­ծիչ սա­ներով։ Այս բո­լորին դէմ Շի­րինօղ­լու փոր­ձեց իր ելոյ­թը ար­դա­րաց­նել ըսե­լով թէ իրեն այդպէս ըսո­ւած է։

Յի­շենք թէ նա­խապէս ալ թէ հո­գեւո­րական դա­սէն եւ թէ աշ­խարհա­կան­նե­րէն նման մե­ղադ­րանքներ հնչած էին պոլ­սա­հայու­թեան կա­րեւո­րագոյն կրթա­կան հաս­տա­տու­թեան հան­դէպ։

Իրա­կանու­թեան մէջ պա­րոն Շի­րինօղ­լո­ւին ակ­նարկու­թիւնը կը վե­րաբե­րի ըն­կե­րային ան­ցուդարձնե­րու նկատ­մամբ որոշ գի­տակ­ցութիւն ու­նե­ցող երի­տասարդ տար­րե­րու։ Ընդհան­րա­պէս ըն­կե­րային նիւ­թե­րու նկատ­մամբ ան­տարբեր մնա­ցած մտայ­նութեան մը հա­մար դժո­ւար չէ պատ­կե­րաց­նել թէ, որ­քան մտա­հոգիչ երե­ւոյթ կրնան դառ­նալ բո­լոր անոնք, որոնք պատ­րաստո­ւած են ար­դա­րու­թիւն պա­հան­ջե­լու հա­մար։ Ու­րեմն կա­րելի չէ բաժ­նել Շի­րինօղ­լո­ւի մտա­հոգու­թիւնը, քա­նի որ հա­մայնքը միշտ պէտ­քութիւ­նը պի­տի զգայ որոշ գի­տակ­ցութիւն ամ­բա­րած երի­տասարդ տար­րե­րու, որոնք փո­խանակ իրենց դէմ յա­րու­ցուած բո­լոր խո­չըն­դոտնե­րուն հա­մակեր­պե­լու պի­տի փոր­ձեն, եթէ կա­րելի է օրէնքնե­րու սահ­մա­նին մէջ, իսկ եթէ կա­րելի չէ օրէնքներն ալ շրջան­ցե­լով պաշտպա­նել իրենց ար­դար իրա­ւունքը։ Ճիշդ ալ այս յատ­կութիւնն է, որ Կեդ­րո­նակա­նը կը դնէ աւե­լի բարձր մա­կար­դա­կի վրայ, քան որե­ւէ այլ վար­ժա­րան։

Ար­դա­րեւ հա­մացան­ցի վրայ իս­կոյն շրջա­նառու­թեան մտաւ «Կեդ­րո­նակա­նի Սա­ներ» ստո­րագ­րութեամբ յայ­տա­րարու­թիւն մը, որ Պետ­րոս Շի­րինօղ­լուն կը հրա­ւիրէր ան­հիմն պնդումնե­րով Կեդ­րո­նակա­նի անու­նը վար­կա­բեկե­լէ խու­սա­փելու։

նյութի աղբյուրը՝ Ակոս

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter