Մուսա Լեռ - Առեւտուր, Գործարարութիւն և Արդիւնաբերութիւն
Հեղինակ՝ Վահրամ Շէմմասեան
Առաջին աշխարհամարտի բազում դժուարութիւնները կրելէ ետք, Մուսա Լեռան հայերը կը ճգնէին վերադառնալու բնականոն կեանքի՝ օգտուելով Ֆրանսական հոգատարութեան տակ ստեղծուած յարաբերական խաղաղութենէն: Գիւղատնտեսութեան և անասնաբուծութեան կողքին, անոնք կը զբաղէին առևտուրով, գործարարութեամբ, շերամաբուծութեամբ եւ մետաքսի արտադրութեամբ և յարակից այլ գործերով: Բայց մինչ ապագան որոշ յոյս մը կը ներշնչէր, միւս կողմէ համաշխարհային ելեւմտական տագնապները, սպառողական պահանջներու չնախատեսուած փոփոխութիւնը և շրջանային քաղաքական վերիվայրումներ՝ լեռնաշխարհի հայերը կը պահէին անձկագին վիճակի մը մէջ և անոնց տնտեսական զարգացման հեռանկարները կը դարձնէին խոցելի: Այս յօդուածը լոյս կը սփռէ Մուսա Լեռան արհեստներուն, առեւտուրին և ճարտարարուեստի մարզերուն վրայ, որոնք կախեալ էին տեղական միջոցներէ եւ ճիգերէ, ինչպես նաեւ՝ արտաքին ազդակներէ:
Առեւտուր և գործարարութիւն
Մուսա լեռցիներուն կողմէ իբրեւ Քաղիւք, այսինքն Քաղաք անուանուած՝ Անտիոքը կը հանդիսանար շրջանի վարչական եւ առեւտրական կեդրոնը, ուր շրջակայ գիւղերէն մարդիկ կ'ապահովէին իրենց հացահատիկները, ընդեղէնը, շաքարը, հագուստեղէնը և անհրաժեշտ այլ կարիքներ,եւ միաժամանակ կը վաճառէին իրենց պտուղները, բանջարեղէնը և այլ ապրանքներ: Մուսա Լեռան համար այս գործը վստահուած էր հայ ջորեպաններու: 1920-ական թուականներու երկրորդ կէսին եւ 1930-ականներու սկիզբին, ինքնաշարժներու երթեւեկութեան համար ճամբաներու կառուցումով, ջորեպաններու առեւտրական կարեւորութիւնը կը նուազէր, [1] սակայն անոնք կը մնային անփոխարինելի գիւղական ներքին կեանքին մէջ` նկատի առնելով բնութեան լեռնային կառուցուածքը և կուպրապատուած երկրորդական ու ներքին ճամբաներու բացակայութիւնը:
Ճիշդ է, որ Անտիոքը շրջանի առեւտրական գլխաւոր կեդրոնն էր, այսուհանդերձ, Մուսա Լեռան մէջ գոյութիւն ունէին շարք մը առեւտրական ձեռնարկութիւններ և արհեստանոցներ` անմիջական որոշ կարիքներ բաւարարելու համար, մինչ արհեստագործներ ու փերեզակներ իրենց ապրանքները կը վաճաոէին փողոցներու մէջ: Եողունոլուքը միակ գիւղն էր, որ մնայուն շուկայ ունէր, որ Չարշէն կը կոչուէր : Այն կ'երկարէր արեւելքէն արեւմուտք 1 քիլոմեթր երկարութեան վրայ՝ սկսելով Կետէկ թաղամասէն և անցնելով գիւղի կեդրոնէն: Առնուազն հիմնական տասնչորս գործառնութիւններ կը գրաւէին այս փողոցին երկու կողմերը, ինչպէս՝ 2 մետաղագործ/անագագործ/զինագործի խանութ, 2 սափրիչ, 2 նպարավաճառ, 2 նուէրներու խանութ, 1 դերձակի խանութ, 1 սանտրի արհեստանոց, 1 հնակարկատ, 1 հիւսուածեղէնի խանութ, 1 մեծաքանակի խանութ եւ 1 անանուն խանութ (տե՛ս Աղիւսակ 1-ը): Իրականութեան մէջ, այս ամբողջ առեւտրական կեդրոնը նաեւ կը ծառայէր իբրեւ ընկերային հաւաքավայր, ուր տղամարդիկ իրենց ազատ ժամերուն կը հանդիպէին լուրեր փոխանակելու, տարբեր հարցեր քննարկելու, սեղանի խաղեր խաղալու և ընդհանրապէս զուարճանալու համար: Անոնք նաև «գաղտնօրէն» կը դիտէին հոնկէ անցնող աղջիկները՝ անոնցմէ մէկը իբրեւ ապագայ կին ընտրելու նկատառումով: Նկատի առնելով, որ այդտղամարդիկը յաճախ ոչ բաղձալի լեզու կը գործածէին, անոնք չէին ձգեր, որ փոքրիկներ հաւաքուէին իրենց շուրջ: Չարշէնը նմանապէս կը ներգրաւէր գնչուներ, բախտագուշակներ, աճպարարներ եւ այլ անցորդներ, որոնք կը պատմէին հին հերոսներու մասին, կը ցուցադրէին հնարքներ եւ այլն: [2] Ինը այլ խանութներ կային շուկային տարածքէն դուրս՝ խանութներու ընդհանուր թիւը հասցնելով քսաներեքի (տե՛ս Աղիւսակ 1-ը):
Հակառակ անոր որ Եողունոլուքը ունէր կեդրոնական շուկայ մը, բայց Պիթիասն էր որ կը պարծենար ամէնէն աւելի առեւտուրի կեդրոն մը ըլլալու իր հանգամանքով՝ հանրածանօթ ամառային հանգստավայր մը ըլլալուն պատճառով: Աւելորդ է նշել, որ անոնցմէ ոմանք կը գործէին եղանակային դրութեամբ: Ինչ կը վերաբերի միւս գիւղերուն, ապա անոնք նոյնպէս ունէին քանի մը համեստ խանութներ, աշխատանոցներեւկամ սրճարաններ: Քանի որ Եողունոլուքի մէջ սրճարաններ չկային, անոր արական բնակիչները յաճախակի կ'երթային Խըտըր Պէկ: Հետաքրքրականը այն է, որ հոն գտնուող չորս սրճարաններէն երկուքը, որոնք կը գտնուէին կեդրոնական հսկայ սօսիին շուքին ներքեւ, բաժնուած էին կուսակցական պատկանելիութեամբ. Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան համակիրները ժամանակ կ'անցնէին ընկեր Արմենակ (կամ Մենակ) Գապաքեանին սրճարանը, մինչ մրցակից Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հետեւորդները՝ ընկեր Նշան Պոյաճեանի սրճարանը: [3]
Փայտի արտադրութիւն
Մուսա Լեռան մէջ ընդարձակ տարածութիւններ ծածկած վայրի անտառները ձեւաւորած էին շարք մը արհեստներ: Ըստ թերթի մը տեղեկագրին, Ալեքսանտրէթի Սանճաքին մէջ գտնուող 70,000 հեքթար (172,900 acres/արտավար) անտառային տարածութեան 4,000 հեքթարը (9.880 acres/արտավար) կամ Մուսա Լեռան տարածութեան շուրջ 6%-ը ծածկուած էր անտառով: [4] Յովհաննէս Տումանեան, գիւղատնտեսութեան ճարտարագէտ մը, ծագումով հաճընցի, 23 Սեպտեմբեր 1923-էն սկսեալ կը ծառայէր իբրեւ Սանճաքի գիւղատնտեսութեան եւանտառամշակութեան տնօրէն՝ կը յաջողէր կառավարութեան տարեկան եկամուտը՝ միայն անտառամշակութեան մէջ՝ 1,800 սուրիական ոսկիէն բարձրացնել 20,000 ոսկիի: [5] Իր կարգին, Եողունոլուքէն Յակոբ Պոյաճեանը («Մերճումէք»), որ նախապէս քսանապետ էր ֆրանսական Արեւելեան Լէգէոնին մէջ, իբրեւ ձիաւոր՝ Ֆրանսայի հոգատար իշխանութիւններուն կողմէ յանձնարարուած էր հսկելու Մուսա Լեռան եւ դէպի հիւսիս՝ Քըզըլ Տաղի անտառային հողերը: Իբրեւ այդպիսին, ան կը ձերբակալէր փայտագործներ և փայտածուխ արտադրողներ, որոնք կը գործէին առանց արտօնագրի:
Փայտածուխի պատրաստութիւն
Փայտածուխի պատրաստութիւնը զարգացած էր հետեւեալ ձեւով: Գարնան օրերէն սկսեալ մինչև աշնան սկիզբը, յատկապէս Պիթիասի գիւղացիները կիրակի երեկոյեան ճամբայ կ'ելլէին իրենց տուներէն (վերադառնալով յաջորդ շաբաթ երեկոյեան) եւ կ'ուղուէին դէպի լեռան վրայ յատուկ վայրերու մէջ կառուցուած տամիրներ (հիւղակներ): Հոն անոնք կը կտրէին կաղնիի ծառեր ու զանոնք կը կտրատէին փոքր մասերու՝ ընդհանրապէս 2 ոտք չափով (61 սանթիմեթր) եւ զանոնք կոնաձեւ կը դիզէին կեդրոնական կոճղի մը վրայ՝ ստեղծելով թրծոց մը 6 ոտք բարձրութեամբ (1.83 մեթր) եւ 40 ոտք (12 մեթր) տրամագիծով (փոքր դէզերը կը կոչուէին օճախը լակիւտ): Ապա շրջանակէն 3.9 ինչ (10 սանթիմեթր) հեռաւորութեան վրայ ամբողջ տրամագիծով անոնք քարեր կը զետեղէին և օճախը կը ծածկէին նախ քազալով (չոր տերևներով), ապա` կը մեկուսացնէին հողի ծածկոյթով: Այնուհետեւ անոնք կը հանէին առանցքային ձողը եւ կրակը բացուած բիրունէն (բերանը) կը ձգէին վար առէօթի (անթեղ) միջոցով և բացուածքը կը ծածկէին թիթեղի կտորով մը եւ հողով, օդի ներթափանցումը կանխելու եւ փայտի հրկիզման ու մոխրացման առաջքը առնելու համար: Դէզը ներսէն բորբոքեցնելէ ետք, փայտածուխ արտադրողները պարբերաբար կը ստուգէին հովին ուղղութիւնը մրտենիի նոր ճիւղեր աւելցնելու համար` եթէ ի յայտ գար որ հովը քարերուն եւ փայտին միջև բացուածքներ առաջացուցած է: Անոնք նաեւ իւրաքանչիւր 4-5 ժամը մէյ մը կը ստուգէին դէզը, կարկըտելու համար պատրուց տիղիրը (ճեղքեր) քազալով եւ հողով, և ամէն 9-10 ժամը անգամ մը լըլլու բիրունը (բերանը լեցնել) կանաչ փայտով խեղդելու համար որեւէ կրակ՝ նախքան անոր բոցավարումը (միշտ մոխրացումէ խուսափելու համար): Այս ամբողջ գործընթացը կը տեւէր շուրջ երեք օր, մինչև որ օճախը վերջապէս չըքմըշըննօ (ծրէր, կծկուէր): Այս հանգրուանին, փայտածուխ արտադրողները քանի մը անկիւններէ երկաթէ Խանդըրուշ (ձող) կը խոթէին եւ օճախը իղուծ (եղած) կը նկատէին՝ եթէ խառնելու ընթացքին կոտրուած ապակիի ձայնը յիշեցնող ձայներ լսէին: Քարերն ու հողը վերցնելէ ետք, փայտածուխ արտադրողները գըրզիլէն (փայտածուխ) կ'անջատէին իրարմէ քանի մը ժամ պաղեցնելու մտադրութեամբ եւ ապա զայն կը տեղափոխէին կարմէր օրում տըպըրկիր (կարմիր խիտ պարկերու) մէջ՝ վերադառնալով գիւղ ջորիներու վրայ (երկու պարկ) կամ էշերով (մէկ պարկ): [6] Հետեւաբար, 1923-ին, Մուսա Լեռան մէջ ստացուած փայտածուխը կը գնահատուէր 1,600,000 օխայով (4,480,000 փաունտ/ 2.036 թոն): Այս արտադրութեան 1,300,000 օխան (3,640 փաունտ/1,655 թոն) կ'արտածուէր և 300,000 օխան (840,000 փաունտ/381 թոն) կը գործածուէր տեղական ջեռուցման համար: [7] Իբրեւ այդպիսին, փայտածուխը կ'այրէին նստասենեակին մէկ անկիւնը փորուած փոսի մը մէջ, մինչ աշակերտներ ձմռան ամիսներուն իրենց դասարանները տաքցնելու համար ամէն օր փայտի եւ փայտածուխի կտորներ կը տանէին դպրոց: [8]
Փայտածուխի գործարքը և արտածումը
Ջորեպանները փայտածուխը կը տեղափոխէին Անտիոք: 1920-ականներու սկիզբը, աղքատ երիտասարդ կիներ և այրիներ նոյնպէս փայտ, փայտածուխ և գետնախնձորի բեռներ կը շալկէին դէպի այդ քաղաքը եւնոյն օրը կը վերադառնային հացահատիկի ապսպրանքներով։ Այս գործողութեան համար կը ստանային փոքր վարձատրութիւն մը, որուն միջոցով կը կերակրէին իրենց ընտանիքները: [9] Շատ շուտով փայտածուխի առեւտուրը սկսաւ կեդրոնանալ քանի մը գործատէրերու ձեռքը: 1921-ին, Մովսէս Ռենճիլեան՝ Պիթիասէն, եւ հայր ու որդի Գէորգ և Եսայի Շրիքեան՝ Եողունոլուքէն, ընկերութիւն մը կը հիմնեն՝ փայտածուխը արտածելու արեւելեան Միջերկրականի երկիրներու տարբեր շրջանները՝ հասնելով մինչև Եգիպտոս: Այս ընկերութիւնը կը դադրի գոյութիւն ունենալէ երեք տարի ետք, երբ երեւան կու գայ արտօնագրին ապօրինութիւնը: [10] 1920-ականներու վերջերուն, Հալէպի շրջանէն Սուրիոյ խորհրդարանի ապագայ պատգամաւոր եւ Սուրիոյ ազգայնական առաջնորդ Իպրահիմ Հանանոյի քաղաքական հովանաւորեալներէն` Արտաշէս Պողիկեանը, եղբօրը՝ Աբգարին և որդեգիր զաւկին՝ Եդուարդին հետ, մենաշնորհի կը վերածեն Մուսա Լեռան մէջ արտադրուած փայտածուխին մեծ մասը: Անոնք կ'օգտագործէին Պիթիասի մէջ Սարգիս Շերպէթճեանի տան բակը, իբրեւ պահեստի եւ բաշխման կեդրոն: Վերջաւարութեան խնդրոյ առարկայ կը դառնայ նաեւ անոնց մենաշնորհը, երբ Եողունոլուքէն Ճապրա Գազանճեանը և որդին՝ Արամը կը շահին փայտածուխ արտադրողներուն համակրանքը՝ անոնց տրամադրելով վարկեր և ընդհանրապէս աւելի լաւ վարձատրութիւն: [11] Փաստօրէն, ֆրանսական իշխանութիւնները Գազանճեան եղբայրներուն ՝ Ճապրային և Տիգրանին կը շնորհեն փայտի հատման բացառիկ իրաւունքը ամբողջ շրջանին մէջ, որ կը տարածուէր Քըզըլ Տաղէն՝ հիւսիսէն մինչև ալաուի պետութեան սահմանները՝ ծովեզերեայ Լաթաքիա քաղաքին շրջակայքը հարաւի մէջ: Անոնք աշխատանքի կը լծեն 150 փայտահատներ եւ ջորեպաններ Մուսա Լեռան հայկական գիւղերէն, ինչպէս նաև՝ դրացի թուրքմէնական Չանաքլի, Սանտըրանկ, Սանտըրանկէն Ամաճը, Կումպաճէն, Արսուզ, Իքիզօղլու և Չաղլաքուզ գիւղերէն: Չաղլաքուզի գործաւորներուն ղեկավարը՝ Համիտ, հանդէս կու գար իբրեւ թուրքմէն աշխատաւորներու ղեկավարը: Տիգրանը կը բնակէր Անտիոք` այդտեղէն տարբեր քաղաքներու մէջ ներկայացուցիչներու ճամբով՝ վառելանիւթի, փայտածուխի, շինարարական շերտաձողերու, ելեկտրական սիւներու և խաղողի յենարաններու արտածումն ու շուկայավարումը ղեկավարելու համար: Բեռնատարներ ցամաքի ճամբով բեռը կը փոխադրէին դէպի Ալեքսանտրէթ (ներկայացուցիչ՝ Ներսէսեան), Հալէպ, Համա, Հոմս և Դամասկոս (ներկայացուցիչ՝ Արթին աղա): Միաժամանակ, փոխադրական յատուկ դրութեամբ մը, որ Տամլաճըքի բարձունքը կը կապէր մօտակայ ծովեզերքին, բեռը կը հասցնէին երեք նաւերու վրայ. երկուքը կը պատկանէր Գազանճեաններուն, իսկ երրորդը կը գործէր ընկերաբար ալաուիի մը հետ: Նաւերը բեռը կը փոխադրէին Պէյրութ, Լիբանան (ներկայացուցիչ`Աղա Պապա), Եաֆա, Պաղեստին (ներկայացուցիչ՝ Օհաննէս՝ Ճապրա Գազանճեանին որդին) և Փոր Սայիտ, Եգիպտոս (ներկայացուցիչ՝ անծանօթ): [12]
Դժբախտաբար, այս շահաբեր առեւտուրը վերջ կը գտնէ 1938-ին, երբ Գազանճեանները կը փոխադրուին Լաթաքիա և ապա Պէյրութ, երբ Սանճաքի կարգավիճակին շուրջ ստեղծուած տագնապը երթալով կը սրի: [13]
Սանտրի և դգալի արտադրութիւն
Մուսա լեռնցիները հետամուտ էին նաեւ փայտի առնչուող երկու այլ արհեստներու՝ սանտրի և դգալի պատրաստութեան, նաեւ՝ ատաղձագործութեան: Առաջին երկուքը աւելի տարածուած ու եկամտաբեր էին: Եողունոլուքի տղամարդոց մեծամասնութիւնը կը զբաղէր սանտրի պատրաստութեամբ, որովհետեւ գիւղը ունէր գիւղատնտեսական սահմանափակ կարելիութիւններ՝ նկատի առնելով ջուրի սակաւութիւնը գիւղին մէջ:
Այս արհեստաւորները կը պատրաստէին իրենց սեփական գործիքները, ինչպէս՝ մամլակներ, տաշող կացիններ, մուրճեր, սղոցներ, խարտոցներ, գամեր և այլն: [14] Երկու առանձնայատուկ ծառեր կը մատակարարէին փայտին մեծ մասը՝ քաթլապա (մաթուզ) և տոսախ (տօսախափայտ), որոնք երկուքն ալ առատօրէն կ'աճէին Մուսա Լեռան մէջ: Կը գործածուէին նաեւ կենդանական ոսկորներ, մասնաւորաբար՝ ուղտի ոտքեր, այծի և ցուլի եղջիւրներ և փղոսկր: Անոնք կը ճարուէին Հալէպի, Համայի և Անտիոքի շուկաներէն, շուրջ մէկ ամիս կը պահէին կրաջուրի մէջ՝ ձերբազատելու համար մանրէներէ, ճճիներէ և վատ հոտէ, կը կտրուէին երկու-երեք փոքր մասերու և կը միացուէին զետեղուած գամերով: [15] Այս տեսակի սանտրերուն պատրաստութիւնը աւելի դժուար էր և համեմատաբար աւելի սուղ: Ամէն պարագայի, ինչ տեսակի ալ ըլլար, ամբողջացած ապրանքը կ'առաքուէր տասներկու սանտր խմբող ծրարներով՝ դիւրին հաշուելու նպատակով: [17] 1923-ին, Մուսա Լեռէն արտածուած է 500.000 փայտեայ և 5000 ոսկրեայ սանտր: Միաժամանակ, երեսուն արհեստաւորներ հաւաքաբար առաքած են 200.000 փայտէ դգալներ և շերեփներ: [18] Այս արտադրատեսակները կը վաճառուէին Սուրիոյ զանազան քաղաքներուն և անապատային ներքնագաւառներուն՝ յատկապէս Տէր Զօրի մէջ, ինչպէս նաև՝ Պաղեստինի, Իրաքի, Եգիպտոսի, Սուտանի և Թունուզի մէջ: Ինչ կը վերաբերի ատաղձագործութեան, ապա անիկա կ'ընդգրկէր սեղաններու, աթոռներու, դուռներու, պատուհաններու, պահարաններու, օրօրոցներու և այլնի շինութիւնը՝ տեղական գործածութեան համար: [20]
Շերամաբուծութենէն մինչև մետաքսի արտադրութիւն
Նկատի առնելով որ շերամաբուծութիւնը տաղտկալի էր եւ կը պահանջէր բազմաթիւ աշխատող ձեռքեր, նոյնիսկ պատանիներ աշխատանքի կ'առնուէին որոշ պայմաններու մէջ: 1920-ականներու առաջին կէսին, երբ բոժոժի արտադրութիւնը կը գտնուէր իր լաւագոյն օրերուն մէջ, կրթական օրացոյցը կը յարմարցուէր ըստ այնմ: 1923-ին, Մուսա Լեռան Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) Սիսուան դպրոցներու ցանցին տնօրէնը՝ Գրիգոր Արոյեան կ'առկախէ դասերը 1-էն մինչև 15 Մայիս, որպէսզի աշակերտները կարենան օգնել իրենց ծնողներուն մետաքսի աշխատանքին մէջ՝ պայմանով որ կորսուած դասապահերը փոխարինուէին Յունիս ամսուան ընթացքին: [21] Նոյնպէս, 1923-24-ին, Հաճի Հապիպլիի, Քապուսիէի և Վագըֆի աշակերտները դպրոց կը յաճախեն 6 Օգոստոս1923-էն 10 Մայիս 1924, մինչ անոնց Պիթիասի, Եողունոլուքի և Խըտըր Պէկի ընկերները՝ 5-10 Սեպտենբեր 1923-էն 10 Յունիս 1924:Գիւղացիներու փափաքին ընդառաջ կատարուած այս կարգադրութիւնը առիթ կ'ընձեռէր աշակերտներուն՝ մասնակցելու այդ եղանակի ձիթապտուղի և հատապտուղներու քաղին, ինչպէս նաև՝ օգնելու ծնողներուն շերամաբուծութեան մէջ: [22] Շերամներու սնուցումը կը կատարուէր թթենիի պարտէզներու մէջ կառուցուած յատուկ տուներու մէջ, որոնք հիմնականօրէն կը գտնուէին գիւղին ծայրամասերը: Սենեակները, որոնք պէտք էր պահուէին որոշ ջերմաստիճանի վրայ, կը հականեխուէին քիմիական նիւթերով՝ մանրէները, մուկերն ու այլ վնասակար միջատները ոչնչացնելու համար: Մշակները յատուկ լաստակներ կը սարքէին և դարակներու վրայ կը զետեղէին երկար փայտէ ափսէներ, որպէսզի կարենային օրական քանի մը անգամ կերակրել շերամները՝ թարմ, շերտուած թութի տերեւներով: [23]
Մարմնափոխութեան չորս հանգրուան կտրելէ եւ հասունացման փուլ հասնելէ ետք, թրթուրները կը փոխադրուէին թուփերով պատրաստուած աւիլներու վրայ, ուր անոնք պիտի հիւսէին իրենց բոժոժները: [24] Ինչպէս որ տեղացի մը դիտել կու տայ.
«Բոժոժահաւաքը եւ անոնց թոյլ թելերուն ամրացումը սովորաբար համայնքային պարտականութիւն էր: Դրացիներ եւ հարազատները միասին կ'աշխատէին՝ նախքան որ դուրս գալու համար թիթեռը ծակէր բոժոժը եւ մետաքսաթելերը դառնային անօգուտ: Մարդիկ կ'ուզէին այս աշխատանքը ամբողջացնել նախքան մթննալը և բոժոժներու հոգատարութեան պատասխանատւութիւնը փոխանցել այն վաճառականներուն, որոնք տունէ տուն կ'անցնէին՝ կշռելով, բեռնաւորելով և բեռները փոխադրելով Անտիոքի շուկաները: Երբ սեփականատէրը կը ստանար իր բոժոժներուն փոխարժէքը, մարդիկ թեթեւութիւն մը կը զգային և պատրաստ՝ տօնախմբութեան: Վարձատրուած գիւղացիները ափսէներով հալվա և թոնիրի հաց կը հրամցնէին իրենց դրացիներուն: Այդ քանի մը օրերուն շատ աւելի հալվա կը սպառէր Պիթիասի մէջ, քան տարուան մնացեալ օրերը»: [25]
1923-ին, շերամաբուծական արտադրութեան քանակը կը գնահատուէր 55,000 օխա (154,000 փաունտ/70 թոն) բոժոժով և 800 օխա (2,240 փաունտ/1 թոն) հում մետաքսով: [26] Վերջինը աճած է 48%-ով (շուրջ 1,5 թոն) յաջորդ տարին: [27] 1920-ականներու կէսերուն, վեց գիւղերուն մէջ շերամաբուծութեամբ զբաղողները տարեկան կը սպառէին 1,810 կլոր տուփ շերամի հաւկիթ (իւրաքանչիւրը՝ La vache qui rit կամ The Laughing Cow պանիրի տուփի չափով) հետեւեալ դրութեամբ՝ Քապուսիէ 450 տուփ, Պիթիաս 420 տուփ, Հաճի Հապիպլի 380 տուփ, Եողունոլուք 350 տուփ, Խըտըր Պէկ 150 տուփ և Վագըֆ 60 տուփ: Իւրաքանչիւր տուփ միջին հաշուով կ'ապահովէր 5 օսմանեան ոսկի եկամուտ կամ ընդհանուր գնահատումով՝ 9,050 օսմանեան ոսկի: [28]
Մետաքսի մեծածաւալ տնտեսութիւններ և շերամաբուծութեամբ զբաղող գործարարներ
Թէեւ մուսա լեռցիներու մեծամասնութիւնը կը զբաղէր շերամաբուծութեամբ, սակայն գիւղի երեւելիները, որոնք կը կազմէին բնակչութեան նուազ քան 3 առ հարիւրը, կը վերահսկէին տնտեսական այս մարզը իրենց ընդարձակ ագարակներով եւ կամ բերքը սովորական գիւղացիներէն հաւաքելու միջոցներով: [29] Եողունոլուքի Գազանճեանները լաւագոյն օրինակը կը ներկայացնեն: Այս մարզին մէջ անոնց բախտը աւելի կը բացուի, երբ ձեռք կը ձգեն կարեւոր կալուած մը, որ կը պատկանէր Քերովբէ Մ. Ասլանեանին՝ պոլսահայ մեծահարուստ մը, նաեւ հանրածանօթ երգիծաբան Երուանդ Օտեանի մօրեղբայրը: Մահուան պահուն՝ 1926-ին, Ասլանեանը մետաքսի ագարակ մը ունէր Մուսա Լեռան յարակից Սուէտիա դաշտավայրին Մուղայրուն գիւղին մէջ: Ագարակը կը գտնուէր գետի մը երկու ափերուն վրայ (Որոնդեսը կամ հարկատու վտակ մը), երկու ջաղացք կը բանեցնէր, կը պարփակէր տասնեօթը մետաքսի տուն, առաւել այլ կառոյց մը` շերամները «արթնցնելու» համար: Այս բոլոր կառոյցները կը բանեցուէին ալաուի քառասուն ընտանիքներու կողմէ, որոնք կ'աշխատէին իբրեւ բաժնետէր՝ վաստկելով շահին 50 առ հարիւրը: Այս գործարքին բերքը կը գնահատուէր 55 տուփ շերամի ձուերու արտադրութեամբ՝ յաւելեալ 10 տուփ աճի ներուժով: Իւրաքանչիւր թթենիի պուրակը, որ «կը կերակրէր» մէկ տուփ, կ'արժէր 50 օսմանեան ոսկի, ընդհանուր գնահատումով՝ աւելի քան 3,000 լիրա: Ասլանեան իր կալուածը կը կտակէ իր եղբօրորդիին՝ Արտավան Հովեանին, որ իր կարգին զայն կը վաճառէ Գազանճեան եղբայրներուն: [30] Գազանճեան եղբայրները խըտըր պէկցի Միհրան Աշգարեանը կը նշանակեն պատասխանատու՝ իրենց գործերը ղեկավարելու Մուղայրունի մէջ: [31]
Միայն հայ երեւելիները չէին, որոնք շերամաբուծութեան մէջ մեծածաւալ գործառնութիւններ ունէին: Կը նշուին նաև յոյն ուղղափառ (Հոռոմ/Հուրում) վաճառականներ Անտիոքէն և Լեւշիէյէն՝ Սուէտիա ենթաշրջանի վարչական-առեւտրական կեդրոնէն: 1920-ականներու սկիզբը՝ անիշխանութեան ժամանակաշրջանին, Սուէտիոյ դաշտավայրին մէջ բնակող քրիստոնեայ առևտրականները պաշտպանութիւն կը ստանային հայ զինեալներէ և իրենց բոժոժներու ծրարները, որոնք պատրաստ էին առաքման, կը բերուէին մօտակայ հայկական Վագըֆ գիւղը՝ ապահովական նկատառումներով, մինչև նաւերուն ժամանումը: [32]
Տեսանյութեր
Լուսանկարներ
Մեկնաբանել