HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Նշան Պէշիկթաշլեան․ Հայ աղբրտիք (Չէնկիլերցին, Խարբերդցին, Ատափազարցին)

սկիզբը

 Չէնկիլերցին

Հարցուցի ներսը նստած բարեկամիս.

- Ի՞նչ է կարծիքդ Չէնկիլերցիին մասին։

- Չէնկիլերցի՞ն։ Նշանաւոր է ականաւորներու մէջ։ Եթէ ուրիշներ քարէն հաց կը հանեն, ան ատիկա ընելէն զատ, գիտէ հացէն ալ քար հանել ու անով պայթեցնել գլուխ մը։ Եթէ Լիկուրգոսի օրէնսդրութենէն որոշ մասեր ի պատուի ըլլային՝ Չէնկիլերցին իր տան պատերը կրնար սրահակել պատուանշաններով։ Աւանդութիւնը կ’ըսէ, թէ Չէնկիլերի հիմնադիրն է Գող Վասիլ։ Ապահովագրական ընկերութիւնները Չէնկիլերցի գտնուող թաղի մը մէջ մարդ չեն ապահովագրեր, որ եւ է բանի դէմ։ Երբ առարկայ մը կորսնցնեմ, անմիջապէս հիւր կ’երթամ Չէնկիլերցիի տուները։ Եթէ Չէնկիլերցիին բան մը տաս, բնաւ չի կորսուիր, միշտ իր քով կը մնայ։ Չէնկիլերցին շատ կը սիրէ բարձունքը եւ մաքուր օդը. այդ պատճառով միշտ կը փափաքի շրջիլ լեռան վրայ։ Եալախ Տէրէէն Օրթագիւղ, անկէ Իզմիտ, Պոլիս ու Փարիզ իր կեանքը համակ շարժում է եղած։ Սիրելի է իրեն երթալ-գալը, առնել-տանիլը։

Ուտող խմող է, սակայն, կը խոստովանի, որ ուրիշին ուտելիքը եւ խմելիքը աւելի համով է։ Այդ պատճառով յաճախ կ’ուտէ, կը խմէ ուրիշէն, առնականօրէն։

Պատասխանեցի բարեկամիս.

- Խօսքերուդ մէջ քիչ է ելեքտրականութիւնը։ Կոճակ ընելու տեղ՝ կոխէ ելեքտրական կոճակին վրայ։

- Ահա…ես կ’ամբաստանեմ զինքը։

- Ես ալ քեզ կ’ամբաստանեմ։ Չէնկիլերցին համով-հոտով մարդ մըն է։ Իրապաշտ է ու ներկայապաշտ։ Այս աշխարհիս, այս դարուս մարդն է։ Գիտէ ժամանակին հետ քալել, շատ անգամ` ժամանակին վրայ հեծած։ Անիկա իր նախընտրած ասպարէզին մէջ միշտ ասպետ է։ Եթէ զինքը հայ Սպարդացիի տեղ դնելով՝ կ’ուզես ըսել, թէ գող է, մի՛ մոռնար, որ ան գողցած է միայն գողերէն։ Ուրեմն գողերուն արդար պատուհասն է։ Եւ որովհետեւ ամէն մարդ, առաւել կամ նուազ, գող է, Չէնկիլերցին ատիկա քաջ գիտնալով, ամէնէն ալ կը գողնայ` բոլորն ալ պատժելու համար։ Ինք պարզապէս երկնառաք պատժարար մըն է։ Ահաւոր է թիւրիմացութիւնդ, երբ կը կարծես, որ ան ազնիւ ու ազնուական չէ։ Դուրսէն աղջիկ չառներ ու գրեթէ դուրսը աղջիկ չի տար, որպէսզի չռամկանայ իր արիւնը։ Եթէ բոլոր Հայերը իրեն նման ըլլային, ազգը այս վիճակին մէջ չէր ըլլար այսօր։ Կը նախընտրեմ առնողը, քան խնդրողը։

Ներսը նստող բարեկամս ըսաւ.

- Ես ներսէն քննած եմ ամէն բան, իսկ դուն` դուրսէն…

- Եղբայր, գիտեմ, որ ներքին քննութիւն մը աւելի արժէք կը ներկայացնէ, սակայն, Չէնկիլերցիին ամէն բանը դուրսն է։ Չէնկիլերցին պէտք է դուրսէն քննել, որովհետեւ իր ներսը դուրս տուած է։

Ներսը նստած բարեկամս լռած էր։ Նայեցայ, որ կը խուզարկէ գրպանները։ Հարցուցի.

- Ի՞նչ կայ, ինչո՞ւ կը խուզարկես գրպաններդ…

Ըսաւ.

- Կը նայիմ, որ ամէն բան տե՞ղն է։ Կասկած ունեցայ, քանզի Չէնկիլերցիի խօսք եղաւ…

Այս արդէն չափազանցութիւն էր։ «Մարդուս անունը ելլելուն՝ աչքը ելլէ», - կ’ըսէ ժողովուրդը։ Սակայն երբեք պիտի չփափաքէի, որ Չէնկիլերցիին աչքը ելլէ։ Թող որ, եթէ նոյնիսկ ելլէ, Չէնկիլերցին կրնայ շուտով մէկուն բիբը թռցնել եւ դնել իր ելած աչքին տեղը։

*

Եթէ դուրսէն իրեն նայիս, Չէնկիլերցին կը նմանի գինովի, իսկ եթէ ներսէն իրեն նայիս, Չէնկիլերցին կը նմանի գինետունի։

Եթէ դուրսէն իրեն նայիս, կը տեսնես, որ Չէնկիլերցիին մէջ շատ զօրաւոր է հայրենակցական կապը. եթէ իրեններէն մէկը հիւանդանայ, ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ` պառկողը ոտքի հանելու համար։ Իսկ եթէ ներսէն իրեն նայիս, կը տեսնես, որ ամէն կապ զօրաւոր է իր մէջ։ Կը տեսնես նաեւ, որ իր հիւանդ պառկած հայրենակիցը ոտքի հանելէն վերջ, կը ջանայ զայն պարկը խոթել, որպէսզի ա՛լ բնաւ պաղ չառնէ։

Եթէ դուրսէն իրեն նայիս, կը տեսնես, որ տուն շինող է, թէեւ տունն ի վեր չէ։ Իսկ եթէ ներսէն իրեն նայիս, կը տեսնես, որ տունիվեր է, սակայն երբ տունը ուրիշինն է։

Վերջապէս հրաշագործ արարած մըն է մեր ասպետական Չէնկիլերցին, որ երբեք ոչխարի կաթ չէ խմած, այլ ըմպած է գայլի կամ առիւծի կաթեր։ Հակառակ հրաշագործ ըլլալուն` անշուշտ, չի կրնար տեղէն շարժել լեռները, թէեւ կրնայ քալեցնել լեռնակուտակ ապրանքներ։

*

Ֆրանսացի գրչակին մէկը անգամ մը Ալֆորվիլ քննական պտոյտի մը գացած ու անհեթեթութիւն մը ստորագրած էր։ Չէնկիլերցիները պատասխանեցին գրողին հետեւեալ վերջաբանով.

- Մենք քննուելիքներ չենք, մենք քննողներ ենք։ Եկէր որ պէտք ըլլայ, մենք քու հոգիդ ու մարմինդ լաւ կը քննենք, ա՜յ օղուլ, խաս տղայ…

*

Եթէ մէկը Չէնկիլերցիին հարցնէ իր ուրտեղացի ըլլալը՝ կ’ընդունի հետեւեալ պատասխանը.

- Պրուսացի եմ։

Պատճա՞ռը. համեստութի՜ւն։ Կ’ուզէ սքօղել իր մեծ համբաւը Պրուսայի թուզի տերեւներուն տակ։

*

Իբրեւ բնորոշ պատկեր` կ’ուրուագծեմ երկու փոքրիկ տեսարան, որոնց հանդիսատես եւ ականջալուր եմ եղած։

Չէնկիլերցի հայր մը իրիկուն մը կ’ըսէր իր տղուն.

- Դպրոցին մէջ Սպարտայի պատմութեան դաս կուտա՞ն։

- Ո՛չ։

- Ատ ինչ անպիտան դպրոց է։

- Չերթամ ալ կ’ըլլայ, հայրիկ։

- Վաղը քեզի դպրոց պիտի չղրկեմ բայց… (ծռեցաւ ու խօսքին մնացեալը ըսաւ տղուն ականջէն)։

Նոյն հայրը հետեւեալ օր` կէս օրին, կը ծեծէր իր տղան։

Դրացի հայրենակից մը հարցուց տփոցին պատճառը։ Հայրը պատասխանեց.

- Ի՜նչպէս չծեծեմ։ Դպրոց երթալու տեղ գնա տասը-քսան քիլօ բաթաթէս գողցիր` ըսի, ու ան գացեր փողոցները խաղացեր է։

Ու դրացին յուզումով.

- Ա՜խ, ա՜խ, Սէրգիս աղբար, մեր Չէնկիլերցի տղաքը ա՛լ յարգած չունին մեր աւանդութիւնները։ Անոնք այլասերիլ սկսան։

*

Ո՛չ, Չէնկիլերցին չայլասերիր ու չի կլլուիր ոչ մէկ ազգի կողմէ։

Զինքը կլլողին կոկորդը կը մնայ Չէնկիլերցին։

Ատեն մը կը հաստատուի զինքը կլլողին կոկորդին մէջ, իր դիմադրական եւ այլ մասնագիտական կարողութիւններով կը սկսի գործի։ Կը քաշէ զինքը կլլողին ակռաները, մանաւանդ երբ անոնք ոսկեպատ են, կը կապէ զինքը կլլողին լեզուն եւ անոր գլուխէն մուխ կը հանէ։

Զինքը կլլողին կոկորդին մէջ նտած կը կլլէ ամէն ինչ ու կը սկսի երգել իր հայրենակից Մեզպուրեանի «Ո՜վ մեծասքանչ»ը։

Յետոյ կ’իջնէ վար, զինքը կլլողին կոկորդէն ու իրմէ առաջ իրապէս կլլուածները կը խուզարկէ` ստամոքսները թեթեւցնելով։ Կը պատռէ զինքը կլլողին լեղին ու կը բարձրանայ` զինքը կլլողին խելքը գլխէն թռցնելով։

Չէնկիլերցիին հետ խօսիլ, խնդալ, խմել կ’ըլլայ, խեղդել, խաշել, խածնել կ’ըլլայ, խորել, խորանալ ալ շատ լաւ կ’ըլլայ, սակայն իրեն հետ խաղալ չըլլար։

 Խարբերդցին

Քիւրտ՝ առաւել հայ. կ’ընէ քրտահայ։

Քրտահայ՝ առաւել բողոքական. կ’ընէ քրտահայ բողոքական։

Քրտահայ բողոքական՝ առաւել քիւրտ. կ’ընէ Խարբերդցի։

*

Խարբերդցին մեծանձն է։ Մեծ է մտքով, խօսքով, հնարքով եւ քիթով, այսինքն՝ մեծամիտ, մեծաբան, մեծահնար ու մեծաքիթ է։

Հակառակ ֆոթոժէնիք չըլլալուն՝ հագցուր իրեն քիւրտի տարազ մը, անցուր գլխուն փաթթոց մը ու կ’ունենաս կատարեալ շէյխ Սըմկօ մը։ Մերկացո՛ւր։ Եւ այս անգամ հագցուր սեւ զգեստ, ճերմակ շապիկ ու օձիք, սեւ փողկապով ու կ՚ունենաս պատուելի մը կամ մեռելաբարձ մը։

Տէրսիմի բարձրաքանդակ քարտէսը ունենալ ուզող մը կրնայ լուսանկարել Խարբերդցիի մը դէմքը, երբ մանաւանդ ան բարկացած է։

*

Ամէնուն համար Ամերիկան նոր աշխարհն է, իսկ Խարբերդցիին համար Ամերիկան հին աշխարհն է։ Կ’ըսեն, թէ Գոլոմպոսի գիւտէն առաջ Խարբերդցիները Միսիսիփիի եւ Միսուրիի ափերէն գաղթած ու եկած հաստատուած են Մուրատ գետին մօտերը` կառուցանելով Խար անուն բերդը։ Խարբերդցիներու մեծ մասը ժամանակի ընթացքին վերադարձած է իր բուն ծննդավայրը՝ Ամերիկա։

*

Խարբերդցին, հակառակ հում «քէօֆթէ» ուտելուն, եփած մարդ մըն է եւ մարդ եփելու կամ խաշելու մէջ բաւական համբաւ կը վայելէ։

*
Մեր ազգին մէջ Խարբերդցին նշանաւոր անդամ մըն է։ Չկայ գրեթէ Խարբերդցի մը, որ անդամ չըլլայ կուսակցութեան մը, հայրենակցականի մը, միութեան մը։ Աշխարհական անդամութեամբ յաճախ չի բաւականանար Խարբերդցին ու կ’ըլլայ նաեւ կրօնա-բարոյական անդամ` պատկանելով քրիստոնէութեան, հայ եկեղեցւոյ, կաթոլիկութեան, բողոքականութեան, ռուհճիութեան, մուհապէթճիութեան եւ կռապաշտութեան։

Խարբերդցին անդամ մըն է։ Այդ անդամը, իբրեւ միս, քաշուած է ու անկէ պատրաստուած «քէօֆթէ» ամէն տեսակ կազմակերպութեանց համար։

Այս պատճառով բոլոր այն միութիւնները, որոնք իրենց մէջ Խարբերդցի ունին, կը տառապին դժուարամարսութենէ։

*

Խարբերդցին կրնայ փոխել իր կրօնքը, իր հպատակութիւնը, իր գոյնը, իր լեզուն նոյնիսկ, սակայն հաւատարիմ կը մնայ խարբերդցիութեան, որ իրեն համար թէ՛ ազգութիւն է, թէ՛ հպատակութիւն է, թէ կրօնք է, թէ՛ կուսակցութիւն, թէ՛ աղանդ, թէ՛ արուեստ կամ արհեստ։

*

Կաղնիի մը պէս տոկուն եւ եղէգի մը նման ճկուն է։

Իբրեւ խօսքի մարդ՝ ճարտար է, ու իբրեւ գործի մարդ՝ ճարպիկ։

Կը յարգէ իր խօսքը, իր գործը։ Այս պատճառով ալ քիթը մեծ է։ Իր քթածայրը կամ ամպերուն մէջ է եւ կամ երկնի խորերը։ Ահա թէ ի՛նչու իր քիթէն դիւրաւ կը բռնեն աւետարանիչները, առաքեալները, սուրբերը, սրբուհիները ու մանաւանդ` «պորտ»աբոյծները։

Ատափազարցին

Աւանդութիւն մը կ’ըսէ, թէ Սրբուհի անուն մայրապետ մը յանկարծ կը սիրահարուի կրակապաշտ քուրմի մը ու կ’ամուսնանայ անոր հետ` ընդունելով հեթանոսութիւնը։ Այդ միութենէն կը ծնի բարի ծաղիկ մը։ Անիկա Ատափազարցին է։ Մայրը կը դառնայ քրիստոնէութեան եւ իր զաւակը մկրտել կուտայ եօթը եկեղեցիներու մէջ` սպառելով ահագին ջուր, միւռոն եւ օղի։ Կնքահայրը կ’ըլլայ, ըստ աւանդութեան միշտ, Տոն Քիշոթը։

Ու զաւակը, այսպիսով, կը քաշէ իր սրբուհի մօրը, ինչպէս իր հեթանոս հօրը կամ իր ծուռ ու մուռ կնքահօրը։

Բարի ու բարեպաշտ կ’ըլլայ Ատափազարցին եւ կը սկսի պաշտել Ս. Մարիամը ու առհասարակ բոլոր Մարիամները։

Իր սեփական տանը մէջ մատուռ կը շինէ ու կը ջանայ ուրիշին տանը մէջ ալ կանգնել մեհեան մը։

Ձեռներէց է ու միշտ հեւքի մէջ։ Մէկու մը մէկ ըրածին ինք երկուքը կ’ընէ։ Մէկ քաշելուն գիտէ երկու ակռայ հանել, մէկ նետելուն գիտէ երկու հոգիի կլլեցնել։ Իր կեանքը համակ շարժում է, որով կը սիրէ բոլոր շարժուն բաները. օրինակ շարժանկարը, ինքնաշարժը ու երկրաշարժը։

Կը սիրէ նաեւ օղետունը, որ իրեն համար «ծով» մըն է յարաշարժ։

Գիտունները կրնան ստանալ յաւիտենական շարժումը՝ Ատափազարցիի մը կզակին մէջէն։

Ատափազարցիին առոգանութիւն ալ լի է շարժական ալիքներով։ Երգահան եւ երգիչ է միանգամայն, քանի որ կը խօսի եղանակով։ Իր կեանքը ամէն օր օփերաքոմիք մըն է` մերթ օփէրան աւելի ու յաճախ քոմիքը շատ։

Ուսումնասէր է, ինչպէս նաեւ գրասէր։ Կը նախընտրէ, սակայն, երգիծաբանութիւնը` իբրեւ գրական նիւթ։ Երգիծաբանութիւնն ալ, փոխադարձաբար, կը սիրէ Ատափազարցին… իբրեւ հում նիւթ։

Որ երկրին մէջ ալ գտնուի, միջոցը կը գտնէ կարճ ժամանակի մէջ տեղացիներուն հետ մշակելու բարեկամութիւն։ Օր մըն ալ կը տեսնես, հաստատեր է յարաբերութիւն նախարարներու, նախագահներու եւ թագաւորներու հետ։ Բոլոր օտարները հայասէր կը շինէ։ Մի՛ զարմանաք, եթէ օր մը Հայերու թիւէն աւելի հայասէրներ գտնուին աշխարհի վրայ։ Ատափազարցին մասնագիտութիւնը ունի ստանալու պետութիւններէ քիլոներով պատուանշաններ, ինչպէս նաեւ կանգուն-կանգուն մրցանակներ։ Քիչեր կան, որ պատուուած չեն ներբողագիրներով։ Անոնք ալ, անշուշտ, այսօր-վաղը կ’ընդունին իրենց արուեստին, քաջագործութեանց եւ գործողութեանց արժանի պատուանշանները։

Քառասուն էջնոց տեղեկատու շաբաթաթերթ մը հազիւ բաւէ Ատափազարցիներու ստացած աստիճաններուն եւ գովեստներուն ուրախ լուրերը, պետական անձերու հետ ունեցած երկարաշունչ եւ ազգօգուտ տեսակցութիւնները արձանագրելու համար։

Ատափազարցի մը Բարեկենդանի շրջանին դիմակ ու տարազ վարձելու պէտք չունի` փալեաչօ դառնալու համար։ Կրնայ դիմակաւորուիլ իր վկայականներով եւ զգեստաւորուիլ իր գունագեղ պատուանշաններով։

Պէտք չէ մոռնալ, որ կան խոնարհ Ատափազարցիներ ալ։ Անոնցմէ մէկը օր մը ըսաւ.

- Հպարտ եմ ես, հպա՜րտ եմ։

- Ինչո՞ւ, - հարցուցի։

- Որովհետեւ կուրծքս բաց է, որովհետեւ պատուանշան չունիմ։ Ինծի համար միակ պատուանշանը Թագուկին համբոյրն է։

Ատափազարցին միայն պատուանշանին գերին չէ։ Ան գերին է նաեւ կա՛մ իր մօրը, կա՛մ իր կնոջը։ Բացառութիւններ կան։ Անոնք ալ իրենց սիրուհիին գերին են։

Ատափազարցին իր հոգին կուտայ իր ընտանիքին համար։ Ուրիշին ընտանիքին համար ալ մարմինը կուտայ։ Այսպէսով իրեն կը մնայ իր հագուստ-կապուստը միայն։ Ու այս պատճառով է, որ մերթ խրտուիլակի ձեւ կ’առնէ` սարսափեցնելով թռչունները։

Ատափազարցին այնքան հիւրասէր է, որ իր ճաշասենեակը դուռ չունի։ Հիւրերը դուռն անգամ կերած են։

Դժուար կ’ամուսնանայ, սակայն դիւրաւ զաւակ կը բերէ։ Որեւէ տեղէ դիւրաւ ներս կը մտնէ, սակայն դժուար դուրս կ’ելլէ։ Իր մէջ ամէն բան, դիւրաւ կը շինուի, սակայն կ’աւրուի դժուար։ Կը գրէ դժուար, յաճախ չի ալ գրեր, սակայն կը ստորագրէ դիւրաւ։

Երբ Ատափազարցի մը տեսնեմ, ա՛յն տպաւորութիւնը կ՚ունենամ, թէ կատակերգութեան մը ներկայ պիտի ըլլամ։ Ու քիչ անգամ յուսախաբ կ’ըլլամ։ Ոչ-կատակերգու Ատափազարցին անգամ կեանքի կատակերգութեան ընդարձակ սրահին մէջ այնպիսի տաղանդաւոր հանդիսատես մըն է, որ շատ անգամ բեմի վրայ խաղացողներէն աւելի կը ժպտեցնէ մեզ։

Սուտ չի խօսիր, այլ պոչաւոր ճշմարտութիւններ կ’ըսէ, այսինքն` ճշմարտութիւնը կը բազմապատկէ հազարով եւ կամ խոշորացոյցերու տակ կը բռնէ։ Կ’ուզէ մեծցնել ճշմարտութեան դիրքը։

Եթէ օդային յարձակման փորձի մը ներկայ ըլլայ, կը յայտարարէ.

- Չորս ժամ տեւող դժոխային ռմբակոծութեան ընթացքին մէկ հոգիի քիթը չարունեցաւ։

Կը մոռնայ, որ մէջտեղը վիրաւոր մը կայ` գլուխէն զարնուած, ու անիկա ինքն է։

Եթէ կլլող ձեւանաս, կը շարունակէ ու կ’ըսէ.

- Հիւանդապահուհիները սկսան նեղուիլ վիրաւոր չըլլալուն։ Անոնց մէջէն խաս գեղեցիկ մը իր ձանձրոյթը փարատելու համար սկսաւ մենապար մը դառնալ լուսնին տակ։ Ու փոխանակ վիրաւոր դարմանելու` իր նայուածքին նետովը վիրաւորեց սիրտս ու թոյլ տուաւ, որ մեր Չարխին պէս արիւնս վազէ…

Ատափազարցին ունեցած է համբաւաւոր օղետուն մը` զայն անուանելով «Մանոլին Ծովը»։ Թէեւ այս «ծով»ը աշխարհագրութեան չոր ու ցամաք քարտէսներուն մէջ կարելի չէ գտնել, սակայն, այնտեղ ահագին թիւով մարդիկ խեղդուած, հոգիով լոգցած կամ սուզուած են` ունայնութեան նաւահանգիստներէն հեռանալու համար։ Ատափազարցին Միջերկրականի ծովապետ ալ ընես, ան միշտ կը փնտռէ «Մանոլին Ծովը», ուր այնքան առագաստներ մաշեցուցած է։ Ինչ պատկերալից է, սակայն, այս «ծով» բառը։ Մարդ գինովնալով կը ծախէ քաղաքները, երկիրները ու վերջապէս ամբողջ ցամաքամասը։ Հողերը վաճառած մարդուն կը մնայ ապրիլ ծովուն եւ իր ալեկոծութեան մէջ։ «Ծով»՝ նաեւ արդարացնելու համար Ատա (կղզի) անունը։ Կղզի մը շրջապատուած պէտք է ըլլայ հեղուկով։ Ուրեմն Ատափազարը կղզի մըն է, որ կը գտնուի «Մանոլի Ծով»ին մէջ, այսինքն` շրջապատուած է հեղուկով, եւ այդ հեղուկը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ անմահութեան ջուրը՝ օղին։

Ատափազարցիները կղզեցի ըլլալէ աւելի ծովեցի են, քանզի հաստատուն մարմինի վրայ ապրելէ աւելի՝ տատանած են հեղուկի վրայ։

*

Հիմա խօսքը Ատափազարցիին է, որ խօսի մեզի ծովուն հրաշքներէն։

- Հինգ հոգիով Մանոլին Ծովը մտանք ու յիսուն հոգի եղած` դուրս ելանք։ Ս. Սարգիսին մտանք ծով ու Բուն Բարեկենդանին դուրս ելանք ծովէն։ Սախարիա գետին չափ օղի խմեցինք։ Ծովին մէջի բոլոր ձուկերը կերանք ու բոլոր ոստրէները ճաշակեցինք։ Ոստրէները դանակով չէինք բանար։ Հնարք մը գտած էինք։ Կը յօրանջէինք եւ, որովհետեւ յօրանջելը փոխանցիկ է, ոստրէներն ալ մեզի նայելով` կը բանային իրենց բերանները, ու մենք առիթէն օգտուելով՝ կը կլլէինք զիրենք։ Մեր գաւաթները իրար զարկած ատեն՝ Մեզարլըխին մեռելները իրենց գլուխները հողերէն դուրս կը հանէին ու «անոյշ» կը պոռային, իսկ Հայուհեաց փողոցի յղի կիները մէկ զաւկի տեղ երկուորեակ կը բերէին աշխարհ։ Նուագը փոթորիկի պէս կ’որոտար ծովին մէջ։ Մեր զուռնային ձայնը Արմաշէն կը լսուի ու Չարխաբան Աստուածամայրը մեր Ս. Լուսաւորիչին այցելութեան կուգայ։ Երկուքը մէկ, թեւ թեւի Մանոլին Ծովէն ներս մտան։ Տալղաներուն վրայէն քալելով` մեր քովը եկան։ Օրհնեցին մեզ ու խնդրեցին, որ չարերը հալածենք աշխարհի վրայէն։ Քաշեցինք դանակները ու մէկ հոգինիս տասը եղած դուրս ելանք ծովէն։ Ցամաք ոտք կոխեցինք չկոխեցինք՝ պատերազմը սկսաւ։ Յարձակում, նահանջ, պաշտպանութիւն, խուժում, յաղթանակ։ Ուրիշներ ալ խառնուեցան։ Ու այսպէս սկսաւ ընդհանուր պատերազմը։ Չորս տարի։ Դափնիի սով եղաւ։ Ատափազարը կորսնցուցինք, սակայն տիրացանք ուրիշ կղզիներու, ինչպէս Աթլանթիտին ու Փարիզի Սիթէին։ Ծովը նորէն մերն է, ու միշտ կը ջարդենք ու կը ջարդենք։

*

Մեր պատուական Ատափազարցին շատ փափաքած է, որ իր սիրած հայերէնը ըլլայ միջազգային լեզու։ Այս պատճառով իր լեզուն դրած էր Թուրքերուն եւ Յոյներուն բերնին մէջ` զանոնք ընելով հայախօս։ Յանկարծ տեսած է, որ իրեն լեզու չէ մնացած։ Այն ատեն սկսած է հայերէնի տեղ գործածել հայհոյերէնը։

*

Կը պատմեն, թէ Ատափազարցի մը, Սպանիացի ողորմած հոգի ազնուականի մը նման, հեծած ձիու մը վրայ, կը սուրայ սիգապանծ, բազմութեան մը աչքերուն առջեւ։ Յանկարծ կ’իյնայ ձիէն ու հաւաքուած հանդիսականներուն կը յայտարարէ` առանց աւրելու ինքզինքը.

- Արդէն պիտի իջնէի (զաթը տ’իշնէի)։

Ուրիշ Ատափազարցի մը, սակայն, նոյն պայմաններուն մէջ կ’իյնայ ձիէն` կոտրելով իր ոտքը։ Ու գովելի ճարտասանութեամբ մը կը բարբառի զինքը շրջապատողներուն.

- Ըսելու պէտք չկայ, գիտէք, որ իյիտ եմ։ Գիտէք ալ, որ իյիտը մարդէ չի վախնար։ Բայց ինծի պէս ամէն իյիտ, իր տիւշմանին դէմ եղած ատեն՝ մինակ դաւաճանութենէ կը վախնայ։ Եւ ո՞վ կը համարձակի ինծի դէմ դաւաճանութիւն ընել, եթէ ոչ միայն իմ ոտքս, որուն խելքը միտքն է տուշմանին առջեւէն զիս փախցնել ու խայտառակել։ Ահա թէ ինչու համար ոտքս կոտրեցի։ Կաղ ոտք մը չի կրնար դաւաճանել։ Հիմա որ դաւաճանը իր ցած նպատակին չի կրնար հասնիլ, ա՛լ ո՜վ կը համարձակի մազիս մէկ թելին դպչիլ։

Այս բոլորը ըսելէ վերջ կը դառնայ ձիուն կողմը։ Ձին սակայն չկար։ Գողցած էին։

Իրեն կ’ըսեն.

- Չէնկիլերցի մը փախցուց ձիդ։

Ու Ատափազարցին կ’ըսէ.

- Չէնկիլերցի՞ն… Անիկա իմ ախոռապանս է։

Կարելի չէ գտնել քաջ Ատափազարցի մը, որ խայտառակուած ըլլայ։ Անիկա քաջութիւնը կը խայտառակէ, սակայն ինքզինքը երբեք չի խայտառակեր։

(շարունակություն)

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter